ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ
ԾՈՒԼՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՄԱՍԱՄԲ ՆՈՐԻՆ…
Գիտենք, որ ամերիկացիները մոլեռանդ հետեւող են գնդակի խաղերու մրցաշարքերուն՝ ըլլան անոնք պասքեթպոլ, ֆութպոլ թէ պէյզպոլ։ Գիտենք նաեւ, որ եթէ այդ մրցաշարքերը իրենց բնակած քաղաքներուն մէջ տեղի չունենան, անոնք անպայման կը հետեւին անոնց՝ հեռատեսիլի վրայ, իրիկուան ժամերուն։
Յայտնութիւն մը չէ նաեւ, որ ամերիկացիները՝ գնդակի խաղ դիտած ժամանակ, պէտք է անպայմանօրէն գարեջուր խմեն։ Ըլլայ մարզադաշտին վրայ, ըլլայ տանը մէջ՝ գարեջուրի սպառումը միեւնոյնն է։ Մեր այս օրուան նիւթը կը կեդրոնանայ տանը մէջ գարեջուրի սպառումին, գնդակի խաղ դիտած ժամանակ։ Հիմա խօսինք օրինակներով;
Գաղտնիք մը յայտնած չենք ըլլար եթէ ըսենք, որ խմուած գարեջուրը պէտք է պաղ ըլլայ, այլապէս ան համ չ՚ունենար։ Իսկ պաղ գարեջուրը կը գտնուի սառնարանին մէջ։ Ուրեմն՝ ամէն անգամ որ խմուած գարեջուրը վերջանայ, անհատը պէտք է երթայ սառնարան եւ նորը բերէ…
Հիմա ամերիկացի ճարպիկ ձեռնարկուներ հնարած են բազկաթոռ մը (տես նկարը) որ օժտուած է յատուկ սառնարանով մը՝ ուր մրցաշարքի հետեւողը կրնայ զետեղել գարեջուրի մինչեւ վեց շիշեր։ Բայց ինչո՞ւ, որպէսզի խաղը դիտողը ժամանակ չկորսնցնէ՝ սառնարան երթալ-գալով։
Սակայն ըստ իս, սա ծուլութեան կենդանի մէկ օրինակն է։ Եկէք պահ մը քիչ մը աւելի առաջ երթանք եւ մտածենք, թէ յաջորդ քայլը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Պատահի որ խաղը դիտողը արտաքնոց երթալու կարիքը զգայ, ուրեմն ամերիկացի դրամասէր ձեռնարկուները պէտք է այնպիսի բան մը հնարեն՝ որ մարդը նստած տեղը այդ կարիքն ալ կարենայ գոհացնել, չէ՞։ Է՜հ ասոր վերջը չկայ՝ որովհետեւ մէկ կարիքը ուրիշ կարիքի մը դուռը կը բանայ եւ այսպէս շարունակաբար!
Թերեւս ինծի համար ծուլութիւն թուացող արարքը կրնայ ուրիշի մը համար պարզապէս հանգստաւէտութիւն ըլլալ։ Ուրեմն սա մեկնաբանութեան հարց է եւ վերջ։
ՄՐՑԱՆԱԿ ՀԱՍՏԱՏԵԼՈՒ ՄՈԼՈՒԹԻՒՆԸ…
Մարդիկ կ՚ուզեն ինքզինքնին գերազանցելով՝ մրցանակ հաստատել, պարզապէս ուրիշէն աւելի լաւ երեւնալու համար։ Ո՞վ գիտէ, թերեւս գերակայութեան բարդոյթէն կը տառապին անոնք։
Իսկ եթէ մէկը մրցանակ հաստատէ, այդ կ՚արձանագրուի աշխարհի մրցանիշներու «Կինէս» գիրքին մէջ։ «Guinness Book of Records»ը հիմնուած է 1955 թուականին, բայց 2000 թուականին՝ ան վերանուանուած է որպէս «Guinness World Records»: Մրցանիշներու այդ գիրքը կը հրատարակուի տարին մէկ անգամ։ Այս օրուան մեր հերոսը Ճոզէֆ Կրիսամոր անունով ամերիկացի մըն է, որ կ՚ապրի Մինեսոթա նահանգի Փարք Ռեփիտս քաղաքին մէջ։ Ան 2006 թուականին փորձած է մրցանիշ հաստատել, սակայն ձախողած է։ Բայց 2019 թուականին՝ ան վերջապէս յաջողած է իր առաքելութեան մէջ։
Հիմա եկէք տեսնենք, թէ ի՞նչ բանի մէջ՝ Ճոզէֆ Կրիսամոր կրցած է յաջողութիւն գտնել եւ մուտք գործել մրցանիշներու «Կինէս» գիրքին մէջ։ Ան՝ 108.2 սանթիմեթր կամ 42.5 inch (տես նկարը) երկարութեամբ մազ ունենալուն համար հաստատած է բացառիկ այդ մրցանիշը։ Բայց երբեք դիւրին չէ եղած այդ գործը, փաստ՝ կնոջ Լորայի եւ մօր Քէյի ժամերու վրայ երկարող տքնաջան աշխատանքը…
Հետաքրքրական է գիտնալ նաեւ, որ մեր հերոսին մազը ցից կենալու համար՝ նման Էյֆէլի աշտարակին, կինն ու մայրը մազը սրսկած են քիմիական յատուկ բաղադրութեամբ հեղուկով մը (hair spray)՝ ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ։ Հիմա ինծի համար հարցական է, թէ արդեօք այս բոլոր տաղտուկը կ՚արժէ՞ պարզապէս, որպէսզի մարդուն անունը արձանագրուի գիրքի մը մէջ։ Այս պարագան ինծի կը յիշեցնէ Շէյքսփիրի նշանաւոր մէկ կատակերգութիւնը, որուն խորագիրն է «Much Ado About Nothing», այսինքն՝ «Բազում աղմուկ, վասն ոչինչի»։ Չէ՞ք խորհիր, որ ճշմարտութիւն մը կայ այս ըսածիս մէջ։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Նոր Օր», Լոս Անճելըս