ՀԱՅՐՍ՝ ԱԲՐԱՀԱՄԸ ԵՒ «ԹԱԳՈՒՀԻ» ՄԱՅՐՍ՝ ՍՐԲՈՒՀԻՆ (Բ.)
Վերադառնալով հօրս ընտանեկան պարագաներուն, ապա ըսեմ, որ անոնք բոլորովին այլ ընկալումի, մօտեցումի, կարգավիճակի մարդիկ էին։ Մեծ հաշուով հայախօս էին եւ մօրս ընտանիքին հետ համեմատած՝ ունէին աւելի բարւոք պայմաններ։
Արմատներով պէրէճիկցի եւ արմատներով ատանացի հայրս ու մայրս կու գային երկու տարբեր «շաղախումներէ»։ Հօրս պարագային ոչ այդքան, սակայն մօրս համար առաջնային էր լիբանանցի ըլլալու ընկալումը։ Ինչպէս նշեցի, մօրենական պարագաներուս բոլորն ալ ծնած են Լիբանանի մէջ՝ ի տարբերութիւն հօրս շառաւիղներուն, որոնք իրենց աչքերը բացած են Սուրիոյ սահմանային Ճարապլուս աւանին մէջ։
Այս բոլորէն անդին, ծնողներուս ամուսնութիւնը նաեւ իւրայատուկ էր բազմակի երանգներով։ Այն տարիներուն, երբ անոնք ընտանեկան բոյն կազմեցին, Պէյրութի մէջ կը տիրէր բաւականին լարուած մթնոլորտ մը. մէկ կողմէ որպէս «յառաջդիմական» եւ «հայաստանասէր» թեւ ներկայացող ձախակողմեան ուժերուն՝ գլխաւորաբար համայնավարներու, հնչակեաններու եւ մասամբ նաեւ ռամկավարներու եւ միւս կողմէ՝ «աջակողմեան» նախասիրութեամբ դաշնակցականներու միջեւ։
Հօրս ծնողական տունը կը գտնուէր այդ ժամանակներու Դաշնակցութեան բոյն համարուող Սիս շրջանին մէջ (ինչպէս նշուած էր «Քամփ Սիս»ը)։ Գուցէ այդ պատճառով էր նաեւ, որ անոնք ունեցած էին դաշնակցական միջավայր մը ու այդպիսով ալ փարած այդ կուսակցութեան։
Այստեղ հարկ է անպայման նշել, որ Պէյրութի պարագային (նաեւ մինչեւ այս ժամանակները) ոեւէ անձի քաղաքական պատկանելիութիւնը կամ նախասիրութիւնը պայմանաւորուած կ՚ըլլայ անհատի ծննդավայրով, նաեւ ապրած վայրով։ Օրինակ՝ շատ քիչ պատահած է, թէ մեծահասակ երիտասարդ մը, որ ըսենք ծնած ու մեծցած ըլլայ հայահոծ Պուրճ Համուտի մէջ, ունենայ Հնչակեան կամ Ռամկավար շրջանակ եւ հակառակն ալ նոյնն է, այն իմաստով, որ Հաճըն, Պէտէվի կամ այդ թաղերուն շուրջ ծնած-մեծցածները, որոնք մեծ հաշուով ունին հաճընցի արմատներ, չեն պատկանած Դաշնակցութեան եւ նոյնիսկ կուսակցական պատկանելիութիւն չունենալու պարագային ալ կ՚ունենան որոշակի նախասիրութիւններ եւ կը յարին այդ կուսակցութենէն դուրս գործող ուժերուն։
Սա Մերձաւոր Արեւելքի դասական համարուող սփիւռքի իւրայատկութիւններէն է։ Անշուշտ, չեմ կրնար պնդել, որ Հալէպի, Դամասկոսի կամ Լաթաքիոյ մէջ ալ այսպէս է կարգը, բայց իմ պատանեկան եւ վաղ երիտասարդութեան օրերուս ալ պատկերը նոյնը եղած է։ Այստեղ զարմանալի բան չկայ ու երանգներով համեմուած այս դրոյթները կը խօսին ուսումնասիրութեան արժանի վիճակներու, որոնց մասին անպայմանօրէն հարկ է գրել աւելի երկար եւ աւելի հանգամանաւոր պայմաններու ներքոյ։
Վերադառնալով ծնողներուս միացման՝ ամուսնութեան պայմաններուն, ապա ինչպէս վերը յիշեցի, այդ տարիները բաւական լարուած տարիներ կը համարուէին հայութեան համար ու աւելի քան յստակ էր, որ ի տարբերութիւն հօրս ընտանիքի մօտեցումներուն, մօրս հարազատները ունէին աւելի չէզոք դիրքեր։ Եւ այդ չէզոքութիւնն էր, որ օգնեց իրարմէ բաւական հեռու գտնուող երկու շրջաններու՝ Սիսի եւ «Քարանթինա»ի երկու ընտանիքները ի մի գալով Սուրբ Խորանին դիմաց կանգնեցնեն իրենց երկու սիրալիր զաւակները՝ հայրս Աբրահամը եւ «թագուհի» մայրս՝ Սրբուհին։
Անշուշտ, ընթերցողս հարց պիտի տայ այն մասին, թէ ինչո՞ւ յատկապէս «մակդիր» մը տալով մօրս զինք թագադրած ու կոչած եմ թագուհի. այստեղ ահա հակիրճ տողերով փորձեմ բացատրել՝ հաստատելու համար ըսածս։
Նախ ըսենք, որ ամէն մայր մասնաւորապէս տղայ զաւակի համար «թագուհի» է։ Սա կու գայ բնութենէն, «քոզմիք» ուժերու հետ մեր կապէն, խորքային իմացութենէ մը, որ մարդուս հետ կը ծնի ու հաւանաբար անոր հետ ալ կ՚ապրի մինչեւ յաւիտեան։
Այդ ագուցումը անբացատրելի է ո՛չ միայն անոր համար, թէ մայրը համակ նուիրում ու սէր է, այլ անոր համար, որ մարդ արարածի ամենէն առաջնային եւ «օրկանական» կապը այս տիեզերքին հետ դարձեալ մայրն է։ Սոսկ պորտալար չէ մայրը, աւելին է ու անոր համար է նաեւ, որ երբ մեր աչքերը այս աշխարհին կը բանանք, կը վազենք դէպի մեր մայրերը՝ գուցէ առանց իմանալու, որ տուեալ արարածը մեր մայրն է… Կեանքի մէջ յաճախ ըսուած է, որ անբացատրելի զգացումներ, կապեր, կապուածութիւններ կան եւ այդ անբացատրելի կապուածութիւններու հանգոյցը մայրն է, ալ ուր մնաց, երբ մայրը իր ամբողջ էութեամբ ո՛չ միայն նուիրեալ մայր մըն է, այլ շնորհաշատ է, սէր բաշխող է, երջանկութեանդ համար պայքարող է, նաեւ՝ քեզ կամուրջին մէկ ծայրէն միւսը հասցնողը։
Հայ մայրերուն մասին տարբեր առիթներով գրուած է. գրուած է ցաւով, թախիծով, տխրութեամբ, բայց մանաւանդ կեանքի մշտատեւ աղբիւր մը հանդիսանալու վառ ապացոյցով։
Իմ մայրս ալ այդ մայրերէն էր ու առաւել եւս թագուհի մայր էր. ո՛չ միայն մեր տան թագն ու զարդն էր, այլ մեր հասարակութեան, մեր թաղի, զինք ճանչցողներուն եւ իր արժէքներով հիացողներուն թագն էր։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
•վերջ
Երեւան