ԶԳԱՅՈՒՆ ԱՌԱՋԱԴՐԱՆՔ

Իրաք, որ կը փորձէ ոտքի կանգնիլ, քսան տարուան պատերազմէն ետք ցայսօր կը շարունակէ համարուիլ պատերազմական օճախ։ Այնտեղ գոյութիւն ունին քաղաքական «իրերամերժ» ուղղութիւններ։ Երկար տարիներով ներքին եւ արտաքին պատերազմներու մէջ խեղդուած երկիրը չկարողացաւ ուժեղ եւ տոկուն համակարգ մը ստեղծել։ Ի դէպ, այս օրերուն, Իրաքի շուրջ եւ մէկ կողմէ ալ Իրաքի համար կ՚ընթանայ սուր պայքար մը, որ նոր ձեւափոխութիւններ կրնայ ստանալ քանի մը առանցքային պատճառով։

Ամէն նոր դրոյթ կապուած պիտի ըլլայ Իրան-Սէուտական Արաբիա համաձայնութեան նոր փուլին, որ իր դրական շղարշը պիտի ծածկէ ամբողջ շրջանին վրայ։ Մեծ հաշուով՝ Եմէնի տագնապին առաջքը առնելու նպատակով գոյացած համաձայնութիւնը (Սէուտական Արաբիոյ կողմէ յառաջ քաշուած), ճիշդ է, ունի ներքին ծալքեր, որոնք այդքան ալ մեծ ներուժ մը կրնան չունենալ Իրաքի տագնապները լուծելու տեսակէտէ։ Բայց եւ այնպէս, նոյն պարունակին մէջ կան կէտեր, որոնք լաւատեսութիւն կը ներշնչեն եւ անոնք անմիջականօրէն կապուած են սիւննի-շիի լուռ հակամարտութեան մեծ առանցքներուն հետ։

Ու այստեղ «թաղուած է շան գլուխը» եւ հոս է նաեւ, որ կը ծագի մեծ հարցադրում մը։ Այս համաձայնութիւնը արդեօք հետամուտ պիտի ըլլա՞յ վերը նշուած հակամարտութեան համար նոր քարտէսներ գծելու կամ կանոններ սահմանելու։

Ամէն պարագայի, եթէ այսօր փորձենք արագ հայեացք մը նետել Իրաքի ներքին կացութեան վրայ, ապա շուտով կրնանք համոզուիլ, թէ ներքին կտրուածքով Իրան ազդեցութեան մեծ լծակներ ունի այնտեղ։ Եւ գուցէ ստեղծուած այդ պատկերը մեզի տեղ մը համոզել պիտի տայ, թէ այժմու համաձայնութեան ընդհանուր պրիսմակին մէջ չի բացառուիր, որ Իրաք դառնայ դէպի Իրան՝ դրամական հոսքեր ապահովելու եւ, ինչո՞ւ չէ նաեւ, արաբական տնտեսական աշխուժութեան մը պատուհանը բանալու մեծագոյն հանգոյցը դառնալու համար։ Անշուշտ այն յոյսով, թէ Իրաքի համար կռիւի բռնուած միւս կողմերը. օրինակ՝ Ֆրանսա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կամ նոյնիսկ Ռուսաստան, հասկնան, որ շիի-սիւննի հակամարտութեան թէժ փուլը այսօր արդէն կը մնայ մեր ետին ու բացուած է համաձայնութիւններու եւ համագործակցութեան նոր ժամանակ մը։

Այս բոլորէն առաջ պէտք է դիտարկել Իրաքի այսօրուան պատկերը, ուր նկատելի է մեծ խնդիրներու եւ լարումներու հսկայ տոպրակ մը, որուն մէջ գոյացած են պայթիւնավտանգ քանի մը շերտեր։

Իրաքի այսօրուան վիճակին մասին յաւելեալ յստակ պատկեր մը ներկայացնելու տեսակէտէ հետաքրքրական է ֆրանսական «AFP» գործակալութեան կողմէ օրերս թողարկուած «Ալ Նահար» պարբերականին մէջ արտատպուած վերլուծութիւնը, որուն թարգմանութիւնը կատարուած է արաբերէնէ։ Այսպէս, Իրաք ժողովրդավար ազատականութեան ճանապարհին է։ 2023 թուականն է եւ Իրաք տակաւին շատ հեռու է այն ​​ժողովրդավարութենէն, զոր խոստացած էր ԱՄՆ-ի նախկին նախագահներէն Ճորճ Պուշ, երբ տապալեց երկրի այդ օրերու ղեկավար Սատտամ Հիւսէյինը: Այդ ժամանակուան գրոհումով երկրին մէջ տիրեցին արիւնալի հակամարտութիւններ, փտածութիւն, անկայունութիւն: Իրաք այսօր մօտ է Իրանին, որ ունի ակնյայտ ատելութիւն ԱՄՆ-ի դէմ։

Վերլուծաբան, Գալիֆորնիոյ ռազմական հիմնարկի բարձրագոյն ուսման ռազմավարութեան եւ քաղաքականութեան դասախօս Սամուէլ Հելֆոնտ «AFP»ին տուած հարցազրոյցին մէջ բացատրած է, թէ ԱՄՆ-ի վարչակազմին յայտարարած նպատակը յստակ էր, երբ 20 մարտ 2003-ին դէպի Իրաքի անապատը ուղարկուած ԱՄՆ-ի եւ միջազգային դաշնակիցներուն զինեալ ուժերուն տրուած էր՝ Սատտամ Հիւսէյինի վարչախումբի ենթադրեալ զանգուածային ոչնչացման զէնքերը առգրաւելու հրամանը։ Բայց այդ զէնքերը երբեք չգտնուեցան:

Ընդհակառակն, ակնթարթի մը մէջ տապալեցաւ բռնապետը, որ 1979 թուականէն սկսեալ իշխած էր Իրաքին: Պուշ խոստացած էր պարտադրել ազատական ժողովրդավարութիւն՝ որպէս վարչակարգի այլընտրանք։ «Բայց եւ այնպէս, ԱՄՆ ոչինչ գիտէր Իրաքի մասին։ Անոնք չհասկցան ո՛չ իրաքեան հասարակութեան բնոյթը, ո՛չ ալ իրենց կողմէ տապալուած վարչախումբին բնոյթը», ըսած է Հելֆոնտ:

Իրականութեան մէջ ներխուժումը դուռ բացաւ կարգ մը արիւնալի իրադարձութիւններու: 22 փետրուար 2006-ին, Պաղտատի հիւսիսի Սամարայի սրբավայրին վրայ յարձակումը սկիզբն էր համայնքներու միջեւ պատերազմի մը, որ տեւեց մինչեւ 2008-ը: Ըստ «Իրաքի պատերազմի զոհեր» կազմակերպութեան, 2003-էն մինչեւ 2011-ը, երբ ամերիկեան ուժերը քաշուեցան Իրաքէն, սպաննուած են աւելի քան 100 հազար իրաքցի քաղաքային անմեղներ եւ ԱՄՆ-ի անձնակազմէն մօտաւորապէս 4500 հոգի: Միւս կողմէ, Իրաքը ցնցած ամենէն մեծ հարուածը եղաւ 2014-ի ամառը, երբ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական կազմակերպութիւնը վերահըս-կողութեան տակ առաւ Իրաքի տարածքի մօտաւորապէս մէկ երրորդը։ Սա տեւեց մինչեւ 2017-ի վերջը, երբ Պաղտատի ղեկավարութիւնը կատաղի մարտերէ ետք ռազմական յաղթանակ հռչակեց այդ կազմակերպութեան դէմ՝ աջակցութեամբ Ուաշինկթընի կազմած եւ գլխաւորած Միջազգային դաշնակից ուժերուն:

Ուրեմն ինչերէ՞ անցաւ Իրաք ժողովրդավարութեան ճամբուն վրայ… Վերջին երկու տասնամեակներու ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները փոփոխութիւններու յանգեցուցին Իրաքի հասարակութեան մէջ, որ յատկանշուած էր իր կրօնական եւ ցեղային բազմազանութեամբ: Իրաքի մէջ քրիստոնեաներու թիւը նուազեցաւ, անոնք ԻՇԻՊ-ի կողմէ ենթարկուեցան հալածանքի եւ այս բոլորին հետեւանքով քրիստոնեաներուն մեծամասնութիւնը գաղթեց: Ինչ կը վերաբերի եզիտիներուն, որոնք դարերէ ի վեր գոյութիւն ունէին Իրաքի մէջ, կոտորուեցան: ՄԱԿ-ի քննիչները ոճրագործութիւնները որակեցին «զանգուածային ցեղասպանութիւն»:

Այս բոլորին հետեւանքով, Իրաք այժմ մատնուած է քաոսի՝ պատերազմական իրավիճակը թօթափելէ ետք: Միւս կողմէ, Իրաքի կառավարութեան եւ հիւսիսային Քրտական ինքնավարութեան յարաբերութիւնները լարուեցան: Իրաքեան Քիւրտիստանը, որ կը վայելէ ինքնավարութիւն, կը ձգտի աւելի լիազօրութիւններ ունենալ՝ ի մասնաւորի տարածաշրջանէն նաւթի արտածման առընչութեամբ։

2019-ի վերջերը տեղի ունեցան աննախադէպ ցոյցեր Իրաքի զանազան շրջաններուն եւ մանաւանդ՝ մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ: Ցուցարարները կը բողոքէին երկրի փտածութեան դէմ, կը դատապարտէին վատ կառավարումը, ինչպէս նաեւ Իրանի միջամտութիւնը երկրի գործերուն։

Դաժան ճնշումներ գործադրուեցան այդ ցոյցերուն դէմ, որոնց յաջորդեցին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները՝ 2021-ի հոկտեմբերին: Փտածութեան մէջ խրուած քաղաքական կուսակցութիւնները միայն տարի մը անց կրցան համաձայնիլ նոր վարչապետի մը անունին շուրջ՝ զինեալ խումբերու միջեւ առճակատումներէ վերջ:

«AFP»ին տուած հարցազրոյցին մէջ Իրաքի վարչապետ Մուհամմէտ Շիաա ալ Սուտանի հաստատած է, որ պիտի պայքարի փտածութեան դէմ օրինական բոլոր միջոցներով: Ըստ «Transparency International» կազմակերպութեան, Իրաք 157-րդ տեղը կը գրաւէ աշխարհի առաւելագոյն փտածութեամբ 180 երկիրներու ցուցակին վրայ:

Իր կարգին, իրաքագանատացի քաղաքական վերլուծաբան Համզէ Հատտատ կը կարծէ, թէ «փտածութեան դէմ պայքարը շատ բարդ հարց մըն է, որովհետեւ փտածութիւնը խորապէս արմատացած է Իրաքի մէջ»: Ան ըսած է. «Մենք կը խօսինք ներխուժման քսանամեակին մասին, բայց որեւէ իրաքցի պիտի ըսէ, որ փտածութիւնը սկսած է զարգանալ անցեալ դարու 90-ականներուն, երբ Սատտամ Հիւսէյինի վարչախումբին դէմ միջազգային պատժամիջոցներ կիրառուեցան»:

Երկիրը՝ հակառակ, որ ունի նաւթի հսկայական պաշարներ, կը տառապի խարխուլ ենթակառուցուածքէ, երկար ժամերով ելեկտրական անջատումներէ, խմելու ջուրի ցանցերու բացակայութենէ եւ աղքատութենէ։ Իրաքի 42 միլիոն բնակչութեան մէկ երրորդը կը տառապի այս բոլորէն: Բայց եւ այնպէս, ըստ Համզա Հատտատի, Իրաք երկիր մըն է, որ ժողովրդավարացման գործընթացի մէջ կը գտնուի: Մարդիկ կը մոռնան, որ քսան տարին պետութեան կեանքին մէջ շատ կարճ ժամանակաշրջան մը կը համարուի:

Իր կարգին, Ուաշինկթըն կաճառի գիտաշխատողներէն Համտի Մալիքի նշած է, որ ներկայիս Իրաքի մէջ, ուր բնակչութեան մեծամասնութիւնը շիի է, այդ դաւանանքէն կուսակցութիւնները կը համարուին ամենաուժեղ խաղացողները քաղաքական դաշտին մէջ։ Ան կ՚աւելցնէ, որ հակառակ անոնց միջեւ առկայ տարաձայնութիւններուն, Իրանի կողմէ աջակցած շիի հոսանքները կը յաջողին որոշակի համախմբում ապահովել։ Ուստի, Թեհրան վճռորոշ դեր կը խաղայ այդ համախմբութեան տեւականացման մէջ:

1980-ականներուն, Իրաքի հետ արիւնալի պատերազմէ ետք, Իրան դարձած է Իրաքի ամենամօտ դաշնակիցը՝ 2003-էն սկսեալ:

Երկու երկիրներուն միջեւ կան նաեւ առեւտրական յարաբերութիւններ, ինչպէս նաեւ Իրաք կ՚օգտուի Իրանի կազէն: Իրաքի կառավարութիւնը իր զինուորական ուժերուն մէջ ներառած է աւելի քան 150 հազար ռազմիկներ, որոնք կու գան Իրանին մօտիկ զինեալ խմբաւորումներէ։ Նկատի ունենալով, որ խորհրդարանին մէջ շիի կուսակցութիւնները կը գերիշխեն եւ կառավարութիւնը իր ուժը կ՚առնէ խորհրդարանական մեծամասնութենէն՝ Իրան հետզհետէ կ՚ուժեղացնէ իր դերը Իրաքի մէջ:

Այս առումով Ֆրանսայի Հանրապետութեաան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն անցեալ դեկտեմբերին կոչ ըրած էր Իրաքին, որպէսզի հետեւի այլ ուղիի մը եւ հեռու ըլլայ արտերկրէն թելադրուած քաղաքականութիւններէն՝ առանց նշելու Իրանի անունը։

Նոյն առումով, Պաղտատէն արեւմտեան դիւանագէտ մը, որ նախընտրած է իր անունը չտալ, լաւատեսութիւն յայտնած է վարչապետին ընտրած ուղղութիւններուն վերաբերեալ՝ ըսելով. «Ան կը փորձէ հաւասարակշռութիւն հաստատել մէկ կողմէ Իրանին, միւս կողմէ սիւննի հարեւաններուն եւ Արեւմուտքին միջեւ»։ Վերլուծաբանը սա կը համարէ շատ զգայուն առաջադրանք մը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մարտ 20, 2023