ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐԷՆՔ ԵՒ ՊԱՏԵՐԱԶՄԱԿԱՆ ՅԱՆՑԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Միջազգային օրէնք հասկացողութիւնը շատ հին չենք կրնար համարել, այն հազարամեակներու պատմութիւն չունի: Վաղ շրջաններուն, այո, կային պետութիւններու, կայսրութիւններու միջեւ կնքուած համաձայնագիրներ, բայց ընդհանուր այսպէս կոչուած միջազգային կարգ մը չկար, ինչ որ կը հսկէր քիչէն-շատէն պետութիւններու յարաբերութիւնները:
Մեծ կայսրութիւններու պատմութիւնները լեցուն են ներքին կարգ ու կանոնի օրէնքներով (ինչպէս՝ չինական, իսլամական, եւ այլն), բայց անոնք չեն վերածուած միջազգային համապարփակ ու համընդգրկուն օրէնքի մը, որ միջազգային յարաբերութիւններուն մեղմ-ամուր հովանի մը տուած ըլլար կամ ստեղծէր միջազգային ընտանիք կոչուող ներկայ հասկացողութեան:
Եթէ դրականօրէն նայինք կատարուած գործին, կրնանք հաստատել, թէ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն վերջ ձեւաւորուած ՄԱԿ-ի եւ միջազգային օրէնքի ընդհանուր դրոյթներու հաստատումն ու անոնց գոնէ տեսական որդեգրումը պետութիւններուն կողմէ՝ յարաբերաբար նուաճումներ կը համարուին միջազգային յարաբերութիւններուն եւ ընդհանուր միջազգային ընտանիք հասկացողութեան կազմաւորման ու անոր ուժականութեան առումներով: Միջազգային ընտանիք կոչեցեալը պետութիւններու նոյնինքն կարգաւորուած յարաբերութիւններու, կապերու, ընդհանուր որոշումներու համագումար մըն է, որուն կ՚աւենլայ մեր ներկայ բաց աշխարհին մէջ արդէն կայացած արհեստագիտութեամբ հզօր լրատուութեան, քարոզչութեան, հաղորդակցութեան ու գերարդի ընկերային միտիայի ընծայած հնարաւորութիւնները ու չնչին կամ երբեմն ալ աւելի մեծ ազդեցութեան լծակները:
Միջազգային օրէնքը շատ մը հանգրուաններէ անցաւ իր կայացման ընթացքին, բայց ամենաուշագրաւը մեծ տէրութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու հաւասարակշռութիւններն էին՝ ՄԱԿ-ի մարմնաւորմամբ եւ անոր գծած լաւ-վատ օրինականութեամբ:
Պատմութեան ընթացքին շատ մը պետութիւններ գործած են սարսափելի ոճիրներ ու ցեղասպանութիւններ եւ անկախ միջազգային համակարգի տուեալ ժամանակի տեսակէն (միաբեւեռ, երկբեւեռ կամ բազմաբեւեռ) յարաբերաբար ու նոյնիսկ նուազագոյն չափով եւ ուժգնութեամբ չէ եղած սանձող ու արգելափակող տարազ կամ միջոց մը զսպելու, կանխելու կամ նուազագոյնը պատասխանատուութեան կանչելու մեծ ոճիրներ կատարող պետութիւններուն-անձանց: Ներկայ մեր ժամանականերու նուաճումներէն կրնանք համարել (իր բոլոր տկարութեամբ ու տեսաբանականութեամբ) միջազգային օրէնքը, որուն մեծ տէրութիւնները չեն ենթարկուիր լիակատար ձեւով, բայց նոյն ժամանակ պզտիկ պետութիւններուն եւ արդար հարցեր-դատեր ու խնդիրներ ունեցող փոքր պետութիւններուն համար վտիտ, չըն-չին բայց կայուն հնարաւորութիւններ կ՚ընծայէ նոյն այդ միջազգային օրէնքը:
Պատերազմական ոճիրները միշտ ալ մեծ հարց եղած են մարդկութեան համար եւ անոնց սանձող կանոնադրութեան ընդունումը Ժընեւի եւ շատ մը համաձայնագիրներու տեսքով (որոնց տակը ստորագրած են գրեթէ բոլոր պետութիւնները) նորէն կը համարուին վտիտ նուաճումներ՝ մարդկութեան ու միջազգային ընտանիքին համար:
Գերտէրութիւններու փափաքած ու պարտադրած խաղի կանոններն ու միջազգային ընտանիքի կառուցուածքին ու ընդհանուր հասկացողութեան կերպ ու ոճ տալու անոնց ջանքերուն եւ վարած քաղաքականութիւններու կողքին, չենք կրնար հարիւր տոկոսով դրժել կամ վանել միջազգային օրէնքին իրականացուցած կամ առկայ ուժը:
Միջազգային յանցագործութիւններու դատապարտումն ու զանոնք իրագործող պետութիւններու եւ անձնանց դատումը, այո, գերտէրութիւններու կամքէն ու վարած քաղաքականութիւններէն կախեալ կը մնայ, բայց միաժամանակ ՄԱԿ-ի արդարադատութեան դատարանի եւ շատ մը այլ միջազգային դատարաններու եւ արդարադատական ատեաններու առկայութիւնը փաստ է, անկախ անոնց գործունէութեան ոճէն ու քաղաքականացած ըլլալէն:
Բնականաբար մեծ արդարութիւններ ու համընդգրկուն խաղաղութիւն եւ իրաւունքներու ճշգրիտ ու վերջնական բաժնում անկարելի է ակնկալել այդ հաստատութիւններէն, քանի ինչքան ալ ըլլայ անոնք տեղ մը քաղաքականացած են, բայց մշտապէս եւ համեմատական ուղեգիծով, մարդկային իրաւունքներու պահպանումը անցեալ դաերերէն լաւ կը համարուի մեր ներկայ աշխարհին մէջ:
- Պետութիւններ, անհատներ տեղական ու միջազգային ոճիրներ ու յանցագործութիւններ կը գործե՞ն տակաւին:
- Այո, կը գործեն. եւ հասկնալի են կարգ մը վերլուծաբաններու ալ մօտեցումները, որոնք կը քօղազերծեն ներկայ համաշխարհային կարգերու քաղաքակիրթ ձեւանալու շղարշին տակ թաքնուած աւելի մեծ մոլուցքը՝ դրամատիրական նպատակներու հասնելու համար։ Սակայն, այս իրականութեան կողքին միջազգային օրէնքը ունի, գոնէ գրուած ու տակը ստորագրուած յօդուածներ: Թէեւ աւելի ծիծաղելի կը դառնայ այդ յօդուածներու առկայութիւնը, քանի չեն գործադրուիր, բայց անոնք կան եւ քաղաքական ելեւէջներուն, փոփոխութիւններուն ու շահերու անվերջ վերդասաւորումներուն հետ համընթաց կ՚ապրին ու տեղ մը պատեհութեամբ կամ օրէնսրդական ուժով կը գործադրուին: Հաւանաբար մեծ պատգամը միջազգային օրէնքի յօդուածներուն (առանց լաւատես ըլլալով որ գործադուին) պատերազմ, յարձակում, գրաւում, յանցագործութիւն ու սպանութիւններ... եւ այլն գործողները պէտք է միշտ, տեւաբար ու անժամանացելիօրէն հետապնդուին ու պատժուին:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