ՍԷՐ ԵՒ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
Ես Պօղոս, հաւանաբար ձեր բոլորին ծանօթ երիտասարդ մը չեմ։ Դպրոցի մէջ միջակ նիշերովս, աղջիկներու նկատմամբ ազնիւ վարմունքներովս եւ բնագիտութեան հանդէպ եռանդովս կը ճանչնան զիս:
Անցեալ ուրբաթ, դասաժամերու աւարտին ընկերներով հաճելի ժամանց ունենալու համար, նորաբաց ճաշարան մը գացինք ու սեղանի շուրջ նստանք: Մօտաւորապէս 10 վայրկեան ետք Արփին եւ իր ընկերները եկան: Անոնց նստած սեղանը ես կրնայի տեսնել, բայց ոչ ընկերներս՝ որովհետեւ անոնց ետեւը կը մնար: Ճաշերը ապսպրեցինք: Մեր սեղանի շուրջ ընթացող խօսակցութիւններուն չէի կրնար հետեւիլ, քանի որ Արփիին հետ յարաբերութեան մէջ էինք՝ ոչ թէ խօսքով, այլ աչքերով եւ ժպիտներով: Մեր գրաւած տարբեր սեղաններու միջեւ անտեսանելի կապ մըն էր մեր յարաբերութիւնը:
Հապա, արդեօք պէ՞տք էր, որ իր մօտ երթայի եւ յատուկ հրաւէր մը ուղղէի իրեն: Հրաւէր-մրաւէր չուղղեցի, բազմութեան մէջ երիտասարդ աղջկայ մը հոգեվիճակը հասկնալ անկարելի էր:
Երբ ճաշարանէն տուն կը վերադառնայի, փողոցին միւս անկիւնը Արփին յայտնուեցաւ: Ահա՛, առիթ մը. գնա՛, խօսէ՛:
Երբ այդ սիրուն երեսը տեսայ, ժպիտ մը յայտնուեցաւ դէմքիս վրայ: Ահաւասիկ, վերջին 10 քայլ, 8… Աման աման, հիմա պիտի մարիմ, ափերս կը քրտնին, կը ժպտիմ, բայց անգիտակցաբար ծնօտս կը դողայ, ակռաներս իրար կը զարնեն: 6 քայլ՝ գլխէս քրտինքի կաթիլ մը սահելով իջաւ դէպի կռնակս: 4 քայլ… Միայն բարեւելով չես կրնար անցնիլ, լա՛ւ մտածէ: Յիշէ, որ եղբայրներէ ճեմիշային խօսակցութեան ընթացքին լսած էիր. «…աղջիկները ինքնավստահ մանչերը աւելի կը համակրին»: 2 քայլ… Օ՛ն, աղջիկը ժամերով չի կրնար սպասել: Հակառակ բերանս բանալուս՝ ըսելիք բան չէի կրցած գտնել, միայն խնդացի:
Այ ապուշ, մտածէ՛, մտածէ՛, ի՞նչ կ՚ընես, ահա՛, այո, կը քալես, հարցո՛ւր:
-Ընթրելէ ետք ինծի հետ կը պտտի՞ս։
Իսկ ան պատասխանեց.
-Դէպի ո՞ւր:
-Դէպի հրապարակ, յարմա՞ր է արդեօք:
-Սիրով:
-Ժամը 9-ին յարմար կ՚ըլլա՞ս:
-Պատրաստ կ՚ըլլամ:
Խօսակցութիւնը տեղի ունեցած էր անոնց բնակարանի առջեւ: Մեր կարճատեւ զրոյցի աւարտին ան տուն մտաւ, իսկ ես խորհուրդներու մէջ մտասուզուած վերադարձայ բնակարանս: Ճաշեցի, հագուեցայ եւ անուշահոտ քսեցի՝ շարունակ հետեւելով ժամացոյցին: Ժամը իննին հինգ կար եւ ես կը սպասէի Արփիի դրան առջեւ: Զգացի, թէ ուշանալու թատրոնը պիտի տեսնեմ, սկսայ դիտել աստղերը:
Օրեոն աստղահոյլին մօտ գտնուող, տարիներ առաջ մեր երկինքի 11-րդ ամենփայլուն կարմիր-հսկայ աստղը՝ Պիտըլճիւսը (Betelgeuse) հետաքրքրական կը թուար: Ինչպէս լիճ կարծելով ճահիճ մտած ճերմակ եւ փայլուն բադը չենք կրնար զանազանել խաւարին, նոյնպէս մեր դիտումներու ընթացքին ուղղակիօրէն չենք կրնար տեսնել Պիտըլճիւսը՝ զայն շրջապատող փոշիի եւ քարերու պատճառաւ: Ճիշդ այդ պահուն դրան ձայնը լսուեցաւ: Ձեռքերս գրպանէս հանելով դէպի դուռ դարձայ: Աման, աման, այդ ինչ գեղեցկութիւն. իր ճերմակ մորթի վրայ հագուած այդ կարմիր վերնաշապիկը եւ զմայլեցուցիչ կանաչ աչքերը… Սիրուն Արփիին զարմանքով նայելէ վերջ հասկցայ, թէ երազ չեն իմ տեսածները: Ժպտալով դիմաւորեցի Արփին եւ զայն խնդացնելու համար ըսի.
-Ուաո՜ւ, այս ինչ գեղեցկութիւն: Արդեօք Պիտըլճիւսի (ցուցամատովս երկինքը ցոյց տալով) փայլը դուն գողցա՞ր…
Խնդաց ու պատասխանեց.
-Ո՜չ (խոշը կ՚երթար), այս իմ առօրեայ գեղեցկութիւնն է: Պիտըլճիւսը զայն շրջապատող քարերու պատճառաւ մութ կ՚երեւի:
Գիտէի, թէ խելացի աղջիկ է: Կարծեմ գիտութեան հետ կը հետաքրքրուէր՝ ինծի համար իր արժէքը հետզհետէ կ՚աւելնար:
Հին ժամանակներու սիրահարներու քայլելու ձեւը գիտէի: Աջ թեւս ծալլեցի, իբր հրաւէր Արփիին: Արփին ալ իր ձախ թեւը ծալլելով անցուց աջ թեւիս: Ներդաշնակ եւ դանդաղօրէն քայլելու սկսանք: Ցած, համարեա ներքին ձայնովս «հրեշտակս» կոչեցի: Արփին կիսկատար լսեց ու «ինչպէ՞ս» հարցուց: Խօսքը մեր ընկերային մակարդակին յարմարցնելու նպատակով «հրեշտակային ենթահիւլէական մաս»ը պատմելու սկսայ:
-1930-ականներուն, տիկին Մարոժնա յառաջ քշած է Ֆերմիոնի տեսութիւն մը: Մարոժնայի Ֆերմիոնը նոյնաժամանակ թէ՛ քուարք է, թէ՛ անթիքուարք: Պրն. Տայրաքի հետ այս նիւթի շուրջ լրջօրէն աշխատած են: Իսկ այժմէական դիտումներու ընթացքին զայն կոչած են «հրեշտակային ենթահիւլէական մաս»: Ըստ մեր տուեալներուն, Ֆերմիոն մը կա՛մ քուարք եւ կամ անթիքուարք կրնայ ըլլալ: Բայց «հրեշտակային ենթահիւլէական մաս»ը թէ՛ քուարք է եւ թէ անթիքուարք:
-Այս իմ մեծ հօրս կը նմանի: Ան երբ հեռատեսիլի դիմաց իր բազկաթոռի վրայ մրափէ, իր երեսը կը հակի: Կարծես իր բերնի մէկ կողմը կը ժպտի, իսկ միւս կողմը՝ տխրածի նման կը ծռի: Ճիշդ մեր հայերէնի երկար (՜) նշանի պէս կ՚երեւի իր բերանը:
Միասին խնդացինք եւ հարցուցի.
-Հապա հեռատեսիլը անորակ տեսերիզներ ցոյց չի տա՞ր:
-Ճիշդ ես, բայց յետագային այս երեւոյթը կրնայ փոխուիլ:
ExoLaunch Գերմանական տիեզերագնացութեան ընկերութիւնը եւ NanoAvionics խորանարդաձեւ արբանեակներու ընկերութիւնը, SpaceX-ի հետ համագործակցելու համար պայմանագիր ստոագրած են: Ըստ պայմանագիրի, ExoLaunch պիտի հայթայթէ թէ՛ տիեզերագնացութիւնը եւ թէ 2 խորանարդաձեւ արբանեակներու կառուցման եւ անոնց աշխարհի հետ յարաբերութիւն հաստատելու գործը: Ծրագրուած է, թէ NanoAvionics-ի առաջին խորանարդաձեւ արբանեակը SpaceX-ի Falcon9 անջրպետանաւի հետ աշխարհի ուղեծիր հասնի 2020 թուականի դեկտեմբերին: ExoLaunch-ի բազմաթիւ յաճախորդներէն մէկն է «SEN» ընկերութիւնը, որ կը ծրագրէ նանօ-արբանեակներու հետ աշխարհին բարձրաորակ տեսագրութիւնը արձանագրել: Իսկ իրենց յետագայ քայլը պիտի ըլլայ 16 խորանարդաձեւ արբանեակները գործածելով EarthTV ալիքը ստեղծել: Իրենց նպատակն է «տեղեակ պահել, կրթել եւ ներշնչել մարդկութիւնը»:
-Ո՜ւ, իրաւ հեռատեսիլ դիտելու համար լաւ պատրուակ:
Զարմացած մնացած էի, սիրուն աղջիկէ մը այսպիսի բաներ իմանալ. կա՛մ դրախտի մէջ էի եւ կամ իրականութիւնս դրախտ էր դարձած:
-Rydberg-ի փոլարոններու մասին լսա՞ծ ես:
-Ոչ, նոր գի՞ւտ է:
-Համարեայ, այո: Ջերմութիւնը երբ բացարձակ զերոյի (0ºK = 273ºC) մօտենայ, մեծ հիւլէներու արտաքին ուղեծիրներու միջեւ փոքր հիւլէներ կրնան տեղաւորուիլ, առանց միացութիւն մը կազմելու: Իսկ այս գիւտը փաստած է Վիեննայի տեսական ֆիզիքոս փրոֆ. Եոախիմ Պուրտուֆհեկէր:
-Այս մէկը գիշերները թերթ կարդալու համար զիս խանգարող հայրիկիս կը նմանի: Ես կը գրաւեմ բազկաթոռ մը, որուն աջ կողմը կան թերթեր իսկ ձախին՝ հայրս կը նստի։ Ես թերթերու հետ գործ չունիմ, բայց հայրս ունի, մեծ ու պզտիկ հիւլէներու նման: Ամէն գիշեր թերթերը կ՚առնեմ ու հայրիկիս կու տամ:
-Որքա՜ն հետաքրքրական է, թէ ամէն լրատուութեան համար առօրեայէդ պատմելիք մը ունիս: Բան մը փորձե՞նք:
Գլուխը դարձնելէ ետք նենգամիտ ժպիտ մը զգալով շարունակեցի…
-Դուն առօրեայէդ բան մը պատմէ, տեսնենք, թէ ես ինչպիսի լուր մը պիտի կարենամ յարմարցնել:
-Օ՛ն, կը սկսիմ: Երբ հայրս ինծի թերթի հարցով կը խանգարէ, դարձեալ չխանգարուելու համար սենեակս կը քաշուիմ: Երբ սենեակ մտնեմ, ինծի նման ծոյլ քոյրս, տեսակապով կը փորձէ հեռաձայնել ինծի եւ իր ննջասենեակէն պտուղ մը կը պահանջէ:
-Ահա՛, գտայ: Չինաստան աշխարհի ուղեծիր ուղարկած է 80-200 քիլոյի միջեւ քուանտային համակարգիչներ պարունակող աստղանաւեր: Այս քուանտային համակարգիչներու բուն նպատակն է համակարգչային գիտութիւնը օգտագործել եւ պահանջուած հարթակին ուղարկել: Քուանտային համակարգիչներու առաւելութիւնն է ամենօրեայ մեր գործածած համակարգիչներէ հազարաւոր անգամներ աւելի արագ ըլլալը: Չինաստան իր առաջին քուանտային համակարգիչները գործածելով՝ տեսակապով կապ հաստատած է Աւստրիայի հետ:
-Իրօ՞ք:
-Անշուշտ:
-Լա՛ւ, շարունակենք փորձել:
-Անցեալ շաբաթ մայրիկիս հետ կրկնեփ կը պատրաստէինք: Մայրս փոշի շաքար կը գործածէր, բայց քառակուսի շաքարը ուշադրութիւնս գրաւեց: Արդեօք ինչո՞ւ քառակուսի շաքար չի գործածեր: Հապա այս նիւթի շուրջ նորութիւն մը կա՞յ:
-Կրնամ ըսել, թէ խոհարարութիւնը ամբողջովին դասական դրութիւն ունի եւ բոլորովին կը տարբերի քուանտային նիւթէն: Եթէ ձեր խոհանոցը քուանտային խոհանոց մը ըլլար՝ փոխանակ քառակուսի շաքարէ փոշի շաքար, յետոյ փոշի շաքարէ լուծոյթ ապահովելու, ուղղակի քառակուսի շաքարով արագօրէն կրնայիք աւարտել ձեր գործը:
Հրապարակ հասած էինք: Տեղ մը նստանք: Քաղաքը մեր ետեւէն կը հոսէր: Իսկ մեր առջեւը կար լայնատարած անտառ մը: Նստելէ քանի մը վայրկեան վերջ մէկ թեւովս փաթթուեցայ Արփիին: Խօսակցութեան նիւթը եղաւ CanadArm3 ծրագիրը (CanadArm ծրագիրը Columbia աստղանաւի աղէտէն վերջ ծրագրուեցաւ. Columbia աստղանաւը երբ աշխարհ կը վերադառնար, արդէն նաւի արտաքին մասը վնասուած էր, հետեւաբար օդի մէջ պայթեցաւ: CanadArm ծրագիրը, նաւերը աշխարհ չմտած իր թեւով կը ստուգէ արտաքին վնասուածքները եւ նաւերը կ՚ուղղէ դէպի ճիշդ ուղղութիւն):
Արփին փաթթուելէ ետք ժպտալով հարցուց.
-Այսինքն CanadArm 4-ն ալ դո՞ւն պիտի ըլլաս:
-Եթէ ծրագիրս դուն պիտի ըլլաս, ինչո՞ւ չէ,- ըսի չար ժպիտով մը:
Այսպիսով իր գլուխը ուսիս վրայ դրաւ, ես ալ փաթթուեցայ իրեն: Մեր խօսակցութիւններու ընթացքին երբեմն զիրար, երբեմն ալ աստղերը դիտեցինք: Ժամը 11-ի շուրջ՝ մինչեւ Արփին տուն ձգելս, շարունակեցինք մեր հաճելի զրոյցները…
ԱՔՍԷԼ ՃԱՒԱՔ