ԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
Քրտնաթաթախ տուն մտաւ: Հանգիստը չէր գտներ: Աճապարանքով հասաւ ննջարան: Գրասեղանին քովի աթոռը քաշեց, տեղաւորուելով համակարգիչին պաստառին ծալքը բարձրացուց, ապա մկնիկին հպումներուն հետեւանքով պաստառը սպիտակ էջ մը բացաւ: Աջ բազուկով քրտինքի կաթիլները ցամքեցուց եւ առանց ընդհատումի սկսաւ հարուածել ստեղներուն:
Ձեռքերուն մատները հմուտ դաշնակահարի մը մատներուն պէս կ՚երթեւեկէին ստեղներուն վրայ եւ երաժշտութեան ազդեցութեան հետքերը կ՚երեւէին կարծես դէմքին՝ մէյ մը ժպիտ, մէյ մը թախիծ, պոռթկում, ցաւ... գծելով:
Կ՚ընդօրինակէր շարուածը միտքէն, կը թափէր ներսէն պարբերութիւնները, կը շարէր: Սիրտին արագ տրոփիւնը կը մասնակցէր աշխատանքին, միտքը կը դատարկէր խեղդոց պատճառող պատկերները եւ ձեռքը հլու-հնազանդ կ՚ենթարկուէր մարմնին ներսի ու դուրսի հրահանգներուն:
Չզգաց ժամանակին վազգը, շարունակեց, հետզհետէ արագութիւնը նուազեցաւ, հարուածները թեթեւութիւն մը հագան, քըր-տինքը չքացաւ եւ վերջին հպումներով սեւ վերջակէտ մը դրաւ: Կիրքը յագեցումը ստացած էր:
Ապրուած շրջան մըն էր թափածը, որ կեանքի սպիտակ էջ մը մրոտած էր:
Չոր զովութիւն մը համակեց իրեն: Հոսեցուց ծորակը եւ սառնորակ ջուրով լի բաժակ մը ըմպեց, ապա յաղթական նայուածքներով ուզեց վերազննել ստեղներուն շարածը, գտնել արագութենէն սպրդած վրէպները, սրբագրել:
Հիմա ընթերցող մըն էր ինք, որ տող առ տող, միտք առ միտք կը հետեւէր գրութեան: Առանձին չէր քիչ առաջուան պէս, այլ ամբողջութիւն մը, որ կ՚ընդգրկէ հանրակառքի երիտասարդը, որ գիրքը ձեռքը կը կարդայ, ուսանողները, փողոցի նստարանին նստած տարեցը, շէնքի դրացուհին, հանրախանութի վաճառողը, յաճախորդները...
Տեղ-տեղ սպրդումներ նկատեց, մշակումի համար բանալի ստեղները անցան կիրարկումի, պաստառին վերջին վրձնահարուածները տուող նկարիչի տեսք ունէր հիմա, կը խաղար կարծես առոգանութեան նշաններով, միջակէտով, վերջակէտով... կը հասունցնէր միտքերը մի առ մի:
Գրութեան մէջէն կը յստականային բառերը, երբեմն ctrl-x-ի օգնութեամբ կը փոխադրէր զանոնք եւ ctrl-v-ով կը տեղաւորէր յարմար գտած բառերուն քով: Երբեմն ջնջել կ՚ուզէր եւ delete ստեղով կը մաքրէր հիմա իրեն համար անդիւրը:
Ժամեր կրնային սահիլ, անցնիլ այս ընթացքով, ակնթարթներու մէջ կը փոխուէր միտքը, հայեացքը, ընկալումը... քիչ առաջուանը չէր ընդուներ կարծես:
Որոշեց ի վերջոյ, որոշեց մշակման վերջին ընթերցումը կատարել: Համամիտ կ՚երեւէր գրուածին, միայն բառ մը աւելի նկատեց, զոր իսկոյն ջնջեց, եւ ցած խնդուք մը լսուեցաւ, կարծես խօսք մըն էր, որ կ՚ըսէր՝ «Ի՜նչ լաւ կ՚ըլլար, եթէ կեանքի մէջ կարենայինք օգտագործել delete-ի պէս բանալի ստեղներ եւ ջնջել անդիւր երեւոյթները»...
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւան