ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ՝ ՀԱԼԷՊԷՆ ԵՐԵՒԱՆ
Հալէպահայ մեր կեանքին մէջ առանցքային դեր կը կատարէր ազգային մշակոյթը: Բնականաբար տարաբնոյթ եւ բազմերես այս բնագաւառը, կը յագեցնէր մեր հոգեւոր քաղցը: Տեսակ մը ինքնապաշտպանական բնազդական մղում՝ պահպանելու մեր ինքնութիւնն ու տեսակը:
Խօսքը վստահաբար կարելի էր ընդհանրացնել սփիւռքեան զանազան գաղութներու վրայ, ուր մշակոյթը իր ամրակուռ պատմական գնացքով, լաւագոյն վահանը հանդիսացած էր ի պաշտպանութիւն մեր գոյապայքարին:
Առկախ գոյութենական այս քաղաքակիրթ մաքառումին, որ կը մարմնաւորուէր բազմաբնոյթ գործունէութիւններու միջոցաւ, ըլլային անոնք կրթական, մարզական, թատերական, երաժշտական, գրական եւ այլն...
Ասոնց կը գումարուէր հայրենիքէն հիւրընկալուած ու ժամանած մշակութային հարուստ հոսքը դէպի մեր ոգեղէն առօրեան, տեսակ մը որակական եւ հարստացուցիչ հանգամանք ներարկելով այդ առօրեային:
Իւրաքանչիւր ամիս մենք պէտք էր վայելէինք հայերնի բարձրարուեստ մշակութային ոլորտին ներկայացուցիչները՝ յանձինս երգչախումբերու, թատերախումբերու, պարի համոյթներու, առանձին մենակատարներու, չմոռնալով գրական մշակներն ու նկարիչները: Տեսակ մը անվերջանալի մշակութային փառատօն, որուն անժամանցնելի ոգեղէն լիցքաւորումը առողջութեան եւ երկարակեցութեան յոյս կը պարգեւէր մեզի:
Մօտաւորապէս տասը տարիներ բաժնեցին մեզ այդ օրերէն: Այսօր հայրենիք հաստատուած՝ մենք զմեզ գտանք տարբեր իրականութեան առջեւ:
Երկու տարուայ նոր տեղափոխուածներ էինք, երբ մեր ընտանեկան ամբողջական կազմով այցելեցինք Երեւանի գիշերային յայտնի ճաշարաններէն մին, ուր ելոյթ կ՚ունենար մեզի ծանօթ ազգագրական համոյթէն ընտրանի փոքրիկ խումբ մը: Մեր խանդավառութիւնը գագաթնակէտին հասած էր. նոյն համոյթը զոր խելայեղ ոգեւորութեամբ լսած էինք Հալէպի մեր բեմերուն վրայ, կը մեկնաբանէր նոյն երգերը, որոնց բնօրրանն ու սկզբնաղբիւրն էր այստեղ: Յուզում, ոգեւորութիւն, ռոմանթիք դրսեւորումներ եւ անպայմանօրէն արցունքներ...: Պահ մը խաբկանքը ունեցանք մտովի վերադառնալու ծննդավայրի մեր հին օրերուն, ուր հայրենաբաղձութիւնն ու կարօտը մանիթեսֆ էին մեր կենսափլիսոփայութեան:
Մեր հարեւան սեղանակիցները ուրախ զարմանքով եւ քիչ մըն ալ վարանումով կը հետեւէին այս խանդավառութեան: Յանկարծ պահ մը անբռնազբօս արտաբերեցի հետեւեալ արտայայտութիւնը.
-Հայրենքինը հո՞ս է, թէ ետին ձգեցինք ուր որ կ՚ապրէինք... Ճաշարանին մթնոլորտին մէջ չկար մեր հին ապրած օրերու եռանդը:
Համոյթին անդամներու դէմքերուն վրայ միայն կ՚ուրուագծուէր տարտամ կարօտի վերյուշը այդ օրերուն:
Սակայն ակնթարթային էր այդ հետեւութիւնս: Անմիջապէս նահանջեցի երբ զգացի որ չարաչար սխալած էի:
Մեկնումի ժամանակ կողքի սեղաններէն եկան եւ ողջունեցին մեզ: Անոնց դէմքերուն վրայ նշմարեցի տարբեր տեսակի հայրենասիրութիւն մը, որը պիտի ուզէր ըսել:
-Այստեղ երկիր սիրելու տաճարը, այստեղ է սկզբնաղբիւրը եւ յարատեւումը ամէն ինչի, այստեղ է մեր մշակոյթի արգանդը որմէ ծնունդ առած գործերը կը հարթեն մեր անմահութեան ճանապարհը: Հոս է մեր լինելութեան արեւը, զոր կը լուսաւորէ աշխարհով ցրուած մեր լուսնային գաղութները: Օտար ափերու վրայ կրնաք ըլլալ մեծ հայրենաբաղձներ, անխառն հայորդիներ, սակայն երբեք ճակատագիր կամ պատմութեան:
Մեր հայրինքի մէջ հաստատուիլը բոլորեց իր տասնամեակը: Այլեւս յաճախակիօրէն ներկայ չենք ըլլար մշակոյթի մշտակայ եւ անվերջանալի նախաձեռնութեանց, ինչպէս որ կ՚ընէինք Հալէպի մէջ: Ոչ ալ խելակորոյս եւ ինքնամոռաց հակազդեցութիւններ կ՚ունենանք իւրաքանչիւր գեղարուեստական կատարումի առաջ: Այստեղ մշակութային մատուցումները ժամանակաւոր կամ ասուպային չեն: Այստեղ ամէն ինչ անժամանցելի է ինչպէս երկինքը, հողը, լեռները...:
Ակունքին պահապանը երբեք ծարաւէն չի տոչորիր:
Հոս լուրջ եւ իրապաշտ հոգեկրտուածքով կը քալենք մեր հայրենի արենակիցներու կողքին՝ երբեմն կոտրուած, երբեմն խրոխտ, երբեմն բոլորին նման հոգերով ծանրաբեռնուած, սակայն անպայմանօրէն միշտ յուսալի հաւատքով առլցուն:
Այո՛, ես այսօր կը քալեմ հայրենի հողին վրայ մոռնալով անցեալի չտես հայրենաբաղձութիւնս լիանալով տրոփող երկրիս արեան ներարկումով:
ՆՈՐԱ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
16 հոկտեմբեր 2022