ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ի՞նչ կը փնտռեն խոհեմին սիրտն ու իմաստունին ականջը:

Պատասխան. Սողոմոն Իմաստունը կ՚ըսէ. «Խոհեմին սիրտը գիտութիւն կը վաստկի եւ իմաստուններուն ականջը գիտութիւն կը փնտռէ» (Առ 18.15): Արդարեւ, գիտութիւնը լոյս է, որ խաւարը կը փարատէ, խաւարած սիրտերն ու միտքերը կը լուսաւորէ: Սարգիս Շնորահլի Վարդապետը կը գրէ. «Չկայ այնպիսի նիւթական խաւար, որ կարենայ այնպէ՛ս խաւարեցնել մարմինը, ինչպէս տգիտութիւնը՝ միտքը, եւ չկայ լոյս, որ այնպէ՛ս լուսաւորէ աչքերը, ինչպէս գիտութիւնը՝ հոգին»: Իսկ Յովհաննէս Երզնկացին կը գրէ. «Գիտութիւնը լուսատու ճրագի նման է, որ կը լուսաւորէ տան մէջ եղողները»:

Յաճախ մարդիկ կը փորձեն անջրպետ մը յառաջացնել գիտութեան եւ հաւատքին, ինչպէս նաեւ՝ հաւատքին ու գիտութեան միջեւ: Իրականութեան մէջ ճշմարիտ գիտութեան եւ ճշմարիտ հաւատքին միջեւ անջրպետ չի՛ կրնար գոյանալ: Անջրպետ կը գոյանայ միայն այն պարագային, երբ հաւատքը կամ գիտութիւնը թերի կերպով կ՚ընկալուին, կամ ծայրայեղութեամբ կը բացատրուին ու կ՚արտայայտուին: Հաւատք եւ գիտութիւն զիրար ամբողջացնող տարրեր են, առանց որոնց մարդուն կեանքը անիմաստ ու անտրամաբանական պիտի ըլլար: Զիրար ամբողջացնող են կ՚ըսենք, որովհետեւ երկուքն ալ անմիջականօրէն կապուած են Արարիչ Աստուծոյ, առանց Որուն չկա՛յ գիտութիւն, առանց Որուն հաւատքի կարիք չկայ:

Ոմանք կրնան առարկել ըսելով, թէ Աստուած ի՞նչ կապ ունի գիտութեան հետ, Ան հոգի է, հետեւաբար Անոր տիրութեան դաշտը հոգին է, հոգեւորն է: Ճիշդ է, Աստուած հոգի է (Յհ 4.24), միաժամանակ, սակայն, Աստուած Ամենագէտ է, իսկ ամենագիտութիւնը առընչուած է Իր ամէն ինչ գիտնալուն: Աշխարհի բոլոր գիտութիւնները Աստուծմէ են, այլ խօսքով բոլոր գիտութիւններուն աղբիւրը Աստուած Ի՛նք է, առանց Աստուծոյ ո՛չ ոք կրնայ գիտութիւն ձեռք բերել:

Հոգեւոր առումով արդարեւ, մարդը՝ հաւատացեալ մարդը նաեւ պէտք է գիտութիւն ունենայ, աւելին՝ պէտք է ձգտի գիտութեան, որպէսզի ծառայ, գերի չմնայ խաւար աշխարհին, որովհետեւ «գիտութիւնը հաւատացեալ մարդուն ազատութիւն կը շնորհէ, իսկ ով որ անհաւատ է, յաւիտեան ծառայ կը մնայ» (Սուրբ Եւագր Պոնտացի):

Սուրբ Անտոն Անապատականը հետաքրքրական կապ մը կու տայ գիտութեան եւ հաւատքին, հաւատքը՝ գիտութեան ծնունդ համարելով; Կարդա՛նք. «Նախ եւ առաջ մի՛ կարծեր թէ ինչ որ բան կը ներկայացնես դուն քեզմէ: Եթէ այդպէս վարուիս, այդ մէկը մէջդ խոնարհութիւն կը ծնի, խոնարհութիւնը՝ գիտութիւն, փորձառութիւն եւ ողջախոհութիւն: Գիտութիւնը՝ հաւատք, հաւատքն ալ իր կարգին՝ ապաւինութիւն, ապաւինութիւնը՝ սէր, իսկ սէրն ալ իր կարգին՝ հնազանդութիւն, իսկ հնազանդութիւնը՝ անփոփոխ ու մշտական զօրութիւն բարիք գործելու»:

Ղպտի քոյր եկեղեցւոյ նախորդ հոգեւոր պետը՝ երջանկայիշատակ Շնուտա Գ. Հայրապետ իրեն ուղղուած սա հարցումին, թէ՝ գիտութիւնը կը հակառակի՞ կրօնքին, այլ խօսքով՝ հաւատքին, այսպէս պատասխանած է.

«Իսկական գիտութիւնը չի՛ հակառակիր իսկական կրօնքին հետ:

Եթէ հակառակեցան, անպայման որ անոնցմէ մէկուն մէջ սխալ մը կայ, կամ անոնցմէ մէկը հասկնալուն մէջ: Կրօնքը կրնայ ըլլալ կեղծ գիտութեան հետ հակառակի, որ իրականին մէջ գիտութիւն չէ: Կամ, կրնայ ըլլալ, որ կրօնքը հակառակի պարզապէս որոշ տեսութիւններու կամ ենթադրութիւններու հետ, որոնք չեն բարձրացած իսկական գիտութեան մակարդակին:

Կրնայ ալ ըլլալ, որ գիտութիւնը հակառակի կրօնքի սխալ հասկացողութեան հետ, կամ կրօնքի մը հետ՝ որ Աստուծմէ չէ…»:

Հետեւաբար, գիտութիւն, հաւատք/կրօնք իրարու հակառակ չեն, այլ՝ զիրար կ՚ամբողջացնեն եւ իրարմով կան, առանց մէկուն՝ միւսը թերի կը մնայ, եւ փոխադարձեաբար:

Վերը նշեցինք, որ երբեմն հաւատքն ու գիտութիւնը ծայրայեղ կերպով կը բացատրուին կամ կ՚արտայայտուին: Բոլորին յայտնի է, որ ցանկացած ծայրայեղութիւն՝ ինչ ոլորտի մէջ ալ ըլլայ ան, աւերիչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ, եթէ անմիջական լուծումներ չտրուին եւ չկասեցնեն այդ ծայրայեղութեան կամ ծայրայեղութիւններուն յառաջխաղացքը: Այս ըսուածներուն լաւագոյն վկայութիւններէն մէկը Ս. Պօղոս առաքեալին հետեւեալ խօսքն է. «Ամէն ինչ արտօնուած է ինծի, բայց ամէն ինչ օգտակար չէ: Ամէն ինչ արտօնուած է ինծի. բայց պէտք չէ որեւէ բանի գերին դառնամ» (Ա. Կր 6.12): Շնորհք Վարդապետ [ապա պատրիարք] Գալուստեան այս համարը բացատրելով կը գրէ. «Շիտակ է թէ ճշմարիտ քրիստոնեան արտաքին պայմանադրական օրէնքի տակ չէ, այլ կը վայելէ այն ազատութիւնը, զոր իրենց տուած է նոյնինքն Փրկիչը. “Իսկ արդ եթէ Որդին զձեզ ազատեցուսցէ, ճշմարիտ ազատք լինիջիք”: Բայց ազատութեան այս սկզբունքը շատ ուշադիր կիրարկութիւնը կը պահանջէ, հակառակ պարագային կ՚եղծանի եւ իր հակառակին կը վերածուի, կ՚ըլլայ գերութիւն: Ս. Պօղոս այս վտանգին առաջքն առնելու համար կը յանձնարարէ ուրիշ սկզբունք մը. “Ոչ ամենայն ինչ օգուտ է”, որով քրիստոնէական ազատութիւնը կը սահմանափակուի, բարձրագոյն օգտակարութեան օրէնքով: Ատով յաճախ մեզի չթոյլատրուիր ընել ինչ որ ըստ ինքեան ո՛չ չար է եւ ոչ ալ բարի, եթէ մեր արարքը մեզի կամ ուրիշին վնաս կը պատճառէ եւ կամ օգուտ չի տար: Մեր ազատութիւնը կ՚եղծուի, եթէ անոր կիրարկութիւնը այլոց գայթակղութեան պատճառ կը դանռայ» Եւ. «…Ուրեմն միւս կէտը, որ քրիստոնէական ազատութիւնը իր բուն հունին մէջ կը դնէ, մեր կեանքին մեր գործերուն վրայ տիրելն է: Եթէ մեր վարմունքին մէջ այս երկու սկզբունքները՝ օգտակարութիւնը եւ ինքնահակակշռումը նկատի առնուին, այն ատեն քրիստոնէական ազատութիւնը իր բուն ուղիին մէջ կը մտնէ»: Հետեւաբար, ճիշդ է, որ ամէն ինչ արտօնուած է մարդուն, բայց ամէն ինչ օգտակար չէ: Իսկ օգտակար չըլլալու պարագան անմիջականօրէն առընչուած է մարդուն իրեն տրուած ազատութիւնը ո՛չ ճիշդ կերպով գործածելուն մէջ:

Այսօր, բժշկութիւնը շա՜տ յառաջացած ու զարգացած վիճակ մը կ՚ապրի: Սակայն, միւս կողմէ, մարդը իրեն տրուած այդ յառաջացումն ու զարգացումը սկսած է գործածել ի վնաս մարդուն երբեմն, երբ ծանր հիւանդութեան պարագաներու, մարդիկ՝ բժիշկներու խորհուրդով կ՚որոշեն իրենց սիրելիին, իրենց հարազատին կեանքին վերջ տալ, պատճառաբանելով թէ այդպիսով մարդուն ցաւերուն, տանջնանքներուն վերջ կու տան: Սա մարդուն կողմէ իրենց տրուած ազատութեան ու գիտութեան չարաշահում մըն է, պարզապէս, որովհետեւ կեանքն ու մահը Աստուծոյ ձեռքերուն մէջն է: Երկրորդումն Օրինաց գիրքին մէջ կը կարդանք. «Հիմա նայեցէք, որ միայն ԵՍ ԵՄ ու Ինձմէ ուրիշ Աստուած չկայ. Ես կը մեռցնեմ ու Ես կ՚ապրեցնեմ. Ես կը զարնեմ ու Ես կը բժշկեմ ու Իմ ձեռքէս ազատող մը չկայ» (Բ. Օր 32.39). պարզ եւ յստակ: Մարդ ո՛չ մէկ իրաւունք ունի՝ ինչ ալ ըլլան պարագաները, ուրիշ մարդու մը կեանքին վերջ տալու, որովհետեւ մենք չե՛նք գիտեր, թէ Աստուած ի՞նչ վերապահած է այդ մարդուն համար:

Առիթով մը, երբ Տէր Յիսուս ի ծնէ կոյր մը պիտի բժշկէր, Իր աշակերտները կը հարցնեն Անոր.

-Վարդապե՛տ, մեղքը որո՞ւնն է որ այս մարդը կոյր ծնած է. ի՞րն է, թէ իր հօրն ու մօրը:

Յիսուս պատասխանեց.

-Մեղքը ո՛չ իրն է, ո՛չ ալ հօրն ու մօրը: Կոյր ծնած է, որպէսզի Աստուծոյ զօրութիւնը յայտնի ըլլայ իրմով (կարդա՛լ Յհ 9.1-12): Հետեւաբար, երբ մենք մեր մարդկային տրամաբանութեամբ կը փորձենք օգտակար դառնալ կամ մէկու մը ցաւերը թեթեւցնել, թերեւս մեր այդ բարի կամեցողութիւնը կրնայ Աստուծոյ ծրագիրին ու նախախնամութեան հակառակ ըլլալ, որով ո՛չ միայն մէկու մը օգտակար ըլլալու փոխարէն չարիք գործած կ՚ըլլանք անոր, այլեւ՝ մենք մեզ ալ դատապարտութեան տակ դրած կ՚ըլլանք: Ուրեմն, մարդ իրենց ընձեռուած ազատութիւնն ու ձեռք բերած գիտութիւնը գործածելու համար միշտ սկզբնակէտ ու վախճանակէտ պէտք է ունենայ Աստուծոյ կամքը, ատկէ անդին որովհետեւ չարիք է, որ՝ չարէն կու գայ (տե՛ս Մտ 5.37):

Աւարտելու համար մէջբերենք Պաիսիոս Աթոսացիի ըսածը, թէ՝ «աշխարհը մեղքով լեցուեցաւ եւ ան աղօթքի կարիքն ունի եւ ո՛չ թէ բազմաթիւ գրութիւններու. գիտութիւնը լաւ բան է, իսկ մշակոյթը՝ օգտակար, սակայն անոնք արհաւիրքի կը տանին՝ եթէ չսրբանան»: Հետեւաբար աղօթքով գանք Աստուծոյ առջեւ եւ խնդրենք Անկէ, որպէսզի մեզի գիտութիւն պարգեւէ կարենալ ընտրելու ճշմարիտն ու բարին, կարենալ ճիշդ կերպով օգտագործել մեզի տրուած ազատութիւնն ու գիտութիւնը ի փառս Ամենասուրբ Երրորդութեան եւ ո՛չ թէ մեր անցողիկ աշխարհիկ փառքին համար:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 64

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2023