ՍՈՒՐԲԵՐՈՒ ԲԱՐԵԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Կը շարունակենք Գերպ. Վաղինակ Ծայրագոյն Վարդապետին հարցում-պատասխանով տուած բացատրութիւնները սուրբերու բարեխօսութեան մասին:

Սուրբերու բարեխօսութիւնը հաստատող Սուրբգրային անուղղակի վկայութիւններ

1) Կը կարդանք. «Երկինքի մէջ ուժեղ ձայն մը լսեցի, որ կ՚ըսէր.- ... Ինկաւ մեր եղբայրներուն չարախօսը [Սատանան], ան՝ որ գիշեր-ցերեկ Աստուծոյ դիմաց չարախօսութիւն կ՚ընէր անոնց դէմ» (Յյտ 12.10։ Ղկ 10.18)։ Հարցում. եթէ Սատանան կրնայ չարախօսել հաւատացեալները Աստուծոյ դիմաց, սուրբերը ինչո՞ւ պիտի չկարենան բարեխօսել հաւատացեալներուն համար Աստուծոյ դիմաց։

2) Մեռած մարդ մը նետուեցաւ Եղիսէի գերեզմանին մէջ եւ «այն մարդը Եղիսէի ոսկորներուն դպածին պէս կենդանացաւ ու իր ոտքերուն վրայ կայնեցաւ» (Դ. Թգ 13.21): Ի՞նչ ցոյց կու տայ Եղիսէ մարգարէին ոսկորներուն հպումով մեռելի մը յարութիւնը: Մէ՛կ անառարկելի բան ցոյց կու տայ՝ այն, թէ Աստուած Իր երկնաբնակ սուրբերուն բարեխօսութեամբ եւ երկրի վրայ մնացած անոնց սուրբ աճիւններուն միջոցաւ հրաշքներ կը գործէ ու կրնայ գործել։

3) Յիսուս խօսքը ուղղելով իրենց յոյսը Մովսէսի վրայ դրած հրեաներուն՝ կ՚ըսէ. «Մովսէս որուն վրայ ձեր յոյսը դրած էք, ի՛նք պիտի ամբաստանէ ձեզ» (Յհ 5.45): Եթէ Մովսէս մարգարէն դատաստանի օրը ամբաստանել պիտի կարենայ, ան այսօր ինչո՞ւ պիտի չկարենայ բարեխօսել իր բարեխօսութիւնը խնդրողներուն համար:

4) Սաւուղ վհուկ կնոջ մը միջոցաւ կանչել տուաւ Սամուէլ մարգարէին հոգին եւ խօսեցաւ անոր հետ (Ա. Թգ 28.14-19):

Եթէ կախարդ կին մը կրնայ ննջեցեալի մը հոգին անդենական աշխարհէն բերել, հաւատքով լեցուն մարդիկ ինչպէ՞ս չեն կրնար իրենց աղօթքով սուրբերը օգնութեան բերել: Եթէ ոմանք պիտի առարկեն, թէ եկող հոգին չար ոգի մըն էր, որ Սամուէլի կերպարանքով եկաւ, դարձեալ հարց կու տանք.

Եթէ չար ոգիները չար մարդոց կանչին կ՚ընդառաջեն, ինչո՞ւ բարի հոգիները բարի մարդոց խնդրանքին պիտի չընդառաջեն, եւ օգնութեան չհասնին երբ իրենց բարեխօսութիւնը խնդրուի։ Սամուէլի հոգիին գալը Սաւուղի մօտ, փաստ մըն է, որ սուրբերը կը լսեն մեր աղօթքները երբ անոնց բարեխօսութիւնը խնդրենք. բայց զգո՛յշ. մեռելներու հոգիները կանչելու մեղքին մէջ չիյնանք, ինչպէս ըրաւ Սաւուղ: Աստուծոյ կամքին հակառակ է մեռելներու հոգիները կանչելու փորձեր կատարելը (Բ. Օր 18.11: Ա. Թգ 28.8: Ես 8.19): Մեր պարտականութիւնը անոնց բարեխօսութիւնը խնդրելն է եւ ո՛չ թէ անոնց հոգիները կանչելը:

5) Եկեղեցին Քրիստոսի մարմինն է (Եփ 1.23: Կղ 1.24: Ա. Կր 12.27), եւ Քրիստոսի մարմինը՝ «ՄԷ՛Կ ՄԱՐՄԻՆ» է (Հռ 12.5: Եփ 4.4): Սուրբ հայրեր կ՚ըսեն, որ եկեղեցին երկու մասի կը բաժնուի.-

ա) Յաղթական Եկեղեցի: Ասոնք մեղքին դէմ կռուած, անոր յաղթած ու յաղթականօրէն երկինք մեկնած հաւատացեալներն են:

բ) Զինուորագրեալ Եկեղեցի: Ասոնք երկրի վրայ ապրող հաւատացեալներն են, որոնք հաւատքի զինուորութեան մէջ են տակաւին, եւ Տիրոջ առաջնորդութեամբ՝ ամէն օր մեղքին դէմ կը կռուին։

