ՄՈՍԿՈՒԱ-ԱՆԳԱՐԱ-ԹԵՀՐԱՆ. ՆՈՐ ԴԱՇԻ՞ՆՔ

Վեր­ջին օ­րե­րուն Սու­րիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցող զար­գա­ցում­նե­րը ցոյց կու տան, որ գետ­նի վրայ սկսած է ձե­ւա­ւո­րուիլ նոր դրու­թիւն մը, որ պայ­մա­նա­ւո­րուած պի­տի ըլ­լայ ոչ միայն զի­նուո­րա­կան դա­շինք­նե­րով, այլ քա­ղա­քա­կան նոր ձե­ւա­չա­փե­րով:

Թուր­քիոյ նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նին Սեն Փե­թերս­պուրկ տուած այ­ցէն ետք քիչ չե­ղան այն վեր­լու­ծա­բան­նե­րը, ո­րոնք կա­րե­ւոր գրաւ դնե­լով այս հան­դիպ­ման մա­սին՝ կը շե­շտադ­րէին, որ Ան­գա­րա-Մոս­կուա տե­ղի ու­նե­ցած սառ­ցա­հա­լի այս փու­լին եր­կու եր­կիր­նե­րու հա­մա­ձայ­նու­թեան ա­ռա­ջին նա­խան­շան­նե­րը ե­րե­ւան պի­տի գան Սու­րիոյ մէջ:

Յստակ է նաեւ, որ Մոս­կուա, ո­րուն զի­նուո­րա­կան թէ քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը կայ­ծակ­նա­յին այ­ցե­լու­թիւն­նե­րով շրջան կը ժա­մա­նէին, կը փոր­ձեն ա­մէն գնով ժա­մա­նակ շա­հիլ եւ ճիգ ը­նել ձե­ւա­ւո­րե­լու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու նոր ամ­բող­ջա­կան ըն­թա­ցա­կարգ մը: Մոս­կուա­յի նպա­տա­կը միակ է: Սու­րիոյ մէջ ստեղ­ծել այն­պի­սի քա­ղա­քա­կան հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու գե­տին մը, ո­րուն հի­մամբ «խաղ»ը ամ­բող­ջու­թեամբ պի­տի դրուի Մոս­կուա­յի ձեռ­քե­րուն մէջ:

Բնա­կա­նա­բար այս գոր­ծըն­թաց­նե­րը կը կա­տա­րուին պա­հու մը, երբ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ օ­րըս­տօ­րէ ա­ւե­լիով կը խրուի յա­ռա­ջի­կայ Նո­յեմ­բե­րին տե­ղի ու­նե­նա­լիք նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն:

Վե­րա­դառ­նա­լով գետ­նի վրայ տե­ղի ու­նե­ցող զար­գա­ցում­նե­րուն՝ կա­րե­լի է ը­սել, թէ Սու­րիոյ կա­ռա­վա­րա­կան ու­ժե­րը յա­ջո­ղե­ցան վե­րա­տի­րա­նալ այն շրջան­նե­րուն, ո­րոնք Օ­գոս­տո­սէն սկսեալ եւ յետ թէժ մար­տե­րու ան­ցած էին ընդ­դի­մա­դիր զի­նեալ­նե­րու տի­րա­պե­տու­թեան տակ: Սու­րիոյ բա­նա­կին ար­ձա­նագ­րած յա­ջո­ղու­թիւ­նը բնա­կա­նա­բար պայ­մա­նա­ւո­րուած է ռու­սա­կան օ­դու­ժին կա­տա­րած ծանր հա­րուած­նե­րով:

Այս­տեղ փա­կա­գիծ մը բա­նա­լով պէտք է նշել, որ ան­նա­խըն­թաց քայ­լով մը, ռու­սա­կան բա­նա­կը սկսաւ օգ­տա­գոր­ծել ի­րա­նեան Հա­մա­տան քա­ղա­քի օ­դա­յին խա­րիս­խը: Այս ա­ռա­ջին ան­գամն է, որ Թեհ­րան-Մոս­կուա եր­կար շրջա­նի տա­րեգ­րու­թիւն ու­նե­ցող զի­նուո­րա­կան հա­մա­ձայ­նա­գի­րը «գործ­նա­կան» մար­մին ստա­ցաւ: Ճիշդ է, որ ինչ­պէս Ի­րա­նի Իս­լա­մա­կան Հան­րա­պե­տու­թեան «Մաժ­լէս շու­րա»ի (խորհր­դա­րա­նի) նա­խա­գահ Ա­լի Լա­րի­ժա­նի ա­ռանց վայր­կեան մ­­՚իսկ ու­շա­նա­լու կը յայ­տա­րա­րէր, թէ ռու­սա­կան գե­րար­դիա­կան կոր­ծա­նիչ­նե­րու Հա­մա­տա­նի մէջ ե­րե­ւի­լը չի նշա­նա­կեր, որ Թեհ­րան օ­դա­յին խա­րիսխ տուած է Մոս­կուա­յին, բայց եւ այն­պէս յստակ է, որ այս քայ­լը հաշտ աչ­քով պի­տի չդի­տուէր Ա­րեւ­մուտ­քի եւ մաս­նա­ւո­րա­պէս Սպի­տակ տան ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ: Ու այդ­պէս ալ կը պա­տա­հէր։ Սպի­տակ տան բան­բեր Մարք Թո­նըր յայ­տա­րա­րու­թեամբ մը հան­դէս գա­լով կը յայտ­նէր, որ Մոս­կուա­յի այս քայ­լը ե­րե­ւե­լի խախ­տում է ՄԱԿ-ի Ա­պա­հո­վու­թեան խոր­հուր­դին կող­մէ հրա­պա­րա­կուած թիւ 2231 ո­րո­շու­մին, ո­րուն հի­մամբ Ի­րա­նին բա­ցար­ձա­կա­պէս կ­­՚ար­գի­լուի այլ եր­կիր­նե­րու ծանր զէն­քե­րուն կեդ­րոն կամ խա­րիսխ տա­լէ, կամ նոյ­նիսկ ո­րե­ւէ երկ­րի կոր­ծա­նիչ­նե­րուն հա­մար ո­րոշ շրջա­նով «հի­րըն­կա­լող»ի դե­րով հան­դէս գա­լէ:

Այս խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը սա­կայն կը մնա­յին միայն պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րու ընդ­հա­նուր շրջագ­ծին մէջ, պարզ ա­նոր հա­մար, որ մաս­նա­ւո­րա­պէս Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան եր­կիր­նե­րը պատ­րաստ չեն այս փու­լին, հիմ­նա­կա­նին, «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն»ին (Ի­ՇԻՊ) դէմ պայ­քար մղող Մոս­կուան քննա­դա­տե­լու:

Իր կար­գին, ի­րա­նեան խորհր­դա­րա­նի Ազ­­գա­յին անվ­տան­գու­թեան եւ ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թեանց մարմ­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ՝ Ա­լա Ալ Տին Պրու­ժըր­տի կը յայտ­նէր, որ Մոս­կուա­յի ռազ­մաօ­դա­յին ու­ժե­րուն ա­ռջեւ Հա­մա­տա­նի խա­րիս­խին բա­ցու­մը պայ­մա­նա­ւո­րուած է եր­կար ժա­մա­նակ ա­ռաջ կնքուած հա­մա­ձայ­նու­թեամբ մը, ո­րուն վեր­ջին կա­րե­ւոր նիս­տը կա­յա­ցած էր շուրջ եր­կու ա­միս­ներ ա­ռաջ Թեհ­րա­նի մէջ, ուր Մոս­կուա­յի, Թեհ­րա­նի եւ Դա­մաս­կո­սի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար­նե­րը բարձ­րաս­տի­ճան գա­գաթ մը գու­մա­րե­լով կը գծէին Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մին յա­ջորդ փու­լին հա­մար օգ­տա­գոր­ծուե­լիք հիմ­նա­կան քար­տէս­նե­րը:

Ե­րե­ւե­լի է ու­րեմն, որ այս ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը այդ հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը գոր­ծադ­րե­լու փուլն է, ու մինչ ա­միս­ներ ա­ռաջ անս­պա­սե­լի հա­մա­րուած կա­րե­ւոր տուեալ մը այ­սօր կը դառ­նայ ի­րա­կա­նու­թիւն:

Խօս­քը բնա­կա­նա­բար Ան­գա­րա­յի այս դա­շին­քին մաս­նակ­ցու­թեան մա­սին է, ու թէեւ մին­չեւ այս պա­հը այդ ա­ռու­մով յստակ նշան­ներ չկան, բայց եւ այն­պէս Թուր­քիոյ Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տըր­ըմին Սու­րիոյ մա­սին կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը պէտք է հասկ­նալ՝ որ­պէս այդ պա­տու­հա­նէն նե­տուած ա­ռա­ջին հա­յեացք­ներ:

