ԱՆՑՈՒՄ ԴԷՊԻ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

«Բարի պատերազմը մղեցի, կեանքիս ընթացքը աւարտեցի,
հաւատքը պահեցի: Ասկէ ետք ինծի կը մնայ միայն սպասել
արդարութեան պսակին, որ Տէրը, արդար Դատաւորը, իբրեւ հատուցում՝
ինծի պիտի տայ դատաստանի օրը: Եւ պիտի տայ ո՛չ միայն ինծի,
այլ նաեւ բոլոր անոնց՝ որոնք սիրով կը սպասեն Տիրոջ յայտնուելուն»
(Բ. Տմ 4.7-8)

2003 թուական: Այդ տարիներուն ուսանող էի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դպրեվանքէն ներս: Ուսանողներուն մէջ օր մը շշուկ բարձրացաւ, թէ Պոլիսէն հայր սուրբ մը եւ մի քանի ուրիշ անձեր որպէս ուսանող դպրեվանք պիտի գան: Սփիւռքի մէջ՝ յատկապէս Սուրիա եւ Լիբանան հասակ առած եւ տակաւին նոր դէպի կեանք մուտք գործելու տարիներուն, ուսանողներուս համար քիչ մը տարօրինակ թուաց այդ հանգամանքը… Մեր հետ, նոյն երդիքին տակ պիտի հիւրընկալէինք մի քանի անձեր Պոլիսէն, այլ խօսքով՝ Թուրքիայէն…:

Շշուկները իրականութիւն դարձան եւ սպասուած չորս նորեկները ժամանեցին դպրեվանք: Օրուան տեսուչը դպրեվանեցիներուս ներկայացուց նոր ժամանածները՝ Հայր Թաթուլը, Սեւան, Հայկ եւ Յարութիւն սարկաւագները: Սկզբնական շրջանին, ինչպէս բոլոր նմանատիպ պարագաներուն, այս պարագային Թուրքիայէն գալու հանգամանքը առաւել գործօն մըն էր բնական սառնութեան մը գոյութեան, որ օրերու հետ սկսաւ հալիլ եւ վերածուիլ ջերմ, մտերմիկ եւ եղբայրական յարաբերութեան:

Յատկապէս Հայր Թաթուլը, հակառակ իր հայր սուրբ ըլլալու հանգամանքին, շուտով մտերիմն ու ընկերը դարձաւ գրեթէ բոլոր դպրեվանեցիներուս: Դպրեվանքի մէջ Իր եռամեայ կեցութեան ընթացքին, բոլորին կողմէ սիրուեցաւ, յարգուեցաւ, մեծարուեցաւ, եւ ոմանց հետ ալ ներքին յաւիտենական կապ մը հաստատեց. բայց շատերուս միտքէն չէր իսկ անցներ, թէ օրին մէկը ֆիզիքական կապը պիտի խզուէր Հայր Թաթուլին հետ…

Կիրակի, 14 նոյեմբեր 2021-ի ուշ գիշերին բօթը հասաւ՝ Հայր Թաթուլի մեկնումին: Իր երկրային կեանքին վերջին հանգրուանը բաւականին ծանր եղաւ՝ սահմանափակուելով Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին մէջ: Զինք ճանչցողները մնայուն կերպով կ՚աղօթէին, որպէսզի Ամենակալը խնայէ զինք, առողջութիւն պարգեւէ իրեն, առիթ տայ՝ որպէսզի շարունակէ իր աստուածահաճոյ առաքելութիւնը, բայց ինչպէս առածը կ՚ըսէ՝ «խորհուրդ մարդկանց՝ կամքն Աստուծոյ»:

Մեր վերջին հանդիպումը եղաւ անցեալ տարուան՝ 2020-ի գարնան, երբ Հայր Թաթուլը Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքին հետ ժամանեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին: Հիւանդութիւնը բաւական հիւծած էր հայր սուրբին մարմինը, բայց ինք՝ նոյն Հայր Թաթուլն էր, ինչպէս եղած էր միշտ, եւ… պիտի մնա՛յ միշտ: Բաւական երկար զրուցեցինք, ապագայի իր մէկ քանի ընելիքներուն մասին խօսեցաւ ոգեւորութեամբ: Հիւանդութիւնը չէր յաջողած կոտրել զինք, կեանքը կ՚եռար իր մէջ…: Երբ պիտի մեկնէր, պայմանաւորուածութիւնը այնպէս էր, որ նոյն տարուան մայիսին Աստուծոյ կամքով դարձեալ պիտի հանդիպէինք, սակայն թագաժահրի տարածումն ու ստեղծած անել վիճակը ամէն ինչ կաթուածահար ըրաւ: Հեռախօսային մեր վերջին զրոյցի ժամանակ դարձեալ հանդիպելու մասին խօսեցաւ, սակայն իր անժամանակ մեկնումը այդ հանդիպումը յետաձգեց…

Հայր Թաթուլը այն իւրայատուկ հոգեւորականներէն եղաւ, որ բոլորին հետ բոլոր եղաւ. մեծին հետ՝ մեծ, փոքրին՝ փոքր, երիտասարդին՝ երիտասարդ, սգաւորին՝ սգակից, ուրախացողին՝ ուրախակից, յաջողածին՝ քաջալերող ու ոգեւորող նոր յաջողութիւններու հասնելու, ձախողին՝ մխիթարիչ եւ գօտեպնդիչ չկոտրուելու, յոյսը չկորսնցնելու եւ վերստին փորձելու, կարօտեալին՝ օժանդակող ձեռք որպէս՝ հայր, եղբայր, զաւակ, մէկ խօսքով բոլորին համար ԲՈԼՈՐ եղաւ Հայր Թաթուլը, եւ այդպիսին ալ պիտի մնայ իր մեկնումէն ետք:

Այս բաժանումը կը հաւատանք, որ ժամանակաւոր է եւ մեր քրիստոնէական հաւատքով յոյս ունինք, որ օրին մէկը դարձեալ պիտի միանանք մեր Երկնաւոր Հօր հովանիին տակ, որու տան նկատմամբ այնքան բծախնդիր եւ պատուախնդիր էր (այդ մասին բաւական յիշողութիւններ ունիմ, իր՝ դպրեվանքի մէջ լուսարարապետ եղած ժամանակէն):

Ճի՛շդ է, որ Հայր Թաթուլը մարմնապէս բաժնուեցաւ մեզմէ, բայց «նորա համար, որ ճանաչել էր ճշմարտութիւնը, ի՞նչ մահ. նա յաւիտենական է, նա անմահ է։ Նոյնիսկ մեր փրկութեան միայնակ միջնորդը, երկնաւոր հօր հետ խօսելով, թէ այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանաչեն քեզ ճշմարիտ Աստուած եւ Քո ուղարկած Յիսուս Քրիստոսը, վկայում է մեր խօսքին։ Օրհնեալ է Աստուած, որին ճանաչելը պարգեւում է մեզ անմահութիւն։ Ուրեմն եղբա՛րք, չափաւորելով մեր տրտմութիւնը, տանք մեր վերջին հրաժարական ողջոյնը հանգուցելու մարմնին. չափաւորենք սուգը, մեր բարեկամի մեզանից բաժանուելու վերայ, որովհետեւ գնացել է նա մի աւելի երջանիկ եւ նախանձելի աշխարհ՝ իւր հայրենիքը, իւր արարչի գոգը, մեր բոլորի կենդանութեան աղբիւրը եւ շարժառիթը։ Արի՛ք, ուրեմն խառնենք մեր աղօթքը Աստուծոյ քահանաների եւ տաճարի սպասաւորների աղօթքի հետ եւ խնդրենք Աստուծուց՝ մեր երկնաւոր հօրից, միաւորել հանգուցեալը այն լուսի հետ, դէպի որը նայում էինք մեք ամենեքին։ Աղաչենք եւ Հոգին սուրբը, այն մխիթարիչը սգաւորների, մեղմել եւ ամոքել հանգուցելու ծերունի եւ այրի մօր սրտի կսկիծը, որ անհամեմատ մեծ էր, քան թէ մերը, թէեւ սիրած լինէինք հանգուցեալը իբրեւ մեր անձը. սփոփել եւ մխիթարել սիրտը այն մօր, որ կապւում էր աշխարհի հետ միմիայն իւր որդու կենդանութեամբը։

Բայց դո՛ւ, բարեկամ մեր, որ այս րոպէիս հեռացած ես, ընդունիր մեզանից մեր տխուր սրտի զգացմունքը, որպէս մի յաւիտենական գրաւական մեր բարեկամութեանը։ Քո քաղցր յիշատակը ապրելու է մեր սրտում, քանի սա զարկում էր մեր կուրծքի մէջ. չենք մոռանալու քեզ եւ ոչ քո ազնիւ եւ առաքինի ունակութիւնքը, ո՛չ այն րոպէները, որոնց միջոցին բաժանորդ էինք գտանուած միմեանց վշտին եւ ուրախութեանը։ Քեզ ողջո՛յն, սիրական, գնա՛ խաղաղութեամբ դէպի խաղաղութիւնը։ Աստուծոյ հրեշտակը քեզ առաջնորդ. նա թո՛ղ հասուցանէ քեզ այն օթեւանը, ուր եւ մեք կարճ միջոցում հաւաքուելու էինք» (Միքայէլ Նալպանտեան):

«Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

17 նոյեմբեր 2021, Վաղարշապատ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 19, 2021