ՇԱՏԱԽՕՍ ՍԿԻՒՌԸ
Սկիւռը պարտէզներուն մէջ պտտելէն յոգնած, մագլցեցաւ կեռասենիի մը վրայ, նստաւ հաստ ճիւղերէն մէկուն եւ ըսաւ անոր.
-Ես կը սիրեմ խօսքը կրճատել եւ կ՚ատեմ շատախօսութիւնը, քանի կարճ խօսքին մէջ է օգուտը, իսկ որեւէ աւելի խօսք, զզուելի շատախօսութիւն է, որ պարապութիւն մը կը ստեղծէ խօսողին գլուխին մէջ:
Սկիւռը այսպէս ժամ մը շարունակեց խօսիլ կեռասենիին հետ եւ սահմանել կարճ խօսքին օգուտները, ապա (ծառը) գոռալով ըսաւ.
-Լսէ՛, եթէ իսկոյն կարճ խօսքին օգուտները գովաբանող շատախօսութենէդ չհրաժարիս, գլխացաւ պիտի ունենամ եւ, սովորականին պէս, պիտի չկարենամ զիս բուժող բժիշկի մը երթալ, իսկ գլխացաւիս հետեւանքով կեռասներուս մեծամասնութիւնը՝ չհասունցած պիտի թափին:
Սկիւռը իրար անցած լռեց, իսկ կեռասենին յորդորելով ըսաւ անոր.
-Փորձէ՛ կարճ եւ հասկնալի ձեւով խօսիլ հետս եւ բացատրել խօսիլ ուզելուդ պատճառը, քանի վստահ եմ, որ հետս կը խօսիս բան մը խնդրելու. բան մը, որ ես չեմ գիտեր կամ չեմ ակնկալեր:
Սկիւռը ակնթարթներ տատամսեցաւ, ապա ըսաւ կեռասենիին.
-Համառօտելով եւ առանց երկարելու կ՚ըսեմ, որ գեղեցիկ ու ախորժաբեր կեռասներէդ ուտել կ՚ուզեմ: Համաձա՞յն ես:
Կեռասենին ըսաւ.
-Անունդ պիտի արձանագրեմ կեռասներս ուտող կարգապահներուն ցանկին մէջ: Շատեր կը յարձակին կեռասներուս վրայ եւ անոնցմէ կ՚ուտեն: Այսօրուընէ կրնամ ըսել, որ կեռասներս կերաւ քաղաքավար սկիւռ մը, որ թերութիւն մը չունէր, բացի այն, որ ժամերով կը շատախօսէր եւ կը յայտնէր, թէ ինք շատախօսութիւնը ատող մըն է:
Սկիւռը անխռով ժպիտով մը ընդունեց կեռասենիին ծաղրանքը եւ նայեցաւ կեռասներուն, որոնք իրեն խօսքէն շա՜տ աւելի գեղեցիկ թուեցան:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւան