«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)

-Եառոնտա, երբեմն խոստովանելու կարիք չեմ զգար: Ի՞նչն է պատճառը:

-Կրնայ ըլլալ, որ դուն քեզի չես հետեւիր: Խոստովանութիւնը խորհուրդ մըն է: Պարզապէս գնայ եւ յիշէ մեղքերդ: Յամառութիւն, անձնասիրութիւն չունի՞ս, քոյրերէն մէկը չե՞ս վիրաւորած, չե՞ս դատապարտեր: Գնա՛ ու խոստովանէ՞, եւ խոստովանահայրդ արձակման աղօթքը կը կարդայ վրադ: Փոքր մեղքերն ալ կշիռ ունին: Երբ Հայր Դիխընին քով գացի խոստովանելու համար, լուրջ բաներ չունէի անոր ըսելու, ան ըսաւ ինծի.

-Աւազի կոյտեր, զաւակս, աւազի կոյտեր:

Փոքր մեղքերը, արդարեւ, կը հաւաքուին ու աւազի կոյտի կը վերածուին, որ աւելի ծանր է քան հսկայ քարը: Այն մարդը, որ մեծ մեղք գործած է, միշտ կը մտածէ ատոր մասին, կը զղջայ ու կը խոնարհի: Իսկ դուն բազմաթիւ փոքր մեղքեր ունիս, փորձէ ուշադիր ըլլալ խոստովանութեան ժամանակ: Բաւարար չէ, որ մարդ ընդհանուր բաներ յիշէ, որով ըսէ.

-Կը նախանձիմ, կը բարկանամ,- այլ՝ պէտք է իր բոլոր սայթաքումները մանրակրկիտ ձեւով ներկայացնէ, ինչպէս նաեւ պէտք է ըսէ, թէ ի՛նչ մտածեց ու ինչպէս վարուեցաւ: Հակառակ պարագային, զՅիսուս կը ծաղրէ: Հիւանդը եթէ ծածկեց իր հիւանդութիւնը, այդպիսով ինքն իրեն վնասած կ՚ըլլայ եւ ինքզինք մահուան վտանգին տակ կը դնէ. այդպէս ալ, ով որ իրականութիւնը չի խոստովանիր խոստովանահօր վնաս կը կրէ եւ դրական օգնութիւն չի ստանար: Մարդ երբ անարդար գործ մը կ՚ընէ կամ ուրիշ մարդ մը կը վիրաւորէ, ապա պէտք է երթայ այդ մարդուն մօտ եւ խոնարհութեամբ ներողութիւն խնդրէ ու հաշտուի անոր հետ, ետքէն խոստովանահօր խոստովանի իր սայթաքումի մասին, որով արձակում ստանայ: Այսպիսով Աստուծոյ շնորհքը կ՚իջնէ վրան: Եթէ իր սայթաքումները խոստովանի առանց ներողութիւն խնդրելու այն մարդէն, որուն վիրաւորեց, ապա իր հոգին պիտի չխաղաղի, որովհետեւ չխոնարհեցաւ: Իսկ եթէ վիրաւորուած մարդը ճամբորդեց, կամ մեռաւ, կամ բնակութեան վայրը փոխեց ու չկրցաւ գտնել զինք կամ անոր բնակութեան վայրը չի գիտեր, այդ պարագային Աստուած այդ մէկը ըստ իր կամեցողութեան կը հաշուէ ու կը ներէ անոր:

-Իսկ ի՞նչ ընենք, եթէ ներողութիւն խնդրեցինք, սակայն ան չներեց մեզ:

-Այդ ատեն պիտի աղօթենք, որպէսզի Աստուած փափացնէ անոր սիրտը: Սակայն Աստուած որոշ պարագաներու չ՚արտօներ անոր սիրտին փափկանալը, որպէսզի խրատուինք ու վախնանք նոյն մեղքին մէջ կրկին անգամ իյնալէ:

-Եառոնտա. մարդ երբ մեծ մեղք մը գործէ, կարելի՞ է յետաձգել խոստովանութիւնը:

-Եւ ինչո՞ւ համար, որպէսզի բասոտի: Եթէ փճացած բան մը պահես՝ կ՚աւելնայ ատոր փճացածութիւնը: Ինչու հարցը կը ձգէ սպասելով ամիս մը կամ երկու ամիս անցնի եւ ապա երթայ խոստովանահօր մօտ ու խոստովանի: Եթէ վիրաւորուած ըլլայ ու վէրքը բաց ըլլայ, ամիս մը զայն այդ վիճակի՞ն կը ձգէ առանց բուժելու: Ինչպէս նաեւ ժամանակին կարճ ըլլալը պէտք չէ առիթ ըլլայ յետաձգելու խոստովանահօր մօտ երթալը, որով խոստովանութիւնը կրնայ մէկ վայրկեան տեւել միայն, որմէ ետք կրնայ սպասել մինչեւ բաւարար ժամանակ ըլլայ, որով խոստովանահայրը նստի այդ մարդուն հետ եւ հանգիստ ու խաղաղ զրուցէ անոր հետ: Ժամերու կարիք չունիմ, որպէսզի վիճակս նկարագրեմ: Երբ խիղճը ճիշդ ձեւով կը գործէ, մարդ կրնայ երկու բառով ալ ինքզինք ու իր վիճակը ներկայցնէ: Հակառակն ալ ճիշդ է: …

ՄԵՆՔ ՄԵԶ ԱՐԴԱՐԱՑՆԵԼՈՎ ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿ ՄԵՐ ԽԻՂՃԻՆ ՎՐԱՅ ԾԱՆՐ ԲԵՌՆԵՐ ԿԸ ԴՆԵՆՔ

-Եառոնտա. մարդ երբ մեղք մը կը խոստովանի եւ չի զգար այն ցաւը, զոր այդ մեղքը գործած ժամանակ զգացած է, այդ մէկը նշանակ է, որ ճշմարիտ խոստովանութիւն չկա՞յ:

-Եթէ երկար ժամանակ անցած է այդ մեղքը գործելէն ապա վէրքը սկսած է սպիանալ, ու այդ պատճառով նոյն ցաւը չի զգար: Կարեւորը խոստովանութեան ժամանակ ինքզինք չարդարացնելն է: Երբ խոստովանահօր մօտ կ՚երթամ խոստովանելու համար, օրինակ՝ կ՚ըսեմ՝ «բարկացայ», առանց մանրամասնութիւնները յիշելու, որպէսզի այդ հայրը չարդարացնէ զիս: Ով որ կը խոստովանի ու ինքզինք կ՚արդարացնէ, ներքին խաղաղութիւն պիտի չզգայ ու այդ արդարացումները կը դառնան ծանր բեռներ, որոնց տակը կը կքի ու իր խիղճին աշխատանքը կը խանգարէ: Իսկ առողջ խիղճի տէր մարդը իր մեղքերը կը մեծցնէ ու աւելի մեծ պատիժ կ՚ընդունի (կարգադրութիւններ, որոնք խոստովանահայրը կը կատարէ, որպէսզի խոստովանողին առողջութիւնը վերադարձնէ), որով խոստվանութեան շնորհքը ու աննկարագրելի մխիթարութիւն կը ստանայ:

Ոմանք ողկոյզ մը խաղող կը գողնան եւ աչքերնին քուն չի մտներ ու միշտ կը մտածեն իրենց մեղքին մասին ու կը շտապեն խոստովանելու: Ուրիշներ կողովներով խաղող կը գողնան, իրենք զիրենք կ՚արդարացնեն ու կ՚երեւակայեն, թէ իրենց գողցածը մէկ ողկոյզ է միայն: Առաջինները կը մեծցնեն իրենց փոքրիկ մեղքերը, կը ցաւին ու կը տխրին՝ աստուածային մխիթարութիւնը ստանալու համար: Այստեղ կը նկատես աստուածային արդարութիւնը եւ թէ Աստուած ինչպէ՞ս կը վարձատրէ արդարը: Անոնք իրենց մեղքերը խոնարհութեամբ խոստովանահօր կը յայտնեն՝ որով կը սկսին շողալ, որովհետեւ Աստուծոյ շնորհքը կը ստանան:

Թոշակի անցած սպայ մը փլուզուած կերպով պատմեց ինծի այն բոլոր բաներուն մասին, որ ութ տարեկանէն ի վեր գործած է: Օրինակ, անգամ մը երեխայէ մը գնդակ մը առած ու մէկ գիշեր իր մօտ պահած է, եւ յաջորդ օրը վերադարձուցած է: Կու լար, որվհետեւ տխրեցուցած էր անոր: Երբ թոշակի անցած է, փնտռած է բոլոր անոնք, որոնց տխրեցուցած է ու անոնցմէ ներողութիւն խնդրած է: Ներկայիս գիւղի մը մէջ կը բանկի եւ իր գումարներէն խեղճերուն կ՚օգնէ: Կը խնամէ իր ծեր մայրը՝ որ ինինսունհինգ տարեկան է ու անկողինի մէջ է: Իր մօր մարմինին տեսքը տխրութիւն ու մտահոգութիւն կը պատճառէր անոր ու անդադար կու լար: Անոր դէմքը լուսաւոր էր… Ինչքա՜ն բան սորվեցայ իր այդ խորտակուածութենէն:

-Եառոնտա. կրնա՞յ ըլլալ, որ մարդ իր մեղքերը մեծցնէ, որպէսզի այնպիսի տպաւորութիւն ստեղծէ, թէ մանրակրկիտ գործ կը կատարէ:

-Ասիկա այլ հարց է: Այդ պարագային խոնարհելու պատճառով կը հպարտանայ:

ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ԵՏՔ Ի՞ՆՉ Կ՚ԸԼԼԱՅ

-Եառոնտա. բնակա՞ն է, որ խոստովանութենէն ետք մարդ ծանրութիւն զգայ:

-Ինչո՞ւ ծանրութիւն կը զգաս: Ճիշդ խոստովանութեամբ բոլոր հին բաները կը մարին: Աստուծոյ շնորհքը կու գայ ու մարդուն վրայ կ՚իջնէ՝ որով ամբողջութեամբ կը փոխուի: Նեղուածութիւնը, մտահոգութիւնն ու բարկացկոտութիւնը կը բացակային ու անոնց փոխարէն խաղաղութիւնն ու լռութիւնը կը տիրեն: Ասիկա ներքին վիճակի մասին: Իսկ արտաքնապէս, մարդուն տեսքը խոստովանութենէն ետք կը փոխուի. այդ պատճառով կարգ մը մարդոցմէ կը խնդրէի, որպէսզի նկարուին խոստովանութենէն առաջ եւ ետք, որպէսզի անձնապէս վստահ ըլլան կատարուած դրական փոփոխութենէն: Այս մէկը ճիշդ է, որովհետեւ մարդուն ներքին վիճակը կ՚արտացոլայ իր դէմքին վրայ: Եկեղեցւոյ խորհուրդները հրաշքներ կը գործեն: Մարդ ինչքան մօտենայ Յիսուսին, կ՚աստուածանայ ու աստուածային շնորհներուն լոյսերը կը զգայ:

-Եառոնտա. մարդ անկեղծ խոստովանութենէ մը ետք ուրախութիւն կը զգա՞յ:

-Ո՛չ մնայուն կերպով: Առաջին ակնթարթին կրնաս ուրախութիւն չզգալ, սակայն ուրախութիւնը կամաց-կամաց պիտի ծնի սիրտիդ մէջ: Խոստովանութենէն ետք անհրաժեշտ է թեթեւ ինքնազգացողութիւն, պէտք է զգաս այնպէս՝ ինչպէս կը զգայ մարդ մը, որուն պարտքերը ներուած են, որով ուրախութիւն ու երախտագիտութիւն կը զգայ իրեն բարիք ընողին նկատմամբ: Պէտք է շնորհակալութիւն յայտնես Աստուծոյ ու մնայուն կերպով ապրիս Սաղմոսին ըսածը. «Ապա ես, գիտեմ արատս ու մեղքս միշտ դիմացս է» (Սղ 50.3), այս մէկը որպէսզի կրկին անգամ նոյն մեղքին մէջ չիյնանք:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ 

•շար. 46

12 յուլիս 2021, Վաղարշապատ 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 19, 2021