ՎԱՐԿԱԾՆԵՐՈՒ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

Երեւան եւ Պաքու այսօր կը բանակցին քանի մը ձեւաչափով: Վերլուծաբաններն ու լրագրողները կը քննարկեն հայ-ատրպէյճանական հաշտութեան գործընթացն ու անոր ապագան: Երեւան-Պաքու բանակցութիւններու օրակարգը կը շարունակէ մնալ հետաքրքրութեան առանցքին։ Երկու կողմերը կարծես կերպով մը «լուռ համաձայնութեան» եկած են, որպէսզի այս փուլին այդ բանակցութիւններու նիւթով դրական մեծ քայլեր չկերտուին, անոնք ունին նաեւ որոշ մտավախութիւններ՝ իւրաքանչիւրը իր չափաբաժինով։

Երեւանի պաշտօնական տեսակէտը, մօտեցումներն ու քայլերը կը միտին հասնիլ խաղաղութեան մը ու կապ չունի, թէ այդ խաղաղութիւնը ինչ գին կրնայ ունենալ, կամ ինչ զոհողութիւններ կը պահանջէ։ Անդին Պաքուի պարագային ալ բացայայտ շտապողականութիւն մը կայ։ Այստեղ միայն ապագային Հայաստանի կողմէ «հասկնալի» վրէժխնդրութեան մը թիրախը դառնալու մտահոգութիւնը չէ։ Արդարեւ, Պաքու շատ լաւ կը հասկնայ, որ իր այսօրուան դիրքերը շատ ամուր եւ ուժեղ են։ Ուստի, այսօր ամբողջական խաղաղութեան մը հասնիլը լաւագոյն ընտրանքը կ՚ըլլայ անոր համար։

Երեւելի է, անշուշտ, որ այս բանակցութիւններուն զուգահեռ ծագած են բաւական խանգարիչ հանգամանքներ, որոնց գլխաւորն է Ուքրայնայի պատերազմը։ Ռուսաստան Ուքրայնայի դէմ շղթայազերծուած «յատուկ գործողութեան» առաջին օրերէն իսկ մասնաւորապէս Ատրպէյճանը զգուշացուցած էր, թէ սահմանի ողջ երկայնքով խաղաղութեան պահպանումը ներքին կարգով յայտարարած էր կարմիր գիծ, նաեւ այդ գիծը եւ հասկացողութիւնը բացատրելու եւ տեղ հասցնելու առումով ալ կարեւոր քայլեր առած։ Այս առումով պէտք է անպայման հաշուի առնել Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի վերջերս Պաքու տուած այցելութիւնը, որմէ վերջ ան յստակ կը յայտարարէր, որ իր երկիրը գոհ է Ատրպէյճանի որդեգրած մօտեցումներէն եւ վարմունքէն։

Այս բոլորը եթէ հաշուի առնենք, ապա անպայման պիտի նկատենք, որ սահմանի երկայնքով ներկայ անդորրը գոյացած է ոչ միայն Մոսկուայի թելադրանքով, այլեւ Անգարայի հետեւողական մօտեցումներով՝ որպէս լրացում եւ ամբողջացում Թուրքիա-Ռուսաստան սերտ համագործակցութեան։ Ի դէպ, Պաքուէն միշտ լսելի կը դառնան յայտարարութիւններ, որոնք բանակցութիւններու ընթացքին վնաս կը հասցնեն, նաեւ անտեղի խօսքեր, որոնք ամէն մակարդակի երեւակայական տրոփիւններ ունին։

Ամէն պարագայի ոեւէ մէկուն համար յստակ չէ, թէ ներկայ դրութիւնը մինչեւ ե՞րբ կրնայ շարունակուիլ։ Արդարեւ, ամբողջական խաղաղութիւն մը, կամ սահմանագծման ու սահմանազատման հիմքով վաւերաթուղթով մը ամրագրուելիք պայմանագիր մը կրնայ տարածաշրջանը առաջնորդել աւելի կայուն վիճակի մը, ուր պարտադիր պէտք է ամրացուին փոխադարձ վստահութեան շունչով կերտուելիք յարաբերութիւնները։

Այս բոլորէն անդին, յատկապէս հայկական կողմը կը շարունակէ յուզել կարեւոր հարցում մը։ Արդեօք մօտաւոր ապագային Արցախի եւ Հայաստանի սահմաններուն վրայ ռազմական գործողութիւններ պիտի ծագի՞ն։ Կամ արդեօք ռուս խաղաղապահները ինչ-ինչ պայմաններով պիտի ստիպուի՞ն լքել այն յենասիւն-կէտերը, որոնք Կովկասի մէջ իրենց համար այդքան ռազմավարական նշանակութիւն ունին։ Այս բոլորին պատասխանելը բաւական դժուար է, որովհետեւ ներկայ փուլին Ռուսաստանի համար պարզապէս երրորդական կամ նոյնիսկ չորրորդական է «հայկական հարց»ը՝ յատկապէս, երբ ան արեան եւ սուրի ճամբով Ուքրայնայի մէջ յառաջ կը տանի իր գոյութենական պատերազմը։

Բացի Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգութեան հարցէն, ռուսերուն առջեւ դրուած են շատ աւելի ծաւալուն, շատ աւելի կենսական հիմնահարցեր, որոնց ամենէն կարեւորն է Սուրիան։ Ռուսաց կառավարութեան, բանակին եւ ժողովուրդին համար այս հիմնահարցը արդէն վեց տարիէի ի վեր դարձած է «դանայեան տակառ»ի տպաւորութիւն ստեղծած տագնապ մը։

Հետեւաբար, ժամանակի խնդիրը կամ պատերազմի աւարտի բեմագրութեան օրակարգը, Ռուսաստանի նոր դիրքերու աւելիով յստակացումը միայն կրնան հասկնալի դարձնել պատասխանը, թէ պատերազմ կը ծագի՞ կամ ոչ։ Անշուշտ, այդ պատասխանը կը ներառէ Արցախի համար բարեյաջող, քիչ թէ շատ ընդունելի կարգավիճակ մը ապահովելու էական խնդիրը։

ՎԵՐԼՈՒԾԱԲԱՆՆԵՐԸ ԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐԸ

Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններով պայմանագրի մը, խաղաղութիւնը ամրագրելիք եւ շրջանը ամբողջական ու վերջնական խաղաղութեան մը առաջնորդելիք փաստաթուղթի մը մշակումը մեծ թիւով վերլուծաբաններու տեսակէտէ կը համարուի անհաւանական։ «The Washington Post»ի սիւնակագիր, Տէյվիտ Իկնաթիուս անհաւանական կ՚որակէ Հայաստանի եւ անոր պատմական հակառակորդներու՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը, այս օրերու գործընթացներով հանդերձ: Ան կը գրէ, որ աշխարհ կեդրոնացած է Ուքրայնայի ուժգին մարտերուն վրայ, իսկ Կովկասի դիւանագիտական խնդիրները կրնան ընկալուիլ՝ որպէս կողմնակի շոու: Ըստ իրեն, անլուծելի հակամարտութիւններու կարգաւորման գործընթացին աջակցիլը ո՛չ միայն կարեւոր է այդ երկիրներուն համար, այլեւ կը բխի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի շահերէն՝ ստեղծելով երկխօսութեան համար օգտակար խողովակներ: Յօդուածագիրը, սակայն, Ռուսաստանի նախագահ Փութինը կ՚որակէ անյուսալի միջնորդ, որ կը հետապնդէ սեփական շահը:

«Հայաստան դեռ չէ ապաքինած պատերազմէն ետք, որ հազարաւոր կեանքեր խլեց եւ մեծ վնասներ հասցուց երկրին: Հարկադրուած խաղաղութեան պարագային Հայաստանի համար լաւագոյն պաշտպանութիւն է ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպայի մասնակցութիւնը բանակցային գործընթացին: Համատեղ ջանքերու ուղիներէն մէկը կ՚ըլլար ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի վերածնունդը, որու աշխատանքները այսօր կը պոյքոթէ Մոսկուան, իսկ փոխարէնը, Եւրոմիութիւնը միացած է Ռուսաստանին՝ որպէս բանակցութիւններու հովանաւոր», կը դիտարկէ Իկնաթիուս:

Իր կարգին, Քարնեկի հիմնարկի վերլուծաբան Թոմաս տը Վաալ կ՚ընդգծէ, որ այսօր հայ-ատրպէյճանական հակամարտութիւնը ունի բոլորովին այլ դիւանագիտական ձեւաչափ մը: Ըստ իրեն, Մինսքեան խմբակի ձեւաչափը մեռած է, սակայն, կարեւոր է պահպանել անոր փաստաթղթային ժառանգականութիւնը: «Կարեւոր է պաշտօնապէս չյայտարարել այս ձեւաչափի մահուան մասին, քանի որ Մինսքեան խմբակը ունի որոշակի գործառոյթ: Ան ունի համատեղ յայտարարութիւններու պատմութիւն, որու շարքին կան ԱՄՆ-ի, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի համանախագահներու յայտարարութիւնը։ Այսպէսով, գոյութիւն ունի փաստաթուղթերու ժառանգականութիւն՝ կապուած Մինսքեան խմբակին հետ, ինչ որ պէտք չէ կորսնցնել» համոզուած է վերլուծաբանը։

Մինչ այդ, Տը Վաալի կարծիքով, այսօր Ռուսաստանի ու Եւրոմիութեան հովանաւորութեամբ ձեւաչափերը կ՚ընթանան զուգահեռ։ Պրիւքսել չի ձգտիր փոխարինել Մոսկուայի գործընթացը: «ԵՄ-ի տրամադրածը քիչ մը այլ բան է: Ան նոր խաղացող մըն է, որու նկատմամբ, կը կարծեմ, յատկապէս դրական կը վերաբերի Ատրպէյճան: Ան կապուած չէ անցեալին հետ: Անոնք ազնիւ միջնորդներ են, չունին տարածաշրջանի մէջ մեծ օրակարգ մը. օրինակ՝ Ռուսաստանը, Թուրքիան եւ Իրանը», դիտել կու տայ Թոմաս տը Վաալ:

Նոյն վերլուծութեան մէջ ան կը շեշտէ, որ հակամարտ կողմերը այսօր պատրաստ չեն լիարժէք խաղաղութեան համաձայնագրի մը, այլ պատրաստ են նոր ճանապարհային քարտէսի մը, որ կրնայ ուժ չկիրառելու երաշխիք դառնալ: Սա յատկապէս կարեւոր է Արցախի հայութեան համար:

Անդրադառնալով Ուաշինկթընի ներգրաւուածութեան՝ վերլուծաբանը կը յայտնէ, որ ան այսօր կը փորձէ աջակցիլ՝ այս աւելի չէզոք արեւմտեան հաշտութեան գործընթացին, որ չի հակասեր Մոսկուայի հիմնական նպատակներուն կամ 2020 թուականի նոյեմբերի հրադադարի յայտարարութեան։

Կը նկատուի, որ երկու վերլուծաբաններն ալ մեծ ջերմեռանդութիւն մը չունին, թէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան ի մօտոյ կը ստորագրեն տարածաշրջանի համար այդքան կենսական խաղաղութեան պայմանագիր կամ վաւերաթուղթ մը։ Բայց եւ այնպէս, անոնք նաեւ կը հաւատան, թէ այսօրուան գործընթացները կը նպաստեն առկայ անվտանգային կայուն վիճակի ամրապնդման. բան մը, որ ամենէն աւելի կը բխի Հայաստանի շահերէն։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յուլիս 18, 2022