ՍԵՒԱՆ ՊԸՉԱՔՃԸ. «ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԳՈՑ ՇՈՒԿԱՆ ԹԷ՛ ՄԵՐ ԽԱՂԱՀՐԱՊԱՐԱԿՆ ԷՐ ԵՒ ԹԷ՛ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻ ԴՊՐՈՑԸ»

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը լրատուութիւն մը կատարած էր հաղորդելով, որ պոլսահայ անուանի ադամանդագործ-ոսկերիչ Սեւան Պըչաքճը արժանացած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահութեան տարեկան մեծ մրցանակին։ Աշխարհահռչակ վարպետ Սեւան Պըչաքճը կը համարուի կենսատու շարունակութիւնը այն աւանդին եւ «աւանդապահութեան», որ Պոլիս հասած էր գաւառներէն ու այսօր ալ կը շարունակէ գոյատեւել, ոգեւորել եւ նոր հասնողներու համար

Միայն արհեստաւոր մը չէ Պըչաքճըն, որուն գործերը արուեստ բուրող գոհարներ են, այլ «այցեքարտ» են որեւէ հայու համար, որ կարդացած է իր անցեալը, զգացած է անոր բոյրը, տեսած է այդ աւանդին բարիքները եւ այսօր ալ կը հաւատայ, թէ Պոլիսը իր մեծ պարունակով հայերուն համար դրական պատուհան մըն է։

Անշուշտ, երկար կարելի է գրել Պոլսոյ բարեմասնութիւններուն, պոլսահայ համայնքի այսօրուան խնդիրներուն ու վաղուան մարտահրաւէրներուն մասին, բայց այդ բոլորէն անդին հիմնական դրոյթն է, որ պոլսահայերը կը շարունակեն կառչած մնալ այն գետինին, որմէ հոսեցաւ մեր պատմութեան եռանդուն ջիղը եւ որմէ ալ այսօր մենք ու իրենք՝ միասին կը շարունակենք մեր ապրումը, մեր կեանքը եւ մեր առաքելութիւնը։

Սովորական յաջողութեան պատում մը չէ Սեւանին պատմութիւնը, որ, անշուշտ, դեռ ունի մի քանի փակ եւ շղարշուած էջեր ու այդ սովորականէն անդին սլացող տարերքը վստահաբար ունի առընչութիւն եւ կապուածութիւն այն փոքր բաներուն հետ, որոնց կապուած եւ կառչած կը մնան պոլսահայերը։

Այս բոլորին առընթեր, օրերս ուշագրաւ «պատմութիւն մը» գրած է «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի աշխատակիցներէն Զէյնէփ Պիլկիհան, որուն Սեւան Պըչաքճըին մասին «Սահմաններ չունեցող ոսկերիչը» շահեկան նիւթը թրքերէնէ թարգմանելով կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

Սեւան ընդամէնը ինն տարեկան էր, երբ Գոց շուկային մէջ նստաւ վարպետին սեղանին մօտ՝ անկէ արհեստը սորվելու։ Տասներկու տարեկանին դարձաւ ամբողջական դրոյքով աշկերտ: Տասնութ տարեկանին բացաւ իր սեփական արհեստանոցը։ Սեւանի նպատակը միշտ եղած է օրինաչափութիւնները խախտելը։ Այսօր, հոլիուուտեան աստղերը կը կրեն իր արուեստի գործերը։ Ան տակաւին կը նախընտրէ, որ զինք անուանեն «Գոց շուկայի ոսկերչական վարպետ»։ Մենք զրուցեցինք աշխարհահռչակ ոսկերիչ՝ արուեստագէտ Սեւան Պըչաքճըին հետ։

Մեր հանդիպման վայրը խանութն էր, որ կը գտնուէր Գոց շուկայի կողքին։ Մենք զայն «խանութ» կ՚անուանենք, բայց կարծես թանգարանային դահլիճ մը ըլլայ այդ։ Յատուկ, լուսաւորուած իւրաքանչիւր խցիկի մէջ ցուցադրուած է մէկ զարդ: Իւրաքանչիւր արուեստի գործ իր պատմութիւնը ունի՝ Իսթանպուլի թռչունները, Թոփգաբուի պալատը, ծաղիկները...։ Մենք այստեղ ենք լսելու համար անոր պատմութիւնը, իբրեւ ստեղծագործող։ Սեւան Պըչաքճը, որուն համբաւը երկրի սահմաններէն դուրս կը տարածուի, կը զարդարէ հոլիուուտեան աստղերը՝ Օսքարի արարողութիւններու ժամանակ։

Սեւան Պըչաքճը ծնած է Սամաթիա, 1972 թուականին։ Սմբատ եւ Մարի ամոլին աւագ զաւակն է։ Ընտանիքը ծագումով Կեսարիայէն է։ 1950-ականներուն անոնք հաստատուած են Իսթանպուլ, որպէսզի երեխաները աւելի լաւ կրթութիւն ստանան: Սմբատը ընդունուած է Դպրեվանք։ Ան դասերուն մէջ յաջող էր, բայց զինք առաւելապէս կը հետաքրքրէր դերասանութիւնը: Ունէր նաեւ ընկեր մը՝ Գէորգ անունով, որ նոյնպէս դերասան էր, եւ որ յետոյ Անգլիոյ մէջ մասնագիտանալով դարձած էր աշխարհահռչակ դերասան Գէորգ Մալիքեանը։ Սմբատը որոշ ժամանակ կը շարունակէ դերեր խաղալ Իսթանպուլի մէջ, բայց որպէս հիմնական մասնագիտութիւն կ՚ընտրէ ուսուցչութիւնը։ Սեւանն ու անոր երկու եղբայրները ծնած եւ մեծցած են Սամաթիոյ մէջ։ Սեւանը ծանօթ է Իսթանպուլի պատմական հիւսուածքին: Ան կ՚ըսէ. «Մեր դրացիները եղած են մահմետականներ, հայեր եւ յոյներ։ Փորձառութեամբ սորվեցայ, որ տարբեր մշակոյթներ կրնան միաձուլուիլ ու փոխակերպուիլ»։

Պըչաքճը մինչեւ հինգերորդ դասարան յաճախած է Սահակեան-Նունեան վարժարան։ Այնտեղ անցուցած ժամանակին մասին ըսած է. «Կը նայէի պատուհանէն դուրս եւ կեդրոնացումս կը շեղէր: Բաւական աշխոյժ էի եւ ակնյայտ էր, որ ուսման տարիներս լաւ պիտի չըլլային»։ Ան կը պատմէ, որ հայրը զինք տարած է վարպետի մը մօտ՝ արհեստը սովորելու: Պըչաքճըն կ՚ըսէ, թէ մանկութենէն հետաքրքրուած էր ձեռային աշխատանքներով։ Ան սկսած է աշխատիլ, երբ երրորդ դասարանի աշակերտ էր. սկիզբը Յովաննէս վարպետին մօտ, Գոց շուկային մէջ, յետոյ հայրը զինք տարած է Յովսէփ Չաթաքին քով։ «Վարպետ Յովսէփը դարձաւ այն մարդոցմէ մին, որ կերտեց կեանքս։ Ես տարիներ շարունակ կը հետեւէի անոր իւրաքանչիւր քայլին: Ան շատ համբերատար էր, հակառակ որ չափազանց հետաքրքրասէր էի եւ չափազանց աշխոյժ», կը պատմէ Պըչաքճը։

Սեւան Պըչաքճըի օրը կը սկսէր առաւօտ կանուխ։ Երբ տասներկու տարեկան եղաւ ամբողջ դրոյքով սկսաւ ​​աշխատիլ: Ան կը բացատրէ, թէ ինչպէս արհեստանոցին մէջ վարպետները, ճարտարագործներն ու աշկերտները իրենց դասակարգուած տեղերը ունէին՝ ըստ իրենց տարիքին եւ փորձառութեան: 11-12 տարեկանները կը սկսէին արհեստը սորվիլ ու աստիճանաբար բարձրանալ։ Պըչաքճը կ՚ըսէ, թէ պայմանները բարդ էին. փոքր գործատուներէն ներս արեւին ճառագայթները չէր մտներ։ Ձմեռը ցուրտ էր, ամառը՝ տաք։

«Շուկան թէ՛ մեր խաղահրապարակն էր եւ թէ՛ մեր կեանքի դպրոցը։ Յաճախորդներու թանկարժէք քարերը մենք զարդերու կը վերածէինք: Եւ, անշուշտ, վարպետ Յովսէփը կը փորձէր ինծի արհեստը սորվեցնել։ Աւանդոյթ դարձած էր արտադրամասի մուտքին նուռ մը դնելը՝ Ամանորէն առաջ օրհնութիւն բերելու համար։ Անգամ մը նուռը ճաքեցաւ, յատկապէս մեր մուտքին մօտ։ Նպատակս, նռան բոլոր հատիկները դէպի մեր կողմը տարածելն էր։ Վարպետս ինծի յիշեցուց, որ իսկական օրհնութիւնը ընկերներուն հետ միասնաբար յաղթելն է եւ խնդրեց, որ նորէն ճեղքեմ նուռը։ Այս խօսքը դեռ մտքիս մէջն է», կ՚ըսէ Պըչաքճը։

Պըչաքճը իր սեփական արհեստանոցը հիմնած է 1990 թուականին։ Սկիզբը ան կաղապարներ կը պատրաստէր ու նմանատիպ զարդեր կ՚արտադրէր այլ ապրանքանիշերու համար։ Ան ըսած է, թէ այդ արտադրութիւնը աւելի դիւրին էր վաճառելը, բայց կը մտածէր, որ եթէ իր սեփական զարդերը չարտադրէ, չի կրնար լիովին քաղել իր ջանքերուն պտուղները: «Անին՝ այն ժամանակ իմ հարսնցու, իսկ այժմ՝ կինս, աջակցեցաւ ինծի նիւթապէս եւ բարոյապէս եւ ես 2002 թուականին հրապարակեցի «Սեւան Պըչաքճը» ապրանքանիշս կազմող նմոյշները։ Զարդերովս ներկայացուցի եւ մեկնաբանեցի Իսթանպուլը, Այա Սոֆիայի տաճարը, ճարտարապետական կառոյցները եւ մեզ շրջապատող բնութիւնը», կ՚ըսէ ան։

Պըչաքճը կը շարունակէ. «Նախապէս, աշկերտները հեռանկար ունէին: Կը փափաքէինք մեր վարպետներուն նման բանալ մեր սեփական արհեստանոցը։ Սակայն ներկայիս, մեծ ապրանքանիշերուն գոյութիւնը կը բթացնէ այդ հեռանկարը։ Վարպետները չեն կրնար լաւ աշխատող եւ սորվելու պատրաստակամ աշկերտներ գտնել»։

Պըչաքճը կը պատմէ, թէ ապրանքանիշը համաշխարհային ճանաչում սկսաւ ստանալ, երբ «Սապահ» թերթին մէջ յօդուած մը գրուեցաւ իր գործերուն մասին։ Այնուհետեւ, 2004 թուականին, Պըչաքճը «CNN Türk» հեռուստակայանին կողմէ հիւրընկալուած է հարցազրոյցի։ Օր մը անոր խանութը այցելած է Կիւլէր Սապանճըն, որ մեծ ուշադրութեամբ նայած է անոր ստեղծագործութիւններուն։ «Սապանճըի աջակցութիւնը մեծ էր», կ՚ըսէ Պըչաքճը։ Յետագային, Պըչաքճը ունեցած է իր աշխատակազմը, որու միջոցաւ ապրանքանիշը աւելի լայն տարածում գտած է։ Պըչաքճըի եղբայրը՝ Բենիամինը եղած է արհեստանոցին տնօրէնը։ Վաճառքով հետաքրքրուած էին Պըչաքճըի զարմիկները՝ Հերմանն ու Արմանը։ Արտադրամասը մեծցած եւ ներգրաւած է մեծ տաղանդներ։ Պըչաքճըի ստացած մրցանակները նպաստած են նաեւ յաւելեալ ճանաչման:

«Սեւան Պըչաքճը»ի նմոյշները այժմ հասանելի են Նուրուօսմանիէի, Իսթանպուլի, Անգարայի, Պոտրումի եւ Մայամիի խանութներուն մէջ։ Կեդրոնը կը գտնուի Գոց շուկայի մօտ։ Եւրոպայի եւ ԱՄՆ-ի մէջ աւելի քան տասն վաճառքի կէտերէ ներս կը վաճառուին անոր ստեղծագործութիւնները: Անոր յայտնի յաճախորդներէն են՝ Էլիզապէթ Հըրլին, Պրուք Շիլցը, Հելլի Պերրին։ Անոր ստեղծագործած կտորները բարձրարժէք զարդերու շարքին են: Պըչաքճը կը բացատրէ. «Որոշ կտորներ աւարտելու համար տարի մը կը պահանջեն: Ոգեշնչմանս մեկնարկային կէտը Սամաթիան է, ուր ծնած ու մեծցած եմ, մանկութեանս երազանքները այնտեղ են»։

«Այսօր, եթէ մտնես Նիւ Եորքի կամ Փարիզի ոսկերչական խանութ մը եւ թրքերէնով բարեւ տաս, անպայման կը հանդիպիս Գոց շուկայէն ոսկերիչ վարպետի մը», կ՚ըսէ Պըչաքճը։

Ուուփի Կոլտպըրկ 2016 թուականի Օսքարի մրցանակաբաշխութեան ներկայ եղած է Պըչաքճըի ստեղծագործած ապարանջան-մատանիով։ Պըչաքճը կը պատմէ, թէ ինչպէս իրմէ ստացած է ել-նամակ մը, ուր կ՚ըսէր. «Բարեւ, ես դերասանուհի Ուուփի Կոլտպըրկն եմ: Հետաքրքրուած եմ ձեր արուեստի գործերով»: Միւս կողմէ, Քէյթ Պլանշէթ այցելած է Պըչաքճըի խանութը 2015 թուականին, երբ ընտանիքին հետ Թուրքիա արձակուրդի էր։ Ան օգտագործած է Պըչաքճըի ապրանքանիշը «Ocean's 8» ժապաւէնին մէջ։

Պըչաքճը կու տայ իր խորհուրդը եւ կ՚ըսէ. «Անոնք, որոնք կը փափաքին արտադրել կեանքի տարբեր ոլորտներուն մէջ, պէտք է հասկնան յամառութեան արժէքը։ Կեանքի դժուարութիւնները, ելեւէջներն ու սիրած գործի նրբութիւնները կը սորվին միայն յամառելով: Յամառութիւն՝ փորձելով, միշտ ձգտելով գերազանցել սահմանները։ Այսպիսով, այն ինչ որ կը մնայ ետեւը, կը դառնայ աւելի ուժեղ եւ արժէքաւոր։ Եւ, ի հարկէ, ես կ՚առաջարկեմ, որ անոնք բացայայտեն այն աշխատանքը, որու մէջ լաւ են եւ կեդրոնանան անոր վրայ»։

Թանկարժէք քարերու մասին խօսելով, ան կ՚ըսէ. «Երբ մենք կը նայինք թանկարժէք քարերուն, ապա կը նկատենք, որ ադամանդը ժողովրդականութեան առումով, առաջին տեղը կը գրաւէ: Անկէ ետք կու գայ զմրուխտը, սուտակը եւ շափիւղան։ Մեզի ամենաշատ մարտահրաւէր կը նետեն զմրուխտը եւ թանզանիթը, երբ անոնց վրայ կ՚աշխատինք: Անոնք նուրբ եւ փխրուն են ու ամենափոքր հարուածով ամբողջ քարը կրնայ կոտրուիլ»:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Նոյեմբեր 19, 2022