«ՏԳԷՏԸ ԿԸ ՎԻՃԻ, ԳԻՏՈՒՆԸ ԿԸ ԴԻՏԷ, ԻՄԱՍՏՈՒՆԸ ԿԸ ԼՌԷ»
Ոչ ոք իր մօր որովայնէն տգէտ, գիտուն կամ իմաստուն դուրս ելած է։ «Մերկ եկած ենք եւ մերկ ալ պիտի երթանք», ինչպէս պիտի ըսէր համբերատարութեան գերագոյն օրինակը՝ Յոբ։ Այս աշխարհին մէ՛ջ է, որ իմաստունը իմաստուն եւ տգէտը տգէտ դարձած է, իւրաքանչիւրը իր իսկ ձեռքով, ջանադրութեամբ ու ապիկարութեամբ։
20-րդ դարը պատմութեան անցաւ իր նուաճումներով, ձեռքբերումներով, ձախորդութիւններով…, իսկ նոր դարը երիտասարդին դիմաց բացաւ տարբեր անհուն աշխարհ մը։ Տեղեկատուական միջոցներու բազմազանութիւնը, հաղորդակցման մատչելիութիւնը, հրապարակային կեանքի վերակառուցման ու նորացման շնորհիւ ստեղծուած հնարաւորութիւններն ու պայմանները ամբողջապէս յեղաշրջեցին այսօրուան երիտասարդին ընկերային, մշակութային, կենցաղային, հոգեւոր-բարոյական եւ մտաւոր-գաղափարական պահանջքները։
Ներկայ յառաջադէմ դարու երիտասարդը կը սաւառնի անծայրածիր երկինքն ի վեր, մերթ կը սուրայ դէպի հեռաւոր նպատակ, մերթ հայեացքը ուղղասրած կը թեւածէ դէպի աշխարհ՝ «անտեսելով պահ մը կայծակն աչքաշլաց եւ պահ մը շամանդաղը հայեացքամոլոր»։ Անտարբեր է ան ամէն տեսակի մրրիկի ու ամպրոպի, որոնք ոչ իսկ դոյզն անգամ կրնան արգելակել անոր կանխամտածուած նպատակներն ու երազանքերը։ Կ՚ուզէ ինքզինք փաստել, կարողութիւնները ցոյց տալ իր շրջապատին, իր շնորհքները դրսեւորել, այլ խօսքով՝ իրագործել այն ինչ որ կը կամենայ ու կը փափաքի։ Անոր համար անտեսանելի են խոչընդոտներն ու դժուարութիւնները, որովհետեւ իր հոգւոյն մէջ լայն տեղ գրաւած են խիզախութիւնը, արիութիւնն ու անկատար նպատակներու իրականացման համար դրուած յոյսի ճառագայթները…։ Բայց մինչեւ ե՞րբ եւ մինչեւ ո՞ւր…։
Նպատակներու իրագործումը լաւ ու դրուատելի ձգտում մըն է, սակայն «գիտականացած աշխարհի» տուեալներուն հետ քայլ պահելը՝ տարբեր բան։ Ուսումը, որ բանալին ու զէնքն է նկատուած այս դարուս, երիտասարդը կը դարձնէ աւելի յղկուած, խոհուն, մտապէս եւ հոգեպէս կերտուած ու զինուած՝ ներկայ համաշխարհայնացած աշխարհի հեւքոտ վազքին դիմաց։ Սակայն յառաջացած աշխարհի մէջ ապրող արարածդ միշտ չէ, որ կը հանդիպիս զարգացած, ուսած, յառաջընթաց արձանագրած անձնաւորութեանց։ Ժամանակը փոխուած է, այո՛, նոյնպէս՝ շարժառիթներն ու դերասանները, սակայն բեմագրութիւնն ու թատրոնը նոյնն են ամէն ժամանակ եւ ամէնուր։ ՏԳԻՏՈՒԹԻՒՆ է այդ թատրերգութեան անունը, որ լուռ, գաղտագողի իր ծուլութեան սերմերը նետած է նմանօրինակ դերասաններու մտային պարտէզին մէջ, որոնք տիւուցայգ կը գործեն մեր ընկերային թէ հաւաքական կեանքէն ներս։
Շատեր տգիտութիւնը նմանցուցած են ժամանակակից այն խանութներուն, որոնց գունազարդուած ցուցափեղկերուն վրայ ամէն բան կարելի է տեսնել։ Բայց երբ մուտք կը գործես դէպի ներս՝ կը դժբախտանաս ու կը յուսախաբուիս, որովհետեւ կա՛մ դատարկ են եւ կա՛մ անորակ ապրանքատեսակներ կը վաճառեն։ Իրերը երբեմն աչքերդ կը շլացնեն ու կը դիւթեն քեզ իրենց արտաքին կեղծ գեղեցկութեամբ, իսկ դուն՝ տարուելով ու անգիտանալով անոնց անորակութիւնը՝ կը գնես եւ սեփականութիւնդ կը դարձնես։ Ժամանակ մը ետք, երբ կը գործածես զանոնք, անմիջապէս կը տեսնես եւ կը նշմարես անոնց անորակութիւնն ու անպէտքութիւնը։ Կը մտաբերես, թէ ո՞վ է մեղադրեալն ու յանցաւորը։ Դո՞ւն, որ խաբուած մըն ես։ Վաճառո՞ղը, որ իր լոլոզուած լեզուով ու շպարուած խօսքերով խաբած է քեզ, իր անորակ ապրանքը ծախելու համար…։ Տգէտները նոյնպէս կը նմանին արտաքնապէս գեղազարդուած խանութներուն, որոնք արտաքնապէս գեղեցիկ կը թուին, բայց ներքնապէս՝ «նեխած» են։ Նմանատիպ իմաստակներ օրն ի բուն կ՚երթեւեկեն չորսդիդ եւ իրենց զազիր ներկայութեամբ ու անհաճոյ խօսակցութեամբ կը փիլիսոփայեն իրենց իսկ չհասկցած նիւթերուն շուրջ եւ խրատականներու «տարափով» կ՚իմաստազրկեն կեանքդ։ Ժողովրդական առածը կ՚ըսէ. «Իմաստունին հետ քար կրէ, յիմարին հետ հաց մի՛ ուտեր։ Լաւ է իմաստունէն յանդիմանութիւն լսել, քան թէ յիմարէն՝ գովասանք։ Տգիտութիւնը միշտ պատրաստ է սքանչանալու...»։
Տգէտ մարդոց տեսակները բազմազան են եւ անթուարկելի, սակայն զանոնք կարելի է դասել գլխաւորաբար երեք խումբի. 1) Անուս տգէտ, 2) Ուսեալ տգէտ եւ 3) Հպարտ տգէտ։ Ա) Առաջին խումբին տգէտները այն սակաւամիտներն են, որոնք իրենց բարեկամներուն, անմիջական ընկերներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն պատճառաւ գոց միջավայրի մէջ մեծցած ու հասակ առած են։ Այդպիսիք ձեռքերնին ծալած շաղփաղփութեամբ, պոռոտախօսութեամբ ու բամբասանքով կ՚անցընեն իրենց ժամանակը՝ մոռնալով անհրաժեշտը, էականն ու պիտանին։ Բ) Զարգացած դարը վստահաբար զարգացած մարդիկ կը պահանջէ։ Երիտասարդներ կը փորձեն զարկ տալ իրենց ուսման եւ ինչ-ինչ վկայականներու կը տիրանան։ Ի՞նչ օգուտ երբ վկայականներ ունիս, սակայն զանոնք չես գործադրեր քու առօրեայ կենսընթացիդ։ Կեանքի մասին զանազան տեսութիւններ կը պարզես, բայց միւս կողմէ նեղմտութեամբ կը վերլուծես այլոց խնդիրները։ Վերոնշեալ յատկութիւններով «օժտուած» են երկրորդ խումբի համբակ մարդիկը։ Գ) Հպարտ տգէտները դժբախտաբար ամենէն ստուարացած զանգուածը կը կազմեն մարդու ընկերային կեանքին մէջ։ Ինչո՞ւ կը հպարտանան եւ ոչ ոք կը հաւնին։ Ի՞նչն է անոնց դրամագլուխը. դրա՞մը, որ փոշի անգամ չէ, այսօր կայ ու վաղը չկայ. քանի մը ամիս յաճախած ու կիսատ թողած հանրաճանաչ համալսարանի անո՞ւնը, որ երբ խորքին նայիս մէկական ծոյլ ձախողածներ են. անուանի ու հարուստ բարեկամ մարդի՞կը, որոնք այսօր քեզ իրենց եղջոյրներէն վեր կը բարձրացնեն, իսկ վաղը՝ նոյն այս անձերը իրենց սմբակներուն տակ կ՚առնեն քեզ՝ ճմլելու եւ իրենց ոտքի կոխան դարձնելու համար...։
Ցորենի լեցուն հասկերը ընդհանրապէս կը խոնարհեցնեն իրենց գլուխները, իսկ դատարկ հասկերը` ուղիղ եւ ձիգ կը կանգնեցնեն։ Երբ հովը փչէ՝ կը տատանին, որովհետեւ չունին հիմք, կորիզ եւ էոյթ։ Ցորենը ցորեն դարձնողը ատոք հասկն է, որ շուտով պիտի վերածուի նկանակի։ Իսկ այն ցորենը, որ փուճ է եւ անօգուտ, կա՛մ կենդանիներու կեր կը դառնայ եւ կա՛մ կրակի մէջ կը նետուի մարդոց ջերմութիւն պատճառելու համար… եւ ապա մոխիրի կը վերածուի։ Աղքատիմաց մարդը անհասկ ցորենի նման միշտ իր գլուխը բարձր կը պահէ, կարծելով թէ այդ ուղղաձգութեան մէջ են իր իմաստութիւնն ու հմտութիւնը։ Եղկելի մարդիկ...։
Տգէտը տգէտ չի՛ կոչուիր, եթէ ինքզինք ամենագիտուն, ամենահանճարեղ, իր նմանակիցներէն աւելի գերադաս ու հզօր չհամարէ։ Անոր ծառը ո՛րքան ալ բարձր ըլլայ, ամենակարճ կացինն անգամ կրնայ հասնիլ անոր բունին, որովհետեւ չունի՛ հաստատ ենթահող եւ խոր արմատ։ Իմաստուն անձը ի՛նչ ալ ըլլան պարագաներն ու պատուհասները կը լռէ, կը դիտէ, կը կշռադատէ եւ ապա կը գործէ ու կը շարժի։ Ա՛յս պէտք է ըլլայ խորագէտ երիտասարդին սկզբունքն ու հայեցակէտը։ Առ այդ, նախընտրելի պիտի ըլլար սնոտիմաց մարդոց դիմաց պատնէշներ կառուցել, որովհետեւ անոնց բացասական ազդեցութիւնը եւ անախորժ ներկայութիւնը թէ՛ կը խանգարեն յառաջխաղաղացքդ, թէ՛ կը խոչընդոտեն յաջողակ գնացքդ եւ թէ նոյնիսկ կրնան քեզ ճշմարիտ հաւատքէդ շեղել։ Ականջ մի՛ տար այդպիսիներու անհեթեթ խօսքերուն, այլ լռակեացութեամբդ ու վերապահութեամբդ բարոյական յաղթանակ տար, այնպէս ինչպէս երկնաւոր Վարդապետը Ինք ըրաւ։ «Կոյրը կը զրկուի Արեւու ճառագայթներէն, իսկ տգէտը` կատարեալ կեանքէն: Նախընտրելի է կոյր աչք ունենալ, քան՝ կոյր միտք…: Եթէ անձ մը աշխարհական մեծութեամբ ճոխացուած ըլլայ, իսկ մտքով՝ աղքատ, այդպիսին ողորմելի է շատերէն» (Եղիշէ)։
Քրիստոսի ժամանակաշրջանին ապրող Օրէնքի ուսուցիչները, Փարիսեցիները... չհասկցան ու չընկալեցին Աստուածորդիին խօսքերը, որովհետեւ անոնց հոգիները պարուրուած էին բարբարոսին չարադաւան հնարքներով ու չարաշուք գործելակերպով։ Անոնք հաւատքի մէջ տգէտներ էին, որոնք Աստուծոյ Խօսքին՝ Բանին ուսուցումները իրենց սահմանափակ մտածողութեամբ ու մակերեսային հաւատքով ամբողջապէս ջրած ու արհամարհած էին։ Օրէնքի երկրպագուներ կը թուէին, բայց մեծագոյն օրինազանց մարդիկն էին։ Տգիտութեան ու աշխարհապաշտութեան պատճառով օրէնքի քառապատ պարիսպներուն մէջ կը գտնուէին եւ այդպէս ալ Աստուծոյ խօսքը կ՚ուսուցանէին Աստուծոյ ժողովուրդին։ Ահա թէ ինչո՛ւ Քրիստոսով Օրէնքը իր կատարին հասաւ եւ Մովսիսական Օրէնքի լուծը փոխարինուեցաւ աստուածային երկնատուր շնորհքի փրկութեան։ Օրէնքը դարեր շարունակ խօսեցաւ մեղքի մասին, բայց շնո՛րհքն է, որ յայտնեց մեղքին պղծութիւնն ու զազրելիութիւնը մեր հոգւոյն մէջ։ Օրէնքը մեր յանցաւոր ըլլալը հրապարակեց, բայց շնորհքը մեր ազատագրուած ըլլալը ծանուցեց։
