ՄԱՐՈՔՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆՍ
Ծանր վիրահատութենէն ամիս մը վերջ, զիս դարձեալ հիւանդանոց փոխադրեցին, ստեղծուած զանազան բարդութիւններուն փոյթով առաջքը առնելու համար: Ու այս անգամ անպիտան քովիտին պատճառով, զիս տեղաւորեցին հիւանդանոցին չորրորդ յարկի երկու մահճակալնոց սենեակներէն մէկուն մէջ, «խճողուած է... ուրիշ տեղ չկայ» արդարանալով:
Անցեալ անգամ առանձինս էի ցաւերուս, յուշերուս եւ մտածումներուս հետ: Իսկ հիմա... իրապէս, որ տեսակ մը նեղութիւն զգացի, որովհետեւ բոլորովին օտար սենեկակից մը ունէի: Այս իսկ պատճառով, ներքին անդորրութիւնս ալ կորսուեցաւ, մինակութեանս «վայելքին» կողքին: Սակայն յաջորդ օրն իսկ, թէեւ անհանգիստ խաղաղութիւն մը ներսս տիրած էր, բայց կրցած էի մեր երկուքին միջեւ կամուրջ նետել:
Ինք՝ մարոքցի, լեղուցէն տառապող երիտասարդ հիւանդ մըն էր: Այսպէս ինքզինք ներկայացուց: Ինձմէ աւելի գէր եւ մօրուքաւոր, քառասունի սահմաններուն մէջ ինքզինք հպարտ զգացող, չես գիտեր ինչպէ՞ս կեանքը չափէն աւելի վայելած եւ վայելող, ուտող, խմող, ծխող հիւսիս-արեւմտեան Ափրիկէի հարուստ քաղաքացի մը:
-Ու ինթա... տը քէլ բէյի էթ վու,- խօսեցաւ դժուար հասկնալիք արաբերէնը ֆրանսերէնին խառնած, ծանր բառերով:
Աւելցնեմ, որ արաբական երկիրներէն ներս, իւրաքանչիւր երկիր ունի իրեն յատուկ ոճով եւ «աքսէնթով» լեզուն կամ տեղական բարբառը, որ շատ յաճախ բոլորովին անհասկնալի կամ քիչ հասկնալի կը թուի միւս արաբ քոյր երկիրներու բնակիչներուն: Ահա անվիճելի իրականութիւն: Ուստի այդ նեղ կացութեանս մէջ, ստիպուած շատ ուշադրութեամբ հետեւեցայ այս մարոքցիին արտասանած բոլոր բառերուն, մտովի փորձեցի իմ գիտցած արաբերէնիս թարգմանել: Նախադասութիւններ, որոնք շատ յաճախ ֆրանսերէնն ալ խառնուած կ՚ըլլար: Ու ինչ մեղքս պահեմ, Հալէպի Ճեմարանէս ստացած ֆրանսերէնս քիչ շատ մտքիս մէջ պահ դրած ըլլալով, զինք հասկնալս աւելի դիւրացուց:
Ուրախացայ: Ուրեմն աշխարհի վրայ մարոքցիներն ալ մեզի պէս իրենց խօսակցութեան ընթացքին օտար բառերով կ՚արտայայտուէին:
Զարմանալի չէ, երբեք: Մեր մօտ ալ կայ՝ անգլերէնը, իսկ տակաւին մեր հայրենիքէն ներս ալ՝ ռուսերէնը: Սփիւռքեան տարածքին՝ արաբերէնն ու սպաներէնը: Տեսանելի եւ լսանելի: Նորութիւններ չէին:
Ուրիշ ի՞նչ անուն կրնայի տալ այս նմանութիւններուն: Չէի գիտեր: Անկասկած, որ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներն ալ անմեղ զոհեր դարձած էին ներկայ ժամանակի «մեծ» մշակոյթներու ճնշումներուն: Կլանող հոսանք:
Ուրեմն, երբ ձեւը գտայ զինք հասկնալու, որոշեցի բացատրողական մը տալ այս օտարին: Նախ միտքս ամփոփեցի: Երկիրս Սուրիա չըսի: Ու իբրեւ լաւագոյն ձեւ.-
-Էնէ արմանի, մին Արմինյա..., մօն բէյի է... լ՚Արմենի...,- ըսի դանդաղ ու ձայնիս տալով մանկապարտէզի ուսուցչուհիի մը ոճը, եւ աւելցուցի. Արմենիա... Արմենիա... Հայաստան...:
Այս բոլորը, ըսի համարձակ ու երկու լեզուներով խառն բառերովս, եւ աչքիս ծայրովը փորձեցի դիտել իր դէմքը:
«Է՜հ, վերջապէս թող գիտնայ, որ ես հայ մըն էի, թէ՛ ծնունդով, թէ՛ մտքով եւ թէ հոգիով»: Անկասկած:
Իր կարգին, հիւանդ սենեկակիցս, գլուխը քանի մը անգամ վեր-վար շարժեց: Այնպէս կ՚երեւէր, թէ նոր կը լսէր «Արմենիա» անունը, թէեւ Ազնաւուրի անունն ու անոր երգերը գիտէր, բայց մինչեւ հիմա «լ՚Արմենի» բառը չէր լսած: Իրապէս որ դէմքը հարցական բնոյթ ստացած էր:
-Ո՞ւ է, տ՚Արմենի,- ըսաւ ապշած, կարծես երկինքէն ինկած ըլլար:
Զարմացայ: Այս տարիքը հասածէ, ծանօթ է Ազնաւուր անունին, բայց անծանօթ՝ Արմենիա-ին: Ուրեմն պէտք էր, յաւելեալ բացատրութիւններ տայի: Յստակ էր, թէ գործս տարբեր մարդու մը հետ էր: Ուրեմն ինծի կ՚իյնար կամաց մը բանալ հայրենիքիս պատմութեան եւ աշխարհագրութեան էջերը ու հասկնալի եւ շատ պարզ լեզուով ներկայացնել: Բացատրել: Շուարած էի:
Արդեօք պէ՞տք էր, որ ըսէի, թէ կար ժամանակ, Հայաստան բառը պատմական անյայտ վայրերուն մէջ բոյն դրած հեռաւոր թռչուն մըն էր, ցաւով եւ երազով պարուրուած երկիր, լեռնոտ եւ ջրառատ հողակոյտ տարածութիւն: Կամ՝ ներկայիս անոր ներքին ու արտաքին դէպքերը, շանթի արագութեամբ խուժելով, իր բոլոր արժէքները շրջած էին: Ու տակաւին պատերազմներ, անթիւ արշաւանքներ, պարտութիւններ եւ յաղթանակներ տեսած եւ մղած երկիր եւ մանաւանդ՝ աշխարհի առաջին քրիստոնեայ պետութիւն, որ ներկայիս ճակատագրի հոսանքէն քշուած դէպի ցաւերու եւ անորոշութեան աշխարհ գացող հողաշերտ մը դարձած է:
Արդեօք պէ՞տք էր, որ աւելցնէի, թէ ան միշտ օտարներու քմահաճոյքին զոհ գացած դրախտ մը եղած էր: Որովհետեւ կար ժամանակ, որ Հայաստան անունը լսէիր, մտքիդ ու սրտիդ մէջ լոյս մը կը վառէր, ճերմակ ձայնի նման մաքուր: Ու իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին, ճակատագրական դարեր իրար յաջորդած էին, ինչպէս թշնամիները: Ինչպէ՞ս պէտք էր պարզէի, թէ իր գլխուն այս օրերուն որքա՜ն վտանգներ կախուած են:
Անկեղծօրէն, այս բոլորին վրայ նաեւ պիտի ուզէի աւելցնել, ըսելով թէ.-
«լ՚Արմէնի».- երկիր մըն է, ուր անհանգիստ խաղաղութիւն կը տիրէ ու կարծես իր ճակատագիրը զինք խստօրէն յանդիմանած ու ապտակած ալ է: Տակաւին հո՛ն ճակատագրական պահեր օրէ օր կը բազմանան: Իր երազը կամաց-կամաց խաւարիլ սկսած է: Քարքարոտ ու երկար ճամբայ ունի տակաւին կտրելիք եւ յաղթահարելիք: Իր կեանքը, փշրուած հայելիի կտորներու մէջ կրնաս տեսնել: Թշնամիներու հալածանքներէն, յարձակումներէն, կեղեքումներէն բզկտուած երկիր մը դարձած է, որուն երկինքն ու կեանքը տխուր են իր ժողովուրդին նման: Սակայն, այս բոլորով հանդերձ, իր առասպելական օրերէն ի վեր ան վազած է մշակոյթի ճրագին ետեւէն ու իր մշակոյթը դարձուցած հարուստ եւ լուսաւորած աշխարհի ճրագն ալ:
-Ըսմաա, մօն ամի, շարունակեցի,- «մօն Հայաստան» երկիր մըն է, որուն աչքերէն միշտ յոյսեր հոսած են: Կար ժամանակ որ իր Աստուածները ուժեղ էին, ուրախ, քաջ, խաղաղ եւ զոհաբերող: Բոլոր ժամանակներուն վտանգի տակ մնացած է եւ սակայն չէ անյետացած, որովհետեւ վտանգի պահերուն ի՛նք վերագտած է ի՛ր իսկութիւնը:
-Էքո՛ւթ,- ըսի ու շարունակեցի արաբերէնով,- պալատի Արմինիա աշխարհի բոլոր հայերուն համար կանգնած է ո՛չ իբրեւ յիշատակ, այլ՝ վկայ եւ ազգային կշռոյթ: Իր ժողովուրդի կենսագրութիւնը անբաժանելիօրէն կապուած է իր հողին: Ի՛մ Հայաստանս թէեւ «ասա՛նկ» երկիր մըն է. ծուռ կամ շիտակ... բայց՝ ան մերն է:
***
Է՜հ, ի՞նչ աշխարհ է այս: Ուրկէ՞ եկաւ ինծի այսօ՛ր, ա՛յս մարդը: Ես ո՛չ հայ դատի ներկայացուցիչ մըն էի եւ ո՛չ ալ՝ հայոց պատմութեան ուսուցիչ:
Բայց, դէմս նստող մարոքցիի դէմքի արտայայտութիւններէն կռահելով, այն համոզումն ու գոհունակութիւնը ունեցայ, թէ կրցած էի պապերուս դարաւոր երկիրը ձեւով մը ներկայացնել այս օտարին:
Գրեթէ ուրախ էի:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Հարթակ
- 11/30/2024