ՆԺԴԵՀՆ ՈՒ ՄԱՅԼՈՆ
-Ես Մայլոն կ՚ուզեմ, պա՛պ...
Խնդրեց Նժդեհ հօրմէն
Նժդեհ իր շունիկը կ՚ուզէր
տարիներու բարեկամը
մանկութենէն ի վեր
խօսակիցը
սրտակիցը
սփոփանքը
մենութեան բաժնեկիցը
հիմա Նժդեհ
Երեւանի փողոցներու
շուները կը շոյէ
բայց
անոնք Մայլոն չեն
անոնցմէ ոչ մէկը քովն էր
երբ նաւահանգիստի
պայթումը ցնցեց ամբոջ տունը
երբ սոսկաց ձագուկը
տարբեր սոսկում մըն էր
ոչ ամէնօրեայ
մենութեան
սոսկաց նաեւ Մայլոն
Նժդեհը ճչաց
Մայլոն հաջեց
եւ անոնք զիրար գրկեցին
սփոփեցին
-Ես Մայլոն կ՚ուզեմ, պա՛պ
կրկնեց ընկալուչէն
կ՚ուզէ
քանի գիտէ
որ հոս եւս պիտի մենանայ
երբ հայրն ու մայրը
աշխատին
բայց չի գիտեր
որ հայրը
հազիւ ճարեց
իրենց ծախսը
մինչ ինք
շուար
անկարող
իր տոմսն իսկ ապահովելու
կը սպասէ յարմար պահին
որ ծախէ կահ-կարասին
եւ գայ
միանայ իր ընտանիքին
ո՞ւր են գնորդները
երբ հացի գումար
չունի ժողովուրդը
իսկ Նժդեհը
իսկ Մայլոն...
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւան