ԱՆՆՇԱՆ ՓՈՍԷՆ ԴԷՊԻ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆ
Մանկութեանս օրերուն կը յիշեմ, երբ մեր հայաշատ թաղի բնակիչները հաւաքուէին, անյապաղօրէն անոնց միջեւ կ՚ընթանար ինծի համար մասամբ անհասկնալի զրոյց մը: Անոնք կարծես անսալով իրենց արմատներու կանչին եւ զարմանալիօրէն կրելով իրենց արմատներու յատկութիւնները, կը զրուցէին ու երբեմն նոյնիսկ կը վիճէին, իւրաքանչիւրը իր ոճով ու բարբառով: Ապրելով Հալէպի թաղամասերուն մէջ կը կրէին Սասնոյ, Ուրֆայի, Խարբերդի, Հաճնոյ, Զէյթունի բարբառներու մնացորդները իրենց լեզուական արտայայտութեանց մէջ: Զէյթունցիի ըմբոստութիւնը, սասունցիի ծուռութիւնը, ուրֆացիի յամառութիւնը անոնց բանավէճերուն ու զրոյցներուն ընթացքին կը համակէին ամբողջ տունը, ու կարծես կը տարածուէր հայ գաւառակի մը մաքրամաքուր ու անմեղունակ մթնոլորտով ողողուն անուշ բոյր մը:
Կը յիշեմ, մեծ հօրս այցի կու գային թաղեցիք, անոնցմէ մին՝ Սասունցի Մուրատ պապիկը զիս կը գրկէր, ծունկերուն վրայ կը տեղաւորէր ու «ի՞ մալ իս»էն ետք կը մրմռար այս երգը, ծունկերը շարժելով.
Այ խորոտիկ, ջան խորոտիկ,
Խորոտիկ, խորոտիկ:
Ձըր տուն, մըր տուն մօտիկ, մօտիկ,
Խորոտիկ, խորոտիկ:
Էրթանք պախչէն, քաղենք խոտիկ,
Խորոտիկ, խորոտիկ...
Ու մանտրուկ մը կցելով իր երգի աւարտին կը համբուրէր զիս ու կ՚իջեցնէր գիրկէն:
Նման հաւաքները յաճախակի երեւոյթի մը վերածուած էին, երբեմն նոյնիսկ երեկոները ընտանեկան ջերմութեամբ մեծ ու փոքր, տղամարդ ու կին կը համախմբուէինք ու անցեալի պատմութիւններով մեծերը կը թարմացնէին իրենց յիշողութիւնը, իսկ մենք՝ փոքրերս կ՚ամբարէինք մեր պապերուն կեանքի դրուագներէն քաղուած պատառիկներ:
Շատ տպաւորուած եմ մեր դրացիներէն զէյթունցի Փանոսենց տան հաւաքներէն մէկու մը ընթացքին: Փանոսը պատկերելը այդքան ալ դժուար չէ: Կրնաք երեւակայել 150 քիլօկրամէն աւելի, քալող միսի գունդ ու կլոր կտոր մը, որ կը թնդացնէ ամբողջ գետինը: Երկրաշարժ կը պատճառէր ան իւրաքանչիւր քայլափոխին եւ կը սփռէր շատ անախորժ «բոյր» մը: Ամառ թէ ձմեռ անոր ցցուն ճակտի փայլքն ու քրտինքի կաթիլները անպակաս էին… ի՞նչ ընէր խեղճը, այդքան մսոտ մարմին ունենալուն հետեւանքն ալ այս է, բայց իրապէս կը սոսկայի ամառը, երբ թաղին ծայրէն իսկ կը նկատէի իր շնչասպառ հեւքը, կը մտածէի «այս վիճակով ինչպէ՞ս տուն պիտի հասնի այս մարդը», ու քայլերուն հետեւելով կը շարունակէի մտմտալ «ահա հիմա կը փլի, քիչ ետք կը փլի...»: Սակայն արտաքինը ո՜ւր, ներքինը՝ ուր: Շատ բարեսիրտ ու առատաձեռն մարդ մըն էր դրացի Փանոսը, բեռնատար մեքենայով ապրանք կը փոխադրէր գործարաններէն ու կը բաժնէր վաճառատուներուն, երբեմն ալ իրեն բաժին կ՚իյնար փոխադրած ապրանքներէն, որոնցմով մենք ալ կը հիւրասիրուէինք: Քաղցր, շագանակագոյն ճակնդեղներ կը հրամցնէր մեզի յաճախ, երբեմն ալ ալիւր ու ցորեն:
