ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) մշակութային ծրագիրներու շարքին մէջ ինքնուրոյն արժէք ներկայացնող եւ գնահատելի նախաձեռնութիւններէն եղած է «ՀԲԸՄ Կարպիս Փափազեան մրցանակը», հիմնադրուած 1986-ին, ի Վիեննա՝ մտայղացումովը ազգային բարերար Կարպիս Փափազեանի (ծնեալ՝ Սլիվէն, 1920, վախճանեալ՝ Վիեննա, 2019)։
Կարպիս Փափազեան բարձրագոյն ուսումը ստացած է Վիեննա, մասնագիտանալով գիտարուեստի, տարրաբանութեան եւ միջազգային առեւտուրի ճիւղերու մէջ։ Իբրեւ գործարար մարդ, առեւտրական գործունէութիւն ծաւալած է Իտալիոյ եւ Աւստրիոյ տարածքին, ուր մեծ յաջողութիւններու հասած է։
Բարերար Կարպիս Փափազեան ազգային աշխոյժ գործունէութիւն ունեցած է Վիեննայի մէջ, գլխաւորելով գաղութի ազգային-մշակութային եւ եկեղեցական զանազան միութիւններ եւ հաստատութիւններ, կամ մաս կազմելով անոնց վարչական մարմիններուն։ Անոր առատաձեռն նուիրատուութիւններէն եւ բարերարութիւններէն նպաստաւորուած են Աւստրիոյ, Պուլկարիոյ եւ Մայր Հայրենիքի բազմաթիւ ազգային, մշակութային եւ եկեղեցական հաստատութիւններ։ Բարերարին գլխաւոր իրագործումներէն եղած է իր անունը կրող մրցանակին հաստատումը, որ կը շնորհուի օտար անձնաւորութիւններու՝ ի գնահատումն անոնց հայանպաստ գործունէութեան։ Ան արժանացած է բազմաթիւ շքանշաններու եւ պարգեւներու, որոնց շարքին ՀԲԸՄ-ի Պատուոյ անդամի վկայագրին եւ Ոսկէ շքանշանին։ Անցնող տասնամեակներուն, ՀԲԸՄ-ի իրերայաջորդ երեք նախագահները՝ Ալեք Մանուկեան, Լուիզ Մանուկեան Սիմոն եւ Պերճ Սեդրակեան, մեծապէս կարեւորած են այս մրցանակը: 1986-ին հիմնուած «ՀԲԸՄ Կարպիս Փափազեան մրցանակ»ի 35-ամեակին առթիւ, ուրբաթ, 30 յունիս 2023-ին, Վիեննայի Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ կից մշակութային սրահին մէջ տեղի ունեցած էր մրցանակի հիմնադրութեան 35-ամեակի առթիւ դասախօսութիւն մը, ինչպէս նաեւ բարերարին յիշատակին նուիրուած «Յուշամատեան»ի շնորհանդէսը։ Պատկերազարդ «Յուշամատեան»ը կազմած, խմբագրած եւ հրատարակութեան պատրաստած է վիեննահայ գաղութի երեւելի դէմքերէն, ազգային-մշակութային եւ հասարակական գործիչ Ռազմիկ Թամրազեան-Յարթունեանը։ Մեր ազնիւ հայրենակիցը եղած է բարերար Կարպիս Փափազեանի երկարամեայ մտերիմ գործակիցն ու մրցանակին շարունակականութիւնը ապահովող նուիրեալը, գործակցելով ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչական ժողովի ծրագիրներու նախկին տնօրէնուհի Անիթա Անսըրեանի հետ։ Իբրեւ մրցանակի տուչութեան յանձնախումբի համակարգող եւ երկար տարիներ Փափազեանի լիազօր ներկայացուցիչ, տիար Թամրազեան-Յարթունեան «Յուշամատեան»ը նուիրած է «Ազգային բարերար, Գարեգին Նժդեհի թիկնապահ եւ իր որդւոյն՝ Բագինի կնքահայր մեծ հայրենասէր Կարպիս Փափազեանի անմոռաց յիշատակին»։ «Յուշամատեան»ը կազմուած է 120 էջերէ, ուր հեղինակը ամփոփ տեղեկութիւններ կու տայ ՀԲԸՄ-ի ազգօգուտ գործունէութեան, «Կարպիս Փափազեան մրցանակ»ի ստեղծումին, բարերարին կենսագրութեան եւ կատարած նուիրատուութիւններուն, ամէնամեայ մրցանակին արժանացած 30 օտար մտաւորականներու կենսագրութեանց, ինչպէս նաեւ մրցանակներու յանձնումի ձեռնարկներու մասին։ Հրատարակութեան մէջ կը գտնենք պարգեւատրումներու հաղորդագրութիւններ, յարակից նիւթեր, թղթակցութիւններ, մրցանակակիրներու ցանկը՝ ըստ տարիներու, եւ անուանացանկեր։ Յուշամատեանը հարուստ է նաեւ զանազան տարիներու լուսանկարներով։ Տեղին է յիշել, թէ գրքին բոլոր նիւթերը քաղուած են հեղինակին կողմէ տարիներու ընթացքին հաւաքուած եւ բծախնդրօրէն պահպանուած անձնական արխիւէն։ Ահա այս իսկ պատճառով գնահատելի է հեղինակին անձնական նախաձեռնութիւնը՝ վաւերագրելու աւելի քան երեսնամեայ մրցանակին պատմութիւնը։ Անդրադառնալով մրցանակի ստեղծման նախապատմութեան, Թամրազեան իր «Յառաջաբան»ին մէջ կը գրէ. «Մեծն Յովհաննէս Թումանեանի իմաստութեան՝ «Գործն է անմահ» խօսքով սկսում եմ պրն. Կարպիս Փափազեանին նուիրուած ՀԲԸՄ Կարպիս Փափազեան մրցանակ» յուշամատեանը: Յիրաւի այդ հիմնադրամը հոյակապ մտայղացում էր եւ իրագործումը մի մնայուն ազգային կարեւոր ծրագրի: Հիմնադրման մեկնարկի իրադրութիւններին որպէս ներկայ եւ ականատես, իմ յիշողութեան մէջ է երկու մեծ հայորդիների մրցանակի հիմնադրման նախօրեակի զրոյցը: Պրն. Ալեք Մանուկեանը Վիեննա ժամանեց Շուէյցարիայից, երկաթուղիով, ոչ առաջին կարգով, այլ երկրորդով: Հիւրանոցի համար էլ, ինչպէս պրն. Կարպիս Փափազեանը, առանց դրա աստղերին ուշադրութիւն դարձնելու, մի պարզ պայմանով՝ «մաքուր ըլլայ եւ աղմուկ չըլլայ»: Նոյնը՝ պրն. Փափազեանի նախընտրածը: Ապա պրն. Փափազեանի գրասենեակում, մի բաժակ սուրճի ժամանակ ակնդիր եւ ունկնդիր հետեւում էի իրենց, մրցանակի վերաբերեալ զրոյցին: Պրն. Փափազեանը արդէն որոշել էր իր մտայղացումը՝ օտար, «ոչ հայ» մտաւորականներին, որոնք անշահախնդրօրէն հետաքրքրուած են հայ ժողովուրդի՝ պատմութիւնը, արուեստը, ճարտարապետութիւնը, գրականութիւնը, ցեղասպանութիւնը եւ հայկական հարցը ու դատը պատշաճ ձեւով իրենց հայրենակիցներին եւ աշխարհին ներկայացնելու, նրանց երախտագիտութիւն յայտնելու եւ պարգեւատրելու անհրաժեշտ քայլը իրականացնել ՀԲԸՄ-ի շրջանակում: Պրն. Մանուկեանի հարցին, թէ ի՞նչու ՀԲԸՄ, պատասխանեց՝ լաւերի մէջ լաւագոյնին ընտրեցի: Պրն. Մանուկեանի յաջորդ հարցին՝ -Կարպի՛ս, ՀԲԸՄ-ը անթիւ մշակութային եւ բարեգործական ծրագրեր է իրականացրել, բայց քո այս մտայղացումը, իսկապէս հոյակապ է եւ անհրաժեշտ, կ՚ուզեմ իմանալ, թէ ի՞նչպէս եղաւ որ դուն ունեցար այդ մտայղացումը: Պրն. Փափազեանը ըստ իր սովորական համեստութեան հանդարտ պատասխանեց.- կոյր հաւն ալ քջուջ անելիս, երբեմն մի ոսկէ հատիկ կը գտնէ»:
Ահա այս երկու մեծ հայերուն սերտ համագործակցութեան շնորհիւ է, որ ծնունդ առած էր արժէքաւոր այս նախաձեռնութիւնը, որուն 35-ամեայ պատմութեան վաւերագրումն է, որ բծախնդրօրէն ի կատար ածած է տիար Թամրազեան: Գովելի է մանաւանդ, որ ան տասնամեակներ շարունակ պահած եւ դասաւորած է հիմնադրամի պատմութեան առընչուող հարուստ արխիւը: Պատկերազարդ «Յուշամատեան»ի էջերուն ամենայն մանրամասնութեամբ ներկայացուած են 30 մրցանակակիրներու մշակութային եւ հասարակական հայանպաստ գործունէութիւնները եւ աշխատութիւնները:
Հեղինակ Թամրազեան-Յարթունեան մեծապէս գնահատելի եւ երախտարժան գործ կատարած է հրատարակելով այս գիրքը՝ նախ իբրեւ յարգանքի տուրք բարերար Կարպիս Փափազեանի յիշատակին, եւ, ապա, ներկայացում հիմնադրամի 35-ամեայ հարուստ պատմութեան։ Պատկերացում մը կազմելու համար մրցանակի ծանրակշիռ բնոյթին, թուարկենք կարգ մը հեղինակաւոր դափնեկիրներու անուններ.- Թէսա Հոֆման, Ալպաքօ Նովելլօ, Քրիսթոֆըր Ուոքըր, Իւ Թէրնոն, Խոսէ Անթոնիօ Կուռիարա, Կիմ Փաքշի, Քերոլայն Քոքս, Ահմատ Նուրիզատէ, Հերման Կոլց, Ուոլվկանկ Կուսթ, Մոհամմէտ Ռիֆաաթ Էլ Իմամ, Անտրէ Սանթինի եւ ուրիշներ, բոլորն ալ նուիրուած հայ ժողովուրդի պատմութեան, մշակոյթի, արուեստի, հայկական հարցի, հայոց ցեղասպանութեան նիւթերու ուսումնասիրութեան եւ միջազգայնացումին:
Իր «Վերջաբան»ին մէջ հեղինակը, որ ինչպէս մրցանակին հիմնադիրը, ինք նոյնպէս կը փայլի իր համեստութեամբ, կը գրէ. «Աստծոյ կամօք, ահաւասիկ աւարտին հասցրեցի երջանկայիշատակ Կարպիս Փափազեանին նուիրուած ՀԲԸՄ Կարպիս Փափազեան մրցանակի 35-ամեայ յոբելեանի առթիւ, իմ համեստ աշխատութիւնը։ Երբեք յաւակնութիւն չունեմ, որ այն կատարեալ գործ է, սակայն վստահ եմ, որ իմ ուժերի սահմաններում կարողացել եմ ի մի բերել եւ կազմել 35 տարուայ բոլոր մրցանակակիրների մասին տեղեկութիւններ եւ մրցանակները յանձնելու հաղորդագրութիւններով 120 էջանոց վաւերագրական մի պատկերազարդ յուշամատեան, սկսած այս հոյակապ մտայղացման 1986 մեկնարկի օրից մինչեւ 2023 երեսուներորդ մրցանակի տուչութեան պաշտօնական օրը»։
Ընթերցելով «Յուշամատեան»ը, մենք կ՚ըսենք. Ձեր վարձքը կատար, յարգելի պրն. Թամրազեան, այս արժէքաւոր հրատարակութեան համար։ Միանալով հեղինակի փափաքին, մեր ալ ցանկութիւնն է, որ յուշամատեանը թարգմանուի անգլերէնի եւ լոյս տեսնէ առաւել գրաւիչ տեսքով։
ՅՈՎԻԿ ԷՕՐՏԵՔԵԱՆ
Երեւան