ՕՏԱՐ ԲԱՐՔԵՐ

ՊՍԱԿԻ ՄԸ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ՀԵՏԵՒԱՆՔԸ…

Մեր գիտցած պսակի աւանդական արարողութիւնները կարծես ժամանակավրէպ դարձած են այլեւս, 21-րդ դարու Ամերիկային մէջ։

Հայերուն պսակադրութիւնները տակաւին տեղի կ՚ունենան հայկական եկեղեցիներու մէջ, սակայն ամերիկացիներուն պսակադրութիւնները տեղի կ՚ունենան քիչ մը ամէն տեղ։

Քիչ մը ամէն տեղ կրնայ ըլլալ նաւու մը վրայ՝ ծովուն բացերը, ճաշարանի մը պարտէզին մէջ եւ կամ հօրենական բնակարանի մը ետեւի պարտէզին մէջ։

Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Եութահ նահանգի Հէպըր քաղաքէն։ Պսակադրութիւնը տեղի կ՚ունենայ ճաշարանի մը պարտէզին մէջ եւ ամուսնացող զոյգը արհեստով արկածախնդրական դերակատարներ են, այսինքն՝ stunt doubles։ Մէկ խօսքով՝ դերասաններու դերակատարութեանց վտանգաւոր բաժինները իրենց կը վստահուի, որպէսզի դերասանները ապահով մնան։

Իսկ ի՞նչ է պսակադրութեան վտանգաւոր բաժինը, որուն ակնարկեցի վերնագիրին մէջ։ Հիմա թոյլ տուէք, որ բացատրեմ։ Արդարեւ, արարողութենէն անմիջապէս վերջ՝ հարսն ու փեսան ինքզինքնին կրակի տուին (տես նկարը) եւ սկսան վազել, որպէսզի ուրիշներ չվարակուին կրակէն։

Բայց պէտք է յիշեմ, որ անոնք անհրաժեշտ զգուշութիւնը ձեռք առած էին, որպէսզի կրակը չտարածուէր։ Իրենց ետին բարեկամ մը կրակմարիչ գործիքով (fire extinguisher) հետերնին կը վազէր եւ զայն պիտի գործածէր հարկ եղած միջոցին։

Ամուսնացեալ ամոլը նոյնիսկ հագած էին անկէզ (fireproof) բաճկոններ եւ հետերնին ունէին հակաայրուածքային դեղ, ի պահանջել հարկին՝ գործածելու համար։

Իսկ բաւական տեղ վազելէ ետք, անոնք կանգ առին եւ գետին պառկեցան, որպէսզի կրակը ինքնաբերաբար մարէր… Այսպէսով անվտանգ վերջ գտաւ անոնց արկածախնդրութիւնը!

ՍՈՒՂ ՀՈՎԱՆՈՑ՝ ՈՐ ՍԱԿԱՅՆ…

Աւանդական հովանոցը երկու դեր կը կատարէ։ Ընդհանրապէս անձրեւի դէմ պաշտպանուելու համար կը գործածենք գոց գոյն հովանոց, իսկ արեւի դէմ պաշտպանուելու համար ալ՝ բաց գոյն հովանոց, այնպէս չէ՞։ Բայց բաց գոյն հովանոցն ալ կրնանք անձրեւի դէմ պաշտպանուելու համար գործածել։

Հովանոցներու գիները կը տարբերին՝ ըստ արտադրած ընկերութեան շուկայի վրայ ունեցած համբաւին։ Սովորական հովանոցներու գիները կը տարուբերին 30 տոլարէն մինչեւ 120 տոլարի միջեւ։

Այսօրուան մեր նկարին մէջ ցուցադրուած հովանոցը արտադրուած է նշանաւոր «Կուչչի» ընկերութեան կողմէ։ Ուրեմն՝ ըստ այդ ընկերութեան վարկին, այդ հովանոցը պէտք է ըլլայ շատ սուղ։ Բայց նախքան որ գինին մասին խօսիմ, կ՚ուզեմ ձեզի ներկայացնել «Կուչչի» ընկերութիւնը։

«Կուչչի» ընկերութիւնը հիմնուած է 1921-ին՝ Իտալիոյ Միլանօ քաղաքին մէջ, «Կուչչիօ Կուչչի» անունով մէկու մը կողմէ։ Այդ ընկերութեան նշանաւոր արտադրութիւններն են կիներու ձեռքի պայուսակները, կօշիկները, արդուզարդի պիտոյքները եւ այլն։ Անշուշտ այդ ապրանքները շատ սուղ են եւ միայն հարուստները կրնան ձեռք ձգել զանոնք։

«Կուչչի» ընկերութիւնը արտադրած է նաեւ հովանոցներ, որոնք շատ սուղ են, քանի կը կրեն այդ ընկերութեան անունը։ Նկարին մէջ ցուցադրուած հովանոցը կ՚արժէ 1.290 ամերիկեան տոլար, իսկ անոնք Չինաստանի մէջ կը ծախուին 1.600 տոլարի։

Սակայն այդ հովանոցին անպատեհութիւնը այն է, որ անոնք անձրեւին դէմ չեն պաշտպաներ ենթական… Ուրեմն ամէն սուղ ապրանք պայման չէ, որ գործնական ըլլայ։

Իսկ «Կուչչի» ինքզինք արդարացուցած է ըսելով, թէ «It has good collector's value»։ Այսինքն՝ եթէ պահես, օրին մէկը կրնայ անոր արժէքը բազմապատկուիլ։ Մէկ խօսքով՝ «Գնա մեռիր, եկուր սիրեմ»։

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Շաբաթ, Յուլիս 2, 2022