ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԷՋ «ԴԱՐՁ Ի ՇՐՋԱՆՍ ԻՒՐ». ՆԵԹԱՆԻՅԱՀՈՒՆ ԲԱՒԱԿԱՆ «ՅՈԳՆԱԾ», ԲԱՅՑ ՑԱՐԴ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ

Չենք կրնար ըսել, որ Իսրայէլի մէջ կայացած վերջին արտահերթ ընտրութիւնները (չորրորդը վերջին երկու տարուան ընթացքին) խաղաղ շրջան մը պիտի բերեն երկրին (խաղաղը ամբողջականօրէն կապ ունի քաղաքական հարթակի զարգացումներուն հետ), որովհետեւ վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի ղեկավարած «Լիքուտ» կուսակցութիւնը չկարողացաւ հաւաքել կառավարութիւն կազմելու համար բաւարար աթոռներ։ Մինչ «Լիքուտ» 120-ի վրայ շահեցաւ 37 աթոռներ, միւս կողմէ Նեթանիյահու քաղաքական այս փուլը կը մտնէ բաւականին «յոգնատանջ» վիճակով։

Ուշագրաւ է նաեւ, որ հակառակ երկրի զանազան մեծ ու փոքր հիմնահարցերուն, Թել Աւիւի կառավարութիւնը հետամուտ է ամէն միջոց գործի դնել՝ ապահովելու համար ներքաղաքական իրավիճակի ընդհանուր կայունութիւնը, ինչ որ անշուշտ իրագործելի պիտի ըլլայ միայն ու միայն քուէատուփերու ճանապարհով։

Ամէն պարագայի Իսրայէլի ներքաղաքական իրավիճակին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու համար վերջերս հեռավար կապով հարցազրոյց մը ունեցայ հայրենի արեւելագէտ՝ Արմէն Պետրոսեանին հետ։ Ստորեւ կը ներկայացնեմ հարցազրոյցին սղագրութիւնը։

-Վերջերս տեղի ունեցած ընտրութեանց լոյսին տակ, ինչպէ՞ս կը գնահատէք Իսրայէլի ներքաղաքական ընդհանուր իրավիճակը։

-Իսրայէլի մէջ, Նեթանիյահույի անձին հետ կապուած անվստահութիւնը մեծ է, այն առումով որ ան «լքեց» իր նախկին դաշնակիցը եւ կազմուած ժամանակաւոր կառավարութիւնը։ Հիմա եթէ նո՛ր դաշնակիցով պիտի կազմէ նոր կառավարութիւն մը, պէտք է նորէն ժամանակաւոր բնոյթի կառավարութիւն կազմուի։ Հետեւաբար, մեծ են կասկածները՝ որ նոր դաշնակիցն ալ արժանանայ նոյն ճակատագրին: Եթէ տեղի չունենան ժամանակաւոր բնոյթի նոր պայմանաւորուածութիւններ, ուրեմն Նեթանիյահու պիտի չյաջողի կազմել նոր կառավարութիւն մը, որովհետեւ նախնական արդիւնքներով՝ աջ-կեդրոն եւ կրօնական կուսակցութիւններու դաշինքը ստացած է ընդամէնը 58-59 երեսփոխանական աթոռ, իսկ անհրաժեշտ է 61 երասփոխանական աթոռ կառավարութիւն ձեւաւորելու համար: Հետեւաբար ան պէտք է դիմէ «ծանր» զիջումներու, բայց այնքան մեծ է իր անձին հանդէպ վստահութեան կորուստը, որ անոր աւանդական գործընկերներուն կողմէ աւելի ընդունելի է իր անձը տապալելու տարբերակը: Եթէ ըլլայ յստակ հնարաւորութիւն, որ ձեւաւորուելիք կառավարութիւնը առանց Նեթանիյահույի կ՚ունենայ կայուն մեծամասնութիւն, նոյնիսկ անոր մօտիկ դաշնակիցները կ՚երթան նման պայմանաւորուածութեան:

-Մենք կը նկատենք, որ վերջին շրջանին Իսրայէլի վարչապետը դարձաւ թիրախ եւ հետզհետէ կորսնցուց մօտիկ անցեալին իր ունեցած վարկը: Ի՞նչ է պատճառը:

-Իսրայէլի մէջ տեւական ու խորքային քաղաքական ճգնաժամ կայ, բոլոր քաղաքական ուժերու եւ դաշինքներու, նաեւ քաղաքական ճամբարներու մօտեցումները չեն պարունակեր հանգուցալուծման տանելու հիմնարար բանալիներ։ Իսրայէլի մէջ, որ ըստ տեղացիներուն Մերձաւոր Արեւելքի միակ ժողովրդավարութիւն վայելող համակարգ ունեցող երկիրն է, գոյութիւն ունի անձով պայմանաւորուած ճգնաժամ, եւ եղած կայուն, բաւականաչափ արդիւնաւէտ գործող համակարգը չի կրնար յաղթահարել զայն:

Վերջին երկու տարիներուն ընթացքին, կայացած են Քնեսեթի չորս ընտրութիւններ, որոնցմէ երեքին Նեթանիյահուի գլխաւորած կուսակցութիւնը յաղթած է: Իսրայէի հասարակութիւնը բաժնուած է երկու բեւեռներու: Նեթանիյահուն, որ բաւական արդիւնաւէտ է, եւ նոյնիսկ Իսրայէլի պետութեան արդի պատմութեան ամենէն առանցքային ղեկավարներէն մին է, ունի կայուն ընտրազանգուած եւ իր վարկը շատ բարձր է: Բայց նկատի առնելով այդ երկրի համակարգը եւ Իսրայէլի հասարակութեան բազմաշերտ ըլլալը՝ անոնց ներկայացուածութիւնը խորհրդարանէն ներս, Նեթանիյահուն չի կրնար տեւական ժամանակ գրաւել վարչապետի պաշտօն: Ժողովրդավարական համակարգի տրամաբանութիւնը այն է, որ պէտք է գործեն սահմանադրական հիմնարկները: Ընդդիմախօսները թիրախ կը դարձնեն անոր անձը։ Ճիշդ է, որ Նեթանիյահուն մեծ գործեր ըրած է, բայց իր անձի հետ կապուած կան քրէական գործեր, անշուշտ, քրէական գործեր ունեցող վարչապետի թեկնածուն պէտք չէ մասնակցի ընտրութիւններուն, մինչեւ այդ գործերու կամ հայցերու ճակատագիրը վերջանակապէս վճռուի կամ լուծուի: Նաեւ կը նշուի, որ ան կը ձգտի վարչապետի պաշտօնին մնալ խուսափելու համար այդ դատական գործընթացէն: Այսինքն ընդդիմադիրներուն հակադարձութիւնը ուղղուած է մէկ անձի դէմ, եւ այդ է պատճառը, որ չկայ կայուն դրական արդիւնաւէտ մեծամասնութիւն, որ ստանձնէ երկրի ղեկը: Անոնք հարց ունին քաղաքական գործիչի մը հետ, որուն չեն վստահիր իր իսկ գործընկերները:

-Ի՞նչ պիտի ըլլան այն պայմանաւորուածութիւնները, որոնք ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ Թրամփի օրով Նեթանիյահուն ձեռք ձգած էր, նաեւ դէպի արաբական (սիւննի) աշխարհ այն կամուրջները, որոնց հիմքով ալ Իսրայէլ պիտի կարողանար նոր դրոյթ մը ստեղծել Մերձաւոր Արեւելքի մէջ:

-Եթէ նախկին երեք ընտրութիւններուն Նեթանիյահու արձանագրեց յաջողութիւններ Թրամփի վարչակազմի աջակցութեամբ, ապա ան վերջին յաղթանակը տարաւ միայնակ, բաւական շօշափելի արդիւնքներ դրսեւորելով: Նախ՝ որ իր գլխաւորութեամբ, Իսրայէլը կը դառնայ առաջին երկիրը, որ յաղթահարած է քովիտի համաճարակը եւ յառաջիկայ ամիսներուն բոլոր բնակչութիւնը կը ստանայ պատուաստում:

Երկրորդ՝ ԱՄՆ-ի աջակցութեամբ ան կրցաւ յանգիլ բանական լուծումի՝ արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան կարգաւորման գործով, ըստ էութեան փլուզելով նախապէս եղած համաձայնութիւնը։ Ան անջատ պայմանագիրներու միջոցաւ հաշտութիւն հաստատեց առանձին արաբական երկիրներու հետ եւ Թրամփի աջակցութեամբ ալ այլ ձեռքբերումներ ունեցաւ. ինչպէս օրինակ, Կոլանի բարձրունքներու խնդրի վերաբերեալ ԱՄՆ-ի յայտարարութիւնը, Երուսաղէմը՝ որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու Ամերիկայի որոշումը, Իրանը՝ որպէս «արեւմուտքի թշնամի» ճանչնալու մօտեցումը, սակայն նոյնիսկ այս յաջողութիւնները անոր չտուին բացարձակ առաջնորդութիւն։ Խնդիրը ուղղակիօրէն պամանաւորուած է Իսրայէլի պետութեան ներքաղաքական խօսոյթով, որ եղած է ընդգծուած Իսրայէլի պետութեան ողջ ընթացքին։ Այլ խօսքով, եթէ Իսրայէլ ժողովրդավարական պետութիւն մըն է, ուրեմն պէտք է աշխատին հիմնարկները եւ անձերու դերակատարումը պէտք է ըլլայ նուազագոյն: Թէ՛ անձի դերակատարում եւ թէ նկրտումներով պայմանաւորուած տեւական ճգնաժամերը միայն կը վնասեն Իսրայէլի ժողովրդավարութեան, որ ամենաբեղունն է ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի համար:

-Արաբները մեծ նահանջ արձանագրեցին Քնեսեթին մէջ եւ մինչ անցեալին անոնք ունէին 17 երեսփոխանական աթոռ, այսօր ունեցան 8 երեսփոխանական աթոռ: Ի՞նչ են պատճառները:

-Ամբողջ գործընթացին վրայ զգալի ազդեցութիւն ունեցաւ արաբական մէկ կուսակցութիւն, որ ընտրութիւններուն առանձինն մասնակցեցաւ: Միշտ կար արաբական միացեալ ցուցակ մը, ուր արաբական հիմնական կուսակցութիւնները մէկ դաշինքով կը մասնակցէին: Այս անգամ «Ռամ» կոչուած կուսակցութիւնը առանձինն մասնակցեցաւ եւ այդ դաշինքէն դուրս, հետեւաբար 9 երեսփոխանական աթոռ կը տրուի միացեալ այս ցուցակին եւ առանձին 5 ձայն նշուած կուսակցութեան հաշւոյն, այսինքն ընդհանուր հաշուով 13-14 երեսփոխանական աթոռ ընդհանուր արաբական կուսակցութիւններուն: Բայց այստեղ կարեւորը այն է, որ այս կուսակցութեան ղեկավարը՝ Մանսուր, շատ աւելի ճկուն է, քան արաբական միացեալ ցուցակ դաշինքը, եւ կրնայ պայմանաւորուիլ Նեթանիյահույին հետ եւ իր կողմնորոշուածութենէն կախեալ է յառաջիկայ գործընթացը։ Այլ խօսքով՝ եթէ ինք յաջողի պայմանաւորուիլ Նեթանիյահույին հետ, եւ ան ալ իր կարգին Պենեթի կուսակցութեան հետ, ուրեմն կարելի կ՚ըլլայ ձեւաւորել դաշնակցային կառավարութիւն մը:

-Հայկական կտրուածքով, եթէ Նեթանիյահուն մնայ վարչապետ, Հայաստան գործակցութեան յոյսեր ունի՞ Իսրայէլի հետ, անշուշտ միշտ հաշուի առնելով Իսրայէլ-Իրան հակամարտութիւնը, որ ոչ միայն շրջանային է, այլ նաեւ խորքային հակամարտութիւն է։

-Այստեղ կարելի է աւելցնել նաեւ Իսրայէլ-Ատրպէյճան բաւականաչափ կարեւոր եւ ռազմավարական բնոյթի ձգտող յարաբերութիւնները, որոնք շատ աւելի սկզբունքային նշանակութիւն ունին նաեւ Հայաստան-Իսրայէլ յարաբերութիւններուն համար: Բայց մենք ունինք հնարաւորութիւններ այս ուղղութեամբ աշխատելու, առկայ է բաւական մեծ եւ բաց դաշտ, որ անցնող տասնամեակներու ընթաքցին փաստացիօրէն չէ լեցուած: Անցեալ տարի բացուեցաւ Իսրայէլի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը եւ կան մեծ հնարաւորութիւններ այնտեղ աշխատելու որոշակի արդիւնքներու հասնելու համար: Իսկ ինչ կը վերաբերի Իրան-Իսրայէլ հակամարտութեան եւ Իրանի վերաբերմունքին, ապա ես կը կարծեմ, որ համակողմանի եւ նպատակային աշխատանքով մենք կը կարողանանք մեր պետութեան առջեւ եղած եւ համայն հայութեան առջեւ եղած որոշակի խնդիրներ այնուամենայնիւ լուծել: Պէտք է նաեւ պետութեան կողմէ մօտեցումի յստակեցում ըլլայ։ Արցախի պատերազմը վառ օրինակ է, երբոր ռազմական գործողութիւններու աշխոյժ փուլին, Իսրայէլը կը շարունակէր մարտական մատակարարումներ կատարել Ատրպէյճանին եւ մենք չունէինք որեւէ լծակ այդ մատակարարումները դադրեցնելու, ուրեմն այս մեզի համար մեծ խնդիր է։ Այսինքն մենք պէտք է նոր մօտեցում ցուցաբերենք երկկողմանի յարաբերութիւններու կամ մէկ այլ նոր ձեւաչափի, որու կիրառմամբ ալ պիտի կարողանանք լուծել մեզի համար կենսական խնդիրներ եւ առաջնային խնդիրներ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Ապրիլ 2, 2021