Ամէն հաւաք կ՚ընթանար նիւթի մը շուրջ: Այդ օրուան նիւթը դրացի Փանոսին մօր Զէյթունէն Հալէպ հասնելուն մասին էր: Տարագրեալներու խումբին հետ Փանոսին մանկատի մայրը կը քալէր, տեսակ-տեսակ չարչարանքներու ականատես կ՚ըլլար ան:
Անոնք կը հասնին Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները, ու Տէր-Զօրէն ոչ հեռու, գետնափոր բացութեան մը մէջ զինուորները կը թափեն բոլորը: Բացութիւնը ունէր 10 մեթր խորութիւն եւ ոչ մէկ յենարան, ուր ինկողին ելլելը միայն հրաշքով կրնար իրականանալ: Փանոսին մայրն ալ կ՚ենթարկուի բոլորին ճակատագրին ու մարմիններու թէզին վրայ նստած նախ փառք կու տայ Բարձրեալին, ողջ մնալուն համար, ապա կը խորհի ելքի մը մասին: Ապրելու փափաքն ու մանաւանդ փրկութեան ելքի մը որոնումը զօրութիւն կը ներշնչեն խիզախ զէյթունցիին ու որոնումներուն հետեւանքով նեղ անցք մը կը գտնէ գետնափոր այդ քարայրանման վայրին մէջ ու կը շարունակէ անցքին մէջէն քալել, որ հետզհետէ կը լայննայ ու գետնուղիի մը կը նմանի, ժամերով կը քալէ մութ ու խոնաւ անցքին մէջ ու վերջաւորութեան դողդոջուն լոյս մը կը նշմարէ, որ հետզհետէ կը փայլի ու կ՚ընդարձակի, կը հասնի մինչեւ վերջ ու ահա կ՚երեւայ շօշափելի փրկութիւնը: Սակայն ան առանձին է ու կը խորհի միւս տարագրեալներուն մասին եւս: Կը վերադառնայ ան, յոգնութիւնը չի զգար իսկ. կեանքեր կրնայ փրկել այս արարքով: Իսկապէս ալ կը հասնի տարագրեալներուն մօտ ու անոնցմէ ողջերը կ՚առաջնորդէ դէպի փրկութիւն: Արդէն մութը կոխած էր, երբ անոնք կը հասնին անցքէն բացուող այդ տեղը, ուր կը սկսի անոնց կեանքի նոր հանգրուանը: Օրերով կը քալեն ու կը հասնին Հալէպ:
Տարիներ անց, երբ հայրս գործի բերումով Տէր-Զօր ճամբորդած էր, կը փափաքի այցելել դրացի Փանոսին մօր եւ այլոց նետուած այս գետնափոր քարայրը: Կը փնտռէ, կը գտնէ Մարկատէէն 15 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ Շէտտէտէի քարայրը, որ կը կոչուի Մաղարէթ Ալ Արման (արաբերէն՝ հայերու քարայր), որու մօտակայ ոստիկանատունէն արտօնութիւն կը խնդրէ, քանի լսած էր որ այլակրօններուն չեն արտօներ այս քարայրի այցելութիւնը, բայց հայերուն արտօնուած է տեսնել ու այցելել: Ան անձնագիրը ցոյց տալէ ետք ոստիկանի մը ուղեկցութեամբ կ՚իջնէ քարայր, ուր աստիճան մը ամրացուած էր ու կը զննէ մեր նահատակներուն այս գերեզմանը: Ապա դուրս ելլելով կը հարցաքննէ ոստիկանները ու անոնք կը բացատրեն քարայրէն դէպի Խապուր գետի հունը հասնող 7 քիլօմեթր հասակով ներքին անցքի մը մասին, որ գոյացած է դարերու ընթացքին անձրեւի ջուրերուն այս փոսին մէջ հաւաքուելէն․ ջուրը այստեղէն կը քալէ ու կը միանայ Խապուրի հունին: Ահա այս էր այն անցքը, որ փրկած էր քանի մը տարագրեալ հայորդիներու կեանքը:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