Այսօ՛ր եւս չկա՞ն հաւատքի մէջ տգիտացած նորելուկ շարժումներ, որոնք իրենց հասկացողութեամբ ու քմահաճ մեկնութիւններով կը պառակտեն Քրիստոսի Եկեղեցին, կարծելով թէ իրենց վստահուած է Քրիստոսի ուսուցումներուն աւետարանչութիւնը։ «Կան մարդիկ, որոնք ձեր միտքերը կը պղտորեն եւ կ՚ուզեն Քրիստոսի Աւետարանը չարափոխել։ Բայց ով որ մեր քարոզածէն տարբեր աւետարան մը քարոզէ ձեզի, ո՛վ ալ ըլլայ՝ նոյնիսկ մենք կամ երկինքէն հրեշտակ մը՝ անիծեալ ըլլայ» (Գղ 1.7-8)։ Պօղոս Առաքեալ ցայսօր կը զգուշացնէ մեզ, չտարուելու նոր օրերու աշխարհայնացած կեանքէն, աջէն ու ձախէն փչող հովերէն, որոնք հազար ու մէկ ակունքներէ պղտոր ջուր կը լեցնեն հայ կեանքի աւազանին մէջ։ Չտարուելու օրուան հետ ծնող եւ օրուան հետ մեռնող հակակրօնական ու ապազգայնացուցիչ, հաճոյապաշտ եւ հոգեքանդ մտայնութիւններէն։ Այլ կոչ կ՚ուղղէ կառչած մնալու «արեան մկրտութեամբ» եւ դարերու «արեան վկայութեամբ» ամրագրուած մայր Եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն ու սկզբունքներուն, անոր ուսուցումներո՛վ համակելու մեր ամբողջ կեանքը, ողողելու մեր ողջ էութիւնը քրիստոնէական արժէքներով, սրբութիւններով ու առաքինութիւններով։
Սիրելի՛ ընթերցող, ուսումն ու գիտելիքները մարդուն կշիռ կու տան, իսկ արարքները` փայլք: Մարդոց մեծամասնութիւնը առհասարակ կը տենչայ միայն երեւութապէս փայլելու, մեծարուելու եւ պատնէշի վրայ ըլլալու համար, որովհետեւ ըստ իրենց թանձրամտութեան՝ ա՛յդ են ներկայ դարու պահանջքը՝ բարձրանալ եւ անուն առնել։ Տգէտը տգիտացած շրջանակի մէջ կրնայ միայն իր տգիտացեալ մտածումները յայտնել եւ պարտադրել, բայց ո՛չ իմաստունին եւ գիտունին, որոնց համակ կեանքը եղած է ուսումնատենչութեամբ, ինքնաշխատութեամբ ու ինքնազարգացմամբ դրսեւորուած կեանք մը։ Իմաստունը իմաստուն է եւ գիտունը՝ գիտուն, որովհետեւ գիտեն լռել եւ ուրիշը լսել, նոյնիսկ իրենցմէ փոքրէն բան մը սորվիլ։ Այստեղ կը կայանայ իմաստութեան գերագոյն բանալին՝ ՈՒՐԻՇԸ ԼՍԵԼ։ Ըսուած խօսք է, թէ «Խելացի մարդու միտքը իր վարքագիծի տնօրէնն է, իսկ յիմարին վարքագիծը՝ իր լեզուն»։
Տգէտ բարեկամդ մշտապէս պիտի վիճաբանի՝ իր քարացած ու դատարկ մտքէն ելած զրաբանութիւնը քեզի պարտադրելու համար, բայց եթէ իմաստուն ես՝ կը լռես ու կը ձգես զինք, որ շարունակէ լողալ տգիտութեան աւազանին մէջ։ Լողաւազանին մէջ հաւանաբար երկա՜ր լողայ, սակայն ժամանակ մը ետք խեղդամահ պիտի ըլլայ։
Տգիտութիւն Տգիտութեանց...։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