Այս իմաստով, ԵԿԵՂԵՑԻ ըսելով մենք կը հասկնանք թէ՛ Քրիստոսով ննջած ու երկինք գտնուող հաւատացեալները եւ թէ՛ երկրի վրայ ապրող հաւատացեալները: Եկեղեցին մէ՛կ է իր երկու մասերով՝ երկնաբնակ ու երկրաբնակ։ Քրիստոս երկու մարմին կամ երկու եկեղեցի չունի, մէկը՝ երկինքի մէջ, իսկ միւսը՝ երկրի վրայ: Քրիստոսի Եկեղեցին Մէ՛կ է, կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ: Եթէ երկինքի մէջ ու երկրի վրայ ապրող հաւատացեալները կը կազմեն Քրիստոսի ՄԷ՛Կ եւ ՆՈ՛ՅՆ եկեղեցին, մենք ինչպէ՞ս կրնանք արտացոլացնել այդ մէկութիւնը, ինչպէ՞ս կրնանք փաստել կամ արտայայտել այդ միութիւնը:

Միակ ձեւը փաստելու որ Քրիստոսի մարմինը կազմող եկեղեցին Մէ՛կ է, այն է՝ որ երկնաբնակ ու երկրաբնակ հաւատացեալներ աղօթքի ճամբով յարաբերութեան եւ հաղորդակցութեան մէջ ըլլան իրարու հետ:

Երբ մենք կ՚աղօթենք երկինք փոխադրուած հաւատացեալներուն համար, եւ երկինք փոխադրուած հաւատացեալները իրենք ալ մեզի համար կ՚աղօթեն, այդ ձեւով միայն երկրի վրայ ապրող եկեղեցին ու երկինքի մէջ ապրող եկեղեցին հաղորդակցութեան մէջ մտած կ՚ըլլան եւ պահած կ՚ըլլան իրենց մէկութիւնն ու միութիւնը:

Եթէ երկրի վրայ ապրող եկեղեցին չի կրնար աղօթել երկինքի մէջ գտնուող եկեղեցիին համար, եւ եթէ երկինքի մէջ գտնուող եկեղեցին չի կրնար աղօթել երկրի վրայ ապրող եկեղեցիին համար, կը նշանակէ, թէ որեւէ կապակցութիւն կամ հաղորդակցութիւն չկայ երկինքի մէջ գտնուող եկեղեցիին ու երկրի վրայ գտնուող եկեղեցիին միջեւ, իսկ եթէ երբեք անոնց միջեւ կապակցութիւն ու հաղորդակցութիւն չկայ, կը նշանակէ, թէ Քրիստոսի եկեղեցին մէկ չէ, ինչպէս կ՚ուսուցանէ Պօղոս առաքեալ (Հռ 12.5: Եփ 4.4): Ուստի, մերժել սուրբերու բարեխօսութիւնը, կը նշանակէ՝ մերժել Քրիստոսի եկեղեցիին մէկութիւնը։

Հետեւաբար, երկինքի մէջ գտնուող եկեղեցին, այլ խօսքով՝ հաւատքի մարդիկը, անբաժան են երկրի վրայ ապրող եկեղեցիէն. ասոր գեղեցկագոյն վկայութիւնը կու տայ Պօղոս առաքեալ ինք, երբ Եբրայեցիներուն 11-րդ գլուխին մէջ խօսելէ ետք հաւատքի ախոյեաններուն մասին, ինչպէս՝ Աբէլի, Ենովքի, Նոյի, Աբրահամի, Իսահակի, Յակոբի, Մովսէսի, եւ ուրիշներու մասին՝ կ՚ըսէ. «Մենք ալ, որ այսքան բազմաթիւ վկաներով շրջապատուած ենք...» (Եբր 12.1): Ուշադրութիւն դարձուցէք «շրջապատուած ենք» բառերուն: Պօղոս առաքեալ երկրի վրայ ապրող Քրիստոսի եկեղեցին շրջապատուած կը ներկայացնէ՝ երկինք փոխադրուած Հին կտակարանի եկեղեցիով: Այլ խօսքով, առաքեալը կ՚ուզէ բացայայտել մեզի, թէ Հին կտակարանի հաւատացեալները հեռու կամ բաժնուած չեն Նոր կտակարանի հաւատացեալներէն, ընդհակառակը, անոնք մեր կողքին են, մեզի հետ են, եւ առաքեալին իսկ բառերով՝ «մեզ շրջապատած են»:

Եթէ Հին կտակարանի հաւատացեալները կապ չունենային եւ հաղորդակցութեան մէջ չըլլային Նոր կտակարանի եկեղեցիին հետ, Քրիստոս Աբրահամին մասին խօսելով պիտի չըսէր՝ «Աբրահամ ցանկաց աշխարհ գալս տեսնել. Տեսաւ եւ ուրախացաւ» (Յհ 8.56): Տիրոջ այս վկայութիւնն իսկ կը պարզէ, թէ Հին կտակարանի հաւատացեալները երբեք անջատ կամ անջատուած չեն Նոր կտակարանի հաւատացեալներէն: Մովսէս ու Եղիա մարգարէներուն երեւումը Տիրոջ այլակերպութեան ժամանակ (Ղկ 9.30-31), դարձեալ, վկայութիւն մըն է, որ Հին կտակարանի հաւատքի մարդիկը՝ շրջապատած էին եւ են Նոր կտակարանի եկեղեցին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 2

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2022