ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Ժ.

ԹԷ Ի՞ՆՉ Է ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՄԱՀԸ

Հարցում. ի՞նչ է, որ Մեկնիչդ [Նանա] կ՚ըսէ, թէ պէտք չէ անձին համար ջատագով ըլլալ, այլ՝ պէտք է զԱստուած վրէժխնդիր [ունենալ], ինչպէս Քրիստոս ըրաւ, որովհետեւ երբ դիւահար կ՚ըսէին, չէր բարկանար, իսկ երբ Հօր կամ Հոգիին կը հայհոյէին, բարկացաւ եւ աններելի է ըսաւ [այդ հայհոյանքը]:

Պատասխան. քանի որ անձին համար վրէժխնդիր ըլլալ, նախ՝ Աստուծոյ դատաստանը կը զրկէ, որովհետեւ՝ «Ի՛մս է վրէժխնդրութիւնը» (Հռ 12.19: Տե՛ս, նաեւ Սղ 93.1), կ՚ըսէ Տէրը: Երկրորդ՝ քանի որ անձնասիրութիւն է, երրորդ՝ անհամբերութիւն, չորրորդ՝ վարձատրութիւններու պակասութիւն, հինգերորդ՝ չար հատուցում: Իսկ անձին [ստացած] նախատինքներուն համար ներել, ասոնց բոլորին հակառակ է, բարիք կը հաւաքէ:

Իսկ հայհոյելու պարագային զԱստուած պէտք չէ վրէժխնդիր ունենալ. նախ՝ անհաւատութիւն եւ թերութիւն է, երկրորդ՝ թուլութիւն, երրորդ՝ ատելութիւն, չորրորդ՝ անհանճարութիւն:

Իսկ երբ ջատագով կ՚ըլլաս Աստուծոյ, բարի վրէժխնդրութիւն է. նախ՝ բարեպաշտութիւն է, երկրորդ՝ աստուածսիրութիւն, երրորդ՝ արիութիւն, չորրորդ՝ իմաստութիւն, բարութիւն, եւ այլն:

Այստեղ գիտելի է նաեւ, թէ Քրիստոս գեղեցկապէս՝ կարգով յօրինեց Իր խօսքերը. նախ՝ յիշելով դուռը, երկրորդ՝ բարի Հովիւը, որ Իր անձը կու տայ Իր ոչխարներուն համար, երրորդ՝ վարձկանը, չորրորդ՝ գայլը, հինգերորդ՝ դարձեալ բարի Հովիւը եւ մէկ հաւատքի ոչխարները հաւաքելը:

Ասով, Քրիստոս, այլաբանօրէն ցոյց տուաւ Եկեղեցւոյ ընթացքը, որուն դուռը եղաւ Քրիստոս. նախ՝ քանի որ կրկին անգամ ըսաւ դուռը, որով Եկեղեցւոյ դուռը կրկին կերպով բացուած եղաւ. առաջին՝ Քրիստոսի մարդեղութեամբ եւ Սուրբ Հոգիին հեղումով: Երկրորդ՝ բացաւ, երբ հրեաները հեռացուեցան, որոնք մարգարէներու գիրքերէն ճշմարիտ միտքերը կը վերացնէին:

Երկրորդ՝ Եկեղեցւոյ ընթացքը մարտիրոսներով եղաւ, երբ առաքեալներն ու մարտիրոսները որպէս բարի հովիւներ իրենց կեանքերը տուին Քրիստոսի հօտին համար:

Երրորդ՝ ընթացք կամ զիջումը եղաւ ագահ եւ սիմոնական հովիւներէն, որոնք իրենց վարձատրութիւնը կ՚ընդունէին ժողովուրդի մարմնական ինչքերէն:

Չորրորդ՝ եկեղեցւոյ ընթացքին եղան յափշտակող գայլեր, որոնք տեսակ-տեսակ հերձուածներ ցրուեցին Քրիստոսի հօտի ոչխարներուն մէջ, ինչպէս Արիոսը, Նեստորը, Քաղկեդոնի չար ժողովը, եւ ուրիշներ:

Իսկ հինգերորդ՝ վախճանին կատարեալ դարձ տեղի պիտի ունենայ հեթանոսներուն եւ հրեաներուն, ինչպէս Պօղոս կ՚ըսէ, երբ բոլոր հեթանոսներուն դարձը կատարուի, ապա ամբողջ Իսրայէլը պիտի փրկուի, եւ այն ատեն մեր հերձուած մը պիտի ըլլայ Նեռին ժամանակ, եւ բարի հովիւները՝ Ենովքն ու Եղիան եւ շատ ուրիշներ, իրենք զիրենք պիտի դնեն Քրիստոսի հօտին վրայ ու Նեռէն պիտի մարտիրոսանան: Այն ատեն Քրիստոսի եւ Անոր հաւատացողներուն պիտի ըսեն, թէ դիւահարներ են, իսկ այն ատեն ընտրեալները պիտի պատասխանեն, թէ կոյրերու այդ քանակի լուսաւորութիւն դեւէ չէ, այլ՝ Անկէ, որ Իր լուսաւոր գալուստով եւ շրթներուն հոգիով պիղծ ամբարիշտը կը սատկեցնէ: Այն ատեն իսկապէս մէկ հաւատք եւ մէկ կ՚ըլլայ, այն ատեն իւրաքանչիւր լեզու կը խոստովանի, թէ Յիսուս Քրիստոս Տէր է ի փառս Հօր Աստուծոյ: Ամէն:

Երբ ճառեց Քրիստոսի հեզութեամբ ուսուցանելու մասին, այժմ կը ճառէ հրեաներուն նենգութիւնն ու չարութիւնը:

ՏԱՃԱՐԻ ՆԱՒԱԿԱՏԻՔԻՆ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Այդ ատեն Երուսաղէմի մէջ նաւակատիք եղաւ» (տե՛ս Յհ 10.22):

Մեկնութիւն. այս մասը երկուքի կը բաժնուի. նախ՝ կը ցուցնէ, թէ խօսքով կը հալածէին, երկրորդ՝ կը ցուցնէ, թէ գործով կը հալածէին, այնտեղ. «Հրեաները քարեր առին» (Յհ 10.31): Իսկ առաջին մասը կը ցուցնէ հարցումին ժամանակը, տեղը եւ կերպը:

Ժամանակին համար կ՚ըսէ. «Այդ ատեն Երուսաղէմի մէջ նաւակատիք եղաւ» (Յհ 10.22):

Մեկնութիւն. նաւակատիքը հասարակ տօն կը լսուի, սակայն յատկապէս ուրախութիւն կը լսուի, որովհետեւ տաճարի օրհնութեան տօնն էր:

Եւ գիտելի է, թէ Սուրբ Գիրքին մէջ երեք անգամ կը հանդիպինք տաճարի օրհնութեան.

Առաջին՝ Սողոմոնէն, որ սեպտեմբերի տասներորդ օրն էր, տաղաւահարացէն առաջ, ինչպէս յայտնի է Երրորդ Թագաւորութեան մէջ (հմմտ. Գ. Թգ 6.37-38, 8.62-66), այդ պատճառով Սուրբ Խաչին եւ Եկեղեցւոյ տօնը նորին մէջ կը կատարուի:

Երկրորդ՝ Զորաբաբէլէն, երբ տաճարը վերստին շինուեցաւ, գարուն ատեն՝ մարտ ամիսին, որ է Նիսանին, Զատիկի տօնէն առաջ, ինչպէս գրուած է Եզրի առաջին գիրքին մէջ (Ա. Եզր 7):

Երրորդ՝ Յուդայ Մակաբայեցիին կողմէ օրհնութիւն եղաւ, երբ տաճարը սրբեց, որ Անտիոքի Եպիփանին կողմէ պղծուած էր, որ տաճարին մէջ կուռքեր կանգնեցուցած էր, յետոյ եկաւ Յուդա Մակաբայեցին հեծեալներով, գրաւեց Երուսաղէմը եւ սրբեցին տաճարը, ինչպէս գրուած է Մակաբայեցիներու գիրքին մէջ քսանհինգերորդ օրը, հրեաներու իններորդ ամիսին, որ է քասղեւ (հմմտ. Ա. Մկ 4):

