ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (43)

Նորայի խոնաւ ձայնը լսելով, խռովեր էր Զանան։ Օր մը ամբողջ ստիպուած էր սպասել տակաւին, մինչեւ ան գար Երեւան եւ պատմէր ի վերջոյ, թէ ի՞նչ էր եղեր։

«Մերոնք իմացել են քո մասին...»

Եւ ի՞նչ. այսի՞նքն։

Այսինքն, գիտէ՛ր ինչ Զանան... այդքան ամիսներու հայաստանեան փորձառութիւնը հասցուցեր էր հոն, որ առանց այլեւայլ բացատրութեան կը հասկնար, թէ իր «ուրիշ» ըլլալը, յատկապէս՝ «պարսիկ» եւ «մուսուլման», առնուազն մասնակի գործօն էր այստեղ։ Եւ արդէն - յօնքերը վեր հանեց, խորունկ շունչ մը առաւ ու հրեց զայն դուրս քթածակերէն - արդէն չէր դիմանար...

Ղուշբասը ներս ժողվեր էր աղաւնիները, բացի մէկէն։ Կը սուլէր, կը կանչէր զայն վար, բայց վերջինս կը յամառէր քիչ մը եւս սաւառնիլ խիստ ամպամած երկնքին, վայրկեան մ՚աւելի ազատութիւնը վայելելու համար։ Տեսնելով, որ ծերուկը կը ջղայնանար, Զանան առանց շատ մտածելու մատները տարաւ բերնին ու սուլեց այնպէս, որ պատահածին ի տես՝ աչքերը սառեցան մարդուն։

Աղաւնին կարծես սլացքն արգելակեց ու կանգ առաւ, օդին մէջ գրեթէ անշարժացաւ պահ մը. անմիջապէս ուղղութիւնը փոխեց, եւ ուղի՛ղ, գրեթէ ազատ անկումով իջաւ թառեցաւ Զանայի գլխուն։ Բերնի ծայրով ցըկ-ցըկ մը հանեց Զանան, աղաւնին իջաւ, նստաւ ուսին. քալեց մօտեցաւ ղուշբասին, որ քար կտրած էր։

-«ձերն ա, վերցուցէ՛ք...», որսը զիջեցաւ Զանան։

-«...քո՛նն ա»

հաստատակամ պատասխանեց մարդը, ափերուն մէջ առաւ աղաւնին, ու փակեց զայն առանձին փոքր վանդակի մը մէջ. կղպեց ու բանալին տուաւ Զանային։

Ամպամած էր հոգին. ինչքան ալ թանկագին էր նուէրն այդ, աւելի՛ թանկի կորուստի վախն էր պատեր Զանայի ներսիդին։ Գլխով շնորհակալութիւն յայտնեց ղուշբասին, ու քալեց մի քանի քայլ անդին, ուրկէ Երեւանը կ՚երեւէր։ Ահա այնտեղ, երկրորդը շարքին, Նորայի բնակած բարձրայարկն էր։

Զանան, նայելով քաղաքին, առաջին անգամ ըլլալով զգաց, որ օտար էր ան իրեն, եւ օտար էր ինք անոր։ Հո՞ս ալ չէր տեղն իր։ Կայծակի պէս ճեղքեց հարցումը ծալքերն ուղեղին, իջաւ մինչեւ կուրծքը տղուն։ Նայեցաւ Նորայի պատշգամին, որ փոքր, եղունգի մը չափ կ՚երեւէր հոսկէ։ Յիշեց պահերն իր ամենաջերմ, զգաց Նորայի ջերմութիւնը՝ ափին, ուր կաթիլ մը ինկաւ վերէն։

Ամպերը ճաք տուին։

Զանան ցնցուղն ընդունեց թեւաթափ։

Վաղը կու գար Նորան. ի՞նչ պիտի ըսէր, ի՞նչ պիտի ըլլար. չէր գիտեր։

Գիտէր սակայն, որ ամէ՛ն ինչ կ՚ընէր չկորսնցնելու համար երկու բան. աՆոր եւ արժանապատուութիւնն իր։

ԵՐԱՄ

•շարունակելի

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2020