ՀԻՆ ԱՐՏԱՀԵՐԹԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՆՈՐ ԱՐՏԱՀԵՐԹ
Քիչ էին անոնք, որոնք այս յօդուածը գրած ատենս գամուած էին հեռատեսիլի դիմաց ու կը հետեւէին րոպէ առ րոպէ հրապարակուող ընտրութեան արդիւնքներուն։ Ընտրութիւնները, որոնք վերջին երեք տարիներու ընթացքին երկրորդն էին, կրնան վերջինը չըլլալ։ Պարզ հաշուարկով, որովհետեւ որեւէ ընտրական գործընթաց, որեւէ երկրի մէջ կոչուած է ըլլալ լիցքաթափող, հանդարտեցնող եւ տուեալ երկիրը դէպի կայուն ափ տանող ծրագիր մը։ Այս վերջին ընտրութիւնները՝ յատկապէս երէկուանները միայն ընտրական պարունակով չէին։ Երկիրը պարտուած է ու վիրաւոր։ Քիչ թէ շատ տրամաբանելու կարողութիւնով իւրաքանչիւր քաղաքացիի համար՝ վերջին մէկ տարուան իրադարձութիւնները եւ մա՛նաւանդ՝ պարտութեան ու աղէտի հասած վիճակը ունի միակ պատասխանատու մը, որն է այս պարագային գործող իշխանութիւնը։ Սակայն տրամաբանութիւնը կը գործէ այլ կանոններով, իսկ տրամաբանել չսիրող հաւաքականութիւններու միտքը՝ բոլորովին այլ կանոններով։
Ու հիմա, երբ աթոռին գամուած կը հետեւիմ ընտրութեանց սկզբնական արդիւնքներուն, որոնց հիմամբ արդէն յայտնի դարձած է, որ Փաշինեանի գլխաւորած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը ստացած է քուէներու կէսէն աւելին։ Կը կարծեմ, թէ Հայաստանի հեռաւոր շրջաններու բնակիչները, որոնք իրենց քուէն տուած են Փաշինեանին կա՛մ կտրուած են իրականութենէն, կա՛մ չես հասկնար ի՞նչ տրամաբանութեամբ իրենք զիրենք դրած են անհատական վրէժ ունեցողի դերին մէջ ու տակաւին կ՚ուզեն հաւատալ, թէ Փաշինեան, որ երեք տարիէի ի վեր «բազմած» էր վարչապետի աթոռին վրայ, պիտի կարողանայ երկրի ծուռ վիզը շտկել, վէրքերը դարմանել եւ զայն առաջնորդել դէպի ապահով ափ։ Բարդ հաշուարկներ կան, ընդդիմութիւնը կը շարունակէ յենուլ Երեւանի արդիւնքներուն վրայ, սակայն մեծ հաշուով արդէն յայտնի է, որ այս ընտրութիւններն ալ դրական արդիւնք պիտի չբերեն Հայաստանին։ Դրական վիճակ պիտի չբերեն, որովհետեւ ինչպէս զանազան առիթներով, այսօր ալ կը շարունակեմ շեշտել, որ բոլոր առումներով իր ունեցած «անպաշտօն» օրինականութենէն զրկուած է Փաշինեան։ Ո՛չ ներքին, ո՛չ ալ արտաքին ճակատի վրայ ան ունի բաւարար յենարաններ, որոնց միջոցաւ ներքին կայունութիւն մը բերելէ բացի՝ կրնայ ստեղծել ու կերտել առողջ մթնոլորտ մը ու գործնական միջավայր մը։
Այս բոլորէն անդին, կարելի չէ մտահան ընել, որ Փաշինեան մինչեւ հիմա իր ունեցած «թաւշեայ» լիազօրութիւնը կամ իրաւասութիւնը կը փոխարինէ «պողպատեայ»ով։ Այսպէսով ալ «վրէ՜ժ, վրէ՜ժ» գոռալով պիտի փորձէ «մաքրել» իր հին հաշիւները՝ երկիրը տանելով ընդհանուր առմամբ անկայուն եւ նոյնիսկ անկանխատեսելի վիճակի մը։ Յար եւ նման իր անձին, որ լրագրողի մակարդակը չկարողացաւ լքել ու դառնալ իսկական, ազնիւ ու լիարժէք պետական-քաղաքական գործիչ մը։
Այս բոլորը, անշուշտ, կը յուշեն, թէ Հայաստան պիտի մտնէ նոր անկայունութեան փուլ մը՝ կապուած ո՛չ միայն ներքին տատանումներով, այլեւ՝ շրջանային մեծ ցնցումներով։ Ի տես այդ բոլորին, Մոսկուա դժուար թէ ընդունի իր ամենամօտիկ մարդուն՝ Ռոպերթ Քոչարեանի պարտութիւնը եւ այդ փաստը անտեսելով, հալած իւղի պէս կուլ տայ Փաշինեանի իշխանութեան վերարտադրումը։
Անշուշտ, այս պատկերը վերջնական չէ։ Հաշուի առնելով, սակայն, Հայաստանի հեռաւոր շրջաններու ընդհանուր տրամադրութիւնը, անոնց «վճռակամութիւն»ը ու թունդ ատելութիւնը երկրի նախկին նախագահներուն դէմ, ապա չի բացառուիր, որ Փաշինեան որոշ ժամանակ կարողանայ գտնել հանրային յենարաններ։ Բայց այդ պարագային ալ ընդդիմադիր դաշտը իսկապէս կրնայ միաւորուիլ ու գուցէ կրնայ յաջողիլ այդ ուժին շնորհիւ ապագային հասնիլ նոր իշխանութեան մը ձեւաւորման։
Հայաստանը, որ արտահերթէ արտահերթ կը տատանի, պիտի շարունակէ՞ տապլտկիլ ցաւի, տագնապի եւ արտագաղթի ճահիճին մէջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան