ԿՌՈՒԻ ԳԱՑՈՂ ՀԱՅ ՓԱՓԿԱՍՈՒՆՔ ԵՒ ՀՈՂԻՆ ՊԱՇՏՊԱՆ ԽՐՈԽՏ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐԸ
Աշնան թօնուտ օր էր երէկ: Հեռատեսիլի բաց պզտիկ պատուհանէն կը հետեւէի հայրենի Արցախի մէջ թաւալող կռիւներուն, կարծէք հնարուած պատերազմի մը պատկերները կը տողանցէին: Միաժամանակ հին թուղթեր կը խառնշտկէի, գրութիւններ, թերթերէ մկրատով կտրուած եւ պահուած էջեր: Յանկարծ գունաւոր լուսանկար մը դուրս թռաւ դէզին մէջէն եւ արթնցան յիշատակներ: Չեմ յիշեր ճիշդ թուականը, կ՚ենթադրեմ որ 1994-էն վերջ էր, Ծաղկաձորի մէջ կը գումարուէր ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆի Պատգամաւորական ժողովը: Կէսօր էր:
Բակը, պատին կռթնած լուռ ծերունի մը նստած էր առանձին եւ արեւով կը տաքնար: Հարցուցի, թէ ո՞վ էր ան: Ըսին՝ ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆն է: Մօտեցայ, ինքզինքս ներկայացուցի եւ ինք հարցուց, թէ ինչո՞ւ հոն էինք:
Խօսեցանք Հայաստանի կացութեան, Արցախի կռիւներու, գրականութեան, բանաստեղծութեան եւ այլ հարցերու մասին: Իմաստուն մարդ էր: Իր գնահատականները տուաւ անցեալի եւ ներկայի մասին: Սրահ պէտք էր վերադառնայի, բայց ըսի, որ կրկին պիտի հանդիպինք եւ իրեն հետ զրոյց պիտի ունենամ եւ արձանագրեմ, սփռելու համար Փարիզի հայկական ձայնասփիւռէն: Օր մը կը գտնե՞մ այդ զրոյցը:
Բանաստեղծի հետ զրոյցը միշտ թաքուն ճամբաներ ունի, միտքեր եւ զգացումներ կը վերանորոգէ: Իսկ բանաստեղծի խօսքը իր ժամանակին մէջ չի պարփակուիր: Ան միշտ նոր բան կ՚ունենայ յուշելիք: Ինչպէս գիրքի մը կողքին վրայ գրած է յոյն Նիքոս Քազանձաքիս, «բանաստեղծութիւնը աղն է որ կը պաշտպանէ կեանքը փտութեան դէմ»:
Բանաստեղծը մեզ կը պաշտպանէ փտութեան դէմ:
Լուսանկար մը: Հեքիաթային Ծաղկաձորի Գրողներու տունը: Բանաստեղծը: Եւ արդէն քառորդ դար...
Եւ հիմա կռուի գացողներու սահող պատկերներ:
ՀԱՅՐԵՆԻ ՀՈՂԻ ՀԱՄԱՐ ԿՌՈՒԻ ԳԱՑՈՂՆԵՐ:
Յիշողութեանս մէջ, պատկերին հետ, կենդանացաւ Գէորգ Էմինի բանաստեղծական խօսքը, որ այսօր տեսիլքն է հոգիներու եւ կը զինէ հայ կինն ու տղամարդը, Արցախ, Հայաստան եւ սփիւռքներու անսահմանութեան տարածութեան վրայ: Տեսիլք՝ պապերէն, պատմութենէն, հողէն, երկինքէն, ջուրէն, անտառներէն եկած եւ մէկ բառի մէջ խտացած պատգամ, որ կ՚առաջնորդէ. ՀՈՂԸ:
Խօսող քարեր, որոնք տաճար են:
Ժայռեր՝ որոնք դարեր պահած են առասպել դարձած պատմութիւնը Վահագնի, Դաւիթի, Մհերի:
Առհաւական յաւերժացած եւ հոգիներու մէջ միշտ կենդանի վառ գիտակցութեամբ խրոխտ երիտասարդը եւ Եղիշէի փափկասունք տիկնայք կրկին կ՚երթան բանաստեղծի կոչին անսալով՝ վերջ դնելու մեր տառապանքին: Մեր հին բախտի պէս դառնահամ հայոց գինին, մեր երգերը՝ նման խեղդուած հառաչանքի. եւ յոյսերի ու երազի այն նոր ուղին, որ վերջ դրեց մեր դարաւոր տառապանքին:
Այսօր կռիւ է, գարուն կեանքով երիտասարդներ եւ փափկասունք հայոց աշխարհի մահը սիրողի պէս զէնք բռնած են, որպէսզի, ինչպէս կ՚ըսէ Գէորգ Էմին, ոչ ոք զիրենք զրկէ իրենց ունեցածէն: Անոնք լսած են դարերու շունչին հետ հասած հարազատ խօսքը բանաստեղծին,
Սիրում եմ մեր խոր անցեալն ու նոր ապագան, չկայ ոչինչ, որ չսիրեմ` մահից բացի....
...Բայց պատրաստ եմ մահը սիրել մինչեւ անգամ, եթէ փորձեն ինձ զրկել իմ ունեցածից:
Քառորդ դար առաջ էր: Էմին չկայ: Բայց իր խօսքը կը ճառագայթէ իր ծննդավայր քաղաք Աշտարակի բլրան կողի եկեղեցիի շրջափակին մէջ գտնուող իր տապանէն եւ կը հսկէ արեամբ վճարուող մեր հողի եւ մեր կեանքի երթին: Պատմութիւն Հայոց, զոր կը գրեն, անկէ դուրս չնետուելու համար, հայ զինուորը եւ ճակատ մեկնող Փափկասունքն Հայոց Աշխարհի: Եւ կը յանկերգեն՝
...Բայց պատրաստ եմ մահը սիրել մինչեւ անգամ, եթէ փորձեն ինձ զրկել իմ ունեցածից:
Հեռատեսիլի պզտիկ պատուհանին առջեւէն կ՚անցնին զինուորներ, կը փայլատակեն հրկիզուող հրասայլեր, եւ հայն է որ կը շարունակէ յամառօրէն ըսել՝
Ես սիրում եմ հայոց հողը քարքարուտ...
Քանի որ այդ ՀՈՂԸ օտար աշխարհներու մէջ մեր վարձու սենեակը չէ: Հայրենիք է:
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան