Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ (Ժ.)
- Ս. Ընծային մատուցման ընթացքին պատարագիչը բարձրաձայն ի՞նչ կ՚արտասանէ, իսկ դպիրները այդ միջոցին ի՞նչ կ՚երգեն։
- Ս. Ընծային մատուցման ընթացքին, պատարագիչը Սկիհին վրայ ձեռքերը կամարաձեւ ըրած ծածուկ աղօթքով կը յիշէ Քրիստոսի մարդեղութիւնը եւ մեր մէջ բնակութիւնը, ատով իսկ երկիրը երկինքի վերածելը, որովհետեւ «մեր փրկութեան համար մարդանալով՝ երկնայիններու հոգեղէն խումբերուն միախառնուելու շնորհքը տուաւ մեզի»։ Ապա՝ իր ձեռքերը Ս. Սկիհէն վար իջեցնելով բարձրաձայն եղանակով կը գոչէ. «Եւ ընդ Սերովբէսն եւ ընդ Քերովբէսն միաձայն սրբասացութեամբ յօրինել նուագս, եւ համարձակապէս գոչելով աղաղակել ընդ նոսին եւ ասել» (Եւ Սերովբէներուն ու Քերովբէներուն ձայնակցելով՝ Քու սրբութիւնդ երգենք ու եղանակենք, եւ համարձակօրէն բարձրաձայն անոնց հետ աղաղակենք ու ըսենք)։ Իսկ դը-պիրները կը ձայնակցին Աստուծոյ գահին առջեւ երգող Սերովբէներուն եւ Քերովբէներուն ու կը սկսին փառաբանել Ամենասուրբ Երրորդութիւնը՝ երգելով. «Սուրբ, Սուրբ, Սուրբ, Տէր զօրութեանց, լի են երկինք եւ երկիր փառօք Քո, օրհնութիւն ի բարձունս, օրհնեալ որ երկիր եւ գալոցդ ես անուամբ Տեառն: Ովսաննա ի բարձունս»: (Սո՜ւրբ, Սո՜ւրբ, Սո՜ւրբ ես, Տիեզերքի՛ Տէր։ Երկինք ու երկիր փառքովդ են լեցուն (Ես 6.3)։ Օրհնութի՜ւն Քեզի՝ բարձունքներուն մէջ։ Օրհնեալ ես Դուն, որ Տիրոջ անունով եկար ու պիտի գաս։ Ովսաննա՜ բարձունքներուն մէջ (Սղ 118.26))։
- Ինչո՞ւ «Սուրբ, Սուրբ» երգը նաեւ կը կոչուի «սերովբէական երգ»։
- Այնպէս ինչպէս «վերաբերում»ի ընթացքին երգուած «սրբասացութիւն»ը կ՚ակնարկէ Եսայի մարգարէի տեսիլքին (Ես 6.1-3), ուր Սերովբէները Աստուծոյ շուրջը կանգնած եւ իրենց դէմքերը թեւասքօղած՝ անդադար կ՚երգեն. «Սո՜ւրբ, Սո՜ւրբ, Սո՜ւրբ, Տէր Զօրութեանց», նոյնպէս ալ Ս. Ընծային մատուցման ընթացքին երգուած «սերովբէական երգ»ը նոյն այդ պահն է, որ կ՚արտացոլացնէ ամենայն հարազատութեամբ եւ մանրամասնութեամբ։ Իսկ այս երգին երկրորդ մասը երգուած է մանուկներու, առաքեալներու եւ հաւատացեալ ուխտաւորներու կողմէ՝ Ծաղկազարդի օրը, երբ Յիսուս մեծ թափօրով Երուսաղէմ կը մտնէր յաղթական մուտքով։
Զարեհ Արք. Ազնաւորեան կ՚ըսէ. ««Սուրբ, Սուրբ» երգը կամ ինչպէս երբեմն անիկա կը բնութագրուի՝ «սերովբէական երգը», նոյն այդ պահն է որ կ՚արտացոլացնէ, ամենայն հարազատութեամբ եւ մանրամասնութեամբ: Եթէ, սակայն, Եսայի մարգարէի ունեցածը տեսիլք մըն էր միայն Աստուծոյ անմատչելի փառքին, Պատարագի համախմբուած հաւատացեալ ժողովուրդը Աստուծոյ այդ փառքին դիմաց կը կանգնի ուղղակիօրէն: Հոս տեսիլքը շօշափելի իրականութիւն է: Եւ նոյնիսկ եթէ մարմնաւոր աչքերով չենք տեսներ Սերովբէներն ու Քերովբէները, որոնք Քրիստոսի աթոռին շուրջը կանգնած են, բայց հաւատքի աչքերով անպայման կը տեսնենք, եւ անոնց ձայնակցելով՝ միասնաբար կ՚երգենք. «Սո՜ւրբ, Սո՜ւրբ, Սո՜ւրբ, Տէր զօրութեանց»։ Այս երգին հետ Եկեղեցիէն ներս գտնուողները բոլորն ալ մագնիսականութեամբ մը կը բռնուին, հմայուած, եւ բառերը լրիւ հասկնան կամ ոչ՝ կը վերանան անպայման: Այդ իրագործումին մէջ Պատարագի խորհուրդին չափ իր դերը ունի երգին եղանակաւորումը, որ պարզապէս հիանալի է՝ թէ՛ իր Եկմալեան եւ թէ իր Կոմիտասեան տարբերակներով: Ինչքա՜ն Եկեղեցիներու եւ այլազան ծէսերու մէջ լսած ենք նոյն երգը, բայց ո՛չ մէկ տեղ անիկա հայկական Պատարագին ներգործութիւնը կ՚ունենայ»:
- Ս. Ընծային մատուցման ընթացքին, Սկիհին վրայ պատարագիչի ձեռքերը կամարաձեւ ընելն ու ապա ձեռքերը վար իջեցնելը ի՞նչ կը խորհրդանշեն։
- Պատարագի ընթացքին քահանային Սկիհին վրայ ձեռքերը կամարաձեւ ընելը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի Եկեղեցին, որ հաստատուած է նոյնինքն Աստուածորդիին վրայ, իսկ ձեռքերը վար իջեցնելը՝ նշանակ է հրեշտակներու երկիր իջնելուն ու Ս. Պատարագի ընթացքին երկրաւորներու հետ միասին իրենց մասնակցութիւնը բերելուն ու զԱստուած բարեբանելուն։
- Դպիրներու «Սուրբ, Սուրբ» երգեցողութեան ընթացքին քահանան ծածկաբար ի՞նչ կ՚աղօթէ։
- Մինչ դպիրներն ու հաւատացեալները «Սուրբ, Սուրբ» կ՚երգեն, պատարագիչը կ՚արտասանէ կեդրոնական այն աղօթքը, որ նաեւ կը կոչուի «գոհաբանական աղօթք»։ Սոյն աղօթքին ընդմէջէն պատարագիչ քահանան կը յիշէ ամբողջ փրկագործութեան պատմութիւնը, յիշելով թէ ինչպէ՛ս Աստուած Իր նախախնամութիւնը ցուցաբերեց անկեալ մարդկութեան հանդէպ՝ անցեալին մարգարէներ ղրկելով, Օրէնքը տալով, մարդոց միտքը պատրաստելով գալիք ճշմարիտ Զոհին, իսկ երբ Իր որոշած ժամանակը հասաւ՝ Իր Որդին ղրկելով աշխարհ, որ մեր մեղապարտ անձերուն փոխարէն Ինքզինք ընծայեց «իբրեւ պարտապան եւ պարտք, իբրեւ Զոհ եւ Օծեալ, իբրեւ Գառնուկ եւ երկնաւոր Հաց, իբրեւ Քահանայապետ եւ Պատարագ»։
- Այս ծածուկ աղօթքէն ետք, քահանան Ս. Ընծային ծածկոցը վերցնելով ի՞նչ կը կատարէ։
- Հասած է սրբագործման անճառելի պահը, խաղաղութիւնը իջած է երկիր, հաւատացեալները Քրիստոսի անունով միացած են եւ եղբայրացած, աստուածային սէրը համակած է հաւատացեալները, հրեշտակները երկնքէն երկիր իջնելով առաւել եւս կը նուիրագործեն պահը, եւ կարծէք Վերջին ընթրիքի սեղանն է, որ կը բացուի հաւատացեալներուն առջեւ։ Քրիստոս որպէս պատարագիչ եւ պատարագեալ՝ սեղանին վրայ է։ Ի՛նքն է որ կ՚ընծայէ եւ Ի՛նքն է որ կ՚ընծայուի ժողովուրդին, ինչպէս կ՚ըսէ պատարագի խորհրդատետրը. «Որովհետեւ Դուն ես, որ կը պատարագես եւ կը պատարագուիս, կ՚ընդունիս եւ կը բաշխես, ո՜վ Քրիստոս Աստուած մեր»։
Այս միջոցին պատարագիչը փոխանորդաբար պատարագուող Քահանայապետին, Ս. Ընծային ծածկոցը վերցնելով իր ձեռքերուն մէջ կ՚առնէ Ս. Նշխարը՝ ըսելով. «Հացը առնելով Իր սուրբ, աստուածային, անմահ, անարատ եւ արարչագործ ձեռքերուն մէջ, օրհնեց, գոհութիւն յայտնեց, բեկանեց եւ ապա Իր հետ նստած ընտրեալ եւ Սուրբ Աշակերտներուն տալով ըսաւ. «Առէ՛ք, կերէ՛ք, այս ԻՄ ՄԱՐՄԻՆՍ է, որ ձեր եւ շատերու մեղքերուն համար կը բաշխուի, որպէս քաւութիւն եւ թողութիւն» (Մտ 26.26։ Մր 14.22։ Ղկ 22.19)։ Նոյնպէս առնելով բաժակը, օրհնեց, գոհութիւն յայտնեց, խմեց եւ ապա Իրեն հետ նստած ընտրեալ եւ սուրբ աշակերտներուն տալով ըսաւ. «Բոլորդ խմեցէք ասկէ, այս ԻՄ ԱՐԻՒՆՍ է, որ կը հեղու որպէս նոր ուխտ, ձեր մեղքերուն քաւութեան եւ թողութեան համար» (Մտ 26.28։ Մր 14.24։ Ղկ 22.17)»։
- Դպիրները եւ ժողովուրդը աստուածային այս պատգամէն ետք ի՞նչ կ՚երգեն։
- Հաւատացեալները աստուածային երկնային այս պարգեւին որպէս երախտագիտութիւն եւ շնորհակալիք, Հօր Աստուծոյ ուղղուած օրհնութիւն մը կը վերառաքեն՝ ըսելով. «Հայր Երկնաւոր, որ զՈրդին Քո ետուր ի մահ վասն մեր, պարտապան պարտեաց մերոց, հեղմամբ արեան Նորա աղաչեմք զՔեզ, ողորմեա Քո բանաւոր հօտի» (Ո՜վ երկնաւոր Հայր, Դո՜ւն որ Որդիդ մահուան յանձնեցիր, որպէս հատուցում մեր մեղքերուն, կ՚աղաչենք Քեզի, Անոր Արեան հեղումով ողորմութիւն շնորհէ Քու բանաւոր հօտիդ)։
Հոգենորոգ այս սրբազան պահուն մէջ՝ պատարագիչ քահանան իր սրտաբուխ աղերսանքը Աստուծոյ ուղղելով՝ կը բարձրացնէ Սկիհը։ Աստուածորդին է, որ վերստին կը բարձրանայ՝ որպէս Գառն Աստուծոյ, որպէս զոհ եւ պատարագ՝ Իր Մարմնի զենումով եւ Արեան հեղումով այրելու մարդոց մեղքերուն պարտամուրհակը։ Աստուածորդին արդարօրէն կ՚ընծայէ եւ կ՚ընծայուի։ Որպէս Քահանայապետ՝ Ի՛նքն է, որ կ՚ընծայէ զոհը՝ պատարագը, բայց միանգամայն Ինքզի՛նք է որ կ՚ընծայէ Աստուծոյ՝ որդիական աներկբայ սիրով եւ աներկմիտ հաւատքով։ Պատարագողն ու Պատարագուողը Աստուածորդւոյն լոյս կերպարին մէջ կը նոյնանան, որուն գեղեցկագոյն վկայութիւնը պատարագիչ քահանային հետեւեալ խօսքերն են. «Եւ զքոյս ի քոյոց՝ քեզ մատուցանեմք ըստ ամենայնի եւ յաղագս ամենեցուն» (Այն ինչ որ Քուկդ է եւ Քեզմէ, Քեզի կ՚ընծայենք, ամբողջապէս եւ բոլորին համար)։
- Դպիրներու «Յամենայնի օրհնեալ ես, Տէր» հոգեկրթիչ շարականի երգեցողութեան ընթացքին քահանան ի ծածուկ ի՞նչ կ՚աղօթէ։
- Դպիրներ կը գովերգեն ու կը փառաւորեն զԱստուած երկնատուր Իր պարգեւին համար։ Կ՚օրհներգեն երկինքի եւ երկիրի Տէրը, որ Իր աստուածային սէրը յայտնեց մարդկութեան Իր Միածին Որդւոյն ընծայումով. «Յամենայնի օրհնեալ ես, Տէր, օրհնեմք զՔեզ, գովեմք զՔեզ, գոհանամք զՔեէն, աղաչեմք զՔեզ, Տէր Աստուած մեր» (Ամէն բանի համար օրհնեա՜լ ես, Տէ՛ր։ Կ՚օրհնաբանենք Քեզ, կը գովաբանանենք Քեզ, գոհութիւն կը յայտնենք եւ կ՚աղաչենք Քեզի, Տէ՜ր, մեր Աստուածը)։
Այս ընթացքին, պատարագիչը գոհութիւն կը յայտնէ Աստուծոյ, որ Իր անբաւ ողորմութեամբը զինք սպասաւոր կարգած է այսպիսի մեծ ու հրաշալի խորհուրդի մը։ Կը խոստովանի իր տկարութիւնները, սակայն ապաւինելով Տիրոջ բազմառատ ներողամտութեան, կը համարձակի մօտենալ Յիսուս Քրիստոսի Մարմինին ու Արեան սպասաւորութեան, եւ փառք կու տայ Հօր Աստուծոյ։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