ԼԻՄՈՆԻ ԹՈՒՓԸ

-Քեզի հետս պիտի տանիմ...

Ժպիտը դէմքին, ձեռնահեռաձայնը վար առնելով, ըսաւ:

-Անշո՛ւշտ պիտի տանիմ...

Կրկնեց շերտ մը թախիծ հագցնելով ժպիտին: Կը խօսէր ան սենեակին լուսաւոր անկիւնը տեղաւորուած թաղարէն մեթր մը բարձրացած լիմոնի թուփին հետ, իսկ թուփը կարծես անխօս պատասխաններ կու տար կամ մելամաղձոտ հայեացքներով կը հարցնէր՝ «Ինչպէ՞ս, ո՞ւր...»:

... Եւ յիշեց տիկին Քնար, թէ վեց տարի առաջ, երբ պատերազմէն խոյս տալով Հալէպէն Պէյրութ հասած էին՝ հոնկէ Երեւան փոխադրուելու, մէկ շաբթուան կեցութեան ընթացքին այցելած էր Թռչնոց բոյնը, որմէ ելած պահուն, դարպասին դէմ, նկատած էր լիմոնի առատաբոյս ծառերը եւ լիմոն մը քաղած, դրած էր պայուսակին մէջ՝ որպէս յուշ կոթողի մը մօտէն:

Լիմոնը պայուսակէն ճամպրուկին մէջ հանգրուանեց եւ ճամպրուկով Երեւան հասաւ Քնարին ընտանիքին հետ: Քնարին առաջին գործը եղաւ այդ լիմոնին կուտը ցանել պարարտ հողով լի թաղարի մը մէջ:

Քնար անոր թիզ առ թիզ աճումին կը հետեւէր: Որքա՜ն մեծ էր ուրախութիւնը հողին երեսին առաջին ծիլը տեսած պահուն, ան պարարտանիւթերու մասին պրպտումներով լաւագոյնը բերեր ու հողը յագեցուցեր էր եւ իր կանաչ ձեռքերով հոգ տարեր բոյսին, բոյսն ալ կարծես սիրած էր տէրը եւ իրեն համար անյարմար կլիմային իսկ ընտելացած: 

Քանի՜ տուն պտտած էր թուփը Քնարին հետ յիշեալ վեց տարիները, վերջին փոխադրութիւնը տարի մը առաջ էր, երբ նախկին վարձակալած տան տէրը խնդրած էր, որ տունը դատարկէ:

Վեց երկար տարիներ անցած էին: Երկա՞ր...: Հիմա ակնթարթի մը յուշն էին ընդամէնը: Ակնթարթով մը կը թերթէր Քնար տետրը յուշերուն, որոնք շարուած էին կարծես ժամանակագրական յաջորդականութեամբ եւ մէկը միւսը կը դրդէր թատրոնի մը դերասաններուն պէս, ուր ամէն ոք իր դերն ու տեղը սորված, դրուագ մը կը մարմնաւորէ եւ դէպքերու, դէմքերու կերպով պատում մը, կեանք մը, ժամանակի հատուած մը կը փոխանցուի:

Ուրախութիւն, ցնծութիւն կար վեց տարի առաջ հայրենիք փոխադրուած այս ընտանիքին մէջ, բայց՝ կարճ տեւեց: Երիտասարդները չկրցան համակերպիլ, ուզեցին հեռանալ, գաղթել, շատերո՜ւ պէս: Տան նահապետը միջոցներ չխնայեց զոյգ երիտասարդները Եւրոպա ուղարկելու, ապա ինք ալ մեկնեցաւ եւ ահաւասիկ, երեք տարի ետք, յաջողեցաւ կնոջ եւս ընտանիքին միացնելու բոլոր անհրաժեշտութիւնները հոգալ:

Քնար բազմիցս փորձած էր համոզել ամուսինին, պատկերներ ցոյց տուած էր երկու տարի առաջուան յեղափոխութեան ցոյցերուն իր բերած մասնակցութենէն, խանդավառած էր զայն, որ թերեւս մտափոխուի եւ վերադառնալ ուզէ: Ամուսինը նոյնպէս խանդավառութիւն մը ապրած էր այդ ամիսներուն կամ տարուան մը ընթացքին եւ անոր բառերէն Քնար երբեմն նշմարած էր համամտութեան նշոյլներ, որոնք իսկոյն վերացան վերջին պատերազմի օրերուն՝ տեղի տալով ամուսինին աճապարանքով Քնարին Եւրոպա հասնելու մտադրութեան եւ ջանքերուն:

Յուշերու ընդհատումով Քնարին նայւածքը պահ մը շեղած էր թաղարէն, ահա դարձեալ ինկաւ նոյն տեղը՝ կանաչ, փայլուն տերեւներուն, մատղաշ ճիւղերուն վրայ: Ան մեքենայական շարժումով բռնեց ձեռնահեռաձայնը, յաւելուածները թերթատեց, գտաւ ուզածը, հպումով մը բացաւ զայն, հեռաձայնին պաստառէն դիտեց թուփը, տեղաւորեց զայն քառանկիւնին մէջ եւ... «չը՛ք» լսուեցաւ նկարելուն հնչիւնը: Մի քանի լուսանկար առաւ, ապա անուանացանկէն գտաւ բարեկամի մը թիւը, եւ՝

-Լիմոնի թուփս միայն քեզի կը վստահիմ, կ՚ուզե՞ս հոգ տանիլ...

Ըսաւ եւ ստացաւ ակնկալած դրական պատասխանը:

Քնար չէր բերած լիմոնը՝ այդ կոթողին յուշը, որմէ աճած թուփին գաղթին ալ պատճառ ըլլայ:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունիս 18, 2021