ՃԱՐԵԼ ՆՈՐ ԱՆՈՒՆ ՄԸ…
Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենան բաւական արագ իրադարձութիւններ։ Սովորաբար, երբ ընտրութիւններու մասին կը խօսինք՝ անպայման ի մտի կ՚ունենանք, թէ որեւէ ընտրական գործընթաց իր մէջ ունի կարեւորագոյն դրուածք մը, որ կը կոչուի «հանգստացնող փուլ»։ Նախընտրական պայքար, փողոցի աղմուկ, մեծ-մեծ խոստումներ, անցած ճանապարհին մասին յոխորտանքով ձեւակերպումներ ու այս բոլորէն անդին՝ ժողովուրդի վստահութեան յենելու ռազմավարութիւն… Այս բոլորը, անշուշտ, մեր ետին են ու իրօք պարզուած պատկերը կու գայ ցոյց տալ, որ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները կանգնած են լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ։ Կան վարկածներ, ըստ որոնց այս ընտրութիւնները ի տարբերութիւն նախորդ խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ հակառակ անոր, որ քաղաքապետական ընտրութիւններ են՝ կը պարունակեն քաղաքական լուրջ պատգամներ։
Մինչ 2021 թուականի խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններուն Հայաստանի հասարակութեան ջախջախիչ տոկոսը ընտրատեղամաս ներկայացաւ, որպէսզի իր «ոչ»ը ըսէ՝ նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին՝ պարզելով «Ո՛չ Ռոպերթին եւ յանուն Հայաստանի» լոզունգը, այսօր ըստ երեւոյթին պատկերը ամբողջականօրէն փոխուած է, որովհետեւ թէ՛ ընտրութեան մասնակիցներոու ընդհանուր տոկոսային համեմատութիւնը եւ թէ վերջնական արդիւնքները ցոյց կու տան, որ հասարակութեան ջախջախիչ հատուածը այս անգամ ընտրութիւններուն չմասնակցեցաւ՝ իր անհամաձայնութիւնը ցոյց տալով ներկայ իշխանութիւններու գործելաոճին դէմ։ Հայաստանի ընդդիմադիր շրջանակները, որոնք գոհ են այսօր ստեղծուած իրավիճակին, նոյն արդիւնքները կ՚ունենային, եթէ 2020 թուականին Քոչարեան հեռու մնար հրապարակներէն։
Այս բոլորին առընթեր, ուշագրաւ դիտարկում մը նկատելի էր համացանցի վրայ. լրագրող մը կը գրէր, թէ այսօր Հայաստանի իշխանութիւնները կը նմանին արձանի մը, որ գաճէ ոտքեր ունի։ Մէյ մը որ արձանի ոտքերը փշրուին, ապա ամբողջ համակարգը կրնայ արագօրէն փուլ գալ։ Նախապայմանը այդ առումով նոր դէմքեր տեսնելն էր ու ամենակարեւոր կէտը այն էր, որ հասարակութիւնը որեւէ պարագայի պիտի չուզէր անցեալին վերադառնալու ճիգ մը։ Այս դրոյթը բաւական դժուար կը դարձնէր իրավիճակը. դժուար մասնաւորապէս ընդդիմութեան համար, բայց նաեւ դժուար իշխանութեան համար, որովհետեւ ընտրութեանց մասնակից անուններուն մէջ կար առնուազն մէկը, որ ունէր թարմ գործիչի հմայք, նաեւ կ՚ապահովէր՝ անցեալին հետ ոչ-առընչակից գործիչի մը համբաւը։ Այդ մէկը Երեւանի նախկին քաղաքապետ Հայկ Մարութեանն էր, որ այսօր նոր հաւասարակշռութիւններ կը համակարգէ ու շատ հաւանաբար դառնայ այն դէմքը, որ նոր դաշինքներ կազմելու ընդունակութիւն պիտի ունենայ։
Այստեղ հարկ է յիշեցնել, որ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, որ իշխանութեան գլուխ կը գտնուի եւ անոր համակիր «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը յար եւ նման միւս երեք ուժերուն՝ Հայկ Մարութեանի առաջնորդած «Ազգային առաջընթաց»ին, Անդրանիկ Թեւանեանի գլխաւորած «Մայր Հայաստան» դաշինքին (բնականաբար Քոչարեանի նեցուկով) ու հանրաճանաչ պլոկըր, նախկին համակարգային ոստիկան Վարդան Ղուկասեանի «Հանրային Ձայն»ին, կարողացան յաղթահարել Երեւանի քաղաքապետութեան աւագանիին մաս կազմելու համար սահմանուած նուազագոյն քուէներու շէմը։ Քուէներու տոկոսային համեմատութեամբ չունին լիազօրութիւններու 50 առաւել մէկ տոկոսը, ինչ որ անհնար կը դարձնէ ընտրել նոր քաղաքապետ մը։ Ի դէպ, այդպէս պիտի ըլլայ քաղաքապետի ընտրութիւնը՝ աւագանիին ճամբով, որովհետեւ կանոնը այսպէս է, սակայն որեւէ քաղաքական խումբ չէ յաջողած հաւաքել անհրաժեշտ քուէները։ Ուրեմն, այս բոլորի լոյսին տակ հասնելու համար եզրակացութիւններու, պէտք է արձանագրել, որ Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւններուն դիրքերը բաւական թոյլ են եւ անոնց ժողովրդականութիւնը չունի առաջուան ներուժը։ Իշխանական բուրգին մէջ կան լուրջ տարակարծութիւններ, որոնք իրադրութիւնը կրնան աւելիով բարդացնել։
Հայաստանի քաղաքացին, որ յոգնած է նախկին-ներկայ խաղէն, կը փորձէ ամէն ինչ ընել՝ ճարելու համար նոր անուն մը ու բոլորուելու անոր շուրջ։ Տարածաշրջանային ու միջազգային տեղաշարժերուն առընթեր, շաբաթավերջի ընտրութիւնները ցոյց կու տան, որ Հայաստանի հասարակութեան մեծամասնութիւնը ընթացքներուն չ՚ուզեր նայիլ այժմու պրիսմակով։ Անոր համար յուզական վիճակներ չեն ստեղծեր Արեւմուտքի խոստումները կամ աւելին՝ ան չի հաւատար, թէ արտաքին միջամտութիւնները կամ խաղերը որեւէ ձեւով կրնան իր կեանքը դրական հունի մը տանիլ։ Եւս առաւել, Հայաստանի հասարակութիւնը չի վստահիր երկրի որեւէ կուսակցութեան եւ անոր գերակշիռ տոկոսը կը հաւատայ, թէ կուսակցութիւններու ժամանակը անցած է։ Ապացո՞յց… Արդէն հասարակութեան մեծամասնութիւնը անտեսած է ամէն ինչ ու չէ մասնակցած քուէարկութեան։
Այս բոլորը քով-քովի շարելով կ՚ունենանք բաւական խճճուած պատկեր մը, որուն ամենէն էական մասը հարցադրում մըն է։ Արդեօք Երեւանի քաղաքապետական շաբաթավերջի ընտրութիւնները կերպով մը կամ ինչ-որ առումով կրնա՞ն փոխադրուիլ ներքին քաղաքական հարթակ եւ սկզբնաւորել ներքին պայքարներու նոր փուլ մը։ Հարցումը յատկապէս կը վերաբերի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ անոր շուրջ բոլոր-ւած իշխանաւորներուն, որոնք մեծ սխալներու հետեւանքով, ըստ երեւոյթին, կորսնցուցած են Հայաստանի հասարակութեան մեծամասնութեան ամբողջական ու լիարժէք վստահութիւնը։ Եւ այս առումով աւելի քան պարզ դիտարկում մը պէտք է համարել, որ ցարդ այդ վստահութիւնը ոտքի կը պահուէր միայն ու միայն նախկիններու-ներկաներու խաղադրոյքով, որ կարծէք հասած ըլլայ իր մայրամուտին։
Ի հարկէ, շատ բան կախեալ պիտի ըլլայ յառաջիկայ օրերու իրադարձութիւններէն եւ Երեւանի քաղաքապետարանի նոր խմորումները իրական ներուժը պիտի ունենան նան ցոյց տալու, թէ ի՞նչ ուղղութիւն պիտի ունենան յառաջիկայ իրադարձութիւնները։
ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐԸ
Երեւանի քաղաքապետութեան կիրակի օրուան ընտրութեան պաշտօնապէս հրապարակուած վերջնական արդիւնքը։
- «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւն - 32.57 %
- «Հանրային ձայն» կուսակցութիւն - 9.68 %
- «Արդար Հայաստան» կուսակցութիւն - 1.12 %
- «Յաղթանակ» կուսակցութիւն - 1.71 %
- «Ուժը հայրենեաց» կուսակցութիւն - 0.74 %
- Հայաստանի եւրոպական կուսակցութիւն - 1.11 %
- «Ազգային առաջընթաց» կուսակցութիւն - 18.89 %
- «Յանուն սոցիալական արդարութեան» կուսակցութիւն - 0.34 %
- «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւն - 11.32 %
- «Միացեալ Հայաստան» կուսակցութիւն - 0.55 %
- «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւն - 1.8 %
- «Ժողովրդավարական Համախմբում» կուսակցութիւն - 1.01 %
- «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւն - 3.64 %
- «Մայր Հայաստան» դաշինք - 15.43 %
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/30/2024