ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ (ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՑՈՒՑՈՒՄ)

Ը.

ԱԼՔՈՀՈԼԻԶՄ ԵՒ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ

Ալքոհոլը թոյն է: Ալքոհոլիզմ կամ երկարատեւ թունաւորում: Ալքոհոլիզմէն յառաջացած վնասները: Գինովին սերունդը: Ցանկալի՞ է արդեօք ամուսնութիւնը ալքոհոլին հետ: Ժառանգական ալքոհոլիքներ: Ի՞նչ պայմաններու մէջ աքոհոլիքները եւ անոնց սերունդը կրնան ամուսնանալ:

Ալքոհոլը սպիրտ կամ ոգին թոյն է, եւ այնպիսի թոյն, որ մեր ամբողջ կազմուածքը կը հարուածէ, իսկ երկար գործածութենէ ետք ընդհանուր թունաւորում կը յառաջանայ: Թունաւորութիւնը սուր եւ յարատեւ կ՚ըլլայ: Սուր թունաւորութիւնը իսկական գինովնալն է:

Սակայն մարդիկ կրնան խմել ու թունաւորուիլ առանց գինովնալու.- ատիկա անոնք են, որոնք ամէն օր սովորութիւն դարձուցած են իրենց համար որոշ քանակութեամբ գինի-օղի գործածել, նոյնիսկ եթէ ամենեւին ալ չգինովնայ:

Ժողովուրդին մօտ այն կարծիքը կայ, թէ միայն գինովնալը վնաս է, իսկ քանի մարդը չէ գինովցած՝ ոչինչ:

Ասիկա մեծ եւ կորստաբեր սխալ մըն է:

Մարդ մը, որ ամէն օր կամ յաճախ կը խմէ, ան կամաց-կամաց, դանդաղ կերպով կը թունաւորէ զինք, թէեւ ինք ո՛չ մէկ անյարմարութիւն իսկ կը զգայ. տարուան ընթացքին այդպիսիներուն կլանած սպիրտին քանակութիւնը ահագին կ՚ըլլայ1: Հարուստ Կովկասը մեծ քանակութեամբ գինի եւ օղի կ՚արտադրէ, որու մէկ մասը կ՚արտահանուի, իսկ մեծագոյն մասը երկրի մէջ կը ծախսուի:

Շատ հետաքրքրական է գիտնալ, թէ Կովկասի մէջ ինչքա՜ն սպիրտ բաժին կ՚իյնայ իւրաքանչիւր բնակիչի համար: Այդ քանակութիւնը ճիշդ որոշուած չէ, բայց մի քանի պաշտօնական տեղեկութիւններու նայելով, ամսական մէկ դոյլ: Հետեւաբար, կովկասաբնակ չափահաս քրիստոնեայ բնակիչը (մահմետականները, որպէս չխմողներ, հաշուի չեն առնուած) 12 դոյլ մաքուր սպիրտ կը խմէ, թերեւս աւելին:

Ատիկա չափազանց մեծ քանակութիւն է, եւ այդքան թոյնը մեր արիւնին մէջ կը լեցուի, որ զայն կը տանի, կը տարածէ մեր կազմուածքին բոլոր անկիւնները: Այսպիսով, թոյնը ամէն տեղ կը դպնայ, կը գրգռէ, կ՚այրէ ու կը հիւանդացնէ մեր բոլոր գործարանները, մեր բոլոր մարմնամասերը՝ ստամոքսէն սկսած մինչեւ ուղեղը:

Յայտնի է, որ գինովը կը փսխէ. ատիկա ստամոքսի գրգռման նշան է: Եթէ խմիչքին քանակութիւնը մեծ չէ, խմողը չի՛ փսխեր, բայց այնուամենայնիւ անոր ստամոքսը կը գրգռուի, եւ իրաւ է, որ մնայուն կերպով խմողը իր ամբողջ կեանքին մէջ անմարսողութենէն ու փորացաւերէն կը տանջուի:

Շուտով յայտնի կը դառնան լեարդի հիւանդութեան նշանները. դեղնութիւն, ջրգողութիւն, եւ այլն, կը յառաջանայ:

Արիւնին հետ սիրտին ու արեան անօթներուն մէջ շրջելով (երակներուն եւ շնչերակներուն մէջ), սպիրտը մնայուն կերպով կը գրգռէ այդ գործարանները. սիրտն ու անօթները կը հիւանդանան, արեան շրջանառութիւնը անկանոն կը դառնայ ու կը յառաջացնէ շնչարգելութիւն, ուռուցուորութիւն, ուղեղին մէջ երակներու պայթում՝ որմէ կաթուածներ, անդամալուծութիւններ եւ մահ:

