ԱԿՆԱՐԿ - 37 - «ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԿՈՆԴԱԿՆԵՐ» (ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ)
Մատթէոս Գ. Կ. Պոլսեցի (Իզմիրլեան) - (Ծնած 12 փետրուար 1845: Վախճանած 11 դեկտեմբեր 1910: Գահակալութեան տարիներ. 1-ին շրջան՝ 26 դեկտեմբեր 1894 - 23 յուլիս 1896 հրաժարած է: 2-րդ շրջան 1908-1909):
Ծնած է Պոլիս, Գումգաբու Դրսի թաղը: 1862-ին, տակաւին 17 տարեկան փոխադրուած է Օրթագիւղ եւ վայելած է Յովհաննէս Եպսկ. Կապուտիկեանի հովանաւորութիւնը: Նոյն եպիսկոպոսին ձեռամբ 29 յունիս 1869-ին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է: Նոյն տարին՝ 28 սեպտեմբերին վարդապետական գաւազան ստացած է դարձեալ Կապուտիկեան Եպիսկոպոսի կողմէ: Խրիմեանի պատրիարքութեան տարիներուն Պատրիարքարանի քարտուղարը եղած է: 1876-ին Գէորգ Դ. Կաթողիկոսին ձեռամբ եպիսկոպոս օծուած է: 1886-1891 եղած է Եգիպտոսի առաջնորդ:
7 դեկտեմբեր 1894-ին ընտրուած է Պոլսոյ պատրիարք եւ գահակալած է 26 դեկտեմբերին: 23 յուլիս 1896-ին հրաժարած է քաղաքական պայմաններու բերումով եւ նոյն պատճառով ալ տարագրուած է Երուսաղէմ, ուր մնացած է մինչեւ 1908-ը, երբ վերադարձած է Կ. Պոլիս, վերընտրուած է պատրիարք եւ գահակալած է մէկ տարի, որովհետեւ 1 նոյեմբեր 1908-ին ընտրուած է Ամենայն Հայոց Հայրապետ: 1909-ին մեկնած է Սուրբ Էջմիածին: Վախճանած է 1910-ին: Անոր մարմինը ամփոփուած է Մայր Տաճարի Աւագ Դռան հիւսիսակողմը:
- Եւ արդ՝ Եղբարք իմ, լծակիցք իմ եւ վաստակակիցք Սրբազան Արքեպիսկոպոսունք, Սրբազան Եպիսկոպոսունք, Պատրիարքական եւ Առաջնորդական Փոխանորդք, Դուք որ կարգեալ էք Տեսուչ եւ Հովիւ ձեզ յանձնուած բանաւոր հօտին Քրիստոսի եւ Ուխտիւ Սրբութեան, պարտաւորութիւն յանձն առած էք առաջի ահաւորին Աստուծոյ եւ հաւատացեալ մարդկան, հսկեցէք որ քրիստոնէական հաւատոյ աւանդն անարատ մնայ, հսկեցէք որ մեր Հայաստանեայց Ս. Եկեղեցւոյ Առաքելական կարգաց, կանոնաց, ծիսից եւ աւանդութեանց մէջ նորաձեւութիւնք չսպրդին, հսկեցէք որ ամենայն եկեղեցական պաշտամունք, երգեցողութիւնք եւ Սրբազան խորհրդոց մատակարարութիւնք կատարուին քրիստոնէական հաւատով, յուսով եւ սիրով, կատարուին ջերմեռանդն սրտիւ, կատարուին Հայաստանեայց Ս. Եկեղեցւոյ կարգաց եւ կանոնաց համաձայն, հսկեցէք որ ձեզ ստորադասեալ պաշտօնեայք՝ վարդապետք, քահանայք, սարկաւագունք եւ դպիրք սրբութեամբ եւ պարկեշտութեամբ քաղաքավարին, եւ քրիստոնէական հոգւով եւ զգացմամբ կատարեն իրենց պաշտօնը: Ուշ դրէք ամենայն արթնութեամբ եւ մանրախոյզ քննութեամբ ընտրեցէք ձեռնադրութեան մատչողներն, որ եկեղեցասէր, անարատ եւ որչափ հնար է, գիտուն անձինք լինին, որպէսզի հայ եկեղեցականութիւնն որ սուրբ եւ ընտիր լինել պէտք է, չկազմուի անարժաններէ, եւ այս մասին տիրած գայթակղութիւնք հետզհետէ բարձուին:
Հսկեցէք, քարոզեցէք, յորդորեցէք եւ խրատեցէք որ Հայաստանեայց Ս. Եկեղեցւոյ որդիք սիրայօժար փութան ի կատարումն իրենց քրիստոնէական պարտուց, ազգային պարտուց եւ մարդասիրական պարտուց, մխիթարեցէք վշտացեալ եւ բեկեալ սրտերը: Հոգ եւ խնամ տարէք աղքատաց, աղքատ հիւանդաց, որբոց եւ այրեաց վիճակին բարւոքման եւ անոնց պիտոյից յանձանձման: Հսկեցէք հայ մանկտւոյն կրօնական, բարոյական եւ մտաւորական կրթութեան վրայ, քաջալերեցէք կրթութեան գործին յառաջացման համար ամէն հաստատութիւններն եւ ձեռնարկները, եւ օգնեցէք անոնց այնու հաստատուն համոզմամբ, թէ տգիտութիւնը աղբիւր է ամենայն չարեաց:
- Իսկ ձեզ սիրելի ժողովուրդ Աստուծոյ, կը յորդորեմ սիրովն Յիսուսի Քրիստոսի Տեառն մերոյ, որ ձեր բովանդակ կենաց մէջ Սուրբգրոց աստուածաւանդ պատուէրները մտադիւր լսէք եւ կատարէք ի փրկութիւն ձեր հոգւոց, սրբութեամբ պաշտէք զկենդանին Աստուած յաւիտենից զՆախախնամողն համայն տիեզերաց: Ամրապինդ պահեցէք ձեր հայրենաւանդ սովորութիւնները, սիրեցէք Ս. Եկեղեցին՝ մեր Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին, յաճախեցէք ի Ս. Եկեղեցի որ սրբութեան յարկ եւ փառաբանութեան տեղի է, եւ զի մեր ազգային միութեան յօդակապն է:
- Այո՝ հաւատացէք, կ՚ըսեմ, որ յանուն Եկեղեցւոյ, վարժարանաց, աղքատաց եւ այլ բարեգործական հաստատութեանց ձեր շնորհած դրամական նպաստներովն եւ կտակաւը կը գանձէք յերկինս անկորուստ եւ աճեցուն գանձեր, որոց պահապանն Յիսուս Քրիստոս մեր Տէրն է, որ իւր կենարար վարդապետութեամբն ուսոյց մեզ բարեգործութեամբք գանձել գանձս յերկինս, ուր ոչ գող մերձենայ եւ ոչ ցեցք ապականեն:
- Սիրելի ժողովուրդ, կը յորդորեմ զձեզ սիրովն Յիսուսի, որ ձեր բովանդակ կենաց մէջ Սուրբգրոց Աստուածաւանդ պատուէրներ մտադիւր լսէք եւ կատարէք ի փրկութիւն ձեր հոգւոց, սրբութեամբ պաշտէք զԿենդանին Աստուած, զՆախախնամողն տիեզերաց: Բարեպաշտ ժողովուրդ, ամրապինդ պահեցէք ձեր հայրենաւանդ սովորութիւնները, սիրեցէք Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին, որ մեր ազգային միութեան յօդակապն է, յաճախեցէք ամենայն երկիւղածութեամբ ի տաճարն Աստուծոյ Կենդանւոյ, որ սրբութեան յարկ եւ փառաբանութեան տեղի է: Սիրեցէք խնամել աղքատներն, որբերն եւ տնանկները, ջանացէք բոլոր բարեպաշտական, կրթական եւ գթասիրական հաստատութիւնները անկարօտ եւ վայելուչ վիճակի մէջ պահել ի փառս եւ ի պարծանս ազգիս:
Մասնաւորելով խօսքս առ մարմնաւոր ծնողսդ եւ պաշտպանսդ որբոց՝ հայրաբար կը յորդորեմ որ մեծ հոգ տանիք ձեր որդւոց մտաւորական եւ բարոյական կրթութեան, եւ գիտցէք որ ձեր զաւակաց կատարեալ կրթութիւնն ոչ միայն եկեղեցւոյ եւ ազգին մեծապէս օգտակար է, այլ եւ ձեզ ծնողացդ թանկագին գանձ մ՚է, ուստի մի՛ խնայէք եւ ոչ մի ինչ վարժարանաց համար, որպէսզի աւելի եւս բարեկարգուին եւ ձեր որդիք առաւելապէս օգտուին: Գիտցէք նաեւ թէ ի՛նչ եւ որքան կ՚ուսանին վարժարանաց մէջ, առաւել եւս կ՚ուսանին ձենէ աշխարհի մէջ ապրելու եղանակն: Ուստի լաւ համոզուեցէք որ ձեր բարի խրատներէն աւելի ձեր օրինակը շատ ազդու է անոնց աչքին, ջանացէք ուրեմն ընտանեկան առաքինութեամբ զարգանալ, փոխադարձ սէր, վստահութիւն, անկեղծութիւն եւ համեստութիւն ձեր ընտանեկան կեանքին առանցքը թող ըլլան: Գիտցէք որ երբ այսպէս շարունակէք ձեր ամուսնական սուրբ կեանքը, այլեւս անհաճոյ դէպքեր եւ քայքայիչ խնդիրներ շատ հեռի կը մնան ընտանեկան յարկերէն:
- Աղօթենք նաեւ եւ խնդրենք սրտաբուղխ հառաչանօք՝ որ բարձրեալ եւ ամենողորմածն Աստուած շնորհէ բովանդակ աշխարհի խաղաղութիւն եւ անդորրութիւն: Աղօթենք եւ խնդրենք որ աղբիւրն իմաստութեան եւ Սուրբ Հոգին շնորհաց ցօղէ մեզ հոգի գիտութեան, հոգի իմաստութեան, հոգի հանճարոյ, հոգի աստուածպաշտութեան, եւ առաջնորդէ զմեզ ի ճշմարիտն, ի բարին եւ յօգտակարն: Աղօթենք եւ խնդրենք որ Մարդասէրն Աստուած հայոց ազգն եւ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին պահէ յամենայն չարէ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