Ապա յայտնի է, որ ոչ թէ Սողոմոնի օրհնութեան եւ ո՛չ ալ Զորաբաբէլինի համար կ՚ըսէ, այլ՝ երրորդին համար:

Խօսք. «Ձմեռ էր» (Յհ 10.22):

Մեկնութիւն. նախ՝ որովհետեւ ձմեռը քասղեւն է, արեգակի դարձին մօտիկ [ժամանակը], եւ այդ գարնան չարչարուեցաւ Քրիստոս, այդ պատճառով Երուսաղէմի մէջ կը շրջէր: Երկրորդ՝ ձմեռ հրեաներու ցուրտ նենգութեան մասին կ՚ըսէ, քանի որ ձմեռը ձիւնամեռ կը լսուի [Նանա]:

Հարցում. ի՞նչ կը նշանակի տաճարին կրկնակի օրհնութիւնը:

Պատասխան. նախ՝ ինչպէս նոր ուխտին մէջ նոր շինուած եկեղեցիները կ՚օրհնենք ու պղծուածը վերստին կը սրբենք: Երկրորդ՝ մեզ կը նշանակէ, ըստ այնմ. «Դուք կենդանի Աստուծոյ տաճարներն էք» (հմմտ. Ա. Կր 3.16), քանի որ նախ կը մկրտուինք, իսկ երբ մեղքերով պղծուինք, խոստովանութեամբ վերստին կը սրբուինք, որովհետեւ ապաշխարութիւնը երկրորդ աւազան է:

Ժամանակը ըսաւ, ապա վայրը կը ցուցնէ.

Խօսք. «Յիսուս տաճարին Սողոմոնի սիւնագաւիթին մէջ կ՚երթեւեկէր» (Յհ 10.23):

Մեկնութիւն. վայրը Սողոմոնի սրահ կը կոչէ, ուր Սողոմոն տաճարին մօտիկ կ՚աղօթէր, եւ թէեւ առաջին փլցուած էր, Զորաբաբէլը դարձեալ նոյն տեղին վրայ շինեց եւ նոյն նմանութեամբ [հմմտ. Նանա, էջ 231]:

Եւ ինչպէս կ՚ըսէ Մեկնիչդ [Նանա]՝ Քրիստոս տօնին կու գար. նախ՝ տօնին պատիւին համար: Երկրորդ՝ ժողովուրդի բազմութեան համար: Այն կ՚ուսուցանէ, թէ վարդապետը պէտք է իւրաքանչիւր տօնի խօսքով պատուէ տօնը ու ժողովուրդին քարոզել, ինչպէս Քրիստոս կը կատարէր: Իսկ եթէ մարմինով հրաշքներ չկատարէ, հոգիով կատարէ, կոյրերը լուսաւորէ, հիւանդները բժշկէ, եւ այլն:

Դարձեալ՝ երբեմն գանձի տան մէջ, երբեմն սրահին մէջ, երբեմն ալ տաճարին մէջ կը քարոզէր Քրիստոս: Այս միտքով կարգեց ընթերցուածը Յակոբոսը. երբեմն յարութեան, երբեմն Սիոնի, երբեմն ալ մատուռին մէջ հաւաքուիլ՝ նորին մէջ:

Հիմա կը ցուցնէ հրեաներուն հարցնելուն կերպը.

Խօսք. «Իր շուրջ հաւաքուեցան հրեաները» (Յհ 10.24):

Մեկնութիւն. Իր շուրջը հաւաքուեցան զԱյն խօսքերով որսալու համար:

Խօսք. «Մինչեւ ե՞րբ մեր հոգին պիտի հանես» (Յհ 10.24):

Մեկնութիւն. այսինքն՝ մեզ տարակուսանքի մէջ ձգես ու այդպիսով նեղես:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 99

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 20, 2021