«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)

ԽՆԱՅՈՂՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԵՐԿՆԱՅԻՆ «ԴՐԱՄԱՏԱՆ» ՄԷՋ ԱՒԱՆԴ ԱՒԵԼՑՆԵԼԸ

-Ո՜վ Ռոնտա. կը նեղուիմ, երբ ուրիշները իմ մասիս լաւ կարծիք չունին:

-Շատ ապրիս, որ իմացուցիր զիս այդ մասին: Այսօրուընէ սկսեալ պիտի սկսիմ աղօթել, որպէսզի ուրիշները լաւ կարծիք չկազմեն մասիդ, որովհետեւ ատիկա ուշադրութիւնդ կը գրաւէ իմ լա՜ւ աղջիկ: Աստուած երբեմն թոյլ կու տայ, որպէսզի մարդիկ անիրաւեն կամ վատութիւն ընեն մեզի որոշակի խօսակցութիւններով, որպէսզի մեր որոշ մեղքերուն պարտքը տանք եւ գալիք կեանքին մէջ որոշակի բան ամբարենք: Չեմ հասկնար, թէ ինչպէ՞ս կ՚ուզես հոգեւոր կեանքը: Տակաւին հոգեւոր շահդ ե՛ս հասկցած եւ այս կեանքին մէջ վարձատրութիւն կ՚ուզես: Երկինքին համար բան չձգեցիր: Ի՞նչ կը կարդաս: Աֆերեդինոս1 գիրքը կը կարդա՞ս: Այնտեղ չե՞ս գտած թէ ինչ պէտք է կատարես: Աւետարան կը կարդա՞ս. ըրէ՛ այն ինչ ամէն օր կը կարդաս:

-Ո՜վ Ռոնտա. երբ լաւ գործ մը կատարեմ ու ուրիշները չգիտանան այդ մասին՝ կը նեղուիմ:

-Բարի, ի՞նչ կ՚ուզես. մարդի՞կ գիտնան կատարածիդ մասին, թէ՞ Յիսուս. աւելի մեծ օգուտ չե՞ս ունենար երբ Յիսուս իմանայ այդ մասին. ի՞նչ օգուտ պիտի տայ քեզի ատիկա եթէ ուրիշները իմանան եւ ուշադրութիւն դարձնեն կատարածիդ մասին. եթէ հիմա իմացան բարերութեան մասին՝ որ կը կատարես, ապա յաջորդ կեանքին պիտի լսես. «Կեանքիդ ընթացքին ամէն բարիք վայելեցիր» (Ղկ 16.25): Պէտք է ուրախանանք երբ ուրիշները չեն իմանար մեր յոգնութիւններուն մասին ու չեն վարձատրեր մեզ, քանի որ Յիսուս այդ յոգնութիւնները նկատի պիտի ունենայ եւ վարձատրութիւնը երկնային պիտի ըլլայ: Աստւածային վարձատրութիւն կայ, ջանանք քիչ մը տրախամադ (յունական դրամանիշ) ապահովել երկնային դրամատան մէջ: Պէտք է ընդունինք անիրաւութիւնը եւ զայն օրհնւթիւն համարենք մեզի համար, որպէսզի ատով երկնային օրհնութիւն ամբարենք մեզի համար:

* Զգուշացիր ոեւէ մէկը դատելէ՝ անոր արարքներէն մեկնելով, որով սխալ եզրակացութիւններու կը հանգիս, մանաւանդ եթէ չես կրնար իմանալ թէ ան ի՛նչ կը պահէ իր ներսիդին:

ԱՐԴԱՐԱՑՈՒՄԸ ԿԸ ՎՌՆՏԷ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՇՆՈՐՀՔԸ

Արդարացումը կը խոչընդոտէ հոգեւոր յառաջընթացը

-Ո՜վ Ռոնտա. երբ ոմանք կ՚ըսեն թէ Սուրբ Գիրքին մէջ արդարացում չկայ, ի՞նչ ըսել կ՚ուզեն:

-Կը նշանակէ, որ արդարացումը արդարանալի չէ (արդարացում չունի):

-Ո՜վ Ռոնտա. երբ ինքզինքս կ՚արդարացնեմ, միւս կողմէ կը մտածեմ, թէ արդարանալը վանականի յատկութիւններէն չէ:

-Այդքան պարզ չէ. արդարանալը ո՛չ մէկ առընչութիւն ունի հոգեւոր կեանքին հետ: Պէտք է հասկնամ, որ երբ ինքզինքս կ՚արդարացնեմ՝ հետեւաբար մեղքի շրջագիծին մէջ եմ: Այդ պարագային Աստուծոյ հետ միութեան կապս կը կտրեմ եւ աստուածային շնորհքէն կը զրկուիմ, որովհետեւ աստուածային շնորհքը մեղքին հետ չի համապատասխաներ: Այն պահին երբ մարդ կը սկսի արդարացնել այն բաները, որոնք արդարացում չունին, ապա ինքզինք ամբողջութեամբ կը մեկուսացնէ Աստուծմէ, ու Աստուծոյ եւ իր միջեւ մեկուսացուցիչ պատ կը կառուցէ: Հոսանքը կ՚անցնի՞ այդ մեկուսացուցիչ պատէն. ո՛չ: Այսպիսով աւելի զօրաւոր մեկուսասցուցիչ չկայ աստուածային շնորհքին քան արդարանալը: Կարծես թէ մարդ պատ մը կը կառուցէ, որպէսզի ինքզինք բաժնի Աստուծմէ եւ կտրէ ամէն տեսակի միութիւն Անոր հետ:

-Ո՜վ Ռոնտա. յաճախ լսած եմ, որ կ՚ըսես. «Նուազագոյնը փորձենք հոգեւոր հիմքին կառչած մնալ». ի՞նչ է հոգեւոր հիմքը:

-Խոնարհաբար յանցանքը խոստովանիլն է: Ինքզինք չարդարացնելն է երբ մարդ յանցանք կը գործէ եւ իրենց նկատողութիւններ կը տրուին: Հզօր է ան, որ ինքզինք չ՚արդարացներ, երբ յանցանքներ կը վերագրուին իրեն՝ որոնցմէ ինք զերծ է: Ով որ ինքզինք կ՚արդարացնէ, յառաջընթաց պիտի չունենայ եւ ներքին հանգստութիւն ալ պիտի չունենայ: Կախաղանի պիտի չարժանանանք յանցանք մը գործելնուս համար, սակայն պէտք չէ մենք մեզ արդարացնենք յանցանքի մը համար, որ գործեցինք ու զայն բնական նկատենք:

-Եթէ ըսուի ինծի, թէ այս ինչ բանին մէջ սխալ գործած եմ ու չկարենամ գնահատել մեղքիս չափը, դարձեալ հարցնե՞մ սխալիս մասին, թէ՞ լուռ մնամ:

-Եթէ սխալդ հինգ տոկոսի հաւասար է, չե՞ս շահիր, եթէ զայն քսանհինգ տոկոս համարես. ինչքան տոկոսը աւելցնես, այդքան յառաջընթաց կ՚ունենաս: Հետեւեալ հոգեւոր մարզանքը կատարէ. փնտռէ՛ յանցանքը, բայց մի՛ փորձեր արդարանալ, այլապէս հան-գըստութիւն պիտի չգտնես:

-Ո՜վ Ռոնտա. մարդ երբ ընտելանայ ինքզինք արդարացնելուն, սակայն յետագային գիտակցի իր գործած սխալին եւ սկսի ողբալ, օգուտ կը ստանա՞յ:

-Նուազագոյնը կը շահի փորձառութիւն մը, որմէ կրնայ օգտուիլ: Իսկ եթէ հասկցաւ ու զղջաց, ապա Աստուած անոր միւս պահարանէն բան մը կու տայ, զղջումի պահարանէն:

ԱՐԴԱՐԱՆԱԼԸ ԵՍԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔ Է

-Ո՜վ Ռոնտա. երբ ուրիշներուն գործերը չեմ արդարացներ, կը նշանակէ որ սիրտս կա՞րծր է:

-Դուն քեզ կ՚արդարացնես, իսկ ուրիշներուն ո՞չ. Յիսուս պիտի գայ ու քեզ պիտի չարդարացնէ: Կրնայ մարդուն սիրտը քարի նման կարծր ըլլայ, եթէ ոխակալութեամբ ու վատութեամբ վարուի, եւ հակառակը, եթէ սիրով վարուի զեփիւռի նման բարակ կ՚ըլլայ: Մօր սիրտ ունեցիր, քանի որ մօր սիրտը միշտ կը ներէ եւ ամէն վատութիւն մէկ կողմ կը ձգէ: Ով որ հոգեւոր գործ կը կատարէ, բոլորին գործերը կ՚արդարացնէ ու կը մեղմացնէ, մինչ ինքզինք չ՚արդարացներ, նոյնիսկ եթէ իրաւացի ըլլայ: Ինքզինք յանցաւոր կը համարէ, որովհետեւ չ՚աճեցներ առիթները, զորս կ՚ունենայ: Գողցող մարդ մը կը տեսնէ ու կը սկսի մտածել, թէ ինք եւս կրնայ գող ըլլալ՝ եթէ Աստուած չօգնէր իրեն: Հակառակը, աւելի մեծ գողութիւն կատարած կ՚ըլլայ, որովհետեւ Աստուծոյ պարգեւները բռնաբարեց: Տարբերութիւնը իր եւ միւս գողին յստակ է: Միւսին գողութիւնը տեսանելի երեւոյթ մըն է, մինչ իրը՝ ծածուկ: Այսպիսով ինքզինք կը զսպէ եւ ուրիշին մասին մեղմութեամբ կը դատէ: Եթէ ուրիշներուն մէջ սխալներ տեսնէ, փոքր կամ մեծ, կ՚արդարացնէ զանոնք եւ անոնց լաւ միտքերու ակնոցով կը նայի: Կը գիտակցի նաեւ, որ իր սխալները բազմաթիւ են ու ուրիշները կը տեսնեն զանոնք: Իւրաքանչիւր մարդ որ իր ներսիդին կը քննէ, բազմաթիւ սխալներ ու պակասութիւններ կը գտնէ, որով դիւրին կ՚ըլլայ ուրիշները արդարացնելը: Ինչքա՜ն սխալներ գործած ենք. «Երիտասարդութեանս ու անգիտութեանս մեղքերը մի՛ յիշեր, Տէ՜ր» (Սղ 24.7):

-Ո՜վ Ռոնտա. երբ ինձմէ կը պահանջուի ծառայութիւն մը կատարել, ոգեւորութեամբ կը կատարեմ զայն, եւ արագութեան պատճառով պարզ թերութիւններ կը կատարեմ՝ զորս դիտողութեան կ՚արժանանան, ապա ինքզինքս կ՚արդարացնեմ:

-Գացիր լաւ բան մը կատարելու, սակայն փոքր սխալ մը գործեցիր: Ուշադրութիւնդ փոքր սխալին վրայ կեդրոնացուր, որպէսզի կատարեալ վարձատրութիւն ստանաս: Սատանան մեծ խաբեբայ մըն է. ան լաւապէս կը տիրապետէ իր գործին եւ երկար տարիներու փորձառութիւնը կ՚օգտագործէ: Քեզ մղեց ինքարդարացումի, որպէսզի քու կատարած լաւ գործին օգուտէն զրկուիս: Երբ կը տեսնես մարդ մը, որ ծանր բեռի տակ կքած է ու կը շտապես օգնելու անոր, այս բանը որոշ կերպով բնական կը թուի, բեռը տեսար, որով շտապեցիր ու օգնեցիր անոր: Իսկ եթէ ուրիշներուն քու մասին ըսած անիրաւ խօսքի մը տոկացիր, ապա այդ բանին մէջ հաց կայ. քանի որ մեր մէջ շատեր կը շտապեն իրենք զիրենք արդարացնել երբ նկատողութիւն մը ստանան, եւ ասիկա յստակ ապացոյց մըն է, որ աշխարհիկ մտածողութիւնը մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ կ՚ապրի:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 11

14 նոյեմբեր 2020, Վաղարշապատ


1 Սուրբ հայրերու ուսուցանող խօսքերու ընտրանի, որ Կոստանդնուպոլսոյ «Աֆերեդինոսի Կոյսին» (Բարեգործ Կոյս) վանքին հիմնադիր՝ Պօղոս Վանականը հաւաքագրած է 11-րդ դարուն. այդ պատճառով Աֆերեդինոս անունը տրուած է իրեն ու իր հաւաքագրած ընտրանիին։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2020