ԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ ԵՒ ԱՆԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ
Սուրբ Հոգիի յիշատակութենէն ետք, Պատարագի այս հատուածին քահանան եւ դպիրները կը սկսին սուրբերու յիշատակութիւնը: Այսպէս, քահանան բարձրաձայն կ՚ըսէ.
-Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածինի, Յովհաննէս Մկրտիչի, Ստեփաննոս Նախավկայի եւ բոլոր սուրբերուն յիշատակը թող այս Սուրբ Պատարագի ընթացքին ըլլայ, կ՚աղաչենք:
Իսկ Սուրբ Խորանէն երգող սարկաւագները կամ դպիրները հերթականութեամբ բարձրաձայն կ՚եղանակեն, ըսելով.
-Սուրբ առաքեալներուն, մարգարէներուն, վարդապետներուն, մարտիրոսներուն, բոլոր սուրբ հայրապետներուն եւ բոլոր սուրբերուն յիշատակը նոյնպէս թող ըլլայ այս Սուրբ Պատարագի ընթացքին, կ՚աղաչենք:
-Մեր առաջնորդներուն եւ առաջին լուսաւորիչներուն՝ Սուրբ Թադէոս եւ Բարթուղիմէոս առաքեալներուն, Գրիգոր Լուսաւորիչին, Արիստակէսի, Վրթանէսի, Յուսիկի, Գրիգորիսի, Ներսէսի, Սահակի, Դանիէլի եւ Ադի, Մեսրոպ Վարդապետի եւ Գրիգոր Նարեկացիի եւ Ներսէս Կլայեցիի [Շնորհալի], Յովհաննէս Որոտնեցիի եւ Գրիգոր ու Մովսէս Տաթեւացիներու եւ Սուրբ Գրիգորեաններու ու Ներսիսեաններու եւ Հայաստանեայց բոլոր սուրբ հովիւներուն եւ հովուապետներուն յիշատակը թող ըլլայ այս Սուրբ Պատարագին, կ՚աղաչենք:
-Սուրբ մենակեացներուն, առաքինասէր եւ աստուածուսոյց կրօնաւորներուն՝ Պօղոսի, Անտոնի, Պողայի, Մակարի, Ոնոփրիոսի, Աբբա Մարկոսի, Նեղոսի, Արսէնի, Եւագրի, Պարսամի, Յովհաննիսեաններուն եւ Սիմոնեաններուն, Սուրբ Ոսկեաններուն եւ Սուքիասեաններուն, ու աշխարհի մէջ անոնց բոլոր աշակերտներուն յիշատակը թող ըլլայ այս Սուրբ Պատարագին, կ՚աղաչենք:
-Հաւատացեալ թագաւորներուն՝ Սուրբ Աբգարին, Կոստանդիանոսին, Տրդատին եւ Թէոդորոսներուն, եւ բոլոր սուրբ ու բարեպաշտ թագաւորներուն եւ աստուածասէր իշխաններուն յիշատակը թող ըլլայ այս Սուրբ Պատարագի ընթացքին, կ՚աղաչենք:
-Ընդհանուր՝ բոլոր հաւատացեալներուն, տղամարդոց եւ կիներուն, ծերերուն եւ երեխաներուն եւ ամէն տարիքի հաւատքով ու սրբութեամբ ի Քրիստոս ննջածներուն յիշատակը թող ըլլայ այս Սուրբ Պատարագի ընթացքին, կ՚աղաչենք:
Ո՛չ առաքելական կամ Աւանդական եկեղեցիներ կը մերժեն եւ չե՛ն ընդունիր սուրբերու բարեխօսութիւնը կամ սուրբերու վկայակոչութիւնը եւ կամ յիշատակութիւնը, պատրուակելով, թէ մարդոց եւ Աստուծոյ միջեւ Մէ՛կ Միջնորդ կայ՝ Քրիստոս Յիսուս մարդը (Ա. Տմ 2.5): Արդար եւ իրաւ: Սակայն, սուրբերու, առաքինի կեանքով ապրածներու եւ ննջածներու յիշատակութիւնը եւ կամ անոնց բարեխօսութիւնը խնդրելը Տէր Յիսուսի միջնորդութիւնը ուրանալու կամ նուաստացնելու չի՛ միտիր, քա՛ւ լիցի: Տէր Յիսուս Քրիստոս մարդոց եւ Աստուծոյ միջեւ Միակ Միջնորդն է՝ մարդու փրկութեան համար, մինչ երբ որպէս մահկանացուներ կը յիշատակենք սուրբերը եւ անոնց բարեխօսութեան կը դիմենք, այդպիսով մենք մեր փրկութիւնը չէ՛ որ կը փորձենք ապահովել, այլ՝ այդ մարդոց վարքն ու անցած ուղին յիշելով, կը փորձենք քայլ մը աւելի առաքինի կեանքին մէջ յառաջանալ, քայլ մը աւելի մօտենալ մեր փրկութեան Պարգեւիչին՝ Քրիստոսի:
Աւելցնենք, այս յիշատակութիւնները դաստիարակչական բնոյթ կը կրեն իրենց մէջ, որով հաւատացեալները կը մղեն օրինակ վերցնելու իրենց նախնիներէն, իսկ այս երեւոյթը յստակ ապացոյց մըն է, որ Եկեղեցին միայն աշխարհի մէջ գործող եկեղեցին չէ, այլ՝ Քրիստոս ննջած հաւատացեալները, այսինքն՝ անոնք որոնք Քրիստոսով իրենց աշխարհիկ կեանքը աւարտեցին եւ յարութեան յոյսով ննջեցին (կարդա՛ «Հասկնանք մեր Պատարագը», Զարեհ Արք. Ազնաւորեան, Անթիլիաս, 2019, էջ 108-109):
Գաբրիէլ Արքեպիսկոպոս Այվազեան իր «Մեկնութիւն Սուրբ Պատարագի Խորհուրդին ու Արարողութեան» աշխատութեան մէջ այսպէս կը բացատրէ Սուրբերուն յիշատակութիւնը.
