ԵԳԻՊՏՈՍ. ՊԱՅԹՈՒՄՆԵՐ, ՈՐՈՆՑ ԹԻՐԱԽԸ ՄԻԱՅՆ ՂԸՊՏԻՆԵՐԸ ՉԵՆ
- «Մենք ամէն ինչ պիտի ընենք պահպանելու համար մեր եկեղեցիները»
Ահաբեկչութենէն ժամեր անց Քիրիլլոս Պահիժ անունով ղըպտի քաղաքացին իր ընկերներուն հետ շիրիմներ կը փորէր Թանթա քաղաքի «Մար Ժըրժէոս» եկեղեցւոյ մէջ զոհուածները թաղելու համար: Պահիժ դէպքին մասին խօսած էր «Ռէօյթըրզ»ին ու ըսած. «Իրավիճակը անտանելի է ու յետ այսու մենք ամէն ինչ պիտի ընենք պահպանելու համար մեր եկեղեցիները, որոնք անցեալ տարուան Դեկտեմբերէն ի վեր դարձած են ԻՇԻՊ-ի գլխաւոր թիրախը»:
Խորքին մէջ անցեալ Կիրակի օրը «Արիւնալի Ծաղկազարդ»ի մը վերածած պայթումները սպասելի էին: Դեկտեմբերին անձնասպան մը մուտք գործած էր ղըպտիներու Գահիրէի գլխաւոր եկեղեցին եւ ինքզինք պայթեցնելով պատճառ դարձած էր քսան անձերու սպանութեան: Ու այդ ահաբեկչութենէն չորս ամիս անց, այս անգամ երկու ահաբեկչական գործողութիւններ կը ցնցէին բաւական լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ կանգնած երկիրը: Նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ Ալ Սիսի, որ խստօրէն կը դատապարտէր եղած ահաբեկչութիւնը, դէպքէն ժամեր անց երկրի ապահովական մարմիններէն կը պահանջէր ամբողջական վերահսկողութեան տակ առնել կրօնական կառոյցներն ու կարեւոր հաստատութիւնները: Սիսի աւելի ուշ կը յայտարարէր, որ նկատի ունենալով երկրի ընդհանուր իրավիճակը՝ երեք ամսուան համար «արտակարգ դրութիւն» պիտի հաստատուի:
Խորքին մէջ ի՞նչ էր տեղի ունեցածը: Եւ ինչո՞ւ ահաբեկիչները թիրախ կը դարձնէին երկրի 10 առ հարիւրը ներկայացնող ղըպտի համայնքի աղօթավայրերը:
Եթէ Եգիպտոսի անցնող քսան տարուան անցուդարձերը քննենք, ապա յստակօրէն կ՚ուրուագծուի, որ մօտիկ անցեալին «Իսլամ եղբայրներ» շարժումի զինուորական թեւերը, իսկ վերջին մէկ տարուան ընթացքին Սինայի մէջ երեւելի ներկայութիւն ունեցող «Անսար պէյթ ալ մաքտէս» զինեալ խմբաւորման կարեւոր նպատակներէն մին է 90 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Եգիպտոսի մէջ իսլամ-քրիստոնեայ լարուածութիւն ստեղծել ու հող պատրաստել, որ փոքրամասնութիւն համարուող քրիստոնեայ համայնքը բախումի երթայ տեղացի իսլամներուն հետ:
Այստեղ պէտք չէ անտեսել, որ երկրի ընտրուած նախագահ Մուհամմէտ Ալ Մուրսին (2012թ.) իշխանութեան կը հասնէր իր ձեռքերուն ունենալով «իսլամական երկիր» մը կերտելու երազը: Մուրսի եւ անոր իշխանախումբը գործելով աններելի սխալներ կը դառնային միջազգային հանրութեան թիրախ, բայց մանաւանդ ներքին ճնշումներու եւ երկրի բանակի ղեկավարութեան միջամտութեամբ անոնք կը յայտնուէին բանտի ճաղերու ետին:
«Քաղաքական իսլամ»ի հարցը Եգիպտոսի գործող նախագահին համար ցայսօր ալ կը շարունակէ մնալ երկրին համար թիւ մէկ խնդիր ու հակառակ Մուրսիի եւ անոր համախոհներու բանտարկութեան՝ երեւելի է, որ այդ քաղաքական գիծին հետեւորդներու թիւը ներկայիս ալ քիչ չէ:
Կայ նաեւ նախագահ Սիսիի արտաքին քաղաքականութեան թղթածրարը, որուն համար սիւննի աշխարհի միւս խաղացողները (Քաթար եւ յատկապէս Սէուտական Արաբիա) հաշտ աչքով չեն դիտեր շրջանային հարցերու, բայց մանաւանդ Սուրիոյ տագնապին վերաբերեալ անոր կեցուածքները:
- Երկու պայթումները
Կիրակի, 9 Ապրիլի առաւօտուն, Թանթայի ղըպտի քաղաքացիները կ՚ուղղուէին քաղաքի գլխաւոր «Մար Ժըրժէոս» (Սուրբ Գէորգ) եկեղեցին, մասնակցելու համար քրիստոնեայ եկեղեցւոյ գլխաւոր տօնին՝ Սուրբ Զատկի Կիրակիին նախորդող՝ Ծաղկազարդի կրօնական արարողութիւններուն: Ընթացք առած կրօնական արարողութիւնը կ՚ընդհատ-ւէր հզօր պայթումին պատճառով: Պայթումին հետեւանքով կը զոհուէին տասնեակ հաւատացեալներ եւ մէկէ աւելի լրատուական գործակալութիւններ կը ցուցադրէին զոհերուն «բզիկ-բզիկ» եղած մարմիններուն մասերը: Դէպքէն ժամեր անց շրջանառութեան մէջ կը դրուէին տարբեր վարկածներ, ըստ որոնց պայթումը կը կատարուէր անձնասպանի մը շնորհիւ:
Մինչ լրատուական ծառայութիւններ Թանթայի լուրը կը փոխանցէին, անդին Աղեքսանդրիոյ մէջ տօնական պատարագ մատուցող ղըպտիներու Թաւատրոս պապը կը փրկուէր ստոյգ մահէ:
Նոյն անձնասպանական մեթոտով տեղի ունեցած պայթումի զոհերուն թիւը նուազ էր Թանթայի պայթումի զոհերու թիւէն։ Մինչ Թանթայի մէջ կը զոհուէին քսանեօթ անձեր, անդին Աղեքսանդրիոյ Մարկոսեան տաճարին մէջ զոհերուն թիւն էր տասնեօթ: Ուշագրաւ եւ վտանգաւոր էր, որ ահաբեկիչները նպատակ դրած էին սպաննել ղըպտիներու պապը: Եւ այստեղ պէտք է նշել, որ եթէ գնդապետ Իմատ Ալ Ռաքաիպի չմօտենար անձասպանին ու չփորձէր անոր «դէմը առնել», ապա կանխատեսելի էր որ անձնասպանը կրնար յառաջանալ եւ ինքզինք պայթեցնել պատարագի սուրբ սեղանին մօտ:
Մնացեալը յստակ է: Աղեքսանդրիոյ ահաբեկչութիւնը կատարողները իրենց առջեւ դրած էին մէկ նպատակ: Անոնց հիմնական նպատակն էր իրենց արարքին զոհ դարձնել ղըպտիներու պապը: Նպատակը եթէ յաջողէր, ապա այդ սպանութիւնը կրնար ներքին-քաղաքացիական բախումներու հող ստեղծել: Հող ստեղծել կ՚ըսեմ, որովհետեւ մինչեւ այս պահը Եգիպտոսի ղըպտիները զէնք բարձրաձնելու մասին չեն խօսած: Ու մէկէ աւելի ղըպտի կրօնաւոր կամ աշխարհիկ բանբերներ յայտարարած են, թէ իրենք պատիւով կը կրեն Քրիստոսի խաչը ու պատրաստ են իրենց հաւատքին համար ալ նահատակուիլ:
- Որովհետեւ քրիստոնէութիւնը վկայութեան կրօն է. Հայր Ռուայս Երուսաղէմցի
Լիբանանի մէջ ղըպտի համայնքի նրկայացուցիչ Հայր Ռուայս Երուսաղէմցի ահաբեկչական դէպքերուն մասին խօսելով յայտնած է. «Ինչ որ ալ ըլլայ, անհնար է հարուածել Եգիպտոսի միասնութիւնը: Մենք մեր հայրենիքի կողքին եւ մեր հաւատքի կողքին ենք»: Ղըպտի կրօնաւորը նաեւ դրական արտայայտուած է Եգիպտոսի ապահովական մարմիններուն մասին։ «Մեր ապահովական մարմինները ամէն ճիգ ի գործ դրած են կանխելու համար այսօրինակ յարձակումները: Թերացման մասին խօսակցութիւնները անհիմն են, որովհետեւ Կիրակի, Ապրիլի 9-ին եղած երկու ահաբեկչութիւններու ընթացքին ալ ոստիկաններ եւ սպաներ զոհուեցան», ըսած է ան: «Մեզի համար քրիստոնէական հաւատամքը անփոխարինելի է ու Եգիպտոսի ղըպտները ինչպէս երէկ, այսօր եւ վաղն ալ պատրաստ են իրենց կեանքով վկայել, որովհետեւ քրիստոնէութիւնը ինքնին վկայութեան կրօն է», եզրափակած է Հայր Ռուայս Երուսաղէմցի:
- Քաղաքական ընդհանուր պատկեր
Պայթումներէն ժամեր ետք Եգիպտոսի Նախագահ Սիսի հրամանագիր մը ստորագրելով բանակէն կը պահանջէր տարածուիլ երկրի բոլոր կարեւոր կառոյցներուն շուրջ: Ան աւելի ուշ կը հրապարակէր հրամանագիր, որուն հիմքով Եգիպտոսի մէջ պիտի հաստատուէր «արտակարգ դրութիւն»:
Նշեմ, որ առաջին անգամը չէր, որ Եգիպտոս գործի կը դնէր «արտակարգ դրութեան» կարգավիճակը: Առաջին անգամ այդ օրէնքը գործի դրուած էր նախագահ Էնվեր Սետաթի դէմ գործուած ահաբեկչութիւնէն ետք (1981թ.) ու այդ օրերուն էր նաեւ, որ հրապարակուած օրէնքը կը հաստատէր, թէ պետութիւնը այդ գործելաոճին դիմած է «սալաֆիստ» խմբաւորումներուն դէմ պայքարելու նպատակով: Ցայսօր յստակ չէ, թէ հաստատուած «արտակարգ դրութիւն»ը ե՛րբ կրնայ վերցուիլ, սակայն երեւելի է, որ երկիրը ցնծաց, պայթումները դիւրին «մարսուելիք» դէպքեր չեն:
Նախագահ Սիսի, որ վերջերս Ուաշինկթըն այցելած էր, այսօր յայտնուած է բաւական նուրբ դրութեան մը առջեւ: Ու ճիշդ է. հակառակ անոր, որ ահաբեկիչները չեն յաջողած իրենց «գլխաւոր» նպատակը իրականացնել, սակայն երեւելի է, որ երկրին մէջ ահաբեկչութեան վտանգը չէ վերացած ու կրնայ որեւէ պահու դարձեալ իր գլուխը ցցել:
Եգիպտոսի իշխանութիւնները եւ յատկապէս նախագահ Սիսի, բացի անկէ, որ ունին «ներքին թշնամիներ», որոնք տարբեր առիթներով եւ մասնաւորապէս Սինա նահանգին մէջ բանակին դէմ «ցաւցնող» գործողութիւններ կը կատարեն, կայ նաեւ Եգիպտոսի արտաքին քաղաքականութեան ընդհանուր պատկերը, որ ինչպէս վերը նշեցինք, բնաւ ալ հաշտ աչքով չի դիտուիր սիւննի աշխարհի «մեծերուն» կողմէ:
Շատ խորունկ հայեացք ունենալու կարիք չկայ ըմբռնելու համար, որ Սիսի այսօր յայտնուած է «կարեւոր ընտրանք» կատարելու «հարկադրանք»ին տակ: Մինչեւ այս հանգրուանը երկրի բանակին հաւատարիմ այս զօրավարը տարբեր հանգամանքներու բերումով յաջողեցաւ իր իշխանութեան ընդհանուր հաւասարակշռութիւնը պահել։ Բայց եւ այնպէս, կան կարեւոր նախանշաններ, որոնք կը խօսին ջրբաժանի մը մասին:
Ու այս առումով պիտի կարողանա՞յ Եգիպտոսի նախագահը կարեւոր «ցատք» մը կատարել, կամ պիտի ստիպուի՞ «մոխրագոյն» քաղաքականութենէն դուրս նետուելով «սեւ կամ սպիտակ» քարերով շարժիլ:
Ամենաբարդը վերջնական կողմնորոշումով հանդէս գալն է: Ու այդ պարագային է նաեւ, որ կրնայ Եգիպտոսի «փանտորայի» կարմիր տուփը բացուիլ:
Այդ տուփին մէջ կան նաեւ ղըպտիներու հարցին պէս տասնեակներ, որոնք կրնան «հզօր» Եգիպտոսը հիմնովին նետել ցնցումներու եւ վտանգներու գիրկը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան