ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՐՑԷՆ ԱՌԱՋ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՍՓԻՒՌՔ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿԻՆ ՎՐԱՅ
Միջին Արեւելքի դիմագրաւած պատերազմները մշտանորոգ հարցերու դիմաց կը կանգնեցնեն հայութիւնը: Մէկ դարու տեւողութեամբ՝ նոյն կրկնուող արհաւիրքները, նոյն անորոշութիւնները, նոյն ուղղուածութիւններու տարրաբաժանումները՝ կը վերաձեւաւորեն գոյութենական հարցեր, կայանալ-կազմաւորուելու չնուաճուած տեսլականներ եւ յետաձգուած-չլուծուած խնդիրներ:
Այս անգամ սուրիահայութեան ուղենիշով կը բանի Հայաստանի եւ սփիւռքի հանդիպման եւ բաժանման շատ մը մօտեցումները եւ երկար քննարկումներու, ծրագիրներու, եզրակացութիւններու տեղիք կու տայ հայ մտքին եւ գործունէութեան: Ինչպէ՞ս վարուիլ, ի՞նչ քաղաքականութիւն մշակել, ու՞ր եւ ո՞վ է սխալը-ճիշդը... եւ այլն: Այսպէս կոչուած՝ տագնապը կարգաւորելու համազգային ջանքեր կան եւ անուրանալի են, նաեւ այդ ջանքերը ակամայ կը համադրուին կամ կը հակադրուին Միջին Արեւելքի զանազան պետութիւններու, ժողովուրդներու, ազգերու եւ հաւաքականութիւններու մղած պայքարին եւ սեփական ծրագիրներու գործադրման կամքերուն հետ:
Սուրիոյ պատերազմը գրեթէ անդամալուծեց երկրին մէջ հայկական գաղութ հասկացողութիւնը։ Այդ մասնակի կազմալուծումը ինչքան ալ ցաւալի է եւ անդառնալի, պէտք է քաղաքագիտական նժարով դիտել միւս՝ օգուտ կամ շահ կոչուած կողմի փոխլրացուածութիւնը կամ հակակշռուածութիւնը տեսնելով: Այս պարագային սուրիահայութիւնը անհատական առումով վստահաբար գերակայօրէն կորսնցուց ինչք, ունեցուածք, տեղ եւ ապագայ։ Այդ տեղի օրինաբաշխումէն մեկնած, իսկ հիմք առնելով հաւաքական հայկական մօտեցումը՝ ազգային համարուող կացուցաձեւն ու իրաւականութիւնն ալ նահանջեցին:
Այո՛, տակաւին կան բոլոր առաջնորդարաններն ու յարանուանութիւնները եւ անոնց պատկանած ունեցուածքները, ըլլան անոնք մտաւոր-հոգեւոր, մշակութային եւ ըլլան շօշափելի-շինական՝ արդէն աւերուած ու պակսած տեսք կը պարզեն: Հոս է, որ կը կայանայ (ըստ հայ քաղաքական մտքի դասակարգումին) ազգային հարց եւ անհատական-անձնական իրականութեան հակասութիւնը կամ մեղմ ըսած անհամալրութիւնը: Այո՛, Միջին Արեւելքի հողային, ունեցուածքային եւ ժողովրդագրական մեծ կամ ընթացիկ խաղով կամ աւելի ազնիւ ձեւակերպումով՝ քաղաքականութեան մէջ հայութիւնը իր անհատական եւ թուային ցուցանիշով ներհակ վիճակ կը պարզէ իր պաշտօնական գործուն սեպուած կառուցուածքային եւ կազմակերպչական մարմնին հետ: Այստեղի օրինակը ունի երկու հարթակ՝
- Սուրիահայութեան հոգեւոր-մշակութային, իրաւական եւ կալուածային սեփականութիւնը իր թիւին հետ ներդաշնակ չէ եւ աւելի անհամեմատ պիտի ըլլայ ապագային, անկախ Սուրիոյ ձեւաւորուող քաղաքական կառուցուածքէն:
- Սուրիահայը իբրեւ անձ ներկայ դրութեամբ ո՛չ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի է (բառին իրաւամշակութային բովանդակութեամբ) եւ ոչ ալ առաջնորդա-կուսակցական միաւոր է: Եւ այս վերջին անպատկանելիութեան յառաջացումը նոյնինքն բաց աշխարհի կայացման օղակներէն է, որուն ամենաշատը առարկայ դարձաւ Միջին Արեւելքը՝ նամանաւանդ իր «Արաբական գարուն»ով:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/30/2024