«Հարցում. Սրբոց յիշատակութիւնը Պատարագին մէջ ի՞նչ խորհուրդ ունի:
Պատասխան. ա) Եկեղեցին երկրի վրայ Քրսիտոսի Սուրբ Պատարագ մատուցած ընթացքին, երկնաւոր եկեղեցւոյ, այսինքն՝ սուրբերուն եւ հրեշտակներուն հետ եւս կը միանայ, ու մեր Տիրոջ Քրիստոսի միջոցով՝ զինուորեալ եւ յաղթական եկեղեցիները Սուրբ Պատարագը միաբան կը մատուցեն:
բ) Թէպէտ գիտենք, թէ սուրբերը արդէն իսկ երանական կեանքին արժանի եղած են հոգիով ու Արքայութեան փառքը կը վայելեն, սակայն Սուրբ Պատարագին անհուն արդեամբք, թէ՛ անոնց փառքին պատահական յաւելումը կը խնդրենք եւ թէ՛ անոնց մեզի համար ըրած բարեխօսութեան ընդունելի ըլլալը: Անցեալին եկեղեցիներուն մէջ, մանաւանդ յոյներուն մօտ՝ սովորութիւն կար, որ Սեղանին վրայ երկու գրութիւններ կը պահուէին՝ դիփտիկոն անունով. մէկուն վրայ սրբոց եւ հանգուցեալ երեւելի անձերուն անունները գրուած կ՚ըլլային, իսկ միւսին վրայ՝ քաղաքական իշխանաւորներու, այսինքն՝ տուեալ ժամանակի հայրապետները, թագաւորները, իշխանները, ինչպէս անեւ մասնաւոր կերպով խնդրողները՝ որպէսզի իրենց համար յիշատակութիւն ըլլայ Սուրբ Պատարագին մէջ: Այս սովորութիւնը մինչեւ այսօր տեղ-տեղ պահուած է յոյներուն եւ ռուսերուն մօտ»:
Ըսինք, որ սուրբերուն յիշատակութիւնը դաստիարակիչ բնոյթ ունի հաւատացեալներուս համար: Ո՛չ միայն Սուրբ Պատարագի ընթացքին պէտք է յիշատակել սուրբերը, վկայակոչել անոնց ապրած կեանքը եւ ունեցած վարքը, այլ՝ ամէն օր պէտք է յիշենք զանոնք եւ անոնց առաքինի վարքը ընդօրինակելով փորձենք նմանիլ անոնց՝ մենք եւս հասնելով սրբութեան:
Արդարեւ, եկեղեցւոյ հայրերն ու եկեղեցական գրողները սուրբերու մասին բազմաթիւ գրութիւններ գրած են: Այստեղ ընթերցողներուն կը ներկայացնեմ այդ մտածումներէն փունջ մը.
Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ազնաւորեան կը գրէ.
- «Սուրբերը պարգեւ են տրուած մեզի եւ բացառիկ այն մարդիկը, որ մենք կը կոչենք հաւատքի ծնողներ։ Իսկապէս մեծագոյն պարգեւն են Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած, որպէսզի անով Ադամական անէծքը Քրիստոնէական օրհնութեա՛ն վերափոխուի մեր կեանքերուն մէջ, եւ մեր կեանքերը դառնան պտղառատ, դառնան օրհնալից, դառնան վերափոխուած՝ Սուրբ Հոգւոյ պարգեւներով, որոնք այդ սուրբին միջնորդութեամբը կը թափին մեր կեանքերուն մէջ»: Եւ՝ «սուրբերը իրենց չարչարանքի օրինակով եւ կեանքով եւ մանաւանդ իրենց ամբողջ կեանքը մշտաբարբառ աղօթքի վերածելով՝ մնայուն բարեխօսներ են մեզի համար»:
Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի կը գրէ.
«Թէ ի՞նչ օգուտ ունին մեզի սուրբերը, Առաքեալը կ՚ուսուցանէ Եբրայեցւոց [նամակին] մէջ. «Ուրեմն մենք ալ, որ այսքան բազմաթիւ վկաներով շրջապատուած ենք» (12.1). այսինքն՝ Աբելէն սկսեալ մինչեւ նահապետները, մարգարէներն ու առաքեալները եղած մարտիրոսները։ Ոմանք հաւատքով վկայեցին, ոմանք գործով, ոմանք պանդխտութեամբ, ոմանք աղքատութեամբ, ոմանք կուսութեամբ եւ ճգնութեամբ, ոմանք արեամբ։ Սղոցուեցան, քարկոծուեցան, ծեծով տանջուեցան, այրուեցան եւ տեսակ-տեսակ չարչարանքներ կրեցին։ Եւ հիմա մեր շուրջն են, լուսաւոր ամպի մը պէս՝ անոնց հոգիները հովանի կ՚ըլլան մեզի. անոնց մասունքները երկրի վրայ քաջալեր կ՚ըլլան մեզի. իսկ անոնց պատմութիւններուն ընթերցումը անոնց նմանիլ կը սորվեցնէ մեզի»:
Նոյն Սուրբը Հայրը կը բացատրէ, թէ Տէրունական տօներուն կողքին ինչո՞ւ համար կը կատարենք նաեւ սուրբերու յիշատակութիւններն ու տօները.
«Կ՚ըսենք՝ վեց պատճառի համար։ Նախ, որովհետեւ հրեշտականերու ինն դասերը միշտ եւ անդադար զԱստուած օրհնաբանելով զբաղած են, ինչպէս կ՚ըսէ Եզեկիէլ. «Լսեցի որ կ՚ըսէին. օրհնեա՛լ ըլլայ Տիրոջ փառքը երկինքի մէջ» (3.12)։ Իսկ Եսային կ՚ըսէ. «Տեսայ Տէրը բարձր աթոռի մը վրայ նստած… եւ սերովբէները… որոնք անոր շուրջ թռչելով կ՚աղաղակէին. Սուրբ, Սուրբ, Սուրբ, Զօրութեանց Տէր» (տե՛ս 6.1-3)։ Թռչիլը անոնց ուրախութիւնը կը նշանակէ, իսկ աղաղակելը՝ զԱստուած օրհնաբանելը։ Ճիշդ անոնց նմանութեամբ՝ եկեղեցւոյ մէջ ինն աստիճաններ կան, որոնք պէտք է ուրախութեամբ եւ օրհնաբանութեամբ ձայնակցին երկնաւորներուն։
Երկրորդ պատճառ. տօնին յիշատակով զԱստուած մեր մէջ կը յայտնաբերենք, Աստուծոյ կը միանանք եւ մեր բազմաթիւ տրտմութիւններէն կ՚ուրախանանք, ըստ [Սաղմոսին]. «Չէի կրնար մխիթարուիլ. զԱստուած յիշեցի եւ ուրախացայ» (76.3-4). կամ [ըստ միւս Սաղմոսին]. «Ինծի համար բարիք է՝ Աստուծոյ մօտենալ… եւ Անոր փառաւոր գործերը պատմել Սիոնի դստեր (=Երուսաղէմի) դռներուն առջեւ» (72.28)։
Երրորդ պատճառ. որովհետեւ ներկայի տօնին դիտաւորութիւնն է՝ կրթելով պատրաստել հանդերձեալ ուրախութեան. որովհետեւ՝ ո՛վ որ այստեղ յիշատակելով կը տօնէ՝ այնտեղ երանութեան կը հասնի։
Չորրորդ պատճառ. ինչպէս մարմինին համար հացն ու ջուրը [հարկաւոր] կերակուր են, իսկ միրգերն ու գինին եւ այլ զանազան խորտիկները՝ վայելքի կերակուր, այնպէս ալ հոգիին հարկաւոր կերակուր են իմաստութիւնն ու առաքինութիւնը, իսկ վայելքի՝ հոգեւոր ուրախութեան տօները, ինչպէս կ՚ըսէ Դաւիթ. «Պիտի յագենամ այնպէս՝ ինչպէս եթէ ճարպոտ ու պարարտ [բաներ կերած ըլլայի]. ցնծալից շրթներով պիտի օրհներգեմ Քեզ» (Հմմտ. Սղ 63.5)։
Հինգերորդ պատճառ. որովհետեւ տօնին յիշատակը կատարելով՝ առանց չարչարանքներ ու յոգնութիւն կրելու կը հաղորդուինք տօնի գլուխին, որ է մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս. որովհետեւ երբ յօժարութեամբ կը տօնակատարենք, անոնց պսակին կ՚արժանանանք, ինչպէս կը գրէ Սուրբ Բարսեղ։
Վեցերորդ պատճառ. որովհետեւ սուրբերու իւրաքանչիւր տօնի՝ սուրբերը համարձակութիւն կ՚ունենան բարեխօսելու Քրիստոսի՝ տօնողներուն, աշխարհի, մեղքերու թողութեան եւ ուրիշ պարգեւներու համար»։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 8
10 յուլիս 2022, Վաղարշապատ