ՍՊԱՍԵԼՈՎ ԻՐԱԿԱՆ ՀՐԱԴԱԴԱՐԻՆ

Շաբաթ երեկոյեան Երեւանի մէջ դրական շունչ մը սկսաւ տարածուիլ։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնները միասնաբար հանդէս կու գային «անսպասելի» յայտարարութեամբ մը՝ նշելով եւ «աւետելով», որ մարդասիրական հրադադար պիտի հաստատուի Երեւանի ժամանակով կէս գիշերին։ Ընդամէնը ժամ կ՚ապրէր այդ սպասուած հրադադարը եւ առաւօտուն հայկական կողմէն տարածուած տեսանիւթը արդէն իսկ բացայայտ կերպով ցոյց կու տար, որ Ատրպէյճանի բանակը կարեւոր կուտակումներ կատարելով փորձած էր ռազմի անցնիլ՝ նպատակ ունենալով արագօրէն յառաջանալ եւ զինուորական առաւելութիւն մը արձանագրել։ Ի դէպ, այս ֆոնին վրայ եւ զանազան առիթներով կատարուած գրառումներով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «կ՚աւետէր», որ իրենց բանակը կարողացած է դրական տեղաշարժ մը ապահովել, բայց եւ այնպէս, կարգ մը պարագաներով ալ այդ տեղեկատուութիւնը արագօրէն կը ջնջուէր, հետեւաբար կը հերքուէր...

Այս բոլորէն անդին աւելի քան պարզ ու յստակ էր, որ Ատրպէյճան նոյնիսկ եթէ կարողանար որոշ առաւելութիւններու հասած ըլլալ, ապա անոր իրական ծրագիրը ընդհանրապէս տապալած էր։

Հայկական կողմին համար «մահ ու կենաց» պատերազմ համարուող (այս պատերազմը նոյնիսկ «հայրենական պատերազմ» համարած էր Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան) նոյն տարողութիւնը չունէր Ատրպէյճանի համար։ Պաքուի վարչախումբը իր առջեւ դրած էր մէկ հրամայական, որն է ռազմական ճանապարհով լուծել՝ աւելի քան երեսուն տարուան վաղեմութեամբ այս հիմնահարցը։ Ու մտահոգիչը այն է, որ Պաքու այս պարագային ընդհանրապէս մտահան ըրած էր, որ այսօրուան աշխարհին համար հարցերը ռազմական ճանապարհով լուծելու մօտեցումը արժանի պիտի ըլլայ դատապարտման եւ այսօր առկայ համեմատական միջազգային չէզոքութիւնը կրնայ մէկ վայրկեանով իր դիրքորոշումները արագօրէն վերատեսութեան ենթարկել եւ նոյնիսկ նժարի ամբողջ ծանրութիւնը թեքել՝ դէպի հայկական կողմը։

Անշուշտ, այս կը գրեմ ո՛չ միայն հայկական դիրքերը, Արցախի վիճակը կամ նոյնիսկ Հայաստանի տեսակէտը հաշուի առնելով՝ այլ հիմնուելով պարզ տրամաբանութեան, միջազգային քաղաքական մօտեցումներու եւ յարաբերութիւններու ընդհանուր եզրագիծերուն վրայ։ Աշխարհի համար՝ մանաւանդ այս փուլին, երբեք ալ «մարսելի» պիտի չըլլայ, որ քաղաքական հիմքով որեւէ խնդիր լուծուի եւ հարթուի ռազմական ճանապարհով։

«STRATFOR»Ի ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԿԱՐԾԻՔԸ

Ամերիկեան հեղինակաւոր «Stratfor» կեդրոնն ալ վերջին հաղորդումներէն մէկը նուիրած է Արցախի մէջ սեպտեմբերէն ի վեր շարունակուող ռազմական գործողութիւններուն, «Ո՞վ կը յաղթէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ» վերնագրի տակ։ Ռազմական փորձագէտ Սիմ Թեք, որ կը զբաղի աշխարհաքաղաքական զարգացումներու եւ հակամարտութիւններու մասին տեղեկութիւններու հաւաքագրմամբ ու վերլուծութեամբ, մասնաւորապէս կը գրէ.

«Ատրպէյճանի բանակը վաղուց նախապատրաստուած էր այս յարձակման, սակայն, ակնյայտ է, որ Պաքու չէ յաջողած հասնիլ իր առջեւ դրած ռազմական նպատակներուն, նոյնիսկ Թուրքիոյ աջակցութեամբ։ Ատրպէյճան կը պատրաստուէր այս յարձակման։ Արբանեակային լուսանկարներէն եւ այլ աղբիւրներէ ստացուած տեղեկութիւնները ցոյց կու տային, որ ան Ատրպէյճան սեպտեմբերին ու նոյնիսկ անկէ առաջ՝ օգոստոսին, կը նախապատրաստէր իր առաջնագիծը՝ նոր խրամատեր կը փորէր կամ կը թարմացնէր հիները, ծանր զրահամեքենայ կը տեղափոխէր ռազմաճակատ։ Հրադադարի խախտումներն ու կարճատեւ բախումները պարբերական բնոյթ կրած են այս հակամարտութեան գօտիին մէջ, սակայն, զօրքերու ու զրահամեքենաներու ներկայ տեղաշարժը աննախադէպ է․ նման ուժգնութիւն չէ եղած նոյնիսկ 2016-ի քառօրեային ժամանակ: 1994-էն ի վեր ամենալայնատարած ու արիւնալի այս պատերազմի մեկնարկին գետին պատրաստած է՝ նախ եւ առաջ Անգարայի անվերապահ աջակցութիւնը Պաքուին»։

Ըստ նոյն վերլուծութեան, Թուրքիա յստակ նկրտումներ ունի այս տարածքաշրջանին մէջ, ուր կը մրցակցի Ռուսաստանի հետ՝ ազդեցութեան ոլորտները բաժնելու համար։ Եւ Թուրքիա այս քաղաքականութեան մէջ առաջին հերթին կ՚օգտագործէ իր դաշնակիցը՝ Ատրպէյճանը։ Տպաւորութիւն կայ, թէ այս քայլերով Անգարա կը փորձէ մարտահրաւէր նետել եւ խախտել Մոսկուայի կողմէ հաստատուած կարգավիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ։ Մեծ հաշուով, կողմերու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ էական փոփոխութիւն չենք տեսներ։ Երբ կը նայինք, թէ ո՛ւր էր շփման գիծը այս պատերազմէն առաջ՝ տասնամեակներ շարունակ, ապա կը տեսնենք, որ Ատրպէյճան միայն յաջողած է իր վերահսկողութեան տակ առնել զուտ գիւղերէն քանի մը հատը՝ առաւել ցածրադիր տեղանքներէն։ Իրողութիւնը այն է, որ այս տարածքը շատ լեռնային է եւ ռազմական գործողութիւններու հնարաւորութիւնները սահմանափակ են։ Վերլուծաբանի համոզմամբ, երբ կը փորձես յառաջխաղացում արձանագրել դէպի այդ լեռները, շատ արագ կը բախիս խնդիրներու հետ, հետեւակդ չի կրնար ազատօրէն շարժիլ այդ տարածքին մէջ, մինչդեռ պաշտպանուողը կրնայ շատ աւելի ամուր դիրքեր ունենալ։ Այնպէս, որ կարող ենք փաստել, թէ Ատրպէյճան յաջողած է ինչ-որ առաւելութեան հասնիլ, բայց շատ սահմանափակ։ Աշխարհագրական անբարենպաստ պայմաններէն բացի, Ատրպէյճանի բանակին յառաջիկային եւս մէկ մարտահրաւէր կը սպասէ՝ եղանակը։ Մօտալուտ ձմեռը ա՛լ աւելի կը սահմանափակէ ռազմական գործողութիւններ կատարելու հնարաւորութիւնը՝ մանաւանդ, որ դեռ հարց է. արդեօք պատերազմը կը շարունակուի՞ այնքան ժամանակ։

Որքան Ատրպէյճան կը մօտենայ լեռնային շրջաններուն, այնքան աւելի ու աւելի կը դժուարանայ յառաջխաղացումը։ Չյաջողելով նոր տարածքներ գրաւել՝ Պաքու պիտի փորձէ իր ներկայ յաջողութիւնները վերածել իրական զիջումներու բանակցային գործընթացին: Բանակցութիւնները արդէն իսկ սկսած են՝ նկատի առնելով Մոսկուայի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը։ Յստակ է, որ հակամարտութիւնը հասած է կէտի մը, ուր անհրաժեշտ են կարգաւորման նոր մօտեցումներ, նոր համաձայնութիւններ՝ տարածքաշրջանի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար:

ԵՐԿԱՐԱՏԵՒ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՎԱՐԿԱԾԸ

Բնաւ պիտի չուզէի նոյնիսկ մտածել, ունենալ մօտեցում այն մասին, որ անցեալ 27 սեպտեմբերին ընթացք առած այս արիւնալի պատերազմը կրնայ երկարատեւ ըլլալ. պատերազմ մը, որ միայն ժխտական շեշտադրումներ պիտի աւելցնէ, առանց այդ ալ արդէն բաւական ծանր կեանքին։

Հաշուի պէտք է առնել, որ այս տողերու հեղինակը Երեւանէն կը հետեւի իրադարձութիւններուն ու բաւական հեռու է գետնի վրայ եղածները «անզէն» աչքով տեսնելէ։ Այս փաստէն անդին, սակայն, աւելի քան յստակ է՝ որ Արցախի գոյամարտի այս փուլը տարածած է իր ազդեցութեան գօտիները ո՛չ միայն Լեռնային Ղարաբաղի սահմանակից Հայաստանի զանազան քաղաքներուն եւ մարզերուն վրայ, այլեւ՝ ամբողջ Հայաստանի, նաեւ սփիւռքի վրայ։ Օրհասական փուլէ կ՚անցնի ամբողջ հայութիւնը։ Սա, անշուշտ, հռետորաբանական խօսք մը չէ, այլ՝ փաստական մօտեցում է, այսօրուայ զարգացումներուն, մեր ապրած վիճակին առընթեր։ Ամենակարեւորն է, որ անհաւասար մարտեր կ՚ընթանան եւ տարբեր առումներով ալ հայկական կողմը յայտնուած է մեծ ռազմական-քաղաքական հրթիռակոծումներու տակ։ Շատեր կ՚ըսեն, կը գրեն, կ՚արտայայտուին, որ հայու կամքը անկոտրում է ու սա մահ ու կենաց պայքար է։ Կայ այդ մէկը, այդմասին կարելի է խօսիլ, բայց եւ այնպէս, այս մեծ խաղին մէջ այդ ոգին, այդ հերոսականութիւնը, այդ խիզախութիւնը բաւարար չեն հարցեր լուծելու համար։

Այս համայնապատկերին վրայ վերջին օրերուն մէկէ աւելի աղբիւրներ կը խօսին Հայաստանը զինելու դրոյթներու մասին։ Անոնք անշուշտ կը խոստովանին, որ Արցախի խնդրին մէջ իրենց էական դերով ու տեսակէտով կողմեր առաւելաբար կը մտածեն սպառազինութեան նոր փուլով մը նոր զէնքեր հասցնել Երեւանին։ Ճիշդ է, որ ամբողջական պատերազմի, այսինքն Հայաստանի գլխաւոր դաշնակցին՝ Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի գլխաւոր դաշնակցին՝ Թուրքիոյ միջեւ նոր լայնածաւալ պատերազմի մը սկսիլը այդքան ալ մեծ հաւանականութիւն չունի, բայց կայ մեծ լարում։ Անգարայի համար ալ երբեք նպատակայարմար չէ, որ յայտնուի միայն դիտողի դերին մէջ։

Անգարա զանազան առիթներով յայտարարած է, որ կ՚ուզէ որպէս «իրական միջնորդ» մասնակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման շուրջ որեւէ ձեւաչափով գործընթացի։ Աւելի քան յստակ է, որ Մոսկուան ալ բացարձակապէս պատրաստ չէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի լուծման հետամուտ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի այսօրուան ձեւաչափը փոխելու։ Այս տեսանկիւնէն կարելի է նաեւ հետեւցնել, որ Մոսկուայի ներկայ մօտեցումները կրնան կերպով մը իրադրութիւնը աւելի բարդացնել։

Հայկական արիւնով, Ատրպէյճանի զոհողութեամբ եւ զանազան լրացուցիչ հանգամանքներով կ՚ընթանայ այս պայքարը, որ ունի կարեւոր յետագիծեր, որոնք, անշուշտ, պիտի գան ընդգծելու Թուրքիա-Ռուսաստան շահերու, կապի եւ յարաբերութիւններու նոր «կարմիր գիծ»երն ու քարտէսները։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան 

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2020