Սպիրտը մեր մարմինէն դուրս կը մղուի շնչառութեան (հետեւաբար ան նաեւ թոքերը կը հարուածէ) ու երիկամուքներուն միջոցով (մէզի հետ): Այնպէս որ այդ գործարանները եւս անդադար գրգռումի ու բորբոքումի մէջ են, մանաւանդ երիկամունքները, որոնց բորբոքումը միզարգելութիւնը, ջրգողութիւն, ուռուցուորութիւն, եւ այլն, կը յառաջացնէ:

Ալքոհոլը նաեւ մեծ ազդեցութիւն ունի ուղեղին վրայ: Խմողին բոլոր հոգեկան բարձր յատկութիւնները կը նուազին, կամքի ուժը կը թուլնայ, ինքնազսպումը կ՚անհետանայ ու մարդ գերի կը դառնայ թէ՛ իր սեփական կիրքերուն եւ թէ՛ շրջապատող հանգամանքներու ազդեցութեան: Անոր մտաւոր ուժը ճնշուած, թուլցած է, ընդունակութիւնները՝ բթացած, բարոյական սկզբունքները՝ նուաղած կամ կորսուած: Այսպիսով ալքոհոլը մարդս ընդհանուր ջղայնութեան կը հասցնէ, ուղեղային եւ ողնուղեղային զանազան հիւանդութիւններ (կաթուածներ, մոլութիւններ, խելագարութիւն) կը յառաջացնէ, կամ զայն անբարոյական, յանցաւոր եւ եղեռնագործ, ծոյլ ու անբան կը դարձնէ:

Այսպէս կը ճշդուի մեր ըսածը. ալքոհոլը ուղղակի կը քայքայէ մեր ամբողջ կազմուածքը:

Մեզ զբաղեցնող ամուսնութեան տեսակէտէն այս գիտելիքը շատ մեծ կարեւորութիւն ունի:

Այո՛, ամբողջ կազմուածքը ընդհանուր թունաւորումի հետքեր կը կրէ իր վրայ:

Գինովցածին ամբողջ մարմինը կարծես թոյնի մէջ խոխոմուած է: Ան կը նիհարնայ, ուժակորուստ կ՚ըլլայ, կը կորսնցնէ իր աշխուժութիւնը, իր տոկունութիւնը, կը կորսնցնէ իր դիմացկոտութիւնն ու կենսականութիւնը, ու ենթակայ կը դառնայ ամէն տեսակի հիւանդութիւններու, որոնցմէ ամենէն թեթեւը նոյնիսկ կրնայ բարդանալ եւ սպաննիչ ելք ունենալ. վարակիչ համաճարակ հիւանդութիւններու (քոլերա, ժանտախտ, ինֆլուենզա) առաջին զոհերը ալքոհոլիկներն են (ալքոհոլով թունաւորուածները):

Ասիկա ընդհանուր կազմուածքային քայքայում է, որ յաճախ գինեմոլները կենսասպառումի ու բարակացաւի կը հասցնէ: Այս տեսակէտէն ալքոհոլիզմը նոյնչափ աւերիչ ազդեցութիւն ունի ամբողջ կազմուածքին վրայ, ինչքան սիֆիլիսն ու բարակացաւը. իսկ մենք գիտենք, (տե՛ս գլուխ Զ. Ժառանգականութիւն), որ այդ հիւանդութիւններուն սաղմերը, որոնք ծնողներուն ամբողջ կազմուածքը կը հարուածեն, ու ժառանգաբար զաւակներուն կ՚անցնին:

Ատով կը բացատրուի այն զօրաւոր ժառանգական ուժը, որ ալքոհոլիզմը սերունդին վրայ կ՚ունենայ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 19

Վաղարշապատ


1 Ֆրանսայի մէջ մէկ բնակիչի 7.7 լիթր անարատ ալքոհոլ բաժին կ՚իյնայ: Դանիայի մէջ՝ 6.2: Գերմանիա՝ 4.4: Աւստրիա՝ 4.3: Ռուսաստան՝ 3.3: Զուիցերիա՝ 3: Իտալիա՝ 1.4: Անգլիան խմիչքներուն վրայ 84 միլիոն փաունտ-սթերլինկ կը ծախսէ. Գերմանիան՝ 21/2 միլիառ մարք. Ռուսաստան՝ 400 միլիոն ռուբլի:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2023