ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ՀՄԱՅՔԸ ԿԸ ՄԱՐԻ՞

Ո՛չ միայն ֆրանսացիներ, այլ նաեւ ճաբոնցիներ, որոնք զանազան ժամանակներու, զանազան հարթակներու եւ զանազան միջոցներով պայքար տարած են պաղեստինեան դատին համար։ Այդ պայքարը մարդու իրաւունքներու համար է, նախքան հողի, իրաւունքի եւ արդարութեան պայքարի։

Թուականի ամենաբարդ պայմաններու տակ ընթացք առած պաղեստինեան խնդիրը հիմնահարց դարձած էր ո՛չ միայն արաբներուն եւ Մերձաւոր Արեւելքի աւազանին շուրջ ապրողներուն համար, այլեւ՝ բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատային բռնադատուած ժողովուրդներու խնդրին։ Տարբեր էին ժամանակները, տարբեր էր միջազգային հանրութեան օրակարգը եւ այդ օրակարգին մէջ ամենաուրոյն տեղը ունէր պաղեստինեան հիմնախնդիրը։

Մինչեւ 1990-ականներու սկիզբը պաղեստինեան խնդիրը ունեցաւ խորտ ու բորտ ճանապարհներ, արիւն, զոհողութիւններ եւ կորուստներ։ Իսրայէլը հանդիսանալով «բանալի» երկիր մը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու համար, արժանացաւ յատուկ վերաբերմունքի, կերտեց իր բանակը եւ դարձաւ տարածաշրջանի ամենահզօր տէրութիւններէն մին։ Այդ ընթացքներուն հետ միատեղ Իսրայէլ գործեց մեծ անարդարութիւններ, որոնց դիմաց ալ աշխարհը ականատես դարձաւ մեծ լարուածութիւններու, պայքարներու եւ պատերազմներու։ Այդ օրերուն էր նաեւ, որ Պաղեստինի հիմնահարցը դարձաւ կիզակէտ եւ ուշադրութեան կեդրոն այն մարդկանց, որոնք փողոց իջան պայքարելու համար մեծ տէրութիւններու շահերուն դէմ։ Անոնք ամէն միջոցի դիմեցին օգնելու համար բռնադատուած պաղեստինցիներուն, յաճախ սուղ գին վճարելով եւ նոյնիսկ այդ պայքարներուն «մասնիկ-զոհ»ը դառնալով։

Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ է ճաբոնցիներուն մասնակցութիւնը այս դատին եւ այնտեղ ուրոյն օրինակ կը համարուի իմ այսօրուայ կերպարին՝ ճաբոնուհի Ֆուսաքօ Շիկենոպույի անցած ճանապարհը։ Յառաջիկայ տողերուն մէջ փորձած եմ արագ հայեացք մը նետել աւելի քան երկու տասնեակ բանտախուցերու մէջ ապրած ճաբոնցի մարտիկի կեանքին։ Ամէն պարագայի այստեղ պէտք չէ վարանումով գրել այն մասին, որ այսօր ի տարբերութիւն անցնող տասն-քսան եւ նոյնիսկ երեսուն տարիներուն՝ պաղեստինեան դատին կամ պայքարին հմայքը համեմատաբար մարած է, իսկ այդ մարման պատճառներուն մասին կարելի է գրել այլ առիթով։

22 տարի Ճաբոնի բանտերուն մէջ մնալէ ետք Ֆուսաքօ Շիկենոպու ազատ արձակուեցաւ, իսկ ո՞վ էր ան։ Շաբաթներ առաջ աւելի քան քսան տարի Ճաբոնի բանտերուն մէջ անցընելէ ետք, ազատ արձակուեցաւ Ֆուսաքօ Շիկենոպուն։ Ի վերջոյ ո՞վ էր ան եւ ինչ պայմաններու տակ ու ինչ հիմնապատճառներով քսան տարիներ մնաց բանտաճաղերու ետին։ Ճաբոնուհիի դէմ բռնադատման եւ հալածանքի ալիքը աճեցաւ հիմնականին Պաղեստինի դատը պաշտպանելու պատճառաւ։ Ան իր սրտին մէջ կը կրէր պայքարելու կամք՝ ընդդէմ աշխարհի մեծապետական ​​վարչաձեւերու, առանց խտիր դնելու կրօնական կամ ցեղային տարբերութիւններու միջեւ։

Ֆուսաքօ Շիկենոպու ծնած է Ճաբոն 1945 թուականին, աջակողմեան ծայրայեղական հայր մը ունենալով հանդերձ, ան յայտնի էր իր ձախակողմեան հակումներով, որոնք դրսեւորուած էին դեռ ուսանողական տարիներուն, երբ կը մասնակցէր համալսարանական ուսանողական հաւաքներու։

Ճաբոնի մէջ ձախակողմեան շարժումներու աճին հետ սկսած էին ի յայտ գալ տեղի ձախակողմեան զինեալ խմբաւորումները, որոնք որոշած էին պայքար տանիլ զինեալ մեթոտներով։ Այդ խմբաւորումներուն ամենայայտնին էր Թաքայա Չիյամին, որ կը համարուի հիմնադիրը ճաբոնական «Կարմիր բանակ» խմբակցութեան։ Այս խմբաւորումը ազդուած էր լենինեան յեղափոխութեամբ եւ մարքսիստեան գաղափարներով ու Շիկենոպու անդամակցած էր այս խմբակցութեան։ Ան ընդդիմացած էր թէ՛ ԱՄՆ-ի պատերազմին Վիեթնամի մէջ եւ թէ՛ Ճաբոնի աջակողմեան եւ դրամատիրական քաղաքականութեան, որ իր աջակցութիւնը բերած էր ԱՄՆ-ին: Ասիկա առաջին կայծն էր 1960-ի ընդդիմադիր ցոյցերուն, որոնց դէմ մեծ պայքար տարաւ Ճաբոնի ոստիկանութիւնը եւ ի վերջոյ կարողացաւ «ճզմել» բողոքի այդ ալիքը։

Այդ օրերուն էր նաեւ, որ բռնաճնշումներուն հետեւանքով Ճաբոնի ընդդիմադիր շարժումները յանգեցան այն եզրակացութեան, թէ անհնար է երկրին մէջ ինչ-որ դրական արդիւնքներու հասնիլ ու այդ իսկ պատճառով այդ պայքարը պէտք է սկսէր երկրէն դուրս։ Իբր այդ, Շիկենոպու կը մեկնէր Պէյրութ, որովհետեւ առաջնորդ Շիյամի կը վստահէր անոր խիզախութեան ու տեղեկութիւններ հաւաքելու կարողութեան:

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՍԿՍԱՒ ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ՀԵՏ ՇԻԿԵՆՈՊՈՒՅԻ ԿԱՊԸ

Շիկենոպու հասած է Պէյրութ 1971 թուականին, կամաւոր արձանագրուած Պաղեստինի ազատագրման «Ժողովրդական ճակատ»ին՝ «Մարիամ» ծածկանունով, որովհետեւ կը նկատէր, թէ Իսրայէլի դէմ պայքարը համաշխարհային մեծապետական շահերուն դէմ պայքարելու մէկ երեսակն է: Հակառակ արաբերէն չիմանալուն ճաբոնուհին շատ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ մերուեցաւ պաղեստինցիներուն հետ եւ դարձաւ այդ պայքարի դրօշակիրներէն մին։ Ան հանդիպած էր «Ժողովրդական ճակատ»ի խօսնակին, ինչպէս նաեւ գրող՝ Ղասան Քանաֆանիի հետ եւ աշխատած վերջինիս հետ՝ մասնակցութիւն բերելով լրատուական գործունէութեան: Աւելի ուշ ան կ՚անդամակցէր «Ժողովրդական ճակատ»ի շարքերուն ու կը մասնակցէր շարժապատկերներ եւ մամուլի համար նիւթեր պատրաստելու գործին: Այդ միջոցին էր նաեւ, որ իր ունեցած տեղեկութիւնները կարգի կը դնէր ու ճաբոնցի հանդիսատեսին համար կը պատրաստէր պաղեստինեան դատն ու պայքարը բացատրող ու ներկայացնող տեսանիւթեր։

Մէկ տարի Պէյրութ մնալէ ետք, Շիկենոպու կը հեռանար «Կարմիր բանակ» կազմակերպութենէն, որ իր կարգին փոխած էր գործելակերպը եւ հեռացած՝ յեղափոխական գաղափարներէն: Այնուհետեւ Շիկենոպու կ՚որոշէր աջակցիլ պաղեստինցիներուն՝ իրականացնելու յեղափոխութեան կարգախօսներն ու սկզբունքները, պայքարելով իսրայէլացիներուն բռնագրաւումին դէմ, այդ մեծ պայքարին ընթացք տալով Լիբանանէն։

ԻՍՐԱՅԷԼԻ «ԼԱՏ» ՕԴԱԿԱՅԱՆԻ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Շիկենոպույի անունը կապուած է Իսրայէլի «Լատ» օդակայանի գործողութեան հետ, որ տեղի ունեցած է 30 մայիս, 1972-ին։ Ան մեղադրուած է երեք ճաբոնցի ֆիտայիներու կողմէ կատարուած գործողութիւնը ծրագրելով: Երեք ճաբոնցիներուն օդանաւը «Լատ» օդակայան վայրէջք կատարելէ ետք բախում տեղի ունեցած է անոնց եւ Իսրայէլի ուժերուն միջեւ: Անոնք կրակ բացած են իսրայէլացի ճամբորդներուն վրայ: Անոնցմէ երկուքը սպաննուած են, իսկ երրորդը ձերբակալուած: «Լատ» օդակայանի գործողութիւնը, որ իրականացուած է Պաղեստինի «Ժողովրդական ճակատ»ի արտաքին գործողութիւններու բաժնին կողմէ, կը համարուէր մեծ հարուած ուղղուած Իսրայէլի անվտանգութեան մարմիններուն։

Ֆուսաքօ ինքզինք գտած էր խումբի պաշտօնական խօսնակի դերին մէջ, ան գործողութեան ժամանակ կորսնցուցած էր իր ամենամօտիկ ընկերը: Ան միակ ճաբոնցին մնացած էր Լիբանանի յեղափոխականներու խումբին մէջ, հետեւաբար իսրայէլացիներու թիրախ դարձած էր ու ստիպուած թաքնուելու: Աւելի ուշ ան կը նախաձեռնէր հիմնադրել Լիբանանի մէջ գործող «Կարմիր բանակ»ի մասնաճիւղը, 1974-ին։ Եւ այդ մարմնի երեք անդամները կը ներխուժէին Հոլանտայի մօտ Հաաքա քաղաքի ֆրանսական դեսպանատունը՝ պատանդ վերցնելով դեսպանը եւ մի քանի դիւանագէտներ, նպատակ ունենալով փոխանակել զանոնք ճաբոնցի կալանաւորուած պատանդով: Շիկենոպու մեղադրուած է այս գործողութիւնը ղեկավարելով եւ Ճաբոն միջազգային հետախուզութիւն յայտարարած՝ անոր դէմ: 2000-ին երբ ան կը ժամանէ Թոքիօ, կը ձերբակալուի: Յաջորդ տարի դատավարութեան ժամանակ Շիկենոպու կը յայտարարէ «Կարմիր բանակ»ի լուծարման մասին։

2006-ին Շիկենոպու կը դատապարտուի բանտարկութեան, ներխուժում եւ կեղծ անձնագիր կրելու մեղադրանքներով, թէեւ փաստաբանը հերքած է ներխուժման գործողութեան ծրագրումը, որովհետեւ այն ատեն ան յղի էր եւ ըստ «Ժողովրդական ճակատ»ի օրէնքին, յղիներու մասնակցութիւնը արգիլուած է որեւէ քաղաքական կամ ռազմական գործողութեան:

Հաաքայի մէջ ֆրանսական դեսպանատուն ներխուժելու եւ դեսպանն ու կարգ մը դիւանագէտներ պատանդ վերցնելու մեղադրանքով՝ Ֆուսաքօ Շիկենոպու Ճաբոնի բանտերուն մէջ շուրջ 22 տարի անցընելէ ետք, օրերս ազատ արձակուած է։ Ուշագրաւ է նաեւ, որ ճաբոնուհին Պէյրութ գտնուած ժամանակ ամուսնացած էր Պաղեստինի «Ազատագրման ժողովրդական ճակատ»ի առաջնորդներէն գործիչի մը հետ եւ անկէ ունեցած էր դուստր մը՝ զայն կոչելով Մէյ։

Անուանումը եղած է ի պատիւ մայիս ամսուան, որովհետեւ ինչպէս վերը նշեցի, մայիս ամսուայ աւարտին էր, որ տեղի ունեցած էր «Լատ» օդակայանի գործողութիւնը: Մէյ յաճախ իր ինքնութիւնը թաքուն պահած է, ծնողներուն տարած գաղտնի գործունէութեան բնոյթին համար։ Իսկ խորհրդապահութեան պատճառը այն է, որ երկար ժամանակի վրայ ճաբոնցիք թիրախ դարձած էին Իսրայէլի գաղտնի սպասարկութիւններուն ոչ միայն անոր համար, որ անոնցմէ շատեր զօրավիգ կը կանգնէին պաղեստինեան խընդ-րին, այլ յիշելով ու մտաբերելով «Լատ» օդակայանի գործողութիւնը, որուն հետեւանքով զոհուած էին տասնեակ իսրայէլացի զինուորներ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունիս 20, 2022