ԵՐԿՈՒ ՔԵՐԹՈՒԱԾ ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇԷՆ

ՄԱՆՐ ԱՆՁՐԵՒ ՄԸ ՀԵՌԱՒՈՐ ԱՇՆԱՆ ՄԸ ՄԷՋ

Մանր անձրեւ մը հեռաւոր աշնան մը մէջ,
Թռչունները կապոյտ են... կապոյտ
Եւ արտը՝ տօնական:
Մի ըսեր, որ ամպ մըն եմ օդակայանին մէջ:
Ես չեմ ուզեր երկրէս, 
Որ ինկաւ շոգեկառքին պատուհանէն,
Մօրս թաշկինակէն բացին
Եւ նոր մահուան պատճառներ:

Մանր անձրեւ մը տարօրինակ աշնան մը մէջ,
Պատուհանները ճերմակ են... ճերմակ:
Արեւը մշակավայր մըն է մայրամուտին,
Իսկ ես՝ կողոպտուած նարինջ մը:
Ինչո՞ւ կը փախչիս մարմինէս.
Ես չեմ ուզեր, 
Դանակներուն եւ պլպուլներուն երկրէն,
Մօրս թաշկինակէն բացին
Եւ մահուան նոր պատճառներ:

Մանր անձրեւ մը տխուր աշնան մը մէջ,
Հանդիպումները կանաչ են... կանաչ
Եւ Արեւը կաւ մըն է:
Մի ըսեր տեսանք քեզ յասմիկին օրհասին մէջ,
Դէմքս գիշեր մըն էր,
Իսկ մահս՝ գուրգուրանք մը:
Ես չէի ուզեր երկրէս, 
Որ մոռցած է բացականերուն հնչիւնները,
Մօրս թաշկինակէն բացին
Եւ մահուան նոր պատճառներ:

Մանր անձրեւ մը հեռաւոր աշնան մը մէջ,
Թռչունները կապոյտ են... կապոյտ,
Իսկ արտը՝ տօնական...
Եւ թռչունները գացին դէպի անդարձ ժամանակներ:
Կ՚ուզե՞ս գիտնալ հայրենիքս
Եւ ինչ որ կար մեր միջեւ:
Հայրենիքս կապանքներուն համն է,
Համբոյրս՝ նամակով ղրկուած.
Եւ ես չեմ ուզեր
Հայրենիքէս, որ մորթեց զիս,
Մօրս թաշկինակէն բացին
Եւ նոր մահուան պատճառներ...

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԵՐԵՍՆԵՐԸ

Ճշմարտւթիւնը այլաբանական կին մըն է,
Երբ կրակն ու ջուրը կը խառնուին
Իր տեսքին մէջ:

Ճշմարտութիւնը յարաբերական է,
Երբ արիւնը արեան կը խառնուի՝
Գիշերը:

Ճշմարտութիւնը ճերմակ է, շողշողուն,
Երբ զոհը կը քալէ
Կոտրած ոտքերով՝
Դանդաղօրէն:

Ճշմարտութիւնը անհատականութիւն մըն է
Ոտանաւորին մէջ,
Որ է եւ չէ
Կամ հակառակը:
Ան իր ստուերէն հոսած կաթիլներն է:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Օգոստոս 19, 2022