Օպամայի Արձակուրդներու Համար Մսխումներ
Տրամաբանական է, որ մարդիկ մտածեն, որ նախագահը, մանաւանդ՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահը, հանգիստի պէտք ունի եւ արժանի է արձակուրդներու: Սակայն այդ նպատակով ծախսուած գումարներու շուրջը մարդիկ տարակարծիք են, նոյնիսկ բազմաթիւ դժգոհներ եւ քննադատողներ կան: Բայց ատոնցմէ ազդուողներ կա՞ն, երբ պետութեան գումարները ազատ եւ բացայայտօրէն կը մսխուին:
*
ՕՊԱՄԱ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻՆ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՀԵՏ
ԱՐՁԱԿՈՒՐԴԻ ՀԱՄԱՐ 85 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ ԾԱԽՍԱԾ Է
Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Պարաք Օպամայի ընտանիքը անոր կառավարման ութ տարիներուն ընթացքին արձակուրդի եւ ճամբորդութիւններու համար ծախսած է աւելի քան 85 միլոն տոլար:
«Ճուտիշըլ Ուոչ», որուն մատչելի եղած է նախագահի ընտանիքի ծախսերուն վերաբերեալ տեղեկութիւնը, կը յայտնէ, որ Միացեալ Նահանգներու գաղտնի ծառայութեան փաստաթուղթերուն մէջ յայտնի դարձած է, որ Օպամայի ընտանիքը արձակուրդներու համար տարեկան միջինը ծախսած է մօտ 10 միլոն տոլար:
Նշուած գումարը ծախսուած է ընտանիքի անվտանգութեան ապահովման, օդանաւային թռիչքներու եւ ուղեւորման, ինքնաշարժներու եւ պանդոկներու մէջ անձնակազմի եւ Միացեալ Նահանգներու գաղտնի ծառայութեան աշխատակիցներու սենեակներու վարձակալման համար:
Կը նշուի, որ տուեալ գումարին չափը վերջնական չէ: Նախագահին ընտանիքը ամէն տարի Ս. Ծննդեան տօները կը նշէր Հաուայեան կղզիներուն մէջ եւ այս տարի բացառութիւն չ՚ըլլար: Ըստ «Ճուտիշըլ Ուոչ»ի տեղեկութիւններուն, 2015 թուականին նախագահական ընտանիքի հանգիստը Հաուայեան կղզիներու մէջ արժած է 4.8 միլիոն տոլար:
20 Յունուար 2017 թուականին Օպամա կ՚իջնէ նախագահի աթոռէն, ուր կը բազմի Նոյեմբերին ընտրուած միլիառատէր գործարար Տանըլտ Թրամփ:
ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԷՆ ԱՆԴԻՆ ՈՐՔԱ՞Ն ԾԱԽՍԱԾ Է ՕՊԱՄԱ
ԱՐՁԱԿՈՒՐԴՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԵԱՆՑ ՀԱՄԱՐ
Օպամայի վարչամեքենան հրապարակեց ճամբորդութիւններու եւ արձակուրդներու ծախսերու վերաբերեալ փաստաթուղթեր, որոնք կը բացայայտեն պերճանքի համար աննախընթաց մակարդակի ծախսեր:
Փաստաթուղթերուն մէջ նշուած են.
- 2001 թուականէն ի վեր նախագահ Օպամա կը ստանայ 400.000 տոլար տարեկան աշխատավարձ, 50.000 տոլար ծախսերու, 100.000 տոլար տուրքերէ զերծ ճամբորդութեանց, 19.000 տոլար հաճոյքներու, զուարճանքի համար:
Օպամայի Մսխումներէն Նմոյշներ…
- 2009-ին, 40 միլիոն տոլար ծախսուած է:
- Գալիֆորնիոյ եւ Ֆլորիտայի մէջ կոլֆի խաղերուն մասնակցութեան եւ օդանաւային թռիչքներու համար՝ 3 միլիոն տոլար:
- 2013 թուականին ափրիկեան երկիրներ շրջագայութեան եւ Հոնոլուլուի մէջ արձակուրդի համար Օպամա ընտանիքը ծախսած է 16 միլիոն տոլար:
- 2013 թուականին Իրլանտա այցելութիւնը արժած է 8 միլիոն տոլար:
- Միշել Օպամայի Տապլին երկօրեայ այցելութիւնը արժած է 254 հազար տոլար, ներառեալ երեկոյեան զգեստի ծախսը՝ 3500 տոլար:
- Ընդհանուր պատկերին մէջ ներկայացնելու համար կը նշուի, որ Օպամայի վարչակազմը իւրաքանչիւր 5 ժամուան մէջ կը ծախսէ ամերիկացի միջին ընտանիքի մը ամառնային արձակուրդի ծախսին չափ: Եւ ասիկա նկատի առնելով անոնք, որոնք նիւթապէս ի վիճակի են արձակուրդի երթալու: Այլ խօսքով, նախագահական այս ծախսերուն համար իւրաքանչիւր հարկատու տարեկան 926 տոլար կը վճարէ:
Կամ՝ 70 անգամ աւելի տարեկան հիմքով նախագահի յատկացումներէն:
Կա՞յ ըմբռնելի ձեւ մը՝ արդարացնելու համար ճամբորդութիւններու ամսական միջին պիւտճէն, որ 625.000 տոլար է:
Նախագահի մը համար ատիկա եկամուտներու անհաւասարութեան եւ զոհաբերութեան բաժնեկցութեան անլռելի զանգն է: Անոր նախագահական շքեղ ապրելակերպը կեղծաւորութեան մնայուն մարմնաւորումն է:
ՀԻՆԳ ԱՌԱՍՊԵԼՆԵՐ՝ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ
ԱՐՁԱԿՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ
1- ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴՆԵՐ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՆ
«Նախագահները արձակուրդներ չեն ունենար, անոնք պարզապէս տեսադաշտը կը փոխեն»», ըսած է Նենսի Ռեկըն, Միացեալ Նահանգներու 40-րդ նախագահ Ռանըլտ Ռեկընի (1981-1989) կինը, ի պաշտպանութիւն իր ամուսնոյն յաճախակի այցելութիւններուն իրենց ագարակը՝ Սանթա Պարպարա, Գալիֆորնիա:
Հիւլէական դարաշրջանին մէջ նախագահները կրնան միայն վայրկեաններ ունենալ՝ տալու համար որոշումներ, որոնք կրնան ամբողջ աշխարհի վրայ ազդել: Անոնք այնքան ալ չեն լքեր Սպիտակ տունը, որուն մէկ փոքր տարբերակը հետերնին կը տանին, ուր որ երթան: Նախագահ մը, երբ արձակուրդի կ՚երթայ, անոր կ՚ընկերանան շուրջ 200 անձեր, ներառեալ՝ խորհրդականներ, գաղտնի սպասարկութեան գործակալներ, հաղորդակցութեանց մասնագէտներ, զինուորական խորհրդատուներ՝ վստահեցնելու համար, որ նախագահը Ոաշինկթընի մէջ իր ըրած բաները արձակուրդի ատեն ալ գրեթէ ընէ:
Նախագահը արձակուրդի մէջ եղած ատեն կը շարունակէ ամէն օր ստանալ գաղտնի սպասարկութեանց եւ ազգային անվտանգութեան զեկոյցները: Նախագահները նաեւ կը շարունակեն ձայնագրել ձայնասփիւռային շաբաթական սփռումներ, տալ մամլոյ ասուլիսներ, մասնակցիլ քաղաքական հանգանակութիւններու, եւ ինչպէս նախկին նախագահներ Ֆրանքլին Ռուզվելթ եւ Ռանըլտ Ռեկըն ըրած են, պարբերաբար հիւրընկալել բրիտանական արքայական ընտանիքը:
Արձակուրդները արգելք չեն ըլլար, որպէսզի նախագահները մեծ որոշումներ տան: Օրինակ՝ Ռեկըն հանդարտ շաբաթավերջ մը կը վայելէր նախագահական հովոցին՝ Քեմփ Տէյվիտի մէջ, որոշեց աշխատանքէ արձակել գործադուլ ընող օդանաւային երթեւեկի հսկողութիւնը իրականացնող պաշտօնեաները:
2- ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴՆԵՐԸ ԿԸ ՎՆԱՍԵՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ
Քանի մը տարի առաջ «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթի յօդուածագիր Տանա Միլպանք Պարաք Օպաման ամբաստանեց «խուլ ձեւանալով» արձակուրդի երթալուն համար, երբ աշխարհը տագնապներու մէջ էր: Բայց աշխարհը ե՞րբ տագնապներու մէջ չէ:
Արձակուրդ մը նախագահին կը հայթայթէ Սպիտակ տան իր գրասենեակին մէջ բացակայ, բայց թանկարժէք յարմարաւէտութիւններ, ներառեալ՝ հանգստանալու եւ մտածելու ժամանակ (նաեւ ժամանակ՝ մտածելու, որ ինչպէս պէտք է վարուիլ տագնապներու հետ):
Նախագահ Ռուզվելթ, 1940-ին երրորդ նստաշրջանի համար վերընտրուելէ կարճ ժամանակ ետք, քննադատուեցաւ արձակուրդ առնելով Քարայիպեան կղզիներ շրջապտոյտի նախաձեռնելուն համար, մինչ Բրիտանիա յարձակումի կ՚ենթարկուէր նացիական Գերմանիոյ կողմէ: Բայց Ռուզվելթ այդ հազուադէպ առիթը օգտագործեց մտածելու եւ մշակելու իր հնարամիտ ծրագիրը՝ «Լենտ լիս», որ կենսական օգնութիւն պիտի հայթայթէր Բրիտանիոյ, որպէսզի կանխէ նացիական յարձակումը:
Նախագահներ յաճախ կարիքը կը զգան ամերիկացիներուն հաւաստելու, որ իրենք արձակուրդները արդիւնաւէտ կ՚օգտագործեն: Ճորճ Պուշ Կրտսերի խորհրդական Քարլ Ռով յաճախ լրատու միջոցներուն կը տեղեկացնէր, որ նախագահը մտադրած է արձակուրդի ատեն գիտելիքները հարստացնող գիրքեր կարդալ:
3- ՃՈՐՃ ՊՈՒՇ ԿՐՏՍԵՐ ԱՄԵՆԷՆ ՇԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴ ԱՌԱԾ ՆԱԽԱԳԱՀՆ Է
Միացեալ Նահանգներու 43-րդ նախագահ Ճորճ Պուշ Կրտսեր իր պաշտօնավարութեան ութ տարիներուն (2001-2009) ընթացքին՝ արձակուրդ առած է 879 օր, ներառեալ՝ 77 այցելութիւններ Թեքսասի իր հանգստավայր ագարակը:
Միացեալ Նահանգներու երկրորդ նախագահ Ճոն Էտըմզ (1797-1801) իր պաշտօնավարութեան առաջին երկու տարիներուն քննադատուեցաւ երկարատեւ ուղեւորութիւն մը կատարելու համար իր տունը՝ Քուինսի, Մասաչուսեց, ամբողջ ութ ամիս հեռու մնալով մայրաքաղաքէն, որ այդ ժամանակ Ֆիլատելֆիան էր: Էտըմզ հեռացաւ Ֆիլատելֆիայէն՝ խուսափելու համար դեղնախտի համաճարակէն, ապա նաեւ՝ խնամելու համար իր վատառողջ կինը: Եւ իր բացակայութիւնը եկաւ այնպիսի ժամանակ մը, երբ Միացեալ Նահանգներ Ֆրանսայի դէմ գրեթէ պատերազմ պիտի յայտարարէր:
Նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիական պատերազմի ատեն, ըստ պատմաբան Մաթիու Փինսքըրի, նախագահ Ապրահամ Լինքըլն (16-րդ նախագահ, 1861- մինչեւ սպաննուիլը՝ 1865) իր պաշտօնավարութեան ժամանակին 25 առ հարիւրը, ներառեալ՝ 1862-ին կէսը, անցուցած է Ուաշինկթընի Փիթուորթի մօտ, Զինուորներու տան եւ Փարք Վիուի մէջ: Պատմաբանը կը պնդէ, որ Լինքըլն հաճոյք կ՚առնէր այդ վայրը յատկապէս տաք օրերուն երթալէ, որովհետեւ հովոցը, ուր կը մնար, Սպիտակ տունէն զով էր:
Այնպէս կը թուի, թէ ոչ մէկ առընչութիւն կայ արձակուրդի օրերու եւ նախագահի մը ձգած կտակին միջեւ: Ներկայ ժամանակներու ոչ մէկ նախագահ աւելի նուազ արձակուրդ առած է, քան՝ 1977-1988 պաշտօնավարած նախագահ Ճիմի Քարթըր (79 օր), մինչ Ռանըլտ Ռեկըն 335 օր անցուցած է իր սիրելի հանգստավայր ագարակին մէջ, Գալիֆորնիա: Նախագահ Ճոն Քենետի (1961-մինչեւ սպաննուիլը 1963) իր կարճատեւ պաշտօնավարութեան ընթացքին գրեթէ ամէն շաբաթավերջ անցուցած է իր ընտանեկան կալուածներէն մէկուն մէջ: Ռուզվելթ 134 ուղեւորութիւն կատարած է դէպի Հայտ Փարք եւ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին յաւելեալ վեց ամիսներ անցուցած է Ուորմ Սփրինկզի մէջ, Ճորճիա, ուր ինք բուժում կը ստանար յօդացաւերուն համար: Ի դէպ, Ռուզվելթ մահացաւ ուղեղային արիւնահոսութեան պատճառով, երբ արձակուրդի գացած էր Ուորմ Սփրինկզ, 12 Ապրիլ 1945-ին:
4- ՀԱՐԿԱՏՈՒՆԵՐԸ ԿԸ ՎՃԱՐԵՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ՍՈՒՂ ԾԱԽՍԵՐԸ
Նախագահները կը վճարեն արձակուրդի ատեն իրենց անձնական եւ իրենց ընտանիքներու կացարանի, սնունդի եւ յարակից ծախսերը: Այդ պատճառով ալ, հաւանաբար, ընդհանրապէս կը նախընտրեն մնալ իրենց կալուածներուն մէջ, կամ նախագահական պաշտօնական հովոցին՝ Քեմփ Տէյվիտի մէջ: Բայց քանի որ նախագահական արձակուրդները միշտ աշխատանքային արձակուրդներ են, հարկատուները կը վճարեն, որպէսզի գլխաւոր հրամանատարը շարունակէ աշխատիլ:
Կացարաններու եւ ուտելիքի վճարումները յաւելեալ ծախսեր են, բայց հարկատուները կը վճարեն աշխատավարձերը Սպիտակ տան պաշտօնեաներուն եւ գաղտնի սպասարկութեան գործակալներուն, անոնք Ոաշինկթըն մնան կամ ոչ: Ուրեմն նախագահական արձակուրդները անձնական ծախսերը չեն աւելցներ:
Յաւելեալ ամենէն մեծ ծախսը նախագահական օդանաւի եւ ատոր ընկերացող օդանաւերու («Էր ֆորս ուան») օգտագործումին համար կ՚ըլլայ: Այդ օդանաւերը կը փոխադրեն նախագահին համար անհրաժեշտ սարքերն ու գետնի վրայ փոխադրութեան միջոցները: Ներկայացուցիչներու տան հետազօտութիւններու սպասարկութիւնը տեղեկացուցած է, որ «Էր ֆորս ուան»ի օգտագործման ծախսը ժամական 180 հազար տոլար է:
Ի վերջոյ, նախագահին արձակուրդը հարկատուներուն վրայ կրնայ արժել յաւելեալ 1 միլիոն տոլար:
5- ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ՈՐԵՒԷ ՏԵՂ ԿՐՆԱՆ ԻՐԵՆՑ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴԸ ԱՆՑԸՆԵԼ
Արձակուրդի շուրջ տարակարծութիւնները սկսան Ճերըլտ Ֆորտի նախագահութեան ատեն (1974-1977): Ֆորտ քննադատուեցաւ արձակուրդը Քոլորատոյի Վայլ դահուկելու լեռնային հանգստավայրին մէջ անցընելուն համար, այն պահուն, երբ տնտեսական ճգնաժամ կար: Բայց գաղտնի սպասարկութեան գործակալները կը նախընտրեն բացառիկ, բարձրակարգ հանգստավայրերը, ինչպէս՝ Մարթայի կղզին, ուր դիւրին է հետեւիլ բոլոր մտնող եւ ելլողներուն:
Գաղտնի սպասարկութիւնը տեղեակ էր ամենէն ողբերգական նախագահական արձակուրդին, երբ Ճէյմս Կարֆիլտ, որ նախագահ ընտ-րըւած էր 1881-ի Մարտին, կը պատրաստուէր իր առաջին արձակուրդին համար շոգեկառք բարձրանալու, մարդասպան մը կրակեց վրան:
Անվտանգութեան առընթեր, բարձրակարգ հանգստավայրերը ընդհանրապէս անմատչելի են միջին ամերիկացիներուն համար: Ասիկա կը նշանակէ, որ արձակուրդը անցընող նախագահները իրենց շքախումբերով չեն անհանգստացներ միջին ամերիկացիները:
Պիլ Քլինթըն (1993-2001) մտահոգուելով, որ Մարթայի մէջ հանգստանալով՝ կրնայ այնպէս թուիլ, թէ հաղորդակցութենէ խզուած է, որոշեց 1995 եւ 1996 թուականներուն արձակուրդները անցընել Կրանտ Թեթոնի մէջ, Վայոմինկ: Սակայն տեղացիները բողոքեցին, որ ան կը խանգարէ զբօսաշրջութեան եղանակը:
Երբ խօսքը կը վերաբերի այդ բոլոր ըսի-ըսաւներէն հեռու մնալու, նախագահները չեն կրնար հանգիստ ըլլալ, կամ դադար մը առնել, անկախ անկէ թէ անոնք ո՛ւր կ՚երթան:
Պատրաստեց՝
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան