ՄԵՐ ՄԷՋ ՅԱՒԵՐԺՕՐԷՆ ԱՊՐՈՂ ՉՔՆԱՂ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ

1997-ին էր, երբ առաջին անգամ ոտքս դրի Հայաստան ու անկէ ի վեր այս կտոր մը երկիրը, որ շատերուն համար պզտիկ կէտ մըն է աշխարհի քարտէսին վրայ, մնաց ու գոյացաւ, արմատ նետեց ու նոր երանգներով գետի նման վարարեցաւ, կայմուեցաւ եւ դարձաւ ապրելու ոճ։ Ուր որ ալ գացի, այդ կտոր մը Հայաստանը հետս տարի եւ ուր որ ալ գտնուեցայ՝ Հայաստան երկիրը դարձուցի ապրում եւ սկզբունք։

Այսօր ալ նոյնն է ու անկարելի է, որ այդ ընկալումը պահու մը համար իսկ տատանի, մթագնի կամ փոխուի։ Այս բոլորը միայն ես չըրի, իմս չէր այդ ընկալումը, այլ հաւաքական օճախի մը մէջ պատրաստուած ընկալումի մը շարունակութիւնն ու աւանդն էր, որուն մէջ կը մեռնէր «ես»ը եւ կը յառնէր «մենք»ը։

Մենք «ղայիմ» պիտի մնանք, իսկ այն ինչ որ կը կատարուի այսօր, կը հաւատամ, թէ «սպասուած» պէտք է ըլլար մեզի համար։ Ատելութիւն, սուտ վերագրումներ, թոյն, մաղձ եւ ուղղակի կամ անուղղակի միջոցներով հալածանքը մեզի համար նորութիւն չեն ու յատկապէս այս փուլին կրնան երկար ատեններով շարունակուիլ։

Ի դէպ, այս օրերուն քանի-քանի ընկերներ Հայաստան գալու մասին կը գրեն ու քիչ մըն ալ հեգնանքով հարց կու տան, թէ արդեօք իրենց պարագային ալ Երեւան մուտքին արգելքներ կրնա՞ն ըլլալ։ Պատասխանն ալ շատ պարզ է, որ այո՛, կրնան պատահիլ դէպքեր, կրնան դրուիլ շինծու եւ հնարածին արգելքներ եւ այդ բոլորը կը կատարուին յանուն մէկ նպատակի. նպատակը սփիւռքի ոգին կոտրելն է, սփիւռքը հեռացնելը, սփիւռքի ապրող տարրին հարուած տալը ու աւելի հեռու երթալով՝ մեր մէջ որոմ ցանելն ու մեր ժողովուրդի երկու թեւերը իրարմէ անջատելը։

Այս փորձերը, ինչպէս վերն ալ նշեցի, դեռ երկար կրնան շարունակուիլ ու ապահովաբար անոնք պիտի պսակուին ձախողութեամբ, որովհետեւ քամիի բերածը քամին ալ իր հետ պիտի տանի։ Ու այս առումով ալ աշխարհաքաղաքական մեծ վերլուծումներու կարիք երբեք պիտի չըլլայ, որովհետեւ այն ինչ, որ տեղի ունեցաւ քանի մը օր առաջ, իր տրամաբանութեամբ, մեզմէ շատերուն համար աներեւոյթ ու ձեւական շերտին վրայ յանուն արդարութեան, յանուն փտածութեան դէմ պայքարին, յանուն կաշառքի դէմ կռիւին՝ միայն ցուցական մասն էր։ Մեզմէ շատեր գուցէ չտեսան այդ բոլորը, գուցէ հիմա ալ անտեսել կը փափաքին հարցին միջուկը, բայց միեւնոյնն է։

Հարցը Նիկոլը չէր, հարցը նիկոլականութիւնն էր, որ կրնայ օր մը ուրիշ երեսակներով ալ երեւելի դառնալ։ Հոն ալ չէ խնդիրը. խնդիրը մեր ընկալումն է, ինչպէս պիտի դիտարկենք վիճակները, ինչպէս պիտի ճիշդ գնահատենք եղածները ու ամենակարեւորը՝ ինչպէս դէմ պիտի դնենք այս վարդապետութեան, որ սեւ օրի տարաւ ամբողջ ազգ մը եւ վիրաւոր դարձուց ամբողջ հայրենիք մը։

Իսկ աւելի վեհը, աւելի վսեմը եւ աւելի ամբողջականը այն է, որ հակառակ բոլոր փորձերուն՝ Հայաստանը մեր մէջ պիտի չմեռնի։ Մենք Հայաստանինն ենք ու Հայաստանը մերը։

Ճիշդ է, որ մեզմէ շատեր այս Հայաստանին մէջ չծնան, բայց Հայաստանը մեր մէջն է, մեր մէջ ծնած է ու մեր մէջ պիտի ապրի յաւերժ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2022