ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆԸ 21-ՐԴ ԴԱՐՈՒՆ

21-րդ դարը աշխարհիս բերաւ հսկայաքայլ յառաջդիմութիւն արուեստական (technology) աշխարհին մէջ, եղափոխելով հինաւուրց կարգ ու կանոն: Պահ մը յետադարձ անդրադարձումով կրնանք յիշել եւ բաղդատել մեր հեռաձայները, հեռատեսիլները, համացանցերը եւ այլ բազմաթիւ նորանոր զարգացումներ, որոնց բարիքները այսօր կը վայելենք գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար: Անշուշտ 21-րդ դարու նորածիները չեն գիտեր այդ տարբերութիւնները, որովհետեւ անոնք այդ զարգացումներուն հետ ոտքի կանգնեցան:

Այդ զարգացումները սակայն բերին եւս չարիք ազգերու, երկիրներու ժողովուրդներու եւ անոնց կենցաղին ու ապրելակերպին մէջ:

Յառաջ եկաւ ենթակայ կամ կախուածութեամբ տառապող (dependent) որոշ դասակարգի սերունդ մը, որ առանց այդ արուեստական գիտութեան կարող չէ ինքնուրոյն մտածել, աշխատիլ եւ տրամաբանել: (Բացառութիւնները յարգելի են անշուշտ):

Պահ մը նաեւ անդրադառնալով նախկին տարիներու ուսումնական համակարգին եւ ներկայինին, կը տեսնենք միջնակարգ վարժարաններու գրասեղաններէն սկսեալ, չըսելու համար նախակրթարանի, մինչեւ համալսարաններու մէջ տեղի ունեցած աշակերտութեան վարմունքը, ուսումնական կարողութիւնը եւ անոնց անցուցած արձակուրդներու կերուխումը անճոռնի ու անվայել տարողութիւններով, ի՞նչ կրնանք սպասել ուրեմն այդ համալսարաններու վկայեալներէն:

Բայց ճիշդ ա՛յդ է արդէն 21-րդ դարուս ղեկավարներուն ծրագիրը: Պատրաստել բթամիտ ապագայի սերունդներ, որոնց ղեկավարութիւնը կը հեշտացնէ իրենց պաշտօնը: Կը յիշէ՞ք Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահներէն Պարաք Օպամայի խօսքը միջազգային հասարակութեան մը ներկայութեան՝ երբ ան կ՚ըսէր. «Հասարակ ժողովուրդը կարողութիւն չունի որեւէ ղեկավար դիրքի հասնելու միջազգային օրէնքին մէջ: Ուստի ան պէտք է հպատակի ու յանձնէ իր ենթակայութիւնը աշխարհի նոր միջազգային մէկ օրէնքի ղեկավարութեան, որուն պատրաստութեան համար մենք կ՚աշխատինք տարիներէ ի վեր»:

Յստակ է չէ՞, աշխարհ կ՚ուղղուի դէպի միահեծան իշխանութիւն, որուն իշխանաւորները շատ յստակ են այս ժամանակին մէջ եւ արուեստագիտութիւնը կը վերապահէ իր մեծագոյն գործուն դերը այդ եղաշրջումին մէջ, որ պիտի ընդգրկէ կեանքի բոլոր, այո՛, բոլոր ասպարէզները եւ մարդկային ապրելակերպն ու կենցաղը:

Անցեալի մէկուկէս կամ երկու տարուան ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, որոնք վերագրուած են քորոնաժահրին, նախաքայլը կը հանդիսանան այն բոլորին, որ տեղի պիտի ունենայ եւ կ՚ունենայ արդէն աստիճանաբար:

Ուշադրութեան արժանի են մանաւանդ նոր հրապարակ ելած կարգ մը ֆիլմեր, որոնք շատ հաւանաբար տեղ չգտնեն հրապարակի վրայ, կամ ակամայ հեռացուին, որոնք կը քննադատեն ներկայի պատահարները եւ տեղի ունեցած կենցաղային փոփոխութիւնները, անոնց վախճանը նկարագրելով զանազան դաժան կերպարներով: Անոնցմէ մին կը կեդրոնանար աշխարհի առանց համացանցային կարողութեան կարգավիճակին, ուր ոչ մէկ հեռակապ հաղորդակցութիւն, աշխատանք, բժշկութիւն եւ բոլոր արուեստագիտական գործունէութիւնները կարելի պիտի չըլլային աշխարհի մէջ, որուն որպէս հետեւանք՝ պիտի ստեղծուէր քաոսային վիճակ աշխարհի չորս ծագերուն: Երկրորդ տեսաժապաւէն մը՝ կեդրոնացած բժշկութեան, դեղօրայքի եւ դեղօրայքի արտադրական ընկերութիւններու վարմունքներուն վրայ, ուր մարդկային կեանքն ու հոգին որեւէ արժէք չի ներկայացներ իրենց հետապնդած շահագրգռական նպատակներուն մէջ: Մարդկային զոհերը իրենց համար, պարզապէս, դեղօրայքի պատրաստութեան փորձառութեան զոհեր են, պարզապէս՝ տարրալուծարանի փորձարկման զոհեր, «նոր հրապարակ իջնելիք դեղօրայքի տնտեսական եւ ֆինանսական յաջողութեան համար»:

Մարդկային զոհերու քանակը անհանդուրժելի կը դառնայ օր ըստ օրէ եւ իրաւաբաններու գրասենեակները արդէն կը վխտան դեղօրայքի ընկերութիւններու արտադրած դեղերու վնասակար հետեւանքներուն պատճառով մահացած կամ տուժած անձերու դատերով եւ սակայն բժիշկները, հիւանդանոցներն ու դեղօրայքի ընկերութիւնները չեն զիջեր ոչ մէկ քայլ, ջանալով քօղարկել այդ բոլորը տարօրինակ պատճառաբանութիւններով եւ հրահանգներով, առաւել եւս յառաջ մղելով իրենց նպատակադրեալ ծրագիրները:

Մօտաւորապէս 30-40 տարի առաջ, մաղձաճարպի (Cholesterol) բարձրագոյն աստիճանն էր 250, իսկ այսօր այդ սահմանը նուազած է 199-ի: Բարձր արեան ճնշման սահմանն էր 180, այսօր՝ այդ իջած է 140-ի, (առաւել կամ նուազ), արեան շաքարախտի սահմանը նոյնպէս: Այդ սահմանային փոփոխութիւնները ի՞նչ կը նշանակեն արդեօք, մարդկային կեանքի առաւել հոգատարութի՞ւն թէ՝ դեղօրայքի սպառման նպատակի հետապնդում:

Այժմ դեղօրայքի ընկերութիւններն ու անոնց հետեւողական առողջապահական հաստատութիւնները մաս կը կազմեն այդ միջազգային նոր մէկ օրէնքի ղեկավարութեան, երբ ժողովուրդին կը թելադրուի հրահանգներու կիրարկում՝ առանց առարկութեան:

Կը սպասենք ապագայի զարգացումներուն:

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

«Նոր Օր», Պոստոն

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2021