ԱՐՄԱՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ. «ԺԱՄԱՆԱԿՆ Է ՀԱՍԿՆԱԼ, ՈՐ ՄԵՐ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՅԱՒԱԿՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՉԵՆ ՀԱՄԱՊԱՏԱՍԽԱՆԵՐ ՄԵՐ ՈՒՆԵՑԱԾ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ»
Հայաստանի հրատապ օրակարգը բոլոր հարթութիւններու վրայ խտացեալ քննարկումներու նիւթ դառնալ կը շարունակէ։ Այս կապակցութեամբ շօշափեցինք քաղաքագէտ Արման Գրիգորեանի տեսակէտները, զորս կը ներկայացնենք ստորեւ։
*
-Հայաստանի քաղաքական դաշտը կը շարունակէ մնալ մեծ հաշուով «անորոշ»։ Ընտրութիւնները, որոնք պիտի ծառայէին այդ դաշտի բիւրեղացման՝ ըստ երեւոյթին «ապարդիւն» անցան։ Ձեր կարծիքով՝ այսօր ինչպիսի՞ պատկեր կը ներկայացնէ Հայաստանի ներքաղաքական դաշտը։
-Ես կը կիսեմ ձեր գնահատականը ընտրութիւններուն ապարդիւն եղած ըլլալու վերաբերեալ։ Իսկապէս այդ ընտրութիւնները չլիցքաթափեցին Հայաստանի մէջ առկայ քաղաքական ճգնաժամը եւ չնայած բաւական վճռական արդիւնքին, անոնց ընձեռած մանտաթի էութիւնը նոյնպէս յստակ չէ։ Ընտրութիւնները, ինչպէս շատեր արդէն ըսած են, հիմնականին բացասական օրակարգով էին, այսինքն՝ մարդիկ կ՚ընտրէին ո՛չ մարդոց ու երեւոյթներու դէմ եւ ո՛չ ալ յստակ ու առաջ նայող օրակարգի օգտին։ Այսօրուայ ընդդիմութեան համար ընտրութիւնները նախկին, «նորկալուածապետական» համակարգի վերականգնման հնարաւորութիւն էր, իսկ այսօրուայ իշխանութեան ու ժողովուրդի զգալի մէկ զանգուածի համար՝ վերականգնումը կանխելու միջոց։ Փաշինեանի ղեկավարած ուժը յաղթեց ու կանխեց նախկին վարչակարգի վերադարձը իշխանութիւն, սակայն, միեւնոյն ժամանակ, նախկինները կարողացան որոշակի քաղաքական կշիռ ու ներկայութիւն ապահովել։ Որպէս արդիւնք, Հայաստան յայտնուած է գերութեան մէջ այդ ուժերու ու անոնց` իշխանութեան համար մղուող անբովանդակ պայքարի ձեռքին։ Անբովանդակ, որովհետեւ իշխանութիւնը երկու կողմին համար ալ նպատակ է եւ ոչ թէ միջոց։ Անոնք ոչ մէկ յօդաբաշխ ըսելիք ունին Հայաստանի առջեւ ծառացած կարեւորագոյն խնդիրներուն վերաբերեալ։ Իշխանութիւնը վարար գետի մէջ յայտնուած տաշեղի տեսք ունի, իսկ ընդդիմութիւնը ընդամէնը զբաղած է իշխանութեան հայհոյելով, չնայած որ կ՚երեւի նոյնիսկ իրենք կը գիտակցին, որ այս իշխանութեան պատճառած փորձանքները նոյն գաղափարներու ու նախապատուութիւններու հետեւանքն են, ինչ կը դաւանէին ու կը շարունակեն դաւանիլ իրենք։
-Օրուայ իշխանութիւնները կը թուին ըլլալ բաւական անկար եւ իրենց «անճարակ»ութիւն» ծածկելու համար կը դիմեն զանազան միջոցներու։ Օրինակ՝ անոնք մէկդի դնելով Արցախի անվտանգութեան ապահովումը, կամ սահմանազատման կենսական խնդրի իրականացումը՝ մտած են Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները կարգաւորելու օրակարգին մէջ։ Ինչպէ՞ս կը բացատրէք այս երեւոյթը։
-Ձեր հարցումէն այն տպաւորութիւնը կը ստեղծուի, որ անոնք ինչ որ ընտրութիւն ունին, կամ Հայաստան ինչ որ ընտրութիւն ունի այլ կերպ վարուելու, մասնաւորապէս՝ Արցախի անվտանգութիւնը ապահովելու կամ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացէն հրաժարելու։ Ես կը կարծեմ, որ այդ սխալ տպաւորութիւն է։ Այսօր այդ վարքագիծին մեջ զանոնք մեղադրելը իմաստ չունի։ Անոնք շատ մեծ ընտրութիւն չունին։ Արցախի անվտանգութիւնը այլեւս Հայաստանէն կախեալ չէ, այլ Ռուսաստանէն, ինչ որ դառն, բայց անժխտելի ճշմարտութիւն է։ Միեւնոյն ժամանակ, ես կը կարծեմ, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու գործընթացէն հրաժարիլը կրնայ Թուրքիոյ կողմէ դիտարկուիլ որպէս թշնամական յարաբերութիւններու «սթաթուքօ» պահպանելու մտադրութիւն, անկէ բխող մեզի համար անցանկալի հետեւանքներով։ Բայց սա, անշուշտ, պէտք չէ դիտարկել, որպէս իշխանութիւններուն ի պաշտպանութիւն ըսուած խօսք։ Պարզապէս պէտք է հասկնալ, թէ անոնց գործած սկզբնական մեղքը ի՞նչ էր։ Ատիկա անոնց վարած կործանարար, արկածախնդրական քաղաքականութիւնն էր, որ յանգեցուց 2020-ի պատերազմին ու ապա պարտութեան։ Հիմա խօսիլ, թէ անոնք ի՞նչը ճիշդ ու ի՞նչը սխալ կ՚ընեն, մասնաւոր իմաստ չունի, եթէ խօսքը խնդիրներու մասին է, որոնք այդ պարտութեան հետեւանքներն են։
-Գալով հայ-թրքական յարաբերութեանց, որ ինքնին բաւականին բարդ եւ խճճուած օրակարգ մըն է, ըստ երեւոյթին այս գործընթացը առաջ կը տարուի միջազգային ծանրակշիռ «խաղացողներ»ու մղումով։ Կա՞յ այդպիսի բան։
-Այդ գաղտնիք չէ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպան երկար ժամանակ այդ յարաբերութիւններու բնականոնացման կողմնակից եղած են։ Ռուսաստանի դիրքորոշման վերաբերեալ երբեմն եղած են կասկածներ, բայց վերջին շրջանին ակնյայտ է, որ այդ յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը քաջալերուի Ռուսաստանի կողմէ նոյնպէս։ Ես չեմ կարծեր, որ Հայաստան այդ գործընթացը տապալելու համար կրնայ աջակցութիւն ակնկալել որեւէ տեղէ։ Կամ գոնէ որեւէ կշիռ ու ազդեցութիւն ունեցող տեղէ։
-Նոյն խնդրով Հայաստան ի՞նչ առումով պէտք է զգուշանայ Թուրքիայէն։ Ի՞նչ են մտահոգութիւնները եւ իրօք կա՞ն վտանգներ՝ կապուած այդ յարաբերութեանց բնականոնացման։
-Վտանգներ միշտ ալ կան։ Բայց նորէն, նախ պէտք է գիտակցինք, որ շատ մեծ չէ Հայաստանի ընտրութիւնը, երկրորդ՝ պէտք է այդ վտանգները համեմատել յարաբերութիւններու կարգաւորումէն հրաժարելու վտանգներուն հետ, որոնք իմ կարծիքով՝ շատ աւելի մեծ են։ Ինչ կը վերաբերի յարաբերութիւններու կարգաւորման պայմաններուն, Հայաստանի անկախացումէն ի վեր հիմնական խոչընդոտը Արցախի հակամարտութիւնը եղած է։ Եթէ այդ խնդիրը դադրած է խոչընդոտ ըլլալէ, կամ անոր վերջնական լուծումը այլեւս Հայաստանէն կախեալ չէ, կարելի է ենթադրել, որ Թուրքիան հակուած է յարաբերութիւնները կարգաւորելու։ Յամենայնդէպս, Թուրքիոյ ղեկավարութեան հռետորաբանութիւնն ու յայտարարութիւնները կը հաստատեն այդ տպաւորութիւնը։ Ի հարկէ, քանի որ Հայաստան հիմա շատ թուլացած վիճակի մէջ է, չի բացառուիր, որ թուրքերը կրնան անկէ օգտուիլ ու ներկայացնել մեզի յաւելեալ պահանջներ, որոնք միշտ այս կամ այն կերպ եղած են անոնց օրակարգին վրայ, ինչպէս ըսինք՝ հրաժարիլ հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման աշխոյժ աջակցութեան քաղաքականութենէն։ Բնականաբար, անոնք պիտի պահանջեն սահմաններու ճանաչում, բայց կրնան անով չբաւարարուիլ ու տարածքային պահանջները բացառող այլ քայլեր պահանջել, ըսենք պաշտօնական հրաժարում Հայաստանի անկախութեան հռչակագրի այն հատուածէն, ուր կը խօսուի հայ ժողովուրդի պատմական իրաւունքներու մասին, եւ այլն։ Չի բացառուիր, որ անոնք նաեւ փորձեր ընեն ազդելու Սիւնիքով Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապող հաղորդակցութիւններու իրավիճակի բանակցութիւններուն վրայ, չնայած այդտեղ աւելի կարեւոր է, թէ այդ հարցով ի՛նչ դիրքորոշում պիտի ունենայ Մոսկուան։
-Կը նկատենք նաեւ, որ Փաշինեան այսօր դարձած է Հայաստանի մէջ ռուսական շահերու մէկ սպասարկողը, այդ մէկը կ՚ամրացնէ՞ իր իշխանութիւնը։ Կա՞յ այդպիսի բան։
-Այս ձեւակերպումը այնքան ալ չհաւնեցայ։ Ան ոչ թէ ռուսական շահերու սպասարկողը դարձած է, այլ անոր քաղաքականութիւնը յանգեցուցած է իրավիճակի մը, ուր Հայաստանը կորսնցուցած է ինքնուրոյն քաղաքականութիւն վարելու իր կարողութեան մէկ ահագին մասը եւ յաճախ ստիպուած է առնել պարտադրուած քայլեր։ Նորէն սկզբնական մեղքի խնդիրն է։ Անոր պատճառը պատերազմէն չխուսափիլն էր։ Այդ պատերազմի պատճառով Հայաստանը այդ վիճակի մէջ յայտնուած է, եւ ցաւօք, այսօր Հայաստանի մէջ ով որ ալ ըլլայ իշխանութեան գլուխը, ստիպուած կ՚ըլլայ հաշիւի նստելու այդ դառն իրողութեան հետ։ Ի հարկէ, անկարեւոր չէ այն հանգամանքը, որ Հայաստանի ղեկավարը այսօր բացարձակապէս հեղինակազրկուած է միջազգային ասպարէզին վրայ՝ ինչպէս դաշնակիցներու, այնպէս ալ հակառակորդներու շրջանակին մէջ։ Ուրիշ ղեկավարի մը պարագային կրնային մեզի հետ աւելի յարգալից ըլլալ ու մեզի հետ քիչ մը այլ կերպով բանակցիլ։ Բայց նոյնիսկ այդ պարագային մենք չէինք կրնար ամբողջովին խուսափիլ այն իրողութենէն, որ մենք թուլացած ենք ու անպաշտպան։ Իսկ այդ չի կրնար անհետեւանք ըլլալ նոյնիսկ դաշնակիցներու հետ յարաբերութիւններուն մէջ։
-Շատեր կը խօսին այն մասին, որ Հայաստանի համար քաղաքական մօտեցումները եւ ընելիքները ճիշդ հունով առաջ տանելու համար մենք պէտք ունինք «Հայկական արեւելում» մօտեցումին։ Ռուսաստանի շահեր, Թուրքիոյ շահեր, ի վերջոյ այս բոլորը կան, սակայն ասոնց դիմաց ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր ընելիքը ազգովին։
-Ազգովին մենք կարեւոր մէկ բան ունինք ընելու։ Մնացած ամէն ինչը երկրորդական է ու ածանցեալ։ Մենք պէտք է հասկնանք, որ մեր աւանդական յաւակնութիւնները չեն համապատասխաներ մեր ունեցած կարողութիւններուն։ Մենք պէտք է հասկնանք, որ անոնք որեւէ արտաքին աջակցութիւն նոյնպէս չունին։ Երբ մենք այս հասկնանք, ամէն ինչ իր տեղը կը գտնէ։
-Վերջին օրերուն նաեւ շատ կը խօսուի այն մասին, թէ գործող իշխանութիւնները կրնան պատճառ դառնալ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ ժխտական բեկում մը, խզում մը յառաջացնելու։ Կը տեսնէ՞ք այդպիսի վտանգ։
-Եթէ խօսքը կը վերաբերի հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ այդ կապակցութեամբ սփիւռքի որոշ շրջանակներուն մօտ առկայ դժգոհութիւններուն, ուրեմն ես այստեղ կ՚ուզեմ երկու դժուարամարս բան ըսել այդ շրջանակներուն։ Եթէ անոնք դժգոհ են վարչապետի վարած քաղաքականութենէն, որ մեզ պատերազմի, պարտութեան ու Թուրքիոյ հետ ներկայ խեղճացած վիճակով վարուող բանակցութիւններուն տարաւ, ուրեմն անոնք պէտք է հայելիի մէջ նային շատ ուշադիր ու պարզ հարց տան իրենք իրենց. իսկ մեզմէ քանի հոգի քննադատած ու մտահոգութիւն յայտնած է վարչապետի ռազմատենչ ու արկածախնդիր քաղաքականութեան վերաբերեալ, ինչ որ այդ ամէնուն պատճառը դարձաւ։ Պատասխանը պարզ է։ Սփիւռքի նշածս շրջանակները թէ՛ Արցախի հարցով, թէ՛ հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարցով՝ վարչապետի չափ կամ անկէ աւելի արմատական եղած են պատերազմէն առաջ։ Ժիրայր Լիպարիտեանի պէս մէկ-երկու հոգի ալ, որ համարձակած են այլ տեսակէտ յայտնել, նոյն շրջանակներու կողմէ անարգանքի սիւնին գամուած են։ Ես իսկապէս չեմ հասկնար, թէ ինչ բան կրնայ այդ մարդոց այսպիսի դժգոհութիւն արտայայտելու կամ նոյնիսկ այսպիսի դժգոհութիւն ունենալու բարոյական իրաւունք տալ։ Երբ վարչապետը անպատասխանատու յայտարարութիւններ կ՚ընէր Սեւրի պայմանագրի մասին պատերազմէն առաջ, կամ երբ Հայաստան պատրաստակամութիւն կը յայտնէր միանալու Միջերկրականի արեւելքը ձեւաւորուող ինչ-որ հակաթրքական դաշինքի, բացի նոյն Լիպարիտեանէն, որեւէ հեղինակաւոր ու ազդեցիկ սփիւռքահայ գոնէ քննադատող խօսք մը չըսաւ։ Հիմա ինչէն կը դժգոհին անոնք, ես չեմ հասկնար։ Իսկ եթէ խօսքը կը վերաբերի անոր, որ անկախ ամէն ինչէ, Հայաստան պէտք չէ Թուրքիոյ հետ կարգաւորէ իր յարաբերութիւնները ու երկրի արտաքին քաղաքականութիւնը պէտք է կառուցէ Հայ դատի խարխուլ հիմքին վրայ, ինչպէս վերջերս ըրած են խումբ մը ֆրանսահայեր, ուրեմն այդ մարդիկ վերջապէս պարզագոյն ճշմարտութիւնը պէտք է հասկնան. Սփիւռքը կրնայ իր կեանքն ու գործունէութիւնը Հայ դատի հիմքին վրայ կառուցելու շքեղութիւնը ինքզինքին թոյլ տալ, որովհետեւ անոր համար որեւէ գին պիտի չվճարէ։ Հայաստանը նոյն շքեղութիւնը ինքզինքին չի կրնար թոյլ տալ։ Հայաստան իրական ու շատ ծանր գին ստիպուած կ՚ըլլայ վճարել անոր համար, այն ալ առանց որեւէ իրական արդիւնքի։ Վկայ՝ «հայդատական» տրամաբանութեամբ ոգեշնչուած մեր Արցախի քաղաքականութիւնն ու անոր պատճառած աղէտը։ Հետեւաբար, Փարիզ, Լոս Անճելըս կամ Մոսկուա նստած ոեւէ մէկը, իրաւունք չունի Հայաստանին այսպիսի անհեթեթ պահանջներ ներկայացնելու։ Այս տարրական բարոյական սկզբունքը այնքան ակնյայտ պիտի ըլլար, որ սա նոյնիսկ քննարկման առարկայ պիտի չըլլար։ Բայց ցաւօք, շատերը ոչ միայն սա կը քննարկեն, այլ զիս պիտի մեղադրեն հազար ու մէկ մեղքի մէջ սա մատնացոյց ընելու համար։
-Ի վերջոյ այս իշխանութիւնները այսօր այլընտրանք մը ունի՞ն Հայաստանի մէջ։
-Ես երբ կը մտածեմ այլընտրանքի մասին, չեմ մտածեր միայն իշխանութիւններուն մասին։ Հայաստանի մէջ առարկայական անհրաժեշտութիւն կայ քաղաքական ուժի ու շարժման, որ արմատապէս վերանայի Հայաստանի քաղաքական կեանքը պայմանաւորող հիմնական ենթադրութիւններն ու իղձերը։ Հայաստանը պէտք է հրաժարի անյստակ քաղաքականութենէն, անիրատեսական իղձերու գերութենէն, քաղաքականութեան մասին մակերեսային արդարութեան ու վերացական ձեւով մտածելէ։ Հայաստանի մէջ գերակշռող քաղաքական միտքը, եթէ կարելի է ատիկա քաղաքական միտք համարել, կրօնէն ոչինչով կը տարբերի, որու մասին վերջերս հրաշալի յօդուած մը գրած էր Սեւակ Արամազդ։ Հայաստանի քաղաքական միտքը պէտք է ապակրօնականցնել ու յստակացնել։ Հայաստանի մէջ պէտք է մէկընդմիշտ ծաղրի առարկայ դարձնել այն մարդիկ ու ուժերը, որոնց քաղաքական ու մտաւորական յաւակնութիւնները յենած են շռայլ ու իրականութենէն բացարձակապէս կտրուած երազանքներուն վրայ։ Այլ խօսքով, Հայաստանին անհրաժեշտ է սեփական լուսաւորչական շարժման պէս բան մը։ Իսկ անոր թիրախը միայն այսօրուայ իշխանութիւնները չեն կրնար ըլլալ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/22/2024