ՍԵՒՑԱՒ - ՀՆԴԿԱԽՏ (ԽՈԼԵՐԱ)

ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՍ

Ի՞նչ է այս կենդանի թոյնը:

Մինչեւ 1883 թուականը մեծ գիտնականներէն ալ ոմանք նոյնիսկ չէին կրնար այս հարցումին պատասխանել, բայց այս տարուան ընթացքին գերմանացի նշանաւոր գիտնական՝ Կոխը, մեծցնող ապակիներու (մանրացոյցի) միջոցով խոլերայով հիւանդներու կղկղանքին մէջ գտաւ էակներ (սունկեր), որոնք առանց մանրացոյցի չեն երեւիր եւ որոնք խոլերայի իսկական պատճառներն են: Ասոնց անունը խոլերային մանրիկ կամ միքրոփ դրին. նոյնպէս կ՚ըսեն խոլերային ցուպիկ կամ խոլերային ստորակէտ: Այդ գիւտէն ետք գիտնականներու կատարած բազմաթիւ դիտումները ապացուցեցին, որ ուղղակի այդ անտեսանելի մանր էակներն են խոլերայի վարակը. ատոնք են, որ մարմինին մէջ աճելով, կը սպաննեն մեզ:

Եթէ խոլերայով հիւանդին նոր փոխածէն կամ կղկղանքէն կաթիլ մը մանրացոյցի ապակիին վրայ դնենք ու նայինք, կը տեսնենք, որ խոլերայի ցուպիկները կը շարժին: Գիտնականները նոյնիսկ կրցան տեսնել, թէ ինչպէս կ՚աճին եւ կը բազմանան ատոնք: Զարհուրելի բան մը տեսան, այն է, որ օրուայ մէջ անոնցմէ իւրաքանչիւրէն կրնայ մի քանի միլիոն գոյանալ: Բայց միայն մէկ տեղ անոնք չեն կրնար աճիլ, այլ՝ կ՚ոչնչանան. ատիկա ստամոքսի թթու հիւթն է: Այս պատճառով ալ աղային ուտելիքներ ու խմելիքներ պէտք չէ գործածել, որովհետեւ ասոնք ստամոքի հիւթի թթուն կը պակսեցնեն:

Ինչպէս մի քանի թունաւոր սունկեր սարսափելի թոյներ կը պարունակեն իրենց մէջ, այնպէս ալ տկար մարդոց ստամոքսին եւ աղիքներուն մէջ աճելով զօրաւոր թոյն կ՚արտադրեն այդ անտեսանելի սունկիկները, որոնք երբեմն մի քանի ժամուան ընթացքին հիւանդը կը սպաննեն:

Խոլերային ցուպիկը նոյնպէս կը զարգանայ ու կ՚աճի մեր կազմուածքէն դուրս, այն է, ջուրին մէջ, բոլոր ուտելիքներու, կեղտի եւ աղտի մէջ, ու ընդհանրապէս խոնաւ եւ կեղտոտ տեղերու մէջ, ուր անոնք պարարտ հող կը գտնեն իրենց աճումին համար: Եւ, ընդհակառակը, մաքրութեան մէջ, լոյս եւ արեւաշատ տեղերու մէջ անոնք կը չորնան եւ կ՚ոչնչանան:

Խոլերան, իրապէս որ առաւելաբար այն երկիրներուն մէջ կը զարգանայ, ուր ժողովուրդը կեղտոտ կ՚ապրի: Եթէ համեմատենք ուղղակի նոյն քաղաքին զանազան մասերը, կը տեսնենք, որ կեղտոտ թաղերուն մէջ խոլերան աւելի մեծ թիւով զոհեր կը տանի, քան մաքուր տեղերէն: Ահա՛ թէ ինչու խոլերային ստորակէտ ցուպիկները բոյն դրած են, ինչպէս ըսած ենք, Հնդկաստանի մէջ եւ Գանգէս գետի ափերուն: Այդտեղէն ցուպիկները, հիւանդներուն ու ապրանքներուն միջոցով անկոչ հիւրեր կը դառնան մեր երկիրներուն մէջ: Բարեբախտաբար, անոնք մեր բարեխառն կլիմային մէջ չեն կրնար ապրիլ: Անոնք այն վայրերուն մէջ աւերուածներ կը գործեն, ուր ժողովուրդը կեղտոտ կեանք կը վարէ, իսկ մաքրասէր ժողովուրդին մէջ անոնք կերակուր չեն գտներ եւ կ՚ոչնչանան:

4. ԽՈԼԵՐԱՅԻՆ ՎԱՐԱԿԻՉ ԹՈՅՆԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՄՏՆԷ ՄԵՐ ՄԱՐՄՆԻՆ ՄԷՋ

Խոլերայի թոյնը մեր մարմինին մէջ կրնայ մտնել գլխաւորաբար ուտելիքի եւ խմելիքի հետ, նմանապէս եւ վարակուած փոշիի (թոզի) հետ, որու մէջ խոլերային ցուպիկներ կան: Կարելի է նոյնպէս վարակուիլ այնպիսի առարկաներու դպնալով, որոնք կեղտոտուած են հիւանդին արտաթորութիւններով եւ փսխուքով:

Այն անձերը, որոնք հիւանդը կը խնամեն, նոյնպէս եւ անոնք, որոնք յարակցութիւն ունին վարակուածներուն հետ, կրնան այդ բոլոր միջոցներով վարակուիլ: Երբ մենք կը դպնանք կամ ձեռք կու տանք խոլերային արտաթորթութիւններով կեղտոտուած իրերուն (բարձ, վերմակ, տոշակի սաւան, սպիտակեղէն), այն ատեն խոլերային անտեսանելի ցուպիկները մեր ձեռքերուն կը դպնան եւ եթէ մենք անլուայ ձեռքերով հաց ուտենք, կամ մեր ձեռքերը բերան տանինք, կրնանք կերակուրին հետ կուլ տանք ցուպիկները եւ թունաւորուիլ: Ահա՛ թէ ինչու համար հիւանդապահը պէտք չէ անլուայ ձեռքերով ճաշի նստիլ, այլ՝ նախապէս պէտք է օճառով եւ մաքուր տաք ջուրով լաւ մը լուայ ձեռքերը, իսկ յետոյ ախտահանէ որեւէ ախտահանիչ դեղով, որոնց մասին յետոյ կը խօսինք:

5. ԻՆՉՊԷ՞Ս ՄԱՐԴԻԿ ԿԸ ՎԱՐԱԿՈՒԻՆ ՋՈՒՐԻ ՄԻՋՈՑՈՎ

Բացի անմիջական շփումէն հիւանդին հետ, մարդ կրնայ խոլերայով վարակուիլ նոյնպէս ջուրի միջոցով:

Անցեալ 1892 թուականին, Երեւանի մէջ կոտորուեցաւ, ինչպէս կ՚ըսեն, ազգաբնակչութեան մէկ երրորդ մասը: Ամբողջ քաղաքը սուգի մէջ մտաւ: -Ո՛վ կրնար- սարերը կը փախչէր, իսկ խեղճ ժողովուրդը եւ յատկապէս աղքատ թուրքերը, որոնք կարելիութիւն չունէին փախչելու, սարսափելի քանակութեամբ կը կոտորուէին: Մահուան դէպքերը այնքան շատ էին, որ դիակները թաղելու համար մարդ չէր մնացած: Պաքուի մէջ նոյնպէս մեծ կոտորած եղաւ, գլխաւորապէս բանուորներուն մէջ:

Իսկ Թիֆլիզի մէջ, ուր 150 հազար բնակիչ կար, հազիւ 100 մարդ մեռաւ:

Ինչէ՞ն էր այդ ահագին տարբերութիւնը: Ինչէ՞ն մէկ քաղաքի բնակիչներուն մէկ երրորդը կը մեռնի, իսկ միւս քաղաքին մէջ հազիւ 1500-էն մէկը:

Անշուշտ, ատոր պատճառը Թիֆլիզի մաքրութիւնն էր, այնտեղի կեանքի աւելի լաւ պայմանները: Սակայն, գլխաւոր պատճառը այն էր, որ քաղաքին մէջ չէին գործածեր Կուր գետին ջուրը, այլ՝ ջրանցքին ջուրը: Այն ինչ Պաքուի եւ Երեւանի մէջ խմելու ջուրը աղտոտուած էր խոլերային արտաթորութիւններով, եւ հետեւաբար, վարակուած: Եւ, իրապէս, Երեւանի մէջ բազմաթիւ փողոցներու մէջ բնակիչները յաճախ (գիշերները) իրենց կեղտաջուրերը կը լեցնեն, նոյնիսկ՝ աղտոտութիւնները: Փողոցներէն այս ջուրերը կը մտնեն տուներուն բակերը, ուր երբեմն կը հաւաքուի աւազաններու մէջ, մարգերն ու այգիները կը ջրեն: Այս ջրանցքներուն եւ աւազաններուն մէջ խոլերային տարին ալ (ինչպէս միշտ) բնակիչները խոլերահիւանդներուն սպիտակեղէնը կը լուային, իսկ գիշերները գաղտնի կերպով նոյնիսկ կը թափէին հիւանդին աղտոտութիւններն ու աղբը: Պարզ է, որ այդ ջրանցքներուն ջուրը սարսափելի կերպով աղտոտուած պիտի ըլլար եւ խոլերան առատութեամբ տունէ տուն, թաղէ թաղ, վերէն վար պիտի տարածէր: Պաքուի մէջ նոյնպէս խոլերային այդքան զօրաւոր ըլլալը կարելի է նոյնպէս մեծ մասամբ վատ ջուրին վերագրել:

Առհասարակ, խոլերան մեծ կոտորած կ՚ընէ այն վայրերուն մէջ, ուր բնակիչները կեղտոտ գետի կամ ջրհորի ջուր կը գործածեն: Ջրհորի ջուրը կ՚աղտոտուի անկէ, որ խոլերայով հիւանդին արտաթորութիւնները առանց ախտահանելու գետին կը թափեն՝ ջրհորին մօտ, կամ երբ ջրհորը արտաքնոցներու մօտ է, որովհետեւ այդ աղտոտութիւնները գետնի մէջ կը ծծուին եւ ջրհորին ջուրերուն կը հասնին: Այս հիման վրայ է, որ բժիշկները խորհուրդ կու տան խոլերայի ժամանակ ծածկել ջրհորները, որոնք տուներուն մօտիկ են:

6. ԽՈԼԵՐԱՅԻՆ ՆՇԱՆՆԵՐԸ

Թոյնը մեր մարմինին մէջ մտնելէն երկու-երեք օր ետք, հիւանդութիւնը կը սկսի ինքզինք ցոյց տալ: Գլխաւոր նշաններն են՝ փսխելը եւ փորլուծութիւնը: Հիւանդը յանկարծ ետեւ ետեւի կը սկսի դուրս գալ, կը լուծէ ջրալի եւ երթալով աւելի ու աւելի դուրս կու գայ: Այս փորլուծումներու ընթացքին, բացի թեթեւ ծակոցներէ ուրիշ առանձին ցաւեր չեն զգացուիր ստամոքսին մէջ: Փորլուծութիւնը օրական 20-30 անգամ եւ նոյնիսկ ատկէ ալ աւելի կը կրկնուի: Դուրս գացածը ամբողջութեամբ ջրալի կը դառնայ, բրինձաջուրի կը նմանի: Հիւանդը ասկէ, անշուշտ, սաստիկ կը նեղուի ու կը քամուի, որովհետեւ այդ փորլուծութիւնը անկէ իր բոլոր հիւթերը կը խլէ, մանաւանդ որ փորլուծութեան հետ միասին անդադար փսխում կ՚ըլլայ:

Այսպիսով մարմինին հեղուկը անդադար ահագին չափերով կը կորսուի, ինչ բանէն հիւանդին արիւնը կը թանձրանայ, իսկ այս պատճառէն այն բանը կը յառաջացնէ, որ հիւանդին կաշին կը չորնայ ու կը սառի, մէզը կը նուազի եւ նոյնիսկ բոլորովին կը կտրուի: Երբ հարցը ասոր կը հասնի, ծանր երեւոյթներ կը սկսին. հիւանդին շնչառութիւնը կը դժուարանայ, կուրծքը կարծես կը ճնշուի, ամբողջ մարմինը՝ մանաւանդ ձեռքերն ու ոտքերը կը սառին: Անդամները ամէն վայրկեան սաստիկ կը ձգուին, հիւանդին անտանելի ցաւեր պատճառելով: Արագ կերպով 2-3 օրուան, յաճախ ալ մի քանի ժամուան ընթացքին հիւանդը սարսափելի կերպով կը լղարի, մարմինին ամբողջ կաշին կը չորնայ եւ մագաղաթի նման կը դառնայ. աչքերը խորք կ՚իյնան, ձայնը խռպոտ ու թոյլ կը դառնայ, լեզուն կը փայտանայ, բերանը սաստիկ կը չորնայ. այս դրութեան մէջ մահը վրայ կը հասնի:

Բարեբախտաբար, իւրաքանչիւր հիւանդի ճակատին անխուսափելիօրէն մահ չէ՛ գրուած: Շատերը կ՚առողջանան, կամ ա՛յն պատճառով, որ ժամանակին բժշկական օգնութիւն կը ստանան, կամ թէ այն պատճառով, որ հիւանդը պինդ եւ առողջ կազմուածք ունենալով, յաջողութեամբ կը կարենայ դիմադրել թոյնին ու կը յաղթէ:

Առողջանալու պարագային փորլուծութիւնը եւ փսխումը կանգ կ՚առնեն, ջիղերուն կծկուիլը կը դադրի. մէկ անգամէն առատ քրտինքը վրայ կու տայ, մէզը կը բացուի, աչքերը դարձեալ իրենց առաջուան փայլը կը ստանան, բերանը կը ջրակալէ եւ հիւանդը արագ կերպով կը լաւանայ:

Խոլերան, անշուշտ, միշտ այսպիսի խիստ կերպով չ՚արտայայտուիր: Անոր նշանները առհասարակ փոփոխական են: Հիւանդներու մէկ խումբը միայն թեթեւ փորլուծութիւն եւ փսխում կ՚ունենան. այսպիսի խոլերան ուրիշ անուն ունի. խոլերինա: Միւս խումբինը աւելի ծանր փորլուծութիւններ կ՚ունենան եւ նոյնիսկ ջղաձգութիւն ալ կ՚ըլլայ անոնց անդամներուն մէջ. ի վերջոյ հիւանդացողներուն մէկ մասն ալ վերը նկարագրուածներուն ահաւոր երեւոյթները կ՚ունենան: Միայն պէտք չէ մոռնալ, որ խոլերայի համաճարակին ժամանակ իւրաքանչիւր, նոյնիսկ թեթեւ, ստամոքսային խանգարումը (փորլուծութիւնը) պէտք է բժշկել ինչպէս խոլերա, որովհետեւ այդ տեսակի հիւանդներուն լուծածին եւ փսխածին մէջ նոյնպէս խոլերայի կենդանի թոյնը կը գտնուի, որ կրնայ վարակում տարածել ու հիւանդացնել շատերուն՝ խոլերայի ծանր տեսակով: Հետեւաբար, արդարացի է գիտնական մը, որ ըսած է. «Աւելի լաւ է հարիւր փորլուծութիւն խոլերայի տեղ ընդունիլ, քան թէ մէկ խոլերան հասարակ փորլուծութեան տեղ»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 3 

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2022