ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ ԺԲ.

ԵՐԵՔՍՐԲԵՆԻԻՆ ՄԱՍԻՆ

Այստեղ չորս հարցում կ՚ըլլայ.

Առաջին. ինչո՞ւ համար երեքսրբենին ի դէմս մէկ անձի կ՚ըսենք:

Պատասխան. չորս պատճառով. նախ՝ որովհետեւ Եսայի մարգարէն Տէր եւ աթոռ ըսելով մէկ անձնաւորութիւն ցոյց տուաւ եւ ո՛չ՝ երեք, ինչպէս եւ Դանիէլը: Երկրորդ. քանի որ Աւետարանիչը Որդիին համար պատմեց: Երրորդ. որովհետեւ Պօղոս ի դէմս Սուրբ Հոգիին կը ցուցնէ, ինչպէս վերը ըսուեցաւ: Չորրորդ. ուղղափառութիւնը կը հաստատէ, որովհետեւ մէկ անձին փառքը երեքինն է եւ երեք անձերունը՝ մէկուն կը վայելէ, քանի որ մէ՛կ բնութիւն եւ Աստուածութիւն է:

 

Երկրորդ հարցում. ինչո՞ւ համար մենք ի դէմս Քրիստոսի կ՚երգենք երեքսրբեանը:

Պատասխան. վեց պատճառով. նախ՝ քանի որ երեք գոյացութիւն միաւորուած է Քրիստոսի մէկ անձին ու մէկ բնութեան մէջ, այսինքն՝ Բանը, հոգին եւ մարմինը: Երկրորդ. որովհետեւ Աւետարանիչը ի դէմս Քրիստոսի կ՚ըսէ, ըստ այնմ. «Եսայի այս խօսքերը ըսաւ, որովհետեւ տեսաւ Անոր փառքը, -այսինքն՝ խաչը-, եւ խօսեցաւ անոր մասին» (Յհ 12.41): Երրորդ. Եսայի մարգարէն կ՚ուսուցանէ. «Ծնուածին անունը, -կ՚ըսէ-, Աստուած, Հզօր, հանդերձեալ աշխարհին Հայր պիտի կոչուի» (հմմտ. Ես 9.6), որ է՝ յաւիտենական եւ անմահ: Չորրորդ. այսպէս կը մեկնուի, որովհետեւ թէեւ մարդ եղաւ, Աստուած է, եւ մեր տկարութիւնները առնելով [հանդերձ]՝ հզօր է, եւ մեզի համար մեռնելով իսկ՝ անմահ է: Հինգերորդ. քանի որ մեր խոնարհութիւնը բարձրացուց ու մեր տկարութիւնը զօրացուց, եւ մահէն անմահացուց, ատիկա անոր կը կոչենք: Վեցերորդ. որովհետեւ Աստուած խաչին վրայ երեւցաւ, եւ հզօր՝ թաղման ժամանակ, եւ անմահ՝ յարութեան ժամանակ, այդ պատճառով ի դէմս Քրիստոսի կը նուագենք երեքսրբեանը1:

 

Երրորդ հարցում. ինչո՞ւ համար ետքէն Խաչեցարը կ՚ըսենք:

Պատասխան. չորս պատճառով. նախ՝ որովհետեւ Աստուածը՝ հզօր եւ անմահ, վերջին ժամանակներուն մեզի համար խաչուեցաւ: Երկրորդ. քանի որ աւարտը եւ ամբողջ տնօրէնութեան կատարումը Խաչը եղաւ: Երրորդ. որովհետեւ ըստ Պօղոսին Խաչը պարծանք է (Գղ 6.14), եւ Քրիստոսի փառքն է, այդ պատճառով հանապազ յիշելով՝ ողորմութիւնը կը խնդրենք: Չորրորդ. քանի որ հանապազ կը մեղանչենք ու պատժապարտ կ՚ըլլանք, իսկ Տէրը մեզի համար մարդ եղաւ ու խաչուեցաւ: Հանապազ կը յիշենք Խաչը՝ մեզի համար, որպէսզի Իր չարչարանքներուն կրումները մեր յանցանքներով կշռէ, որովհետեւ Անչարչարելիին չարչարանքներն ու Անմահին մահը անհուն մեծութեամբ կը յաղթէ մեղքերուն ու մեր պատիժներուն եւ տկարացնելով կը ջնջէ ու կը սրբէ:

 

Չորրորդ հարցում. ի՞նչ է սխալը, որ ուրիշ ազգի պատկանողները երեքսրբեանը ի դէմս Երրորդութեան կ՚ըսեն:

Պատասխան. երեք են. նախ՝ որովհետեւ ինչ որ մէկ անձինը կը կոչեն, երկուքին կը դնեն, որովհետեւ Աստուած կ՚ըսեն Հօր եւ ոչ՝ Որդիին, եւ ոչ՝ Սուրբ Հոգիին: Եւ հզօր կ՚ըսեն Որդիին եւ ոչ՝ Հօր կամ Սուրբ Հոգիին: Եւ անմահ կ՚ըսեն Հոգիին, սակայն ոչ Հօր կամ Որդիին: Երկրորդ սխալը, երբ կ՚ըսեն. «Սուրբ Աստուած, Սուրբ եւ հզօր, Սուրբ եւ անմահ, Քրիստոս, որ մեզի համար խաչուեցար, ողորմէ՛», զՔրիստոս սոսկ մարդ կը դաւանին եւ ոչ՝ Աստուած, եւ ոչ՝ հզօր, եւ ոչ՝ անմահ: Երրորդ. քանի որ այսպէս ըսելը Երրորդութիւնը չորրորդութիւն կ՚ըլլայ: Իսկ մնացած բաները երեքսրբեանին մասին կը տեսնես Գիրք Հարցմանցի իններորդ հատորին, քառասունվեցերորդ համարին մէջ:

Իսկ ասկէ ետք կը ճառէ հաւատացեալ հրեաներուն անկատարութիւնը Քրիստոսի հանդէպ, որովհետեւ հաւատքին կատարումը միայն սիրտով հաւատալը չէ, այլեւ՝ բերանով խոստովանիլը, ինչպէս կը գրէ Պօղոսը Հռոմայեցիներու նամակին մէջ. «Սիրով հաւատալը արդարութեան եւ բերանով խոստովանիլը փրկութեան» (տե՛ս Հռ 10.10) գործ է, սակայն հրեաները թէեւ սիրտով հաւատացին, սակայն բերանով չէին համարձակեր խոստովանիլ զՔրիստոս:

 

Խօսք. «Այնտեղի իշխաններէն շատեր հաւատացին» (Յհ 12.42):

Մեկնութիւն. իշխաններ կը կոչուին քահանայապետներն ու օրէնսգէտները, դպիրները, որոնցմէ շատեր Քրիստոսի հաւատացին. նախ՝ սքանչելիքներուն համար, երկրորդ՝ Յիսուս Քրիստոսէն գրուածներուն լրումին համար, սակայն յայտնապէս չէին խոստովաներ՝ փարիսեցիներէն վախնալնուն պատճառով, որոնք այնպիսի հրաման դրած էին, որով եթէ մէկը զԻնք Քրիստոս խոստովանէր, ժողովուրդէն կը հեռացուի, եւ հրեաներուն մէջ բանադրուածը մեծ ամօթ էր, որովհետեւ բոլորէն կը բաժնուէր, սակայն այդպիսի բանադրանք կրելը ճշմարտութեան համար՝ մարդը Աստուծոյ կ՚արժանացնէ, սակայն ասոնք չէին կամենար ճշմարտութեան համար ամօթ կրել ու Աստուծոյ հաճոյանալ:

Իսկ պատճառը՝ հպարտութիւնն ու փառասիրութիւնը կ՚ըսէ.

Խօսք. «Նախըտնրեցին մարդոցմէ փառաւորուիլ, քան՝ Աստուծմէ» (Յհ 12.43):

Մեկնութիւն. [Աստուծմէ փառաւորուիլը] նախ՝ քանի որ մեծ պատիւ է, երկրորդ՝ ճշմարիտ, երրորդ՝ երկնաւոր, չորրորդ՝ մնացական, որ ձգեցին: Իսկ մարդոցմէ փառաւորուիլը, նախ որովհետեւ փոքր է, երկրորդ՝ սնոտի, երրորդ՝ երկրաւոր, չորրորդ՝ անցաւոր, որ սիրեցին:

 

Այժմ, ասկէ ետք, հրեաներուն անհաւատութիւնը կը յանդիմանուի Քրիստոսի կողմէ.

Խօսք. «Եւ Յիսուս բարձրաձայն ըսաւ» (Յհ 12.44):

Մեկնութիւն. այստեղ, Քրիստոս նախ հրեաները հաւատքի կը բերէ: Երկրորդ. հաւատքին պտուղն ու պատիւը կը ցուցնէ, այնտեղ. «Եւ որպէս լոյս եկաւ աշխարհ» (Յհ 12.46): Երրորդ. անհաւատներուն պատիժը կը ցուցնէ, այնտեղ. «Եւ եթէ մէկը լսէ» (հմմտ. Յհ 12.47):

 

Առաջինին համար կ՚ըսէ.

Խօսք. «Եւ Յիսուս բարձրաձայն ըսաւ.

-Ով որ Ինծի կը հաւատայ, ո՛չ թէ Ինծի հաւատացած կ՚ըլլայ, այլ Անոր՝ որ զիս ղրկած է» (Յհ 12.44):

Մեկնութիւն. բարձրաձայն կ՚ըսէր՝ չորս պատճառով. նախ՝ խօսքին մեծութիւնը ցոյց տալու համար: Երկրորդ. որպէսզի ցոյց տայ մեծ փափաքը մարդոց փրկութեան համար: Երրորդ. որպէսզի աւելիով հաստատուի խօսքը մարդոց սիրտերուն մէջ: Չորրորդ. Մեկնիչդ կ՚ըսէ՝ անոնք որոնք Աստուծոյ հակառակ կը կարծէին [զԻնք], բոլորին ականջներուն լսելի կերպով կը յանդիմանէ անոնց ստութիւնը ու անոնց բերանները կը փակէ, ու Ինքզինք միակամ եւ միախորհուրդ կը ցուցնէ Հօր հետ, որ Իրեն հաւտացողներուն համար Հօր հաւատացող կ՚ըսէ:

Դարձեալ՝ մեծագոյն խօսք խօսեցաւ այստեղ, որովհետեւ այստեղ Իր Աստուածութիւնը յայտնապէս կը ցուցնէ, թէ մէ՛կ է Իրեն եւ Հօր հաւատալը, այտ պատճառով կ՚ըսէ. «Ով որ Ինծի կը հաւատայ», այսինքն՝ ով որ Ինծի կը հաւատայ, թէ էակից Որդի եմ եւ փառակից Հօր, ո՛չ թէ միայն Ինծի հաւատացած կ՚ըլլայ, այլ՝ զիս ղրկողին:

Ապա կ՚աւելցնէ.

 

Խօսք. «Ով որ զիս կը տեսնէ՝ զիս ղրկողն ալ տեսած կ՚ըլլայ» (Յհ 12.45):

Մեկնութիւն. չորս միտքով է. նախ՝ քանի որ այս տեսութիւնը երկնային է՝ որպէս հաւատքի վարձատրութիւն, այդ պատճառով հաւատքէն ետք կ՚ըսէ. «Ով որ զիս կը տեսնէ, զիս ղրկողը կը տեսնէ»: Երկրորդ. Հայրն ու Որդին թէեւ բնութեամբ մէկ են, սակայն առընչական յատկութեամբ կը զանազանուին ու կը սահմանէ առընչութիւնը, որովհետեւ երբ մէկը կը ճանչցուի, ի հարկէ միւսն ալ ճանչցուած կ՚ըլլայ, այդ պատճառով ով որ Հայրը կը տեսնէ, Որդին ալ կը տեսնէ, եւ հակառակը: Երրորդ. «Որդին Հօր էութեան նկարագիրն ու պատկերն է» (հմմտ. Բ. Կր 4.4: Կղ 1.15), կ՚ըսէ Առաքեալը, այդ պատճառով ով որ պատկերը կը տեսնէ, ստուգապէս կը տեսնէ նախատիպը: Չորրորդ. Մեկնիչէդ յայտնի է, որ Արիոսին դէմ կ՚ըսէ, թէ Հայրը Որդիէն մեծ չէ:

Եւ դարձեալ՝ վարդապետները կ՚ըսեն, թէ ճշմարիտ է այս խօսքը Աստուծոյ ճանաչումին համար, որ այստեղ ունինք, որովհետեւ եթէ մէկը Հայր Աստուածը ճանչնայ, ըստ Հայրութեան իմանալով զԻնք որպէս Հայր, կը ճանչնա՛, քանի որ Որդին ալ գոյ է, իսկ եթէ չճանչցնէ ըստ հայրութեան միայն, ինչպէս իմաստասէրները ճանչցան Աստուած ըլլալը, այն ատեն Որդին չեն ճաչնար, Որուն պատճառն է, որովհետեւ անկատար է այս կեանքին ճանաչումը, իսկ եթէ մէկը երանապէս տեսութեամբ ճանչնայ Աստուածութիւնը, ի հարկէ կը ճանչնայ ե՛ւ հայրութիւնը ե՛ւ որդիութիւնը, ե՛ւ անբաժանելի միահեծանը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 126

Վաղարշապատ


1- «Երեքսրբեան»ի դաւանաբանական մեկնութիւնը նաեւ Ս. Ստեփանոս Սիւնեցիի (Ը. դար) Ժամանակագրութեան Մեկնութեան Դ. գլուխին մէջ տրուած է, ուր Հայ Եկեղեցւոյ դաւանական տեսակէտը «կը հիմնաւորուի անով, որ Կոյսէն մարմնացած Բանը (միտքը) Աստուած է. Ան հզօր է, որովհետեւ իբրեւ Երկրորդ Ադամ սատանային յաղթեց. Անմահ է, որովհետեւ իբրեւ Աստուծոյ անմահ եւ անապական Բան, մեզ մարմինով անմահացուց: Արդ, “Սուրբ Աստուած”ի երեք անգամ արտաբերումով խորհրդական իմաստով Խաչին վրայ Հօր եւ Սուրբ Հոգիին՝ Որդիին հետ համակամ ըլլալը կը ծանուցենք». տե՛ս Յակոբ Քէօսէեան, «Խորհրդանշանը Ստեփանոս Սիւնեցու Եկեղեցաբանական Ժառանգութեան մէջ»:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2021