ԼԻԲԱՆԱՆԻ «ԵՐԿԱՐԱՁԳՈՒԱԾ» ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԱՍԻՆ… ԵՒ ՈՉ ՄԻԱՅՆ
Լիբանանի քաղաքական թատերաբեմին վրայ վերջին օրերուն դարձեալ օրակարգ կը դառնար խորհրդարանի ընտրութեան հարցը:
Մինչ տարբեր լրագրողներ խնդրին մասին գրելով կարծիք կը յայտնէին, թէ սահմանադրական ժամկէտներով յառաջիկայ՝ 2017 թուականի ամրան սկիզբին ըլլալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները դարձեալ պիտի յետաձգուին, անդին Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը յայտարարէր, որ ընտրութիւնները պիտի կայացուին ճիշդ ժամանակին եւ որեւէ յետաձգում արդարանալի կամ ընդունելի չէ:
Նշենք, որ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, որ այդ պաշտօնը կը վարէ 1992 թուականէն ի վեր, կը համարուի երկրի քաղաքական հաւասարակշռութիւններու հիմնական համակարգողը: Պըրրի, որ նաեւ առաջնորդն է շիի երկրորդ գլխաւոր ուժ համարուող «Ամալ շարժում» («Յոյս») կուսակցութեան, իր տարած գործունէութեամբ եւ մանաւանդ կշիռ ներկայացնող խօսքով կը համարուի տարբեր եւ յաճախ հակոտնեայ քաղաքական կեցուածքներ ունեցող քաղաքական կողմերու հիմնական համակարգողը: Նոյնը կարելի է ըսել Լիբանանի արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ, երբ երկրի հարաւէն (անցեալին համեմատաբար չքաւոր խաւերու կեդրոն համարուող) քաղաքական հրապարակ հասած Պըրրի, կարեւոր դեր կը կատարէ մէկ կողմէ մեղմացնելու համար երկրի շիի շրջանակներու ունեցած լարուածութիւնը հանդէպ՝ Սէուտական Արաբիոյ եւ միւս կողմէ կը փորձէ «ջուրի երես»ի վրայ պահել սիւննի աշխարհին եւ Լիբանանի միջեւ եղող բաւական լարուած դրութիւնը:
Անշուշտ այս խօսակցութիւնները կը թէժանան (խորհրդարանական ընտրութեանց մասին) ամէն անգամ, երբ երկրի քաղաքական կողմերը կը յիշեն, որ Լիբանան 2013 թուականի Մայիսէն ի վեր կը շարունակէ գոյատեւել առանց նախագահի:
Գաղտնիք ալ չէ, որ Լիբանանի պէս համակեցութեան սկզբունքներով ապրող երկրին մէջ անհնար է առանց քաղաքական համաձայնութեան իրականութիւն դարձնել նոր նախագահի ընտրութեան կայացումը:
Նախագահի ընտրութեան հարցը անշուշտ չի պայմանաւորուիր միայն ներքին ազդակներով ու Լիբանանի ներքին դրուածքին ծանօթ դէտերու համար յստակ է նաեւ, որ առանց շրջանային ազդեցիկ երկիրներու համաձայնութեան ու «կանաչ լոյս»ին՝ անհնար է Պաապտայի պալատին մէջ տեսնել նոր նախագահ մը: Առանց այդ համաձայնութեան, ինչպէս անցեալին, այսօր ալ շատ հաւանական է, որ ընտրուելիք որեւէ նախագահ կրնայ տարբեր հանգամանքներու բերումով թիրախ դառնալ եւ նոյնիսկ սպաննուիլ:
Բացի այս բոլորէն, Սուրիոյ մէջ ընթացող պատերազմը եւ բախման դռները հասած սիւննի-շիի լարուածութիւնը եւս կը դժուարացնեն այդ յոյժ կարեւոր օրակարգին իրականացումը:
Պէտք չէ անտես առնել, որ Լիբանանի նախագահի ընտրութիւնը իրականացնող «թիւ մէկ քուարկող»ները նախկին դերակատարները չեն: Այսինքն մինչ մօտիկ անցեալին Լիբանանի «Ալ Նըժմէ» հրապարակին վրայ գտնուող երկրի խորհրդարանի թիւ մէկ քուէարկողները կը համարուէին՝ Դամասկոսն ու Ուաշինկթընը, այսօր մէկ ու միակ քուէարկողներ չկան:
Լիբանանի նախագահի թեկնածուի անուան դիմաց իրենց վճռորոշ «այ՛ո»ն պէտք է տան Թեհրանը, Ռիատը, Փարիզը եւ Մոսկուան: Անշուշտ ասոնց վրայ պէտք է գումարել Սպիտակ տան «այո՛»ն, ու յստակ է, որ այս իրավիճակին մէջ Լիբանանի պէս երկրի մը նախագահ ընտրել-չընտրելու հարցը չի կրնար առաջնահերթութիւն կամ կարեւորագոյն օրակարգ համարուիլ:
Վերադառնալով երկրի խորհրդարանի ընտրութեան հարցին՝ հարկ է յիշեցնել, որ Լիբանանի վերջին խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի ունեցած էին 2009 թուականի Յունիսին: 128 երեսփոխաններէ բաղկացող խորհրդարանը (ըստ երկրի սահմանադրութեան խորհրդարանը կը բաղկանայ՝ 64 իսլամ եւ 64 քրիստոնեայ երեսփոխաններէ) այդ թուականէն ի վեր երկու տարբեր առիթներով յետաձգած էր ընտրութիւնները: Մինչ օրէնքով սահմանուած է իւրաքանչիւր չորս տարին անգամ մը ընտրութիւններ կայացնել, խորհրդարանը արտակարգ նիստեր գումարելով առաջին անգամ 2013 թուականի Մայիսին եւ երկրորդ անգամ 2014 թուականի Նոյեմբերին ինքզինք կը վերանորոգէր եւ կը յետաձգէր ընտրութիւնները: Բնականաբար այս քայլը երկրի քաղաքացիական խմբաւորումներուն համար ցայսօր ալ կը համարուի անվաւեր եւ հակաօրինական քայլ, բայց տրուած ըլլալով, որ Լիբանան կը կառավարուի համայնքային-կրօնական դրութեամբ մը, երկրի համայնքապետերն ու քաղաքական վերնախաւը կը շարունակեն իրենց տիրապետութեան տակ պահել քաղաքական ընդհանուր իրադրութիւնը:
Տեղին է յիշել նաեւ, որ մասնաւորապէս 2015 թուականին երկրին մէջ մեծ ծաւալ ստացած բողոքի ալիքին ընթացքին (աղբահանութեան խնդրին հետեւանքով) քաղաքացիական շարժումները նոյնպէս ամէն ճիգ ըրին ընտրութիւններու հարցը դարձեալ օրակարգի վրայ բերելու համար, սակայն զանազան պատճառներու բերումով անոնք չկարողացան դրական ոչ մէկ քայլ կատարել եւ երեք ամիս տեւած բողոքի հաւաքները եւ սրացումը իր աւարտին կը հասնէր առանց շօշափելի արդիւքներու հասնելու: Լիբանանի քաղաքացիական շարժումներու օրակարգը բոլորովին այլ թեմա ունի, բայց պէտք է նշել, որ այդ շարժումներուն ձախողման հիմնական կէտը քաղաքական «ապրող» ուժերուն բողոքի ընդհանուր հարթակէն բացակայութիւնն էր, ինչպէս նաեւ քաղաքական կամքի եւ լուրջ ծրագիրներու բացակայութիւնը:
Բացի այս բոլորէն կայ նաեւ ընտրական օրէնքի թնճուկը: Այս խնդիրը, որ անցնող վեց տարիներուն ընթացքին շարունակեց մնալ երեսփոխաններու եւ քաղաքական ուժերու «մտահոգութեան» գլխաւոր առանցքը, կը շարունակէ մնալ վիճարկումի եւ հակասութիւններու առարկայ հիմնահարց մը: Լիբանանցիները վերջին անգամ ընտրութիւն կատարած էին հիմնուելով 1960 թուականին պատրաստուած օրէնքի մը վրայ, որուն դիմաց երկրի տարբեր խաւերը ու մասնաւորապէս քրիստոնեայ խաւին կարեւոր մէկ մասը օրէնքը կը համարէր անարդար: Եւ այս օրէնքին դիմաց թեր ու դէմ կարծիքներու եւ տեսակէտներու առկայութիւնը կը ստիպէր քաղաքական կողմերը՝ ստեղծել խորհրդարանական յատուկ յանձնախումբ մը, որուն հիմնական նպատակը պիտի ըլլար ապահովել երկրի քաղաքական կամքը արտայայտող բոլոր ուժերուն կարծիքներու քննարկումն ու ըստայնմ արդար նոր ընտրական օրէնքի մը պատրաստութիւնը:
Բայց ինչպէս բոլոր հարցերը, այս հարցը եւս կը ձգձգուէր ու ցայսօր ալ խորհրդարանի երդիքին տակ գործող մարմինը չյաջողեցաւ պատրաստել ու մշակել ընտրական նոր օրինագիծ մը:
Ահա այս տուեալներուն լոյսին տակ է, որ բաւական բարդ եւ անիրականանալի կը թուի, որ լիբանանցիները յաջողին ընտրել իրենց նոր խորհրդարանը յառաջիկայ տարի՝ 2017 թուականի ամրան սկիզբը։
Անկախ անկէ, որ քաղաքական բոլոր կողմերը տիւ եւ գիշեր կը խօսին ընտրութեանց կայացման կարեւորութեան մասին, սակայն յստակ է, որ այդ կողմերէն շատեր օգտուելով տարածքաշրջանին մէջ տիրող ծանր դրութենէն, կը փորձեն ամէն գնով պահպանել իրենց աթոռները: Երկրի մը մէջ, ուր քաղաքական կեանքի բոլոր մանրամասնութիւնները դրուած են հորիզոնական եւ իրարու չհանդիպող զուգահեռներու վրայ, շատ բնական է, որ արտաքին ուժերու անմիջական ազդեցութեամբ եւ գործօններով առաջնորդուողները պիտի կատարեն ոչ թէ լիբանանցի ժողովուրդին կամքը, այլ նոյն իրենց «տէրերուն» թելադրանքը:
Ու հակառակ այսքան խճճուած եւ պայթիւնավտանգ ընթացքի տանող տարակարծութիւններուն, Լիբանան կը շարունակէ մնալ համեմատաբար խաղաղ եւ ապահով երկիր մը: Անշուշտ այդ ապահովութեան պահպանման մէջ եւս կան քաղաքական կամքի տարբեր դրսեւորումներ ու պայմանաւորուածութիւններ:
Ուաշինկթընի եւ նոյնիսկ Մոսկուայի համար այսօրուան դրուածքով «կարմիր գիծ» կը համարուի Լիբանանի կայունութիւնն ու ապահովութիւնը: Ու այս գլխաւոր երկու ուժերը իրենց անմիջական արբանեակներուն շնորհիւ ու վերահսկողութեամբ կը շարունակեն որպէս «կառավարելի քաոս»ի վիճակին մէջ պահել այս երկիրը, որ 1970-ականներուն սկիզբը ծանօթ էր որպէս «Արեւելքի Փարիզ»ը։ Ան սակայն աւելի վերջ դարձաւ Միջին Արեւելքի ամենէն արիւնալի եւ վտանգաւոր հակամարտութեանց օճախներէն մին:
Այս բոլորէն անդին յստակ է նաեւ, որ այսօր առանց խորհրդարանական ընտրութեանց կայացման կամ նոյնիսկ երկրի առաջին դէմքին՝ նախագահին ընտրութեան, Լիբանան «գէշ-աղէկ» կրնայ «հեզասահ» կերպով շարունակել իր կեանքը:
Ու հիմնական նախապայմանը՝ անոր ջուրերուն մէջ եղած կազային պաշարներու պահպանման խնդիրն է, որուն համար արեւմտեան աշխարհն ու Մոսկուան մօտիկ ապագային պատրաստի ծրագիրներ պիտի դնեն «շուարած» լիբանանցիներու սեղանին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 12/02/2024