ԶԳԱՍՏԱՆԱԼՈՒ ԵՆՔ, ՈՐ ՅԱՂԹԵՆՔ...
Ամէն ազգ իր իւրայատուկ պայմանները ունի իր հայրենիքի եւ անոր հողերուն վրայ ապրող ու շնչող իր ժողովուրդին հաւաքական կենսունակութիւնը պահելու, ինչպէս նաեւ անոր փայլուն ապագան պատրաստելու, կերտելու ու մանաւանդ անոր ազգային յանձնառութիւնը ձեռք ձգելու եւ յարատեւ պահելու համար: Այս օրերուն, թերեւս ինծի նման շատերն ալ, խորհրդածութեան առարկան կը դարձնեն պապենական հողն ու հայրենի ժողովուրդը եւ ապա՝ «ուրիշ» բաներ:
Ու ճիշդ է, որ ներկայիս ժամանակները գերազանցապէս նիւթականացած են, սակայն հարկաւոր եւ էական է, որ մենք բոլորով նաեւ դասեր քաղենք այդ հին ու նոր ժամանակներէն: Ու անկեղծօրէն այդ «դասերէն» մէկն է վերատեսութեան ենթարկել պատմական կոչուած դէպքերն ու անոնց հետ շաղախուած դէմքերը եւ ապա զանոնք բոլորն ալ կարգով մտքի լոյսի առջեւ պարզել եւ պարզաբանել:
Նախաբանս չեմ ուզեր աւելի երկարել: Յիշեցնեմ, որ իբրեւ Միջին Արեւելք ծնած ու մեծցած եւ տարիներով այդ երկիրներու պատմութիւնը սորված եւ մշակոյթին ծանօթացած հայ մարդ, յաճախ մտքիս առջեւ կը բերեմ այդ երկիրներու ազատատենչ մարտիկներու անունները, անոնց՝ իրենց երկրին ու հողերուն օտար բռնապետերէն ազատագրելու մարտնչումները, եւ այս առթիւ անոնց մղած հերոսական արշաւանքները, կռիւներն ու ազատութեան ի խնդիր եւ սիրոյն օրինակելի նահատակութիւնները: Ու այդ անուններէն տակաւին կը յիշեմ Սուրիոյ մէջ, ֆրանսական տիրապետութեան դէմ իր մեծ յեղափոխականի տիպարով՝ Իպրահիմ Հանանոն, Եգիպտոսի մէջ, անգլիական բանակին դէմ մարտնչող՝ Սաատ Զաղլուլը եւ Լիպիոյ մէջ, տարիներով իտալական բանակին դէմ մաքառող՝ Օմար Մուխթարը: Չեմ գիտեր ինչո՞ւ այս վերջինը միշտ ուշադրութեանս կեդրոնը դարձած էր: Թերեւս անոր համար, որ ան ուսուցիչ եղած էր: Թերեւս: Կրօնի եւ մանաւանդ Քուրան դասաւանդող մարդ, եւ որ քսան ու աւելի տարիներ, իբրեւ յեղափոխական շարժումի ղեկավար, իր ժողովուրդը ներշնչած եւ առաջնորդած էր դէպի անկախութեան գաղափար եւ վերջինս շատ մը յաղթանակներ արձանագրելէ ետք, դժբախտաբար պարտուած ու, իբրեւ գերագոյն պատիժ, քաղաքի մայր հրապարակին վրայ, իր իսկ հետեւորդներու աչքին առաջ՝ կախաղան հանուած: Ազգային հերոս Օմար Մուխթար մինչեւ այսօր արաբական աշխարհի մեծագոյն յեղափոխականը նկատուած է: Նաեւ աւելցնեմ, որ Օմար Մուխթարի այս շարժումէն եւ անոր յեղափոխականի գործելակերպէն եւ գաղափարական տեսլականներէն մեծապէս ազդուած, օգտուած ու գործադրած են Եգիպտոսի նախկին նախագահ եւ ազգային հերոս՝ Ճեմալ Ապտել Նասըրն ու նաեւ Լիպիոյ նախկին նախագահ՝ Քատտաֆին:
