«ՎԱՐԴ ԵՒ ՇՈՒՇԱՆ»
Գիրքը կը բռնէ երկիւղածութեամբ մը, կողքին պատկերը կը դիտէ պահ մը (Charles Landelle (1821-1909) - An Armenian Woman), ապա պարունակը զգուշօրէն թերթելով ցոյց կու տայ էջերուն մէջ կարգ մը տողեր, ուր երբեմն շեղ գիրերով տպուած գրութիւններ կան.
- Ասոնք Դուրեանին գրածին պէս թողած եմ եւ այդ պատճառով է որ տարբեր են տառատեսակները: Իրաւունք չունինք փոխելու, ինչպէս ըրած են ոմանք: Յառաջաբանիս՝ «Դասական յառաջաբանէ անդին...», մէջ նշած եմ փաստերով:
Քիչ մը վրդոված կը շարունակէ էջերուն մէջ որոնել եւ փնտռտուքին ընթացքին խօսիլ, անյագօրէն յայտնել իր բոլոր ապրումները: Տարիներու տքնանքը կը կաթի հնչիւններէն, նուիրական աշխատանքը իր անկիւնին մէջ, բոլորէն անտեղեակ, իր պատեանին մէջ, համակարգիչին դիմաց, տարին մէյ մը հոս հոն արխիւներուն գիրկը՝ գտնելու եւ բացայայտելու իրականը, իրական տարբերակը, բնագիրը՝ ոչ սեւագիրը: Երախտագիտական զգացումը ցոյց տալու մեծութեան մը, որ ատենին ապրած եւ ստեղծագործած է.
- Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ 13 տարեկան մանուկ մը գրէ այսպիսի բանաստեղծութիւններ, կարելի՞ է, եւ մինչեւ 20-ը 11 թատրերգութիւններով եւ մեծաթիւ բանաստեղծութիւններով լեցնել իր այդ կարճ կեանքը: Եւ ինչպիսի՜ բանաստեղծութիւններ...
Երբեմն կիրքը կ՚երեւի անցեալի որոնումներուն, երբ հիմա կը փորձէ բացատրութիւններ տալ իր հետազօտութիւններուն, պարզաբանումներ ընել: Արագ թերթատելու հեւքին մէջ կը յստականայ պատճառը՝ հէգ 20-ամեայ հողը գրկած բանաստեղծին գլուխը զարդարել յաւիտենական դափնիով մը եւս իր մահուան 150-ամեակին առթիւ.
- 16-17 տարեկան էի, երբ ծանօթացայ Դուրեանին Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Պատրիարքութեան Ճեմարանի գրասեղաններուն ետին, ուր հայ գրականութեան ուսուցիչը Արայ Գալայճեանն էր, որ 1970-71 տարեշրջանի դասընթացքին, պատրիարքարանի դիւանը պահպանուող Դուրեանի «Տրտունջք» բանաստեղծութեան բնագիրը մեզի ցուցադրեց եւ կարդա՜ց: Ես կը լսէի, բայց մա՛նաւանդ կը տեսնէի ինծի շատ մօտ բնագրին վրայի արեան հետքերը՝ բանաստեղծութեան կեդրոնական դաշտին վրայ գոյացած, Դուրեանի հազին պատճառով:
... Եւ սիրոյ մը սկիզբն էր ատիկա, որ պիտի շարունակուէր նոյն Ճեմարանի շրջանաւարտութեան հանդիսութեան Դուրեանի կենսագրութիւնը ներկայացնելով, ապա, աւելի ուշ՝ 1980-ին, Փարիզի մէջ դասախօսութիւն մը կազմակերպելով, ուր Դուրեանի մասին կը խօսէր եւ քանի մը հոգի Դուրեանէն ասմունքելով մասնակցութիւն կը բերէին.
- Չեմ գիտեր ինչո՞ւ կ՚ընէի, սէրս էր վստահօրէն մղիչը, որ առ այսօր կը շարունակուի...: Ես միջնորդ եմ, աս տղուն գործերը թող ապրի՛ն:
Այո, կը շարունակուի եւ պիտի երեւին սիրոյ արդիւնքները յաջորդաբար: Ճանապարհ բացող առաջին թատրերգութեան՝ «Վարդ եւ Շուշան»ին (Պետրոս Դուրեան, Ակնարկ, Երեւան, 2022) պիտի յաջորդեն մնացեալը առանձին հատորներով:
Այս ջանասիրութիւնը իրականացնողը Պոլսոյ մէջ ծնած, Երուսաղէմ ուսանած, ապա Ամսթերտամի մէջ կեանքը շարունակող հետազօտող Խաչիկ Կիւրեղեան Պալըքճեանն է, իսկ խմբագիրը հալէպահայ գաղութի վաստակաւոր ուսուցչուհի, թարգմանիչ՝ Սալբի Գասպարեանը:
Պարոն Խաչիկը այս հրատարակութեան մասին աւետեց իր դիմագիրքին մէջ 12 նոյեմբեր 2022-ին հետեւեալ տողերով.
«Պետրոս Դուրեանի «Վարդ եւ Շուշան» նորայայտ թատրերգութիւնը.
Անհամբեր սպասումէ ետք...
Վերջապէս այսօր՝ Պետրոս Դուրեանի մահուան 150-ամեակին, արդար գոհունակութեամբ եւ անսահման երջանկութեամբ կը յանդգնիմ հրատարակութեան արժանացնել Դուրեանի նորայայտ եւ անտիպ «Վարդ եւ Շուշան» թատերախաղը, որ վրիպած է բանաստեղծին գրական վաստակի վերարտադրումը իրականացուցած հեղինակաւոր բանասէրներու ուշադրութենէն:
Սոյն թատերախաղի հրատարակութիւնը, որ Հայ Թատրերգական պատմութեան համեստ ներդրումս է, ինքնին դափնեպսակ է տարաբախտ Դուրեանի գրական եւ թատրերգական հանճարին:
«Վարդ եւ Շուշան» թատերախաղը ունի երկու տարբերակներ, որոնց բնագրերը պահպանուած են Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Պատրիարքութեան Դիւանին եւ Երեւանի Գրականութեան եւ Արուեստի թանգարանին մէջ:
Ա. «Վարդ եւ Շուշան», թատրերգութիւն Երգախառն ՚ի Չորս Արարուածս, օգոստոս 1867: Տարբերակ Ա.: Նորայայտ եւ անտիպ մաքրագրուած օրինակ:
Բ. «Վարդ եւ Շուշան կամ Հովիւք Մասեաց». Թատրերգութիւն Երգախառն 'ի Չորս Արարուածս, հոկտեմբեր 1867: Տարբերակ Բ.: Սեւագրութիւն:
«Վարդ եւ Շուշան» առաջին թատրերգութեան բնագրի վերանայման այսպիսի ծանր, այլեւ պատասխանատու աշխատանքին ձեռնարկելով, նպատակած եմ «Իւսկիւտարի Սոխակ» տարաբախտ Պետրոս Դուրեանի անմահ յիշատակը մշտավառ պահել:
Հաւատարիմ մնալով բնագիրը անաղարտ պահելու եւ հեղինակին կողմէ ներկայացուած ուղղագրական ոճին ու կանոններուն չմիջամտելու սկզբունքին, «Վարդ եւ Շուշան» թատրերգութեան բնագիրը հանրութեան կը ներկայացնեմ Դուրեանի բնագրին մէջ ապաթարցներու, շեշտերու, բութերու, ստորակէտ եւ վերջակէտերու առկայութեամբ, որոնք ըստ բանաստեղծին՝ տրամաբանական եւ պատշաճ համարուած են:
Հուսկ,
Համոզուած եմ, որ Դուրեանի սոյն թատերախաղի պարագային, նման աննախընթաց բծախնդրութեամբ տարուած աշխատանք մը, գուցէ այնքան ալ չհետաքրքրէ սովորական գրասէր ընթերցողը, սակայն հաւանաբար օր մը, Դուրեանասէր նոր հետազօտողներու համար անհրաժեշտ աղբիւր հանդիսանայ»:
«Բոյլ մը նայուածք՝ փունջ մը ժպիտ՝
Քուրայ մը խօսք դիւթեց իմ սիրտ»:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւան