ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ ԺԲ.

ԴԱՏԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

Ասկէ ետք կը ճառէ հրեաներու հակառակութեան մասին.

Խօսք. «Ժողովուրդը պատասխանեց.

-Մեր Օրէնքը մեզի կ՚ըսէ, թէ Քրիստոս յաւիտեան պիտի մնայ» (Յհ 12.34):

Մեկնութիւն. Օրէնք յատկապէս Մովսէի հինգ գիրքերը կը կոչուէին, սակայն հասարակ անուամբ՝ ամբողջ Հին Կտակարանը Օրէնք կը կոչուէին, ինչպէս այստեղ, քանի որ մարգարէները Քրիստոսի յաւիտենականութիւնը կը ցուցնեն, որովհետեւ Եսայիի իններորդ գլուխին մէջ գրուած է. «Ու Անոր անունը Սքանչելի Խորհրդակից, Աստուած, Հզօր, հանդերձեալ աշխարհին Հայր պիտի կոչուի, ու Անոր խաղաղութեան սահման չկայ» (տե՛ս Ես 9.6-7): Իսկ Դանիէլի եօթներորդին մէջ. «Անոր իշխանութիւնը յաւիտենական իշխանութիւն է» (Դն 4.31), որ չ՚անցնիր, ու Անոր թագաւորութիւնը չ՚եղծանիր: Դարձեալ, Միքիայի եօթներորդին մէջ. «Քեզմէ Ինծի Իշխան մը պիտի ելլէ Իսրայէլի համար, ու Անոր ելքը յաւիտեաններու սկիզբէն է» (տե՛ս Մք 5.2): Իսկ այսպիսի մնացականութիւն մը ներհակ կ՚երեւի Քրիստոսի մահուան, այդ պատճառով կ՚ըսեն.

Խօսք. «Իսկ Դուն ինչպէ՞ս կ՚ըսես թէ Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ» (Յհ 12.34):

Մեկնութիւն. այսինքն՝ խաչին վրայ մեռնիլ: Եւ տե՛ս նենգութիւնը, որովհետեւ ասով կ՚ուզէին ցուցնել, թէ Քրիստոս Աստուած չէ, իբրեւ թէ Դուն Քու մասիդ մեռնիլ կ՚ըսես, հետեւեաբար Քրիստոս չես, քանի որ Քրիստոս յաւիտեան կայ, իսկ եթէ ուրիշ մէկու մը մասին կը խօսիս, ըսէ՛ մեզի:

Խօսք. «Ո՞վ է այդ Մարդու Որդին» (Յհ 12.34):

Մեկնութիւն. թէեւ Քրիստոս Ինքզինք այստեղ Մարդու Որդի չկոչեց, սակայն այլ տեղեր բազմաթիւ անգամներ լսած էին, ինչպէս Մեկնիչդ կ՚ըսէ:

Հարցում. Հրեաները ուրկէ՞ իմացան, թէ բարձրանալ խաչին նշանակ է:

Պատասխան. Երեք բանէ. Նախ՝ անկէ, որ ըսաւ. «Մովսէս ինչպէս անապատին մէջ օձը բարձրացուց, այդպէս պէտք է բարձրանայ» (տե՛ս Յհ 3.14), եւ այլն: Երկրորդ. Ոսկեբերանը կ՚ըսէ. «Եւ ասով յայտնի է, թէ հրեաները կրնային բազմաթիւ բաներ իմանալ, որ Քրիստոս առակով կը խօսէր, քանի որ բարձրանալով մահը հասկցան»: Երրորդ. ոմանք կ՚ըսեն, թէ այն ատեն հրեաներուն մէջ խաչ հանելը առակով՝ բարձրանալ կ՚ըսուէր, եւ տակաւին մարդիկ այդպէս կը խօսին, քանի որ երբ ոեւէ մէկը կը նզովեն, կ՚ըսեն՝ երանի՜ թէ բարձրանային, այսինքն՝ կախուած ըլլայիր:

Ետքէն կը ճառէ Քրիստոսի պատասխանը, թէ թէեւ ասոնք կ՚ըսեն, թէ Քրիստոս յաւիտեան կայ, սակայն կատարելապէս չեն ճանչնար զՔրիստոս:

Խօսք. «Յիսուս պատասխանեց.

-Լոյսը քիչ մը ատեն ալ ձեզի հետ է» (Յհ 12.35):

Մեկնութիւն. որովհետեւ ասոնք չէին իմանար, թէ Քրիստոսի մահն ու չարչարանքը զոյգ կրնայ ըլլալ յաւիտենականի Աստուածութեան հետ, սակայն Սուրբ Գիրքը երկուքն ալ կը դնէ, այսինքն՝ Քրիստոսի մահն ու Անոր յաւիտենականութիւնը: Յաւիտենականութեան մասին ցոյց տուինք, իսկ չարչարանքներու մասին Եսային յիսուներորդ գլուխին մէջ կը գրէ. «Ոչխարի նման զենուելու տարուեցաւ եւ իբրեւ գառնուկ՝ կտրիչի դիմաց» (Ես 53.7): Եւ հրեաներուն վարդապետները յիսուներորդ գլուխը ամբողջութեամբ կը հասկնան Քրիստոսի համար: Իսկ Դաւիթ. «Ծակեցին ձեռքերն ու ոտքերը» (Սղ 21.18), եւ լեղիի մասին կը գրէ: Իսկ Դանիէլի իններորդին մէջ գրուած է. «Վաթսուն երկու շաբաթ ետք պիտի սպաննուի Օծեալը» (տե՛ս Դն 9.26), եւ ասոնք կ՚իմացնէին Քրիստոսի յաւիտենկանութիւնը ու ոչ թէ չարչարանքները, այդ պատճառով Քրիստոս կ՚ըսէ. «Լոյսը քիչ մը ատեն ալ ձեզի հետ է», նոյնպէս Մեկնիչդ չարչարանքներուն եւ անապական թաղումին մասին կ՚ըսէ, իսկ որովհետեւ ասոնք ճանաչումը անկատար կերպով ունէին, ատոր համար Քրիստոս կը խրատէ զանոնք, որպէսզի շտապեն ու կատարեալ ճանաչումը ստանան Քրիստոսի մասին՝ ըսելով.

Խօսք. «Քալեցէ՛ք» (Յհ 12.35):

Մեկնութիւն. այսինքն՝ յառաջացէք աճումով օր ըստ օրի հաւատքի ու ճանաչումի մէջ, որ հիմա կրնաք դիւրութեամբ ստանալ, քանի որ Լոյսը ձեզի հետ ունիք:

Եւ Քրիստոս Լոյս կը կոչուի. նախ՝ քանի որ բնութեամբ լոյս է եւ՝ լուսաւորիչ աշխարհի: Երկրորդ. տգիտութեան, անհաւատութեան եւ մեղքերու խաւարը կը փարատէ: Երրորդ. որովհետեւ ինչքան ժամանակ որ մարմինով երկրի վրայ էր, շնորհներու ցերեկ էր: Չորրորդ. քանի որ հաւատացեալներուն լոյս է, իսկ անհաւատներուն՝ խաւար: Հինգերորդ. ինչպէս որ լոյսը արեգակէն առաջ է, Բանն ալ սկիզբէն էր ու յետոյ մարմին եղաւ: Վեցերորդ. ինչպէս լոյսը անբաժան է արեգակէն, այդպէս ալ Բանը անբաժան է մարմինէն: Եօթներորդ. ինչպէս որ լոյսը եւ անօթը մէ՛կ արեգակ է, այդպէս ալ Բանն ու մարմինը, մէ՛կ Քրիստոս: Ութերորդ. ինչպէս որ արեգակը մեր մօտ կը ծածկուի, սակայն չ՚ապականիր, այլ՝ դարձեալ կը ծագի, այդպէս ալ Քրիստոս անապական թաղումով երկրի մէջ ծածկուեցաւ ու յարութեամբ՝ լուսաւորեց մեզ: Իններորդ. ինչպէս արեւէն կրկին լոյս կը ծագի, այդպէս ալ Քրիստոսէ՝ վարդապետութիւն եւ շնորհք: Տասներորդ. ով որ լոյսով կ՚ընթանայ՝ չի՛ մոլորիր, այդպէս ալ ան որ Քրիստոսի հաւատքով կ՚ընթանայ առանց մոլորելու՝ փրկութեան կը հասնի, ինչպէս կ՚ըսէ:

Խօսք. «Լոյսով քալեցէք, որպէսզի խաւարը չհասնի ձեզի» (Յհ 12.35):

Մեկնութիւն. ինչպէս ստուերը գիշերուան խաւարին կը հասցնէ, այդպէս ալ տգիտութեան, անհաւատութեան եւ մեղքերուն խաւարը՝ անլուծանելի խաւարին կը հասցնէ, այդպէս ալ հաւատքի, գիտութեան եւ արդարութեան լոյսը՝ մշտնջենաւոր լոյսին կը հասցնէ:

Խօսք. «Ան որ խաւարին մէջ կը քալէ՝ չի գիտեր թէ ո՛ւր կ՚երթայ» (Յհ 12.35):

Մեկնութիւն. քանի որ մոլորուածը երբեմն կը կարծէ, թէ ճիշդ ուղիով կ՚ընթանայ, թէեւ դէպի կորուստ կ՚երթայ, այդ պատճառով Քրիստոս կը յօժարեցնէ հաւատքի լոյսին ու ճշմարիտ ճանաչումին: Դարձեալ՝ ինչպէս Մեկնիչդ կ՚ըսէ, ով որ զգալի խաւարին մէջ կը քալէ, անոր երթալը չի՛ դադրիր, սակայն, չի՛ գիտեր, թէ ո՞ւր կ՚երթայ, որովհետեւ լոյսը իրեն առաջնորդ չունի:

Ասիկա չորս բաներու օրինակ ունի. նախ՝ ինչպէս այլազգիները բարիք կը գործեն, մինչ Քրիստոսի նկատմամբ հաւատք չունին, կատարումին չեն հասնիր: Երկրորդ. ով որ մկրտուած չէ, միւս խորհուրդները չի կատարեր: Երրորդ. ով որ մեղքերը չի՛ խոստովանիր, միւս բարութիւնները չի՛ կրնար կատարել: Չորրորդ. ով որ տեսականին գիտութիւնը չունի, գործնականը չի՛ կրնար կատարել, քանի որ գործին պատճառը չի՛ գիտեր:

Խօսք. «Հաւատացէ՛ք լոյսին, որպէսզի լոյսի որդիներ ըլլաք» (Յհ 12.36):

Մեկնութիւն. հաւատացէ՛ք լոյսին, այսինքն՝ Ի՛նծի հաւատացէք ու այն ատեն կրնաք լոյսի որդիներ ըլլալ՝ ըստ որդեգրութեան Աւազանի ծնունդին:

Հարցում. Ինչո՞ւ մկրտութեամբ լոյսի որդիներ կը ծնինք:

Պատասխան. Ինչպէս յայտնի է անոր սահմանումէն, որովհետեւ մկրտութիւնը հոգեւոր կնիք է, լուսաւոր եւ աստուածայնագոյն ծնունդ:

Ասիկա չորս պատճառով. նախ՝ քանի որ Հոգիէն կը ծնինք, երկրորդ՝ հաւատքով, երրորդ՝ արդարութեամբ, չորրորդ՝ հանդերձեալ կեանքին: Եւ որովհետեւ ասոնք Քրիստոսի խօսքը չհասկցան, այլ՝ հակառակիլ ուզեցին, ատոր համար կ՚ըսէ.

Խօսք. «Յիսուս այս խօսքերը ըսելէ ետք՝ գնաց եւ անոնցմէ պահուըտեցաւ» (Յհ 12.36):

Մեկնութիւն. ըստ Ոսկեբերանին՝ գնաց եւ անոնցմէ պահուըտեցաւ՝ անհաւատներէն ու չարակամներէն, նոյնը ըրաւ ութերորդ եւ տասներորդ գլուխներուն մէջ, որովհետեւ թէեւ չ՚ըսուիր, թէ կ՚ուզէին սպաննել զԻնք, ինչպէս այնտեղ կը գրուի, սակայն այստեղ կամքն ու խորհուրդը ունէին այդ բանին:

Այդ պատճառով պահուըտեցաւ. նախ՝ քանի որ Իր չարչարանքներուն ժամը չէր հասած: Երկրորդ. որպէսզի հարկադրաբար չբռնուի անոնց կողմէ, այլ՝ յետոյ Իր կամքով գայ, եւ երբ Ինք կամենայ, ապա չարչարուի:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 124

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2021