Օմար Մուխթար: Յարգուած լիպիացի, համեստ ուսուցիչ եւ յեղափոխական ղեկավար: Խոհեմ, արդարամիտ եւ սակայն պահանջկոտ մարդ: Իրատես եւ համբերատար, որուն շուրջ համախմբուած էր ամբողջ ցեղախումբ մը, երկրի զանազան ցեղախումբ-պէտէվիներով: Մէկ խօսքով, այդ օրերու անապատաբնակ ամբողջ ժողովուրդ մը, որ օրին ձայնակցած էր անոր դէպի ազատութիւն տանող կոչերուն ու պայքարին ու անսակարկ մասնակից դարձած:
Հապա մենք: Աւելի ճիշդ՝ ի՛սկ մենք: Նորութիւն մը չէ, որ մենք ալ ազգովին անցած ենք այս եւ նման ճամբաներէն, թերեւս արաբական աշխարհի յեղափոխական նկատուածներէն շատ առաջ: Վկայ՝ մեր բոլոր Մելիքները, Դաւիթ Բէկն ու Մխիթար Սպարապետը, մեր յեղափոխականները, անուանի ու անանուն ֆետայիներն ու հին ու նոր ազատամարտիկները: Հատորներով հերոսական եւ հերոսացած անուններ: Անոր համար աշխարհին պէտք է բացատրենք, որ մենք ազգովին թէեւ յաղթանակներ կերտած ենք եւ սակայն ուրիշներու նման հինցած եւ հնամաշ պատմութիւն չենք: Մենք ալ երազ ունեցող ազգ ենք: Վերջ ի վերջոյ եւ մանաւանդ այս օրերուն պէտք է անդրադառնանք մեր այս հսկայ իրականութեան: Ապագայի ծրագրերով ապրող մարդն առհասարակ պէտք է նաեւ աչքի առաջ ունենայ ոգեշնչող օրինակ։ Ահա աննման օրինակներ:
Ներկայիս Հայաստանի մէջ, ստեղծագործական աշխատանքը կը պահանջէ ո՛չ միայն նուիրում, այլ ամէն տեսակի հարց-խնդիրներէն ձերբազատուած եւ արդարամիտ ուղեղ: Տարիներով խօսեցանք, գրեցինք, երազեցինք եւ սպասեցինք: Կարծես մոռցած ենք, որ հայը ապրող ժողովուրդ է, կենսուրախ, դիմացող եւ լաւատես, ճկուն, կայտառ, հզօր եւ ազատատենչ, որուն մէջ թաքնուած է վեհութեան ու յաւերժութեան խորհուրդը։ Յիշենք՝ արիութեան գաղափարը կայ, ունինք եւ միշտ ունեցած ենք: Անկասկած: Միւս կողմէ, մեր մօտ հայրենի հողի խորհուրդը թէեւ անբացատրելի է եւ սակայն միշտ օրինակելի ալ է: Չենք կրնար ուրանալ: Մոռնալ:
Չեմ փորձեր ուսանելի դասեր տալ եւ սակայն համեստօրէն այս բոլորին մէջ, ես զիս կը փնտռեմ: Կեանքիս տեսակաւոր ծանրութեան եւ անոր ամէնօրեայ պայքար-հեւքիս մէջ, կրկին անգամ կ՚ուզեմ մարտիրոսացնել հայն ու իր Հայաստանը: Բան մը արդարացնելու ճիգ մը չէ: Բայց...:
Աշխարհը ուրիշ է այլեւս: Զգաստանա՛նք: Ա՜լ...մեր գիտցածը չէ: Հասկնա՛նք:
Այնպէս կ՚երեւի, թէ դարձեալ հայ միտքը սողալով ինծի հասած է եւ կրկին հայրենիքս, իմ իսկ աչքերովս, հոգւոյս մէջ ինծի կը նայի: Ի՜նչ հաճելի է այս պահը, գիտէ՞ք: Փորձեցէ՛ք:
Նաեւ մեզի համար պարտութիւն կամ յաղթանակ կարեւոր չէ: Կարեւորն ու էականը՝ մեր կռուելու ընդունակութիւնն ու պատրաստակամութիւնն է: Այսպէս ըսած են մեր մեծերը եւ մեզի պատգամած։ Ահա մեր մարտունակութիւնը։ Կեանքի բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելու մեր պատրաստակամութիւնն ու կամքը։ Մենք միշտ հաւատացած ենք, որ յաղթանակի ուղին մեր միասնութիւնն է: Մեր ցեղին առջեւ ցցուած է վճռական օրեր: Գիտենք: Կը տեսնենք: Բայց գիտնալն ու տեսնելը բաւարար չեն: Սփիւռք կ՚ապրինք եւ չենք գիտեր մինչեւ երբ: Անոր համար էական է, որ հայրենիքը չկորսնցնէ իր նկարագիրը եւ անոր հետ իր հաւատքն ու մշակոյթը: Որովհետեւ համոզուած ենք, որ մեր անկախ երկրի պետականութիւնը մեր նկարագիրն ալ է: Հարիւրաւոր հերոսներ ունեցանք Արցախի այս վերջին պատերազմի դաշտին վրայ, որոնք բոլորն ալ մեզի համար սուրբեր են: Ինչպէ՞ս կրնանք մոռնալ:
Կրկնելու գնով նաեւ ըսեմ, որ սփիւռքը ուժեղ է, եթէ հայրենիքը զօրաւոր է: Ուստի փորձենք առանց ինքնախաբէութեան՝ կառչած մնալ հայրենիքի սրտի խորունկ ու խորհրդաւոր ձայներուն: Մեզի համար կարեւոր է նաեւ մեր գիտակցութեան հասունութիւնն ալ, մեր՝ նոր շունչով լիցքաւորուած ազգային մեր ոգիին հետ միատեղ:
Շատ բան կայ գրուելիք: Բաներ, մանաւանդ, որոնց ժամանակը չէ հասած: Այս բոլորը միշտ շեշտած ենք: Սակայն ո՞վ է լսողն ու կարդացողը:
Պէտք է գիտնալ, որ պատմութեան ներշնչումով է, որ կը շարադրուի մեր պատմութիւնը: Նաեւ պէտք է հասկնալ, որ որոշ եւ սրբազան առաքելութիւն մը ունինք բոլորս ալ: Անխտիր: Ազգային յանձնառութիւն, եթէ կ՚ուզէ՛ք: Այսինքն՝ դիմագիծ: Այսինքն՝ արթուն զանգուած: Այսինքն՝ ուխտապահ մարդոց հաւաքականութիւն: Բոլորս ալ իրազեկ ենք, թէ որքան խոր է այս օրերու մեր դժբախտութիւնը: Անոր համար մոռցած ենք մեր օրերու սովորական ժպիտը: Յիշենք: Վեց դար սպասելէ ետք հայրենիք ստեղծած ժողովուրդ ենք: Ու ամէն անգամ մենք մեր արիւնով ներկած ենք մեր եռագոյնը՝ մեր յաղթանակի այդ դրօշը: Ու այս մէկը դիւրին «բան» չէ: Անտարբեր չենք կրնալ մնալ կեանքի եւ մահուան նկատմամբ: Բայց եւ այնպէս կը կարծեմ, որ ինչպէս միշտ մեր գիտակցութիւնը նորոգութեան կը կարօտի, որպէսզի ապահովուի մեր հողին երաշխաւորութիւնը: Անքակտելի կապուածութիւն մը կայ այս բոլորին միջեւ: Ու հաւատացէ՛ք այնքան ատեն, որ մենք զիրար կը սիրենք եւ կը յարգենք, մեր կեանքը պիտի շարունակուի: Կամք եւ սեփական ճիգերով տեղ մը հասնելու արդարութեան եւ արդարամտութեան հասկացողութեան եւ պատկանելիութեան բարձր զգացում է պահանջուածը: Աշխարհի պատմութեան հրապարակին վրայ կ՚ապրինք եւ մեզի պարտութիւնը վայել չէ: Պէտք է յաղթենք: Ուստի, զգաստանալ է պէտք, որպէսզի չկորսնցնենք «սեփականը»: Եւ վերջապէս ժամանակն է, որ մեզի ցոյց պիտի տայ, թէ մեզմէ ինչե՜ր կը սպասուի: Անոր համար, զգաստանալու ենք, որ յաղթենք:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
bedig43@aol.com
Հարթակ
- 11/30/2024