ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ԿԻՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ
Հարցում. Ի՞նչն է տարբերութիւնը իմաստուն եւ յիմար կիներուն միջեւ:
Պատասխան. Առակագիրը կը գրէ. «Իմաստուն կիները իրենց տուները կը շինեն, բայց յիմար կինը զանիկա իր ձեռքովը կը փլցնէ» (Առ 14.1):
Իմաստուն կիները իրենց տուները կը շինեն լաւ զաւակներ դաստիարակելով, աստուածավախ զաւակներ կրթելով, առաքինի մարդիկ տալով ընկերութեան, տաքուկ եւ խաղաղ օճախ ունենալով, տիպար օրինակ հանդիսանալով ուրիշներուն: Իմաստուն կիները համբերատար են, զիջող, համերաշխ, ըմբռնող ու հասկցող, միաժամանակ սակայն, իրենց արժանապատուութեան եւ իրաւունքին տէր են: Մինչ յիմար կիները, այսինքն՝ հակառակ ամուսնացած ըլլալնուն, հակառակ տուն ու տեղ, ամուսին ու երեխաներ ունենալնուն, բացի իրենց ընտանիքներէն ամէն ինչով կը զբաղին՝ անտարբերութեան մատնելով իրենց ընտանիքները եւ այդպիսիներուն համար պոռնկութիւնը սովորական երեւոյթի կը վերածուի. պոռնկութիւն ո՛չ միայն ֆիզիքական առումով, այլեւ աւելի կենցաղային առումով:
Կիները սակայն, առանց իրենց ամուսիններուն, կողակիցներուն, հայրերուն, չեն կրնար ամբողջական կերպով ինքնարտայայտուիլ կամ իրենց առաքելութեան ու կոչումին մէջ յաջողութեան հասնիլ: Պսակ Ծայրագոյն Վարդապետ Խորէնեանը ամուսին եւ կին յարաբերութեան մասին հետեւեալը կը գրէ. «Հա՜յր որքան քաղցր անուն, ընտանիքին հոգին է այն, ան է որ կը շինէ, ան է որ կ՚երջանկացնէ, կ՚ազնուացնէ ընտանիքին գաղափարը. իր վերին աստիճանի անկեղծ սիրով, իսկ մայրը՝ չքնաղ զգացումներու փունջ մ՚է, որ տան պահապան հրեշտակը կ՚ըլլայ, եւ գնահատողը այն երջանկութեան, որ էրիկին կողմէ կը շնորհուի, կատարեալ մայր մը միայն կրնայ պահպանել հայրիկին վաստակը, եւ ըստ պատշաճի ծախսել. էրիկը՝ իր կինը պաշտպանելու, զայն սիրելու եւ անոր պէտքերուն հասնելու համար, իր անձը կը զոհէ անոր բարօրութեան ճամբուն վրայ, իսկ կինը իր բովանդակ հոգիով հնազանդութիւն եւ հաւատարմութիւն կ՚ուխտէ իր էրկան զոհողութիւններուն փոխարէն»:
Առակացին մէջ կիներու մասին յաճախ կը խօսուի: Այստեղ վեր կը հանենք այդ համարները, զանոնք հրամցնելով մեր ընթերցողներու ուշադրութեան:
Այսպէս, 9-րդ գլուխին 13-րդ համարին մէջ կը կարդանք. «Անզգամ կինը աղաղակող կ՚ըլլայ, անիկա անմիտ է ու բան չի գիտեր»:
11-րդ գլուխին 16-րդ համարին մէջ կը կարդանք. «Շնորհալի կինը պատիւ կը ստանայ եւ զօրաւոր մարդիկ՝ հարստութիւն»: Նոյն գլուխին 22-րդ համարին մէջ կը կարդանք. «Գեղեցիկ կինը, որ խոհեմութիւն չունի, խոզին քիթը դրուած ոսկի օղակին կը նմանի»:
12.4-ին մէջ կը կարդանք. «Առաքինի կինը իր էրկանը պսակ է, բայց նախատինք բերողը անոր ոսկորներուն փտութեանը պէս է»:
18-րդ գլուխին 22-րդ համարին մէջ կը կարդանք. «Առաքինի կին գտնողը բարիք կը գտնէ եւ Տիրոջմէն շնորհք կը ստանայ»:
19-րդ գլուխին 14-րդ համարին մէջ կը կարդանք. «Տունն ու ստացուածքը հայրերէն մնացած ժառանգութիւն են, բայց խոհեմ կինը Տիրոջմէն է»:
21-րդ գլուխին 9-րդ համարին մէջ կը կարդանք. «Աղէկ է տանիքի մը անկիւնը բնակիլ, քան թէ կռուազան կնոջ հետ մեծ տան մէջ»: Նոյն գլուխին 19-րդ համարին մէջ կը կարդանք. «Աղէկ է անապատը բնակիլ, քան թէ կռուազան ու բարկացող կնոջ հետ»:
27-րդ գլուխին 15-րդ համարին մէջ կը կարդանք. «Անձրեւոտ օրուան շարունակ կաթիլն ու կռուազան կինը իրարու կը նմանին»:
30-րդ գլուխին 20-րդ համարին մէջ կը կարդանք. «Շնացող կնոջ ճամբան ալ այնպէս է: Կ՚ուտէ ու բերանը կը սրբէ եւ "չարութիւն չըրի" կ՚ըսէ»:
31-րդ գլուխին 10-րդ համարին մէջ կը կարդանք. «Առաքինի կինը ո՞վ կրնայ գտնել: Անոր գինը գոհարներէն շատ աւելի է»: Նոյն գլուխին 30-րդ համարին մէջ կը կարդանք. «Վայելչութիւնը սուտ է ու գեղեցկութիւնը ունայն է, սակայն Տիրոջմէ վախցող կինը պիտի գովուի»:
Իսկ այստեղ ալ ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք տարբեր հեղինակներու կողմէ կիներու մասին արտայայտուած միտքեր:
- Կրթուած կիները որեւէ հասարակութեան համար գանձ են (Մխիթար Գօշ):
- Կինը պէտք է տղամարդուն ընկերն ու օգնականը ըլլայ եւ ո՛չ՝ աղախինը (Գարեգին Նժդեհ):
- Կինը ուժ է, կինը կեանք է (Հրանդ Մատ-թէոսեան):
- Կնոջ խելքը բնովի է եւ ո՛չ թէ գնովի (Խաչիկ Դաշտենց):
- Լռութիւնը կը գեղեցկացնէ կինը (Հոմերոս):
- Կրակն ու կինը միեւնոյն բանն են (Պիւթակորաս):
- Կնոջ թագաւորութիւնը քնքշութեան, նրբութեան եւ հանդուրժողութեան թագաւորութիւնն է (Ժան Ժագ Ռուսօ):
- Կարեւոր չէ, որ կինը շատ գեղեցիկ ըլլայ, կարեւրը այն է, որ անոր մօտ տղամարդը միւս բոլոր գեղեցիկ կիները մոռնայ (Ժան Ժագ Ռուսօ):
- Կիներուն քով ամէն ինչ սիրտ է, նոյնիսկ գլուխը (Ժան Փոլ):
- Ամուսնացի՛ր՝ ինչ ալ ըլլայ: Եթէ լաւ կին հանդիպի՝ բացառութիւն կ՚ըլլաս, իսկ եթէ վատը՝ փիլիսոփայ կը դառնաս (Սոկրատ):
- Պնդել այն գաղափարը, թէ հնարաւոր չէ ամբողջ կեանքի ընթացքին նոյն կինը սիրել, նոյնքան անմիտ է, ինչքան ենթադրել, թէ տարբեր մեղեդիներ նուագելու համար երաժիշտին տարբեր ջութակներ անհրաժեշտ են (Օնորէ տը Պալզաք):
- Ով որ ընդունակ է կինը կառավել, այդպիսին ընդունակ է պետութիւն կառավարելու (Օնորէ տը Պալզաք):
- Մշտապէս լացող կինը ո՛չ թէ կարեկցանք, այլ՝ զայրոյթ կը յառաջացնէ (Կապրիէլ Շանէլ):
- Գեղեցկութեան խնամքին պէտք է սիրտէն ու հոգիէն սկսիլ, այլապէս՝ ո՛չ մէկ շպար կրնայ օգնել (Շանէլ):
- Զսպէ՛ դուն քեզ, երբ վիրաւորուած ես ու թատրոն մի՛ սարքեր, երբ ցաւցուցած են քեզ. ահա՛ իտէալական կնոջ գաղտնիքը (Կապրիէլ Շանէլ):
- Կինը ապագայի մասին մինչեւ ամուսնանալը կը մտահոգուի: Տղամարդը ապագային մասին մինչեւ ամուսնանալը չի՛ մտածեր (Կապրիէլ Շանէլ):
- Եթէ ամուսինն ու կինը միշտ իրարու հետ կը գժտուին, կը նշանակէ՝ թէ կա՛մ զիրար կը պաշտեն եւ կամ զիրար չեն կրնար տանիլ (Կապալերիօ):
- Յաջողակ տղամարդը ան է, որ կը վաստակի աւելին՝ քան իր կինը կրնայ ծախսել: Յաջողակ կինը ան է, որ յաջողած է այդպիսի տղամարդ գտնել (Լանա Թէօրնըր):
- Կիները շատ տոկուն են. անոնք նոյնիսկ տղամարդկային սիրոյն կը դիմանան (Վաս):
- Կնոջ իւրաքանչիւր սխալին մէջ տղամարդու մեղք կայ (Հերտէր):
- Կիները յարգելը պարտաւորութիւն է, որու իւրաքանչիւր ազնիւ մարդ պէտք է ենթարկուի իր ծնած օրէն (Լոփէ տէ Վեկա):
- Տղամարդը կը ներէ ու կը մոռնայ. կինը՝ կը ներէ, ա՛յդքանը միայն (Ժերֆօ):
- Ով սիրահարուած կին չէ տեսած, ան չի՛ կրնար ըսել, թէ ի՛նչ է կինը (Կէօթէ):
- Կիները խօսիլ ստիպելու համար հազարաւոր հնարքներ կան, սակայն չկայ մէկը, որ ստիպէ զանոնք լռել (Պուշէ):
- Տղամարդը միշտ կը փափաքի կնոջ առաջին երազանքը ըլլալ, իսկ կինը կ՚երազէ տղամարդուն վերջին սիրավէպը ըլլալ (Օսքար Ուայլտ):
- Երբեք հնարաւոր չէ հաճոյախօսութեամբ կինը զինաթափել. տղամարդուն՝ միշտ կարելի է (Օսքար Ուայլտ):
- Կիները միշտ տղամարդիկը կ՚ոգեշնչեն մեծ գործերու, սակայն միշտ կը խանգարեն ատոնք իրագործել (Օսքար Ուայլտ):
- Ամենէն անտանելի մարդիկը՝ իրենք զիրենք հանճարեղ համարող տղամարդիկն են եւ իրենք զիրենք անդիմադրելի համարող կիներն են (Ասէլէն):
- Այն կինը, որ տղամադրու նմանիլ կը ջանայ, նոյնքան այլանդակ է, ինչքան կանացի տղամարդը (Լեւ Թոլսթոյ):
- Տղամարդուն համար աւելի ծանր վիրաւորանք չկայ, քան զինք յիմար անուանելը, իսկ կնոջ համար՝ ըսել, թէ ան այլանդակ է (Քանթ):
- Կինը միայն ընդունակ չէ ինքնազոհողութիւնը հասկնալու, այլ՝ ան ինքը կրնայ ինքզինք զոհաբերել (Իւան Թուրկենեւ):
- Կինը երբե՛ք այնքան զօրաւոր է, ինչքան՝ պարտը-ւելէն ետք (Ալեքսանտր Տիւմա):
- Չկա՛ աւելի սքանչելի բան այն կնոջմէ, որուն մօտ սկզբունքայնութիւնն անընկճելի, անկաշառ, ով ո՛չ մէկ ձեւով փքուած է, նաեւ բնական է, համեստ ու կանացի, ինչպէս այն բոլոը՝ ինչ որ ան կ՚ընէ (Ալեքսանդր Ֆատէեւ):
- Կինը պարտաւոր է աւելի պարկեշտ ըլլալ, աչքի լոյսի պէս պահել իր անարատութիւնը եւ ո՛չ մէկ կերպով թոյլ տայ զայն պղծեկ (Ճովաննի Պոքաչչօ):
- Կիները երբեք այնքան զօրաւոր չեն, ինչքան այն ժամանակ՝ երբ թուլութեամբ զինուած են (Իւան Պունին):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 34
Վաղարշապատ