Բնա­կան է նաեւ, որ Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հին Թեհ­րան տա­լիք յա­ռա­ջի­կայ այ­ցը կա­րե­ւոր փա­կա­գիծ­ներ պի­տի բա­նայ Սու­րիոյ տագ­նա­պին լուծ­ման ա­ռըն­թեր տա­րուած ընդ­հա­նուր ճի­գե­րու տար­րա­լու­ծա­րա­նին մէջ: Ճիշդ է, որ Ան­գա­րա­յի Մոս­կուա­յի ու Թեհ­րա­նի հետ Սու­րիոյ հար­ցով հիմ­նա­կան տա­րա­կար­ծու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ մնալ երկ­րի նա­խա­գահ Պեշ­ար Է­սա­տի իշ­խա­նու­թեան վրայ մնա­լու հար­ցը, սա­կայն ե­րեք մայ­րա­քա­ղաք­նե­րուն մի­ջեւ ըլ­լա­լիք նոր պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րը ու­նին շարք մը շատ ա­ւե­լի ու­ժեղ եւ միաց­նող գոր­ծօն­ներ, քան Է­սա­տի ճա­կա­տագ­րին շուրջ առ­կայ տա­րա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը:

Կայ նաեւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու կող­մէ Թուր­քիա­յէն քսան կտոր կո­րի­զա­յին գլուխ ու­նե­ցող հրթիռ­նե­րու, դէ­պի Ռու­մա­նիա տար­հան­ման մա­սին տե­ղե­կու­թիւ­նը, ու այս տուեա­լը պէտք է ըն­դու­նիլ Ո­ւա­շինկ­թը­նի կող­մէ առ Ան­գա­րա, ո­րոշ «պատ­գամ­ներ» պա­րու­նա­կող ան­նա­խա­դէպ քայլ մը: Մէ­կէ ա­ւե­լի աղ­բիւր­ներ կը խօ­սին նաեւ Ին­ճիր­լի­քի խա­րիս­խին ճա­կա­տագ­րին մա­սին՝ նշե­լով, որ ե­թէ ԱՄՆ-Ան­գա­րա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը յա­ռա­ջի­կայ հանգ­րուա­նին չկար­գա­ւո­րուին, շատ հա­ւա­նա­կան է նաեւ, որ այդ օ­դա­յին խիստ կա­րե­ւոր խա­րիս­խը կորսնց­նէ իր ար­ժէքն ու դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը: Այս բո­լո­րին դի­մաց Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը կ­­՚առ­նէ շատ ա­րագ եւ բրակ­մա­թիք քայ­լեր, ո­րոնց հիմ­նա­կա­նը Նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նին Փու­թի­նին հետ հան­դի­պումն էր: Իսկ ա­նոր Թեհ­րան տա­լիք յա­ռա­ջի­կայ այ­ցե­լու­թիւ­նը ան­շուշտ պէտք է հա­մա­րել, որ­պէս Սեն Փե­թերս­պուրկ կա­տա­րուած այ­ցին տրա­մա­բա­նա­կան մէկ շա­րու­նա­կու­թիւնն ու օ­ղա­կը:

Տե­ղին կը հա­մա­րեմ նշել, որ հետզ­հե­տէ ե­րե­ւե­լի դար­ձող այս նոր ե­ռա­չափ դա­շին­քի հիմ­նա­կան դաշ­տը Սու­րիան է, ու հոն է նաեւ, որ յստակ պի­տի դառ­նայ այս յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն տե­ւա­կա­նու­թիւնն ու մա­նա­ւանդ «ան­կեղ­ծու­թիւն»ը:

Մոս­կուա­յի հա­մար ե­թէ հիմ­նա­կան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն է պահ­պա­նել Սու­րիոյ մէջ ու­նե­ցած իր խա­րիսխ­ներն ու եր­կար տա­րի­նե­րու քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը, ա­պա այ­սօր հասկ­նա­լի է, որ ա­ռանց Ան­գա­րա­յի մաս­նակ­ցու­թեան անհ­նար է ստեղ­ծել յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու նոր ձե­ւա­չափ մը կամ մտա­ծել քա­ղա­քա­կան ան­կեղծ եւ եր­կա­րա­ժամ­կէտ լու­ծում­նե­րու մա­սին:

Տա­րի­նե­րէ ի վեր ա­րեան բաղ­նի­քի վե­րա­ծուած Սու­րիան կրնայ նոր ստեղ­ծուող դա­շին­քի մը ա­ռա­ջին փոր­ձա­քա­րը դառ­նալ, պայ­մա­նաւ, որ կող­մե­րը մէկ­դի դնեն բո­լոր խու­սա­նա­ւում­նե­րը եւ ի­րո­ղա­պէս մտա­ծեն ոչ միայն Հա­լէպն ու Տար­հան, այլ ամ­բողջ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քը «փրկե­լու» կամ առ­նուազն ա­րիւ­նէն ա­զա­տե­լու մա­սին:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2016