ԱՏՈՆԻՍԷՆ ՔԵՐԹՈՒԱԾՆԵՐ
ԳՐՈՂԸ
Քաղաքին ձայնը կը բարձրանայ.
«Մանուկը գրեց կրկնելով անոր ցաւերն ու երգերը».
«Ո՛հ, մեր արտի աղբիւրները կարմիր են»:
Ծերունին կը գրէ.
«Ամայութիւնը մեր ոտքերուն արանքի հունտերն են»:
Չքաւորները կը գրեն.
«Պարանները կը քաշեն թռչունները»:
Բանաստեղծները կը գրեն
Խեղդուելով իրենց բոյներուն շուրջ.
«Արեւը ի՞նչ կը գրէ, ի՞նչ կ՚ըսէ իր որդիներուն»:
ԽԵՆԹՈՒԹԵՆԷՆ ԲԱՑԻՆ ՉՄՆԱՑ
Կը նշմարեմ զայն հիմա տանս պատուհանին վրայ,
Գիշերող քարերուն միջեւ գիշերելով.
Մանուկի մը պէս, որուն կախարդը սորվեցուց
Թէ ծովուն մէջ կին մը կայ,
Որ իր անցեալը պահած է մատանիի մը մէջ
Եւ պիտի գայ,
Երբ կրակարանին կրակը անթեղի
Եւ գիշերը հիւծի իր տխրութենէն
Կրակարանին մոխիրին մէջ:
Եւ տեսայ անցեալը սեւ դրօշի մը մէջ,
Յաղթուածի պէս, կը քալէր...
Չեմ ստեղծեր կարօտին մէջ ապրող մը՝
Կրակին, յեղափոխութեան
Եւ անոր կախարդական թոյնին մէջ:
Այս կայծը, ժամանակի դաժանութեան մէջ,
Հայրենիքս է...
Մնացողը:
ԼԱՊՏԵՐՆԵՐ
Ի՞նչ է այս մարդը,
Որուն մէջ անմարդկայնութենէն բացին չենք գտներ:
Տիրապետութեան կիրքերը
Դռները լայն կը բանան
Կրքոտ տիրապետութեան:
Քանի կը խտանայ խօսքին տարածութիւնը,
Կը խտանայ գոյութեան տարածութիւնը:
ՀԵԳԵԼՈՒՆ ՍԿԻԶԲԸ
Կրնա՞նք, հիմա, հարցնել՝ ինչպէ՞ս հանդիպեցանք:
Կրնա՞նք, հիմա, հեգել վերադարձի ուղին
Եւ ըսել.
«Ծովափերը լքուած են
Եւ բերդերը՝
Աւերակներու մասին լուրեր...»
Կրնա՞նք, հիմա, կքիլ եւ ըսել.
«Վերջացանք...»:
ԵՐԱԶ
Հոգիիս մէջ պատմութիւն մը
Հետս կը կենդանանայ.
Սկիզբը երեւումէն հեռու է:
Հոն կը շնչեմ հայրենիքիս բոյրը,
Հոտը խնձորին ու յասմիկին:
Կարծես բառերը ժայթքած են
Որոշեալ ժայռոտ լեռնէն եւ ջուրէն:
...
Պատմութիւն մը, որ հետս կը քալէ
Դէպի սկզբնական
Ժամանակներու անջրպետը:
Արարչական երազէ մը բացին չես՝
Գալիք ժամանակներու:
Կուրծքիս մէջ կը վատնէ գաղտնիքները,
Ուր ցոյց կու տայ ինծի
Ինչ որ՝ չ՚երեւիր:
ՂԵԿԱՎԱՐԸ
Միտքը սխալ է, բայց աթոռը՝ ճիշդ:
Երկիրը յենարան է իրեն
Եւ իր անիւներուն:